Կանադայէն երկու ապտակ Թրամփի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Դոնալդ Թրամփ երկու շառաչուն ապտակ ստացաւ երկու երեսնէրէն, իբրեւ արդիւնք՝ Կանադայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Իշխանութիւնը պահող վարչապետը՝ ազատական Մարք Քարնի, եւ անոր մրցակիցը՝ պահպանողական Փիեռ Փոլիեւ գրեթէ նոյն բառերով պատգամներ ուղղեցին «նարնջագոյն մարդ»ուն: Առաջինը յայտարարեց, որ Թրամփ կը փորձէ պառակտում ստեղծել Կանադացիներուն միջեւ ու կոտրել անոնց դիմադրականութիւնը, որպէսզի տիրանայ երկրի հողին, հարստութիւններուն եւ ամէն բանի, իսկ երկրորդը աւելի կարճ-կտրուկ բառերով ըսաւ. «Թրա՛մփ, ձեռքդ ետ քաշէ՛ Կանադայէն»:
Կանադացիք երկուշաբթի, 28 ապրիլին քւէատուփ գացին, ընտրելու համար նոր խորհրդարան մը: Ընտրապայքարը մօտաւորապէս 3 ամիս տեւած էր, սկսելով այն օրէն, երբ ժողովրդականութիւն փոշիացուցած ազատական վարչապետը՝ Ջասթին Թրուտօ կորսնցուց աթոռը եւ զինք առժամաբար փոխարինեց նոյն կուսակցութեան անդամներէն Քարնի: Հոս նպատակ չունինք երկար-բարակ քննարկելու, թէ անցեալին լայն ժողովրդականութիւն վայելող Թրուդօ ինչո՞ւ վարկաբեկւեցաւ, քաղաքական կեանքին մէջ քիչ ծանօթ Քարնի մը ինչպէ՞ս դարձաւ ժամանակաւոր վարչապետ ու ինչպէ՞ս յաջողեցաւ ընդդիմադիրներուն վայելած յստակ առաւելութիւնը շրջել այս կարճ ժամանակամիջոցին, շահիլ խորհրդարանի աթոռներուն մեծ մասը: Կանադայի քաղաքական ներքին կեանքին կը վերաբերին նաեւ այն մեկնաբանութիւնները, թէ ան բացարձակ մեծամասնութիւն չունի ու պէտք է կազմէ համախոհական (կոալիցիոն) կառավարութիւն, եւ նման շատ բաներ: Կարեւորը այն է, որ Թրամփի վարչամեքենան բացայայտ սպառնալիք դարձած է Կանադայի (եւ այլ երկիրներու) համար, տարածքային, տնտեսական եւ այլ գետիններու վրայ, սակայն կանադացիք, անկախ իրենց աջ-ձախ գաղափարական տարազումներէն, ֆրանսական-բրիտանական արեւելումներէն, միասնականութիւն կը ցուցաբերեն իրենց երկրին պաշտպանութեան իմաստով:
Բոլոր մեկնաբաններն ալ համաձայն են մէկ կէտի շուրջ. Թրամփի ստեղծած սպառնալիքը գլխաւոր դեր ունեցաւ ընտրապայքարին ու արդիւնքին մէջ, բոլոր մրցակիցներուն կեցւածքներն ալ կիզակէտ ունեցան Թրամփի «բարի առաջարկներուն» (51-րդ նահանգ դառնալ, տնտեսական բարօրութիւն դիմաւորել եւ այլն) դիմադրելը: Մարդիկ վստահաբար կը մտածեն, որ իրենք անցեալին անկախ դառնալու համար պայքար մղած են (նոյնը ըրած են ամերիկացիք), սակայն ահա իրենց անկախ պետութիւնը, ինքնիշխանութիւնը ինկած է կորուստի վտանգին տակ, որովհետեւ Թրամփ մը աշխարհի արեւմտեան կիսամասին մէջ երազներ կը հիւսէ… փան-ամերիկեան կայսրութիւն մը ստեղծելու հեռանկարով, ճի՛շտ այնպէս, ինչպէս կընէ Էրդողան մը (եւ Ալիեւ), արեւելեան կիսագունդին մէջ, պան-թուրանական կայսրութիւն մը վերականգնելու երազով: Տարբերութի՞ւնը. ամերիկեան կայսրութեան ծրագիրը ամէն տեղ իր դիմաց կը գտնէ մերժում, Թրամփ գործակիցներ չի գտներ Կանադայի, Գրուելանդայի, Մեքսիկայի, Փանամայի մէջ ու այլուր, մինչդեռ թուրք-ազերի ծրագիրը կամաւոր գործակիցներ ունի… Հայաստանի մէջ:
Հաւանաբար մտածող ըլլայ, թէ կարելի չէ Հայաստանը բաղդատել Կանադայի – եւ միւսներուն – հետ: Ճի՛շտ է. կան հսկայական տարբերութիւններ: Սակայն կայ մէկ հիմնական կէտ. երբ երկիրդ ենթակայ կը գտնես (իրական կամ շինծու-երեւակայածին) սպառնալիքներու, վտանգներու՝ քեզի կը մնայ միացեալ կեցւածքով մերժել հրապոյրները, մէկդի ձգել գաղափարական եւ այլ տարակարծութիւններ եւ միաբերան ըսել. Ո՛Չ:
…Մինչ այդ, ամերիկացիք արդէն երկար հաշւեկշիռներ կը պատրաստեն, տեսնելու՝ թէ Թրամփի իշխանութեան առաջին 100 օրերը ինչպիսի՜ պատուհասներ բերած է նախ՝ նոյնինքն իրենց երկրին, ապա նաեւ՝ դրացիներուն ու… ամբողջ աշխարհին: Ընտրապայքարի օրերուն տրւած բարի խոստումները, յոխորտանքները տժգունած փուչիկներու պէս կը պայթին մէկ առ մէկ, տնտեսութիւն ու առեւտուր կը ցատկեն քաոսէ քաոս. խաղաղասիրութեան հաւաստիքներու փուչիկներն ալ կրնան մատնւիլ պայթողներուն ճակատագիրին, անկախ անկէ, թէ աշխարհը ամբողջ սրտով կը ցանկայ, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ հարցերը մտնեն բարեշրջման ուղի: Հոն ալ կայ մէկ յստակ բան. խաղաղասիրութիւնը ըստ էութեան ընտրովի է, որովհետեւ չի տարածւիր Գազայի, Լիբանանի կամ աֆրիկեան արիւնող շրջաններու վրայ: Սպիտակ Տան պետին բարձրացուցած դրօշները կարծէք թէ առաւելաբար կապւած են նախորդ իշխանութիւնները դրժելու, սակայն նաեւ… շահ ապահովող «ճաշացուցակներու» (օրինակ, Ուկրաինոյ բնական հարստութիւններու տիրացում):
Ժամանակից աշխարհին մէջ, նորացւած հին տրամաբանութիւնը կաշխատի պարտադրել ինքզինք, այսինքն՝ մասնակի ու զուտ նիւթական շահը գերադասել խաղաղութեան ու ժողովուրդներու բարօրութեան, համերաշխ գոյակցութեան ապահովման: Նման փուլեր ունեցած են որոշ տեւողութիւն, ահաւոր վնասներու ենթարկած՝ երկիրներ ու ժողովուրդներ, սակայն վտանգին իրազեկ դառնալը ի վերջոյ իմաստութիւն եւ դիմադրականութիւն ներարկած է պայքարող ժողովուրդներուն, տուժողներուն ձեռքերը մօտեցուցած է իրարու:
Մենք դուրս չենք այս յորձանուտէն, ստիպւած ենք հաւաքաբար դիմադրել վտանգներուն եւ զայն մեր գլխուն բերողներուն, վար չդնել յաղթահարելու կամքը: Եւ սա աննախընթաց բան չէ մեր կեանքին մէջ: Ընդունելի չէ մտածել, թէ Կանադան, Փանաման կամ Գազան մեր ինչո՞ւն են պէտք:
29 ապրիլ 2025