Փաշինեանի վարչախումբը հայութեան միասնականութեան աւելի մեծ հարւած հասցուց, քան՝ Խորհրդային Միութիւնը իր իշխանութեան 70 տարիներուն ընթացքին

«ԱԼԻՔ» – Ստորեւ ներկայացնում ենք «Ասպարէզ»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԿ ներկայացուցիչ Կարօ Մատէլեանի հետ։
– Տեղեկութիւններ կու տա՞ք ձեր եւ ձեր ընտանիքին մասին:
– Ծնած եմ Հոլիվուդ: Ծնողքս՝ Ռազմիկ եւ Ալիս, իրարու ծանօթացած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամուսնացած են Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, որ այն ատեն կը գտնւէր Հոլիվուդ: Հայրս ծնած է Բէյրութ, իսկ մայրս՝ Ալեքսանտրիա, Եգիպտոս: Անոնք երկուքը գործօն անդամներ էին ՀՅԴ-ի եւ անոր գաղափարակից կազմակերպութիւններուն՝ ՀՕՄ-ի, Ազգային վարժարաններու եւ այլն, ինչպէս նաեւ կենսական դեր ունեցած էին Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը հիմնելու եւ անոր բարգաւաճումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նաեւ հայրենիքի մէջ: Հօրս ծնողները Եոզկաթէն եւ Բալուէն եղած են, իսկ մօրս՝ Պիթլիսէն (Բաղէշէն):
Երկու տարեկանիս ընտանիքիս հետ Մոնթեպելլօ հաստատւեցանք, որմէ ետք ծնաւ քոյրս՝ Շուշանը: Յաճախած եմ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, նախամանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան: Այդ տարիներուն անդամակցեցայ «Վահան Քարտաշեան» պատանեկան միութեան, ապա ՀԵԴ-ի նոյնանուն ուխտին: Իրաւաբանութեան վկայականս ստանալէ ետք, մօտիկ ընկերներէս մէկուն հետ գործակցաբար հաստատեցինք փաստաբանական մեր հաստատութիւնը:
Ունիմ զաւակ մը՝ Գէորգ, որ անդամ է ՀԵԴ-ի Օրենճ Քաունթիի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին եւ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան:
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ անցար ՀՅԴ–ի շարքերը:
– ՀՅԴ-ի շարքերուն միացայ 18 տարեկանիս, որմէ առաջ արդէն իսկ անդամակցած էի «Վահան Քարտաշեան» պատանեկան միութեան, որմէ ետք անդամակցեցայ ՀԵԴ-ին: Ուրեմն, շարքերը անցնիլը բնական շարունակութիւնն էր այս ընթացքիս, իբրեւ երկրորդական վարժարանը աւարտած ուսանող, որ իր ուսման կողքին կը փափաքի ծառայել Հայկական Հարցի ջատագովման:
Ծնողքիս կողքին, անոնց քոյրերը եւ եղբայրները նոյնպէս ՀՅԴ-ի գործօն ընկերներ, կամ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու անդամներ էին, ինչպէս նաեւ մեծ հայրերս եւ մեծ մայրերս՝ իրենց ծննդավայրներուն մէջ:
Կանուխ տարիքէս ականատես էի Հայկական Հարցի ջատագովման՝ անոնց տրամադրած ժամանակին եւ ջանքերուն, ինչպէս նաեւ իրագործումներուն, տեղական, շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ՝ իբրեւ անդամներ ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին: Անոնք լուսարձակներ կամ անձնական շահ չէին փնտռեր: Անոնք միշտ պատրաստ էին ծառայելու, բան մը՝ որ ինծի համար օրինակ ծառայեց:
ՀՅԴ-ի մասին տունէն եւ ՀԵԴ-էն սորվածներուս կողքին, շատ կարդացած եմ կուսակցութեան հիմնադրութեան պատմութեան, իրագործումներուն եւ ժամանակակից գործունէութեան մասին: Ամենէն կարեւորը՝ լաւ ուսումնասիրած եմ ՀՅԴ-ի Ծրագիրը, որ մինչեւ օրս կը մնայ կուսակցութեան մղիչ ուժը, ուր յստակօրէն կը խօսւի մեր նպատակներուն, մասին եւ կը ներկայացւի մեր բարոյական կողմնացոյցը: Գիտակցեցայ, որ ՀՅԴ-ն ունի բոլոր միջոցները, նպատակները, գործելու կարելիութիւնները, նպատակները, պատմութիւնը եւ կարողականութիւնը, որոնց միջոցաւ կրնամ ազգիս ծառայել:
– Նշեցէք ձեր իրագործումները եւ փորձառութիւնները ՀՅԴ–ի եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւններուն կամ համայնքային այլ մարմիններու մէջ:
– Մեր կազմակերպութեան մէջ չենք խօսիր անհատական իրագործումներու մասին, այլ՝ կը նախընտրենք, որ գործը եւ մեր հաւաքական իրագործումները իրենց խօսքը ըսեն: ՀՅԴ-ի ամէնէն արժէքաւոր հարստութիւնը իր ընկերներն են, որոնց մէջ կան անոնք, որոնք իրենց յատուկ տեսլականով առաջնորդութիւն կը ստանձնեն, մինչ ուրիշներ կօժանդակեն այդ տեսլականին իրականացման: Ինքզինքս առաջիններէն մէկը կը համարեմ եւ անոր համար երբեմն կղզիացած կը զգամ: Այդպէս էի պատանեկանի եւ ՀԵԴ-ի օրերէն, ըլլալով վարչութիւններու անդամ, ապա՝ վարիչ, որմէ ետք նաեւ ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Անդամակցեցայ նաեւ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան եւ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութեան եւ երկար տարիներ եղայ կոմիտէի անդամ, քանի մը առիթներով նաեւ ստանձնելով ատենապետի պաշտօնը: Երբ Օրենճ Քաունթի փոխադրւեցայ՝ փոխանցուեցայ տեղւոյն «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան, ուր նոյնպէս երկար տարիներ եղայ կոմիտէի անդամ եւ ատենապետ: Քանի մը առիթներով եղած եմ ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի անդամ եւ ներկայիս անոր ներկայացուցիչն եմ:
Երկար տարիներ եղած եմ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Ազգային վարժարանի ուսումնական մարմինի անդամ:
Ինծի համար ամէնէն հաճելին ՀԵԴ-ի ճամբարին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրելն է՝ իբրեւ համավարիչ վերջին քանի մը տասնամեակներուն, երբ իմ մօտիկ ընկերներուս հետ ամէն ամառ առիթը ունեցած եմ ժամանակ անցընելու հայ երիտասարդ բանակողներու եւ անոնց խորհրդատուներուն հետ:
– Կարելի՞ է ըսել, թէ արդիւնքն էք Միացեալ Նահանգներու Հայկական Սփիւռքին:
– Ես ինծի կը համարեմ ծնողքիս, ազգականներուս, բարեկամներուս եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՅԴ-ի կողմէ կազմակերպւած Հայկական Սփիւռքի ջանքերուն արդիւնքը: Կընդգծեմ «կազմակերպւած» բառը՝ զայն զանազանելու համար ընդհանուր սփիւռքէն, որ պարզապէս տարբեր պատճառներով իր հայրենիքէն հեռացած անձերու հաւաքականութիւն մըն է:
Միւս կողմէ, կազմակերպւած Սփիւռքը կազմւած է պաշտօնական կառոյցներով, յստակ նպատակներ ունեցող աշխատանքներ կիրականացնէ եւ անդրազգային յարաբերութիւններ կը մշակէ: Անիկա կը ներկայացնէ հաւաքականութեան հետաքրքրութիւնները, կը պահպանէ եւ կը զարգացնէ անոր մշակոյթը եւ պատմական ժառանգը, կը ջատագովէ անոր քաղաքական կամ մշակութային շահերը ու եթէ առիթը ունենայ, յարաբերութիւններ կը մշակէ հայրենիքի հետ:
Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին, Ցեղասպանութենէն ետք տարագիր դարձած հայութիւնը կազմակերպող հիմնական ուժը ՀՅԴ-ն է, առանց մոռնալու այլ կազմակերպութիւններու ունեցած շինիչ դերակատարութիւնը:
–Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ որո՞նք են այդ պաշտօնական կառոյցները եւ յստակ նպատակներ հետապնդող աշխատանքները:
– Ունինք զանազան միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հիմնարկութիւններ, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայերու հետաքրքրութիւնները գոհացնել: ՀՅԴ-ն ունի իր երիտասարդական թեւը՝ ՀԵԴ-ն եւ ՀԵԴ կրտսերները, իսկ սկուատական եւ մարզականը՝ ՀՄԸՄ-ի միջոցով, որ վերջերս աւարտեց իր 48-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը: ՀՕՄ-ը կիրականացնէ բարեսիրական եւ կրթական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւններ կը տրամադրէ համայնքին, մինչ Համազգայինը հայ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու աշխատանքը կը տանի իր պարի, գրականութեան եւ արւեստի զանազան ծրագիրներով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գործէ առաջնորդութեամբ շրջանային վարչութեան մը եւ տեղական մասնաճիւղերով, որոնք սովորաբար կը գործեն Հայ կենտրոններուն մէջ:
Առաւել, մենք ունինք մեր Ազգային վարժարանները եւ եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը հաստատւած են մեր համայնքներու անդամներուն ժրաջան ջանքերով, առաջնորդութեամբ ՀՅԴ կոմիտէներուն կամ անդամներուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր կառավարող մարմինը, յանձնախումբերը եւ ենթայանձնախումբերը:
Անշուշտ ունինք նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Վաշինգտոնի իր գրասենեակով եւ տեղական մասնաճիւղերով կը ջատագովէ եւ կը պաշտպանէ հայութեան քաղաքական շահերը:
Վերջապէս, կան նաեւ անկախ կազմակերպութիւններ, որոնց հետ կը գործակցինք զանազան ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով, ինչպէս՝ Հայ Իրաւաբանական միութիւնը, որ վերջերս ՀՕՄ-ին հետ համագործակցելով՝ օժանդակեց գաղթականական սպասարկութիւններու կարիքը ունեցող հայերու: Նաեւ, այս տարւան սկիզբը տեղի ունեցած հրդեհներէն ետք, ի մի բերինք հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները՝ աջակցութեան ձեռք երկարելու համար կարօտեալներուն:
Տարիներու ընթացքին, նաեւ կազմած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համագաղութային կազմակերպութիւններ եւ կարեւոր մէկ մասն ենք Հայ-ամերիկեան թանգարանին եւ Համահայկական հիմնադրամին Միացեալ Նահանգներու մարմինին, այլ մարմիններու կողքին:
– Ի՞սկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
– Անշուշտ. տարիներու ընթացքին, մեր շրջանը իր պարտականութենէն աւելին ըրած է՝ հասնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան հայկական համայնքներու կարիքներուն: Միշտ պատրաստ եղած ենք օգնելու մեր հայրենակիցներուն, բարեսիրական օժանդակութիւն հասցնելով Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սիրիոյ եւ այլ երկիրներու կարիքաւոր հայերուն:
Հայրենիքի մէջ մեր նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է սահմանակից գիւղերու մէջ շարք մը դպրոցներ վերակառուցել: Հաստատեցքին եւ կը շարունակենք գործօն պահել Գիւմրիի Երիտասարդական կենտրոնը, տեղւոյն պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կրթական ծառայութիւններ, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթանպաստներ տրամադրելով: Այդպիսի կենտրոն մը հովանաւորած ենք նաեւ Արցախի Կովսական համայնքին մէջ: Նաեւ, մեր ջանքերուն շնորհիւ, միլիոնաւոր, եթէ ոչ միլիարդաւոր դոլարի օժանդակութիւն ապահոված ենք Հայաստանին եւ Արցախին, նախքան վերջին պատերազմը եւ Փաշինեանի վարչակազմին անձնատրութիւնը:
– Յիշեցիք Փաշինեանի վարչակազմը. ի՞նչ կարծիք ունիք Հայաստանի մէջ վերջին հալածանքներուն մասին, որոնց թիրախներուն մէջ կան կղերականներ եւ ՀՅԴ–ի անդամներ:
– Դժբախտաբար, Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը չի կրնար կամ չի փափաքիր ստանձնել համայն հայութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի իրաւունքներու պաշտպանը հանդիսանալու իր դերը: Փոխարէն, անիկա ինկած է մէջը հակադրութիւններու, անոնք, լաւագոյն պարագային, առաջնորդած են շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան սխալ արժեւորումներու, որոնք նպաստաւոր են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն: Ամենէն վատ պարագային, Երեւան մեղսակից դարձած է վերջին 7 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի կրած յաջորդական կորուստներուն, գործնականապէս նպաստելով Հայաստանի Հանրապետութեան աստիճանական անհետացման ջանքերուն:
Հայաստանի ներկայ իրավիճակը բնական շարունակութիւնն է շրջանի քաղաքական դերակատարներուն եւ հզօր պետութիւններուն կողմէ խաղաղութեան գործընթացի մը քօղին տակ հրամցւող անձնատրութեան եւ մաս կը կազմէ ուշադրութիւնը շեղելու բռնատիրական ջանքերուն, յաւելեալ զիջումներու նախօրեակին:
Ինչ կարծիք որ ունենանք նախորդ իշխանութիւններուն մասին, ներկայ կառավարութիւնը ցարդ մեծագոյն վնասը հասցուցած է: Անիկա կրցած է մասնատել Հայաստանի ժողովուրդը, Սփիւռքին եւ Հայաստանի միջեւ վիհը զգալիօրէն ընդարձակած է, ոտնահարած է ազգային արժէքներն ու մեր ազգային իղձերը, որոնց շարքին են Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցում ապահովելը եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելը:
Այս բոլորը տեղի կունենան այն միջոցին, երբ հայութիւնը պէտք է հզօրացնէ իր միասնականութիւնը՝ դէմ դնելու համար Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ գոյութենական սպառնալիքներուն, որոնց նպատակն է ամբողջացնել 1915-ին սկսած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն, Փաշինեանի վարչախումբը հայութեան միասնականութեան աւելի մեծ հարւած հասցուց, քան՝ Խորհրդային Միութիւնը իր իշխանութեան 70 տարիներուն ընթացքին:
Արդիւնքը շատ յստակ է եւ կարեւոր հարցումները հետեւեալներն են.
1.- Արդեօք տեղի ունեցածը նախապէս ծրագրւա՞ծ եւ համակարգւա՞ծ է Թուրքիոյ, Ադրբեջանի եւ արեւմտեան գերուժերուն հետ, որոնք կուզեն իշխել ուժանիւթի փոխադրութեան եւ առեւտուրի ճամբաներուն, թէ հետեւանք է ամբողջական անատակութեան:
2.- Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք կացութիւնը դարմանել եւ վերամիացնել հայութիւնը, յատկապէս սերտացնելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կապերը: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք զօրացնել մեր դիրքերը տարածաշրջանին մէջ եւ միջազգային մակարդակով, դարձեալ առաջնահերթ դարձնելով մեր ազգային օրակարգը, որպէսզի վերսկսինք մեր առաջնահերթութիւնները յառաջ մղելու աշխատանքը: