Ազգային համախմբումի ու նորացւած ռազմավարութեան մը սպասումով
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը 1890 թւականին իր յայտարարած առաջադրանքները սառեցուցած եւ փոփոխութիւնները մերժող կուսակցութիւն չէ: Աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու պարբերական փոփոխութիւնները, Հայաստան աշխարհի վերաձեւափոխումները, աշխարհով մէկ ցրւած հայ ժողովուրդի ձգտումներու ու հնարաւորութիւններու հոլովոյթը կը պարտադրեն յաճախակի սրբագրումներ ու վերանայումներ: Հարցը չի վերաբերիր աշխարհահայեացքին ու անկէ բխած նպատակին: Հարցը նպատակը իրագործելու գործնական միջոցներուն կը վերաբերի, երկարատեւ պայքարի գործիքակազմերուն ժամանակակից որակ հաղորդելու մշտական փնտրտուքին: Ամփոփելով, ըսենք` կուսակցութեան ռազմավարութեան եւ զայն գործի դնող մարտավարութիւններուն:
Ռազմավարութիւնը միայն գործունէութեան տեսակ որոշող ազդակ չէ: Անիկա Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագրէն ու գործելակերպէն առաջնահերթութիւններ ճշտող, ժամանակակից առաջադրանքներ սահմանող կենսական փաստաթուղթ է:
Առաջնահերթութիւններու սահմանումը չ՛ենթադրեր ծրագրի ճշտած նպատակներէն հրաժարում. ռազմավարութիւնը կրնայ նպատակներուն դասաւորումը վերանայիլ ու առկայ քաղաքական կացութեան նկատառումով` անմիջական առաջադրանքները սահմանել, յարատեւ պայքարին կիզակէտերը մատնացոյց ընել:
Շրջաններուն կը մնայ, իւրաքանչիւրին պայմաններուն, հնարաւորութիւններուն ու կարելիութիւններուն համաձայն որդեգրելու ճշտւած ռամավարութեան գործնական եղանակ մը, այսինքն` մարտավարութիւն մը:
Վերեւի տեսական թւացող բացատրութիւնը նպատակ չունի վարժապետական ուսուցում մը դառնալու: Յաճախ կը հանդիպինք Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը քննադատող մեկնաբանութիւններու, որոնք հարիւր եւ աւելի տարիներու հեռաւորութեամբ գործեր բաղդատութեան կը դնեն եւ կեզրակացնեն, որ Դաշնակցութիւնը շեղած է իր նպատակներէն: Կարծէք ժամանակը կանգ առած է, աշխարհը չէ փոխւած, համաշխարհային ու այլ պատերազմներ չեն մղւած, պաղ պատերազմ չէ եղած, կայսրութիւններ չեն փլած, Հայաստանն ալ… չէ անկախացած: Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր յատուկ պայմանները ունի եւ այդ պայմաններուն լոյսին տակ` կենթադրէ ժամանակահունչ գործելակերպ, կացութեան պատշաճող առաջադրանք:
Հայաստանի երրորդ (իսկութեամբ` երկրորդ) հանրապետութեան ստեղծումը արդարօրէն մտածել տւաւ, որ հայրենի պետութեան իշխանութիւնները պիտի ստանձնեն պահանջատիրական պայքարին առաջնորդութիւնը: Այդ պայքարին առաջնորդութիւնը ստանձնած էր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, առաւել կամ նւազ չափերով գործակից ունենալով հայկական միւս կուսակցութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ: Սակայն անկախութեան բերած քաղաքական արեւելումը զգալիօրէն տարբեր եղաւ պահանջատէր հայութեան ակնկալածէն: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պատշաճեցուց իր ռազմավարական ընտրանքները եւ փորձեց հայրենի պետութեան քաղաքական ընտրանքները մօտեցնել տասնամեակներէ ի վեր առաւելաբար Սփիւռքի մէջ կատարւող քաղաքական գործընթացներուն: Մասնակի յաջողութիւններով հանդերձ արդիւնքը անբաւարար եղաւ:
Հակառակ բազմաթիւ ժողովներու, համագումարներու, խորհրդակցութիւններու եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու, կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել ու ազգային ընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակել: Միշտ յայտնի թէ քողարկւած մերժում կար Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններուն կողմէ: Մերժումը աւելի բացայայտ դարձաւ 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք: Հայութեան պառակտում, 2020-ի պատերազմ եւ պարտութիւն, 2023-ի աշնան կարճատեւ նոր պատերազմ ու Արցախի բնակչութեան բռնի արտահանում յաջորդեցին իրարու եւ ստեղծեցին, Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար, ժխտական նոր իրավիճակ մը: Հայաստանի իշխանութիւնները Սահմանադրութեան փոփոխութիւն կը ծրագրեն, յայտնապէս Սահմանադրութենէն դուրս բերելու համար անոր անբաժան մաս` Անկախութեան Հռչակագիրը եւ ազգային պահանջատիրական այլ դրոյթներ:
Հայ ժողովուրդը եւ անոր հետ նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը գտնւին անընդունելի նոր կացութեան մը յանդիման: Նման կացութիւն կենթադրէ նոր փուլի մը գոյացում, որ ազգային բոլոր ուժերու համախմբումով ու համազգային պայքարով պիտի բոցավառի:
Ժամանակն է, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որ մշտապէս ժամանակի ու պայմաններուն համապատասխան վերանայած է իր ծրագրային առաջադրանքները, ձեռնարկէ ազգային առողջ ուժերու համախմբման գործին ու այս առաջադրանքէն մեկնելով` վերանայի իր ռազմավարութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»