Ինքնիշխանութիւն. Յղացքներ դէպի զարգացող հայկական ազգային նախագիծ

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Այս յօդւածը, որ կը կազմէ «Հայկական ազգային նախագիծ»ի շարքին երկրորդ մասը, կը փորձէ քննել, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի «ինքնիշխանութիւն»-ը Հայաստանի նման փոքր ազգ-պետութեան մը համար, որ իր գրանցւած պատմութեան ընթացքին կէսէն քիչ աւելի քիչ ժամանակ եղած է ինքնիշխան։ «Հայկական ազգային նախագիծ»-ը այստեղ չի ներկայացւիր իբրեւ հաստատւած վարդապետութիւն, այլ՝ շրջանակ մը, դիտանկիւն մը, որուն միջոցով կարելի է վերաիմաստաւորել ինքնիշխանութիւնը, ինքնութիւնը եւ քաղաքական նպատակը։
Ինքնիշխանութիւնը յաճախ կը շփոթւի կամ կընկալւի իբրեւ վերացական իրաւական հասկացութիւն, մինչդեռ ժողովուրդներու մեծ մասին եւ մանաւանդ Հայաստանի նման պետութիւններու մեծ մասին համար անիկա գոյատեւման եւ ինքնայարգանքի էութիւնն է։
Հայերը իրենց ծագումը կը կապեն Հայկական Բարձրաւանդակին, ուր դարերու ընթացքին ինքնութիւնը եւ հայրենիքը աստիճանաբար խարսխւեցան ու միաձուլւեցան՝ ներշնչւելով նաեւ դրացի երկիրներու տարրերէն, որպէսզի ձեւաւորւի ինքնատիպ ժողովուրդ մը։
Ինքնիշխանութիւնը հայկական պատմութեան մէջ հազւադէպ եղած է կանոն, բայց տարբեր ժամանակաշրջաններուն կրկին հաստատւեցաւ՝ սկսեալ Երւանդեան եւ Արտաշէսեան թագաւորութիւններէն, շարունակւելով Արշակունիներով ու Բագրատունիներով մինչեւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւն։ Ամէն անգամ որ հայկական պետականութիւն մը կը ծնէր եւ կը սկսէր ծաղկիլ, աւելի հզօր կայսրութիւններու ճնշումով կը խորտակւէր։ Ի վերջոյ, 1375-ին Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք հայերը շարունակեցին դիմանալ իրենց մշակոյթով, հաւատքով եւ յիշողութեամբ, սակայն ժամանակի ընթացքին դարձան աւելի խոցելի՝ օտար տիրապետութեան, տեղահանութեան եւ ի վերջոյ ցեղասպանութեան պատճառով:
Ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ Հայաստանը 1918-ին վերատիրացաւ իր անկախութեան՝ վեց դարեր շարունակ պետականութիւն չունենալէ ետք եւ միայն երեք տարի անց 1915-ի Ցեղասպանութենէն, հայերը առերեսւեցան ճակատագրական հարցումի մը․ ի՞նչ կը նշանակէ ինքնիշխանութիւնը փոքր ազգի մը համար, որ սեղմւած է մեծ ուժերու եւ թշնամի դրացիներու միջեւ։ Այս նոյն հարցումը կրկին առաջ եկաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով 1991-ին։ Աւելի ուժգին դարձաւ այդ գաղափարը, երբ արցախահայութիւնը՝ խորհրդային իշխանութեան տակ ինքնավար մարզի կարգավիճակով ապրած, ինքնորոշման եւ Հայաստանի միանալու ձգտեցաւ։ Արցախահայութեան մղած յաղթական ազգային-ազատագրական պայքարը ի վերջոյ հռչակեց Արցախի Հանրապետութիւնը. սակայն ցաւօք, երեսուն տարւան ապարդիւն բանակցութիւններէ ետք, 2023-ին հազարամեայ արցախահայութիւնը բռնի տեղահանութեան եւ ամբողջական ցեղային զտման ենթարկւեցաւ:
Այս դարաւոր փորձառութիւնը կարտացոլէ, թէ ինչո՛ւ ինքնիշխանութիւնը կը մնայ կենդրոնական նախապայման հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար. անոր բացակայութեան մեր գոյութիւնը դարձեալ ու դարձեալ վտանգւած է։ Ինքնիշխանութիւնը կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը կարող է ինքնակառավարւիլ եւ իր ապագան ինքնուրոյն կերտել։ Երբ այդ իրաւունքը կը մերժւի կամ կը խաթարւի, կը ծնին ստորացում, յուսախաբութիւն եւ գոյաբանական խորունկ սպառնալիքի զգացումներ։ Ինքնիշխանութիւնը այն հիմնական շրջանակն է, որով հայերը, ինչպէս բոլոր ժողովուրդները, կը փորձեն ապահովել իրենց ապագան, պահպանել իրենց մշակոյթը եւ հետապնդել իրենց ազգային շահերը։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան կը մնայ կենսական հիմնաքար «Հայկական ազգային նախագիծ»-ին համար։
Հայկական ինքնիշխանութիւնը կը յենի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Ա. եւ Բ. յօդւածներուն մէջ ամրագրւած հիմնարար սկզբունքներուն վրայ։ Առաջին յօդւածը կը սահմանէ Հայաստանը իբրեւ ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ ընկերային պետութիւն՝ կառավարւող օրէնքի գերակայութեամբ, այսպիսով հաստատելով անկախ պետականութեան իրաւական եւ քաղաքական հիմքը։ Երկրորդ յօդւածը կը վերահաստատէ, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին եւ կը գործադրւի ազատ ընտրութիւններով, հանրաքւէներով եւ ներկայացուցչական հաստատութիւններով։ Միասին, այս յօդւածները կը բացատրեն, որ ինքնիշխանութիւնը միայն տարածքի վերահսկողութիւն չէ, այլեւ նախ եւ առաջ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքը, որ կը դրսեւորւի ժողովրդավարական կառավարման միջոցով։ Այս պատճառով ալ իսկական ինքնիշխանութիւնը անբաժանելի է քաղաքացիական մասնակցութենէն, սահմանադրական օրինականութենէն եւ օրէնքի գերակայութենէն։
Քաղաքացիական մասնակցութիւնը ինքնիշխանութեան կենսական շունչն է։ Ան վերացական իշխանութիւնը կը վերածէ ժողովուրդի եւ պետութեան միջեւ կենդանի պայմանագիրի։ Երբ քաղաքացիները կը քւէարկեն, կը կազմակերպւին, կը բողոքեն եւ կարտայայտւին, անոնք կորոշեն երկրին ուղղութիւնը եւ օրինականութիւն կընծայեն անոր հաստատութիւններուն։ Նման մասնակցութիւնը կը պարտադրէ, որ կառավարութիւնները մնան պատասխանատու եւ զգայուն։ Ինքնիշխանութիւնը չի պաշտպանւիր միայն սահմաններուն վրայ, այլ նաեւ կը պահպանւի քաղաքապետարաններուն մէջ, քւէատուփերուն առջեւ եւ քաղաքացիական պարտաւորութեան առօրեայ դրսեւորումներուն մէջ։
Այնուամենայնիւ, հայութիւնը չի սահմանափակւիր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններով։ Ցեղասպանութենէն, աքսորէն եւ պետականութեան չգոյութենէն ձեւաւորւած սփիւռքահայերուն համար, ինքնորոշման տենչը խորապէս անձնական է եւ պատմական արմատներ ունի։ Կարելի է պնդել, որ ինքնորոշման իրաւունքը կը պատկանի ոչ միայն քաղաքացիներուն եւ անցագիր ունեցողներուն, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան։
Սակայն իրաւունքները միայն բաւարար չեն։ Ինքնիշխանութիւնը երկկողմանի պարտաւորութիւն մըն է․ սփիւռքահայերը չեն կրնար մասնակցութիւն պահանջել, եթէ միաժամանակ պարտականութիւններ չստանձնեն (հարկերու վճարումներ, ծառայութիւն կամ այլ կերպով հաւաքական պատասխանատւութիւններ ). մինչեւ որ սփիւռքի ձայները հաստատապէս չներառւին Հայաստանի ապագան կերտելու գործընթացին մէջ, հայկական ինքնիշխանութիւնը պիտի մնայ կիսւած, բայց անկատար ժառանգութիւն։
Խորքին մէջ ինքնիշխանութիւնը կը նշանակէ ունենալ իշխանութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային որոշումներ առնելու առանց արտաքին ճնշումի։ Արտաքին ազդեցութիւն եւ պարտադրանք միշտ գոյութիւն պիտի ունենան, բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է նւազեցնել անոնց ներգործութիւնը եւ ինչպէ՛ս դիմադրել անոնց։ Հայերուն համար, ինքնիշխանութիւնը ճշմարտապէս հասկնալը առաջին քայլն է զայն վերահաստատելու։ Ոչ թէ ճակատումներով, այլ՝ նպատակի յստակութեամբ, գոյաբանական առաջնահերթութիւններու շուրջ միասնականութեամբ եւ հաստատութիւններու ամրութեամբ։
Ինքնիշխանութիւնը դարերէ ի վեր հասկցւած է իբրեւ պետութեան իրաւունք՝ սեփական օրէնքներ հաստատելու, իր տարածքը վերահսկելու, իր շահերը սահմանելու ու հետապնդելու եւ արտաքին յարաբերութիւններ վարելու առանց օտար շահերու ծառայելու։ Ան նոյնական չէ անկախութեան։ Երկիր մը կրնայ անկախ ըլլալ՝ ազատւելով օտար տիրապետութենէն, բայց դեռ զրկւած մնալ լիակատար ինքնիշխանութենէն, եթէ իր որոշումները կը սահմանափակւին արտաքին ուժերու ազդեցութեամբ կամ նոյնիսկ անմիջական միջամտութեամբ։ Իսկ ինքնիշխան պետութիւն մը կրնայ դաշնակիցներու կամ արտաքին առեւտուրի վրայ յենիլ եւ այդուհանդերձ պահպանել իր իշխանութիւնը։ Ինքնիշխանութիւնը նաեւ չի նոյնանար ինքնավարութեան։ Տարածաշրջան մը կրնայ իր գործերուն մեծ մասը ինքնուրոյն վարել, ինչպէս՝ Արցախը խորհրդային իշխանութեան օրով, գոնէ տեսականօրէն։ Բայց այդ ինքնավարութիւնը խիստ սահմանափակւած էր անմիջական տիրակալներու (Ադրբեջան) եւ վերջնական տիրակալներու (Խորհրդային Միութիւն) ուժով։ Առանց անկախութեան, որ զօրացած է գործելու ազատութեամբ եւ օրինական քաղաքական միաւորի ճանչումով, ինքնավարութիւնը կը մնայ սահմանափակ։ Ան ինքնիշխանութիւն չէ։
Ինքնիշխանութիւնը, սակայն, բացարձակ չէ․ ան համեմատական է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կամ Չինաստան շատ աւելի լայն ազատութեամբ կը գործադրեն իրենց ինքնիշխանութիւնը, քան Հայաստանի պէս փոքր երկիր մը, որ պէտք է անընդհատ յարմարի ուժեղ դրացիներու ճնշումներուն եւ փոփոխւող դաշինքներու։ Փոքր պետութիւններուն համար ինքնիշխանութիւնը անսահման անկախութիւն չի նշանակեր, այլ՝ կարողութիւնը պահպանելու ինքնուրոյն գործողութիւնը, կենսական որոշումներ կայացնելու անվտանգութեան եւ ինքնութեան շուրջ եւ չվերածւելու ուրիշներու խաղերուն մէջ գործիքի։ Փոքր պետութեանց համար ինքնիշխանութեան իսկական չափանիշը այն չէ, թէ անոնք կը յաջողին ամբողջովին խուսափիլ արտաքին ազդեցութենէն, այլ թէ կը կարողանան պահել բաւարար ազատ գործողութիւն՝ գոյատեւման հիմնական որոշումները ինքնուրոյն տալու համար, նոյնիսկ սահմանափակումներու մէջ։ Այս առումով, հայկական ինքնիշխանութիւնը պէտք է ընկալւի իբրեւ փխրուն, բայց միեւնոյն ժամանակ իմաստալից դաշտ մը, որ պէտք է պաշտպանւի, ընդարձակւի եւ գործադրւի առաւելագոյն զգուշութեամբ։
Անկախ Հայաստան մը առանց ինքնիշխանութեան պիտի դառնայ դատարկ պատեան. պետութիւն մը, որ ի վիճակի չէ սեփական կենսական որոշումները տալու։ Ինքնիշխանութիւնը յաղթանշան մը չէ, որ ձեռք բերւելէ ետք կը մնայ յաւիտեան։ Փոքր ազգերուն համար ան պէտք է պաշտպանւի, պահպանւի եւ սերունդէ-սերունդ նորովի արժեւորւի։ Զայն գործադրելը պարտականութիւնն է ղեկավարներուն, քաղաքացիներուն (իրենց քւէով եւ մասնակցութեամբ) եւ նոյնիսկ սփիւռքահայերուն, որոնց ձայնը, թէեւ պակաս պաշտօնական, կը մնայ ազգին մաս։ Վտանգը կը կայանայ ինքնիշխանութիւնը սխալ գնահատելու մէջ. կամ զայն գերագնահատելով իբրեւ ուժ կամ պաշտպանութիւն (որ իրականութեան մէջ չունինք), կամ թերագնահատելով զայն՝ կարծելով, որ փոքր պետութիւնները անկարող են իրական ինքնիշխանութիւն հաստատելու:
Ինքնիշխանութիւնը մէկ, հաստատուն հասկացութիւն չէ։ Ան կրնայ հասկցւիլ չորս իրարու վրայ կուտակւող չափումներով, ինչպէս քաղաքագէտ Սթիւըն Քրասներ կը բացատրէ։ Ներքին ինքնիշխանութիւն, որ կը վերաբերի պետութեան մը իշխանութեան իր սահմաններուն մէջ, ներառեալ կառավարելու եւ օրէնքներ կիրարկելու կարողութիւնը։ Հայաստանի նման ժողովրդավարական երկրի մը համար, ան կախեալ է ոչ միայն պաշտօնական հաստատութիւններէն, այլ նաեւ հակակշիռներու եւ հաւասարակշռութիւններու գործելէն, որոնք օրինականութիւն կը հաղորդեն։ Փոխկախւածութեան ինքնիշխանութիւնը կը վերաբերի մարդոց, ապրանքներու, դրամագլուխի եւ տեղեկատւութեան միջազգային հոսքերու վրայ վերահսկողութեան։ Հայաստանի պարագային ան յատկապէս փխրուն է՝ պայմանաւորւած Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի փակ սահմաններով, սփիւռքեան դրամական փոխանցումներէ կախւածութեամբ եւ շրջանային առեւտրական ուղիներուն մէջ սահմանափակ ազդեցողութեամբ։ Միջազգային-իրաւական ինքնիշխանութիւնը հիմնւած է այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման եւ համաշխարհային հաստատութիւններուն մէջ մասնակցութեան վրայ։ Հայաստանը ՄԱԿ-ի անդամ է 1992-էն ի վեր, իսկ 2025-ին Պակիստան՝ վերջին երկիրը, որ մինչ այդ չէր ճանչցած, պաշտօնապէս ճանչցաւ զայն։ Վեստֆալիական ինքնիշխանութիւնը չմիջամտելու սկզբունքն է, որ կը հաստատէ, որ իւրաքանչիւր պետութիւն ունի բացառիկ իշխանութիւն իր տարածքին եւ ներքին գործերուն վրայ։
Ոչ մէկ պետութիւն ինքնիշխանութեան բոլոր չորս չափումները կատարեալ կը գործադրէ։ Փոքր ազգ-պետութիւններուն համար, ինչպէս Հայաստանը, ամէն մէկը փխրուն է, բայց միասին կը սահմանեն այն դաշտը, ուր ինքնիշխանութիւնը կունենայ կենսունակութիւն։ Բայց հայերու պարագային այս չափումները անբաժանելի են գոյատեւման աւելի խոր հարցերէն։ Քաղաքականութենէն եւ սահմաններէն անդին, ինքնիշխանութիւնը կապւած է նաեւ մշակոյթի, ինքնութեան եւ պատմական շարունակականութեան պահպանման հետ։ Ան միայն իշխանութեան մասին չէ, այլ նաեւ գոյութեան իրաւունքի մասին՝ ըստ սեփական պայմաններուն։ Տեղահանութեամբ եւ ցեղասպանութեամբ կոփւած ժողովուրդի մը համար, լեզւի, հաւատքի եւ յիշողութեան պահպանումը խորհրդանշական չէ. ան ինքնին ինքնիշխանութիւն է։ Հայաստանի գոյատեւումը աւելի քիչ հիմնւած է տարածքային վերահսկողութեան վրայ, քան իր եզակի մշակոյթին, այբուբենին ու լեզւին, կրօնին եւ զանոնք պահած ու պաշտպանած անդադար պայքարներուն տոկունութեան։
Այլ փոքր պետութիւններ դասեր կը մատուցեն, թէ ինքնիշխանութիւնը ինչպէ՛ս կարելի է պահպանել ճնշումներու տակ։ Զւիցերիան ապաւինեցաւ իր չէզոքութեան եւ ամուր հաստատութիւններուն, իսկ Սինկափուրը իր աշխարհագրական խոցելիութիւնը վերածեց ռազմավարական առաւելութեան՝ առեւտուրի եւ նորարարութեան միջոցով։ Բայց Ֆինլանդան տարբեր օրինակ մըն է։ 1939-ին ենթարկւելով Ստալինի յարձակումին, լքւած Արեւմուտքի ուժերուն կողմէ եւ հարկադրւած զիջելու իր տարածքին մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը, ներառեալ Կարելիայի, Սալլայի եւ Պեթսամոյի հատւածները, ինչպէս նաեւ Լատոգա լիճին կէսը. Ֆինլանտան նաեւ պարտաւոր էր ընդունիլ ռազմական սահմանափակումներ եւ չէզոքութիւն։ 1944-ի համաձայնութիւնը թոյլ տւաւ խորհրդային ուժերուն վարձակալել Պորքքալայի մէջ ռազմածովային խարիսխ մը՝ Հելսինկիէն ընդամէնը 30 կիլոմետր հեռու։ Բայց Ֆինլանդան մերժեց զիջիլ իր անկախութիւնը։ Այն, ինչ որ ուրիշներ կը նկատէին յանձնւողականութիւն (capitulation), ֆինները կը կոչէին գոյատեւում։ Իրապաշտութեամբ, զսպումով եւ խոր ներդրումներով կրթութեան, հաստատութիւններու եւ համընդհանուր պաշտպանութեան մէջ (ներառեալ Եւրոպայի ամենէն արդիւնաւէտ դիպուկահար հրացանները եւ թեթեւ հրետանին), անոնք իրենց փխրուն ինքնիշխանութիւնը վերածեցին ամուր հիմքի մը, որուն վրայ կերտւեցաւ Եւրոպական ցամաքամասի ամէնէն կայուն ժողովրդավարութիւններէն մէկը։ Ֆինլանդայի համար ինքնիշխանութիւնը անսահման ազատութիւն չէր, այլ կենսական տարածք՝ պաշտպանւելու, դիմանալու, վերակառուցւելու եւ ի վերջոյ ծաղկելու համար։
Բոլոր այս դասերուն հետ, Հայաստանի ուղին դէպի կայուն ինքնիշխանութիւն տակաւին անորոշ է։ Ինչպէ՞ս կրնայ ծովեզերքէ զրկւած եւ թշնամի դրացիներով շրջապատւած երկիր մը կառուցել վստահելի պաշտպանութիւն, երբ երրորդ կողմի ապահովական երաշխիքներուն դատարկութիւնը կը բացայայտւի։ Ինչպէ՞ս տնտեսական կախւածութիւնը՝ ուժանիւթէն, առեւտրական ուղիներէն ու արտաքին ներդրումէն, կը սահմանափակէ այն քաղաքական ինքնավարութիւնը, որուն խոստումը ինքնիշխանութիւնն է։ Կրնա՞յ պետութիւն մը հաւասարակշռել համաշխարհային սփիւռքի ազդեցութիւնը՝ ներքին քաղաքացիներու ժողովրդավարական կամքին հետ։ Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ հաւասարակշռել մրցակցող տարածաշրջանային դաշինքներու միջեւ, առանց զիջելու իր որոշում կայացնելու իրաւասութիւնը։ Կրնա՞յ ինքնիշխանութիւնը դիմանալ ժողովրդագրական անկումին ու մարդկային ներուժի արտագաղթին, որոնք ներսէն կը տկարացնեն ազգը։ Եւ գուցէ ամենէն վճռական հարցը․ կրնա՞յ Հայաստանը կերտել հաստատութիւններ, որոնք ոչ միայն գործունակ, այլեւ վստահելի են՝ ունակ կլանելու ցնցումներ, դիմադրելու կաշառակերութեան եւ արժանաւոր կերպով ներկայացնելու ամբողջ հասարակութիւնը։
Այս հարցերը դիւրին պատասխան չունին, բայց անոնցմէ կարելի չէ խուսափիլ։ Հայկական ինքնիշխանութիւնը մրցանակ մը չէ, որ ձեռք բերւեցաւ 1991-ին եւ ապահովւեցաւ յաւիտեան. ան առօրեայ վարժութիւն մըն է դժւար ընտրութիւններու, ռազմավարական համբերութեան եւ քաղաքացիական պատասխանատւութեան հանդէպ հաւաքական նւիրումի։ Ամէն սերունդ պէտք է նորովի իմաստաւորէ ինքնիշխանութիւնը իր ժամանակին մէջ, պաշտպանէ զայն նոր սպառնալիքներէ եւ զայն զօրացած փոխանցէ յաջորդ սերունդին։
Մոխրագոյն երանգներու մէջ ընտրել երբեք դիւրին չէ, բայց ինքնիշխանութիւնը կը պահանջէ հաւասարակշռութիւն եւ իմաստութիւն։ Պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը շատ բան կը սորվեցնեն, բայց սորվիլը պէտք է խուսափի կտրուկ ծայրայեղութիւններէն կամ սեւ-սպիտակ մտածողութենէն, որ կը տիրէ 2020-էն ի վեր։ Սորվիլը անկարելի է առանց մեր պայմանները գնահատելու եւ քաղաքականութիւնը զատելու օրւան թայֆայական շահերէն։ Այս գործը երբեք աւարտ չի գտներ, եւ վտանգը երբեք աւելի մեծ չէ եղած։ Հայերը այսօր ունին սահմաններ, դրօշ եւ սահմանադրութիւն։ Բայց մինչեւ ինքնիշխանութիւնը չպաշտպանւի, խոհեմութեամբ չգործադրւի եւ չկիսւի, մեր անկախութիւնը պիտի մնայ կիսատ ու անաւարտ ծրագիր։