Դաշնակցական Բեմ

Երբ սուտին պոչը երկարած է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Խենթը մի քար գլորեց փոսը…»

 

Ժողովրդային առածի կարգ անցած է հետեւեալը. «Խենթը քար մը գլորեց փոսը, հարիւր խելօք հաւաքւեցան եւ չկրցան դուրս բերել զայն»:

Այս առածը գրեթէ ամէն օր կը կրկնւի Հայաստանի մէջ. քար գլորողը՝ ՔՊ-ապետն ու իր մունետիկներն են՝ ուսապարկի դեր խաղացողները, որոնք սուտի քարեր գլորելու կողքին, հազար ու մէկ հնարքի կը դիմեն (օրինակ, երբ «նախկիններ»-ուն օձիքները մաշած են, կը բռնեն կուսակիցներու օձիքը), հանրութիւնն ու քաղաքական բեմը զբաղեցնելու համար անիմաստ, սնանկ ու անհիմն գիւտերով:

Նորագոյն «քար»-ը նետւեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ մարդուկը մե՜ծ գիւտ մը ըրաւ ու յայտարարեց, թէ Արցախի շուրջ 1994-ն ի վեր տարւող բանակցութիւնները մէկ նպատակ ունէին՝ Արցախը յանձնել Ադրբեջանին: Եւ քանի որ այս յայտարարութիւնը եկաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդէն, որ մոռցա՜ծ է թէ իրմէ առաջ տարւող բոլոր բանակցութիւնները ի՛նք ասֆալթին տակ թաղած էր ու սկսած՝ ի՛ր ուզած կէտէն, եւ կը շարժի այնպէ՛ս, ինչպէս որ ի՛նք կորոշէ, որովհետեւ «ժողովուրդը մանտաթ տւած է» եւ… մէկ կողմ քաշւած, ուրեմն՝ պէտք է ըսածը ընդունիլ իբրեւ վիճելի ճշմարտութիւն: Ան մինչեւ իսկ մոռցա՜ծ է Արցախը վերադարձնելու ի՛ր խոստումները, կը փորձէ Պատմութիւնը գլխիվայր շրջել, «խոստովանելով» որ Արցախը է՛ն գլխէն (Աստւած հոգիդ լուսաւորէ՜, Սայեաթ Նովա) Ադրբեջանի պատկանած է:

***

«Նիկոլը դարձե՛ալ կը ստէ», պատասխանեցին քաղաքական մարդիկ, ներառեալ նախկին նախագահներ (ցանկին մէջ չկայ Արմէն Սարգսեանը…): «Նիկոլը կը ստէ՛, Նիկոլը իրականութիւնները կը խեղաթիւրէ՜», բացագանչեցին պատմագէտներ, դիւանագէտներ, մէկ խօսքով՝ խելօք մարդիկ, մինչեւ իսկ պարզ քաղաքացիներ, որոնք այլեւս վարժւած են ամէն առաւօտ արթննալու եւ հարց տալու, թէ ի՞նչ նոր «փչոց» մը պիտի փայլատակէ ՔՊ-ապետին փքոցէն՝ խօսքով կամ գրաւոր արձանգրութեամբ: Եւ այդ փչոցներով… բթացեալ զմայլողներ (դուք ըսէք՝ զառամեալներ) կան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:

Նիկոլին ստախօսութիւնը նորութի՞ւն է: Մարդոց յիշողութիւնը այդքա՞ն կարճցած է եւ ուղեղները՝ բթացած, որ մոռցած են առ նւազն 44-օրեայ պատերազմի օրերու «յաղթելու ենք»-ները, «առանց ժողովուրդի կարծիքը առնելու որեւէ համաձայնութիւն պիտի չստորագրեմ»-ները եւ բազմահազար «գոհարներով» հիւսւած սուտերու մանեակը, որ օրէ օր աւելի՛ կամրանայ իր վզին շուրջ, զինք արդար մրցակից մը դարձնելով այլ ստախօսի մը, որ կը կոչւի Տոնալտ Թրամփ (ուրիշներ ալ կան մրցավազքին մէջ):

Նիկոլին ստախօսութիւնները նորութիւն չեն մա՛նաւանդ խելամիտ՝ խելօքի վարկ վայելողներուն համար, որոնց ճիտին դրւած է ուրիշ մանեակ մը՝ օր առաջ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը ազատագրել սուտերով օրօրողներէն ու սուտերով զբաղեցնողներէն: Անոնք պէտք է ապուցուցեն, որ ճշմարիտ է միւս խօսքն ալ՝ «Սուտին պոչը կարճ կըլլայ», մինչդեռ այս ստախօսին պոչը շա՜տ երկարեցաւ:

Related Articles

Back to top button