Վիլսոնեան Հայաստան. գագաթ որ պէտք է նւաճել
Նոյեմբերի 22-ին, ԱՄՆ նախագահ Վուդրօ Վիլսոնի իրաւարար վճիռի 104-ամեակն էր։ 1920-ին էր։ Այդ վճիռով կը գծւէին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան՝ Թուրքիոյ հետ սահմանները։ 1919-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածութիւնը 70 հազար քառ. քլմ. էր։
Իրաւարար վճռով անիկա կընդարձակւէր եւ կը դառնար 180 հազար քառ. քլմ., Հայաստանի արեւմտեան նահանգներէն Վասպուրականի, Տրաբիզոնի, Կարնոյ եւ Պիթլիսի նահանգներէն բաժիններու կցումով։ Հայաստան ծովային ելք կը ստանար այս իրաւարարութեամբ։
Մինչ այդ՝ 1920-ի սեպտեմբերէն, Թուրքիոյ «ապստամբ» քեմալական ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ թշնամական գործողութիւններու անցած էին։ Իրաւարար վճիռի հրապարակումէն 10 օր ետք՝ 1920 դեկտեմբերի 2-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երկրի ղեկը կը զիջէր խորհուրդներուն, պոլշեւիկներուն, որոնք դրան ետին կը սպասէին։ Դեկտեմբերի 2-էն 3 լուսցող գիշերը Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս՝ Գիւմրի) մէջ կը կնքւէր հայ-թուրքական պատերազմը դադրեցնող դաշնագիրը։
Վիլսոնեան իրաւարար վճիռին նւիրւած յօդւածաշարք մը եւս հեղինակեց անխոնջ ուսումնասիրող Յարութ Չեքիճեան։
Յօդւածաշարքի 19-րդ բաժինը մեր ներկայ համարով լոյս կը տեսնէ։ Յօդւածաշարի միտք բանին՝ 1920-ի Նոյեմբերի 22-ին ստորագրւած եւ կնքւած ԱՄՆ նախագահի իրաւարար վճիռը ուժի մէջ է, Մ. Նահանգները 104 տարի է իրաւականօրէն՝ տէ ժիւրէ, չի ճանչնար Թուրքիոյ Արեւելեան սահմանը, որ է Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանը։ Ըսելու՝ որ այս է միակ իրաւական, համաշխարհային ճանաչում ունեցող Հայաստանի սահմանը, զոր ոչ ոք կրնայ չեղարկել։
Ինչո՞ւ ցարդ չէ գործադրւած այս վճիռը. զինու, բիրտ ուժի հարկադրանքով, զոր արդի աշխարհը իրաւականօրէն չընդունիր։ Ովքեր տապալեցին զայն մինչեւ այսօր. այն նոյն ուժերը, որոնք 1919-ին պարտադրեցին Արցախին ճանչնալ Ադրբեջանի գերիշխանութիւնը, իսկ 1921-ին՝ Արցախը, Նախիջեւանին հետ Ադրբեջանի ենթակայութեան տակ դրին։ Ի միջի այլոց՝ 1919-ի եւ 1921-ի դերակատարները տարբեր էին՝ առաջինը Բրիտանիան էր, երկրորդը Խորհրդային Ռուսիան։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին պարտւած, արիւնաքամ եղած Թուրքիան վերակենդանացուցին գլխաւորաբար նոյն ուժերը։
Ցարդ Հայաստանի տարածքը ինչքան կրցած են՝ սեղմած են։ Եւ ժողովուրդին կուզեն համոզել, որ այդ սահմաններն են երկրի օրինական սահմանները։ Մինչդեռ ապացուցւած է, որ այդ սահմանները պարտադրած է իշխող կայսերական ուժը, որմէ 1991-ին անկախացաւ Հայաստան։
Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւատէրն է այս իրաւարար վճիռով սահմանւած երկրին։ Սակայն անցեալ տասնամեակներուն եկող-գացող պետական ոչ մէկ պատասխանատու այդ օրակարգով առաջնորդւեցաւ ներքին թէ արտաքին ճակատին վրայ, նոյնիսկ մինչեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի վերաճումը պատերազմի։
Պատճա՞ռը, մենք ի զօրու չենք Թուրքիոյ դէմ դնելու։ Այս նոյն պատճառաբանութեամբ ալ հետագային մենք կորսնցուցինք Արցախը, իսկ բնակչութիւնը ցիր ու ցան եղաւ։ Եւ եթէ շարունակենք այս տրամաբանութեամբ առաջ ընթանալ, վաղը պիտի չունենանք պետութիւն ալ, որ 1918-ի մայիսին դժւար նւաճւեց։
Այսօր կը գրենք այս տողերը, որովհետեւ կը հաւատանք՝ յաղթահարելի է այն ուղին որ մեզ պիտի հասցնէ խաղաղ նաւահանգիստ։ Այս տեսլականով զինւած եւ զայն իրագործելու կամք ցուցաբերող կազմակերպ ուժն է, որ կարող է յաղթահարել թէ՛ քաոսը, թէ՛ Երկրի ու Արտերկրի մէջ առաջնորդել հայրենատիրական պայքարը։
Անցած աւելի քան երեսնամեակը ապացուցեց, որ խորհրդային օրինականութեամբ կաշկանդւած Հայաստանը չի կրնար դիմանալ։ Եւ ազատագրւած Արցախը կորաւ։ Կորաւ այն նոյն տրամաբանութեամբ, որ 1921-ին պարտադրւած սահմանները, Մոսկւայի եւ Կարսի թուրք-սովետական պայմանագիրները վաւերական են եւ անկէ դուրս չի՛ք օրինականութիւն։
Այդ տրամաբանութեամբ շարժած հանրապետական պաշտօնատարները, նախագահներէն սկսեալ, ամբողջ քաղաքական դաշտին հետ, արդեօ՞ք համոզւած էին, որ 29 հազար քառ. քլմ. տարածքով Հայաստանը կրնայ անկախ ապրիլ, զարգանալ կամ իր կամքը պարտադրել ու Արցախի պատկանելիութեան հարցը վճռել առանց անդրադառնալու Վիլսոնեան իրաւարար վճռին։
Այս մասին խօսիլը քմահաճութիւն չէ, ոչ ալ պատաս- խանատուներուն պատին դէմ տալ։ Ո՛չ։ Ըմբռնումը որով մենք կառաջնորդուինք ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ Է, Ո՛Չ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ։ Այն մարդիկ, որոնք Երկրէն ներս թէ անկէ դուրս յայտ կը ներկայացնեն պատասխանատու պաշտօն վարելու, եթէ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ համար չեն գար, այլ սոսկ իշխանական առաւելութիւններ վայելելու, դիւրիմացութեան մէջ են, ինչպէս զիրենք այդ պաշտօններուն հասցնողները, ընտրողները։
Աշխարհ մեզի ժամանակ տւաւ ապացուցելու որ կենսունակ եւ զարգանալու ընդունակ ազգ ենք։ Սպասւած ապացոյցը չտւինք։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, թանկագին ժամանակը վատնւեցաւ, ո՛չ միայն զինուժի, այլ նախ եւ առաջ պետական համակարգի առումով, որ պիտի պատասխանէր ազգի եւ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ձգտումներուն, նպատակներուն։
Երբ այսօր կը խօսւի Անկախութեան հռչակագրին մասին, անոր արժէքը Սահմանադրութեան կցւած ըլլալէն առաջ պետականաշինութեան ուղեցոյց ըլլալն էր։ Արդեօ՞ք ուղեցոյց եղաւ, արդեօ՞ք 1995-ին մշակւած եւ ընդունւած սահմանադրութիւնը Հռչակագրէն կը ներշնչւէր։ Արդեօ՞ք 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը պետութեան կառուցւածքը համապատասխանեցուց առաջադրւած նպատակներուն։ Եթէ համապատասխան դարձնելու ջանք ըլլար, արդեօ՞ք աղէտալի 2018-ը կարելի կըլլար։
Ցարդ ներքին թէ արտաքին կեղծիքը, սուտը, երեսպաշտութիւնը նախընտրեցինք եւ հասանք հոն ուր ենք այսօր՝ անդունդի եզրին։
Այսօր պահն է, որ կաշկանդումները յաղթահարենք, դուրս գանք ազատ տարածութիւն եւ գաղափարական հիմքով դաշնակցինք նախ մենք մեզի, գծենք մեր ուղին եւ ապա երկխօսինք այլ ժողովուրդներու հետ։ Աշխարհը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ բոլորին համար ալ եւ բոլոր տեսակի իրաւունքները կը ստորադասւին բիրտ ուժին։ Միջազգային դատարանի վճիռն իսկ կարհամարհւի։ Կամայականութիւնն է տիրողը, ուր ոչ ոք ապահովւած է հարւածի տակ իյնալէ։
Այս խելագարութիւնը պէ՛տք է վերջ գտնէ։ Եւ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ առանձին գլուխ բերել զայն, եթէ հասարակ յայտարարի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ ժողովուրդներու միջեւ, եթէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ չապահովէ իր կեանքի եւ ազատ զարգացման իրաւունքը։
Անվտանգ եւ արդար աշխարհ ստեղծելու դաւանանքը, այս նպատակին շուրջ համակամութիւն յառաջացնելու գաղափարի ժողովրդականացումը պայքարի ձեւ մըն է, որ այսօր մասնակի կը գործէ։
Նոր աշխարհակարգը ըմբռնելի պիտի ըլլայ մտածումի եւ առաջադրանքներու մարդասիրական դաւանանքով, այլ ոչ թէ ազդեցութեան գօտիներու վերաբաշխումով։ Հազարամեակներ տեւող խաղը ժամանակն է որ փոխւի ի շահ բոլորին, նա՛եւ հայոց։ Եւ ասոր համար կարժէ աշխատիլ եւ զօրակոչի ենթարկել։ Յոյսը աշխատանքէն կը ծնի, որ յստակ ուղղութիւն ունի։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ