Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

ՀՕՄ-ի գլխաւոր օրակարգն է արցախահայութեան օժանդակելու հիմնահարցը

Հայ Օգնութեան միութեան Կենտրոնական վարչութիւնը իր 3-րդ լիագումար նիստը գումարեց 9-13 յունւարի 2024-ին, իր գրասենեակէն ներս (Բոստոն-ԱՄՆ), որու ընթացքին լայնօրէն արծարծւեցան Միութեան՝ քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկւեցան համահայկական Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագրերը:

Մնայուն կերպով Կենտրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանւած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագրերը այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:

Հիմնւելով նաեւ ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական ժողովէն բխած Արցախահայութեան առնչւող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը, Կենտրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օջախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:

Որոշում տրւեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորել ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրի երկրորդ փուլը:

ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնը լիագումարի ընթացքին առիթ ունեցաւ հանդիպելու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ ընկեր Մկրտիչ Մկրտչեանի եւ ընկեր Խաժակ Մկրտչեանի հետ՝ ներկայութեամբ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՕՄ-ի կապ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեանին:

ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնը իր գործնական քննարկումներով ու որոշումներով՝ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի միաւորներուն աշխոյժ գործունէութեան վրայ իր ամբողջական վստահութիւնը ամրապնդելով, վերահաստատեց իր ապագայ քառամեայ գործունէութեան ուղեգիծը։

ՀՕՄ-Ի ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Related Articles

Back to top button