Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - Արցախ

Իշխանախումբին պարտութեան ցուցանիշերը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Տաւուշէն սկիզբ առած շարժումին Երեւան հասնելէն ի վեր, ամէն օր եւ ժամ առ ժամ ապացոյցներ, ցուցանիշեր կերեւին հայրենի երկնակամարին վրայ ու Սփիւռքի տարածքին, թէ Փաշինեանի վարչախումբին մօտալուտ պարտութիւնը անխուսափելի է:

Արձանագրենք փաստերէն մէկ քանին (միայն մէկ քանին):

Ա. Բողոքի ցոյցերուն կրկնութեան ու ծաւալումին դիմաց, իշխանախումբը (տակաւին) պաշտպանող ոստիկանական ուժերը աւելի՛ մեծ ախորժակով բիրտ ուժի կը դիմեն: Օր մը աւելի քան 150, յաջորդ օրը՝ աւելի քան 60 ցուցարար կը ձերբակալւի, լրագրողներ բռնարարքներու կենթարկւին: Մէկ ցուցարար ձերբակալելու համար, անոր վրայ կը յարձակին 3-5 ոստիկան: Պրաւօ՜…: Ընդվզումի ալիքը, նահանջելու փոխարէն, նոր ծաւալ կը ստանայ: Երեւանէն մինչեւ մօտակայ եւ հեռաւոր քաղաքներ, խաղաղ անհնազանդութեան միջոցառումները ծաւալ կը ստանան: Այս կամ այն քաղաքը Փաշինեանի տւած այցելութենէն առաջ, ընդդիմադիրներ կը ձերբակալուին, տեղացիներուն՝ փաշինեանականներուն ի նպաստ դեր խաղալ կը պարտադրւի, մինչեւ իսկ Տաւուշի գիւղապետերուն կը թելադրւի արցախանալու մտավախութեան մէջ ինկած ժողովորդին ըսել, թէ իրենց տեսածը սխալ է, Փաշինեանի ըսածն է ճիշտը…: Ցանկագրումը աւելորդ է: Ճնշումի միջոցները սպասւած արդիւնքը չեն տար: Խաղաղ դիմադրութիւն ցոյց տւող զանգւածը չի նախընտրեր ձեռք բարձրացնել ի՛ր ոստիկանին վրայ, որքա՛ն ալ որ ան շեղած է իր հիմնական առաքելութենէն: Ոստիկանները պիտի անդրադառնան, որ իրենց պաշտպանեալը ՊԱՐՏՒԱԾ Է ԱՆԶԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ:

Բ. Բագրատ Սրբազանն ու կողքին կանգնողները յարաճուն ուժգնութեամբ թիրախ կը դառնան զրպարտութիւններու եւ հայհոյախօսութիւններու: Սա իշխանաւորներուն ու անոնց կողմէ գործի լծւած քարոզիչներուն պարտութեան ցուցանիշն է: Անմահ Պարոնեանի բառերով՝ ՀԱՅՀՈՅԱՆՔԸ ՓԱՍՏԻ ՍՈՎ Է:

Գ. ՔՊ-ական իշխանութենէն հեռացած դիւանագէտները, որոնք կիրակի օր հռչակագիրի նման յայտարարութեամբ մը բացայայտեցին այս իշխանախումբին ձախաւերութիւններն ու անատակութեան փաստերը, պատրաստ չեն լռելու եւ չպատասխանելու իշխանաւորներու նորագոյն զրպարտութիւններուն: Անոնք կը պնդեն, որ դաւաճանն ու դասալիքը իրենք չեն, այլ՝ իշխանախումբը, որ հետեւողականօրէն անտեսած է դիւանագիտական ճիշտ քայլեր առնելու բոլոր յորդորներն ու թելադրանքները, երկիրը տարած է նա՛եւ դիւանագիտական պարտութիւններու, մինչեւ իսկ կռնակէն դաշունահարած է դիւանագէտները: Իսկ կռնակէն դաշունահարելը վարչապետ կոչեցեալին մէկ «առաքելութիւնն» է, ո՛չ թէ ի վերուստ տրւած, այլ՝ յանձնարարւած թշնամիին կողմէ: Արարատ Միրզոյեան, որ մեղադրանքներ կը շռայլէ դիւանագէտներու հասցէին, մոռցա՞ծ է (կամ ալ նոր կաշառք ստացած), որ երբ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կունենար ու ինք ՄԱԿի ամբիոնէն արդարօրէն կամբաստանէր Ադրբեջանը, ուսապարկապետը նոյն պահուն կռնակէն կը դաշունահարէն զինք, յայտարարելով, որ «ամէն բան խաղաղ է արեւելեան ճակատին վրայ» (հետեւողութեամբ գերման նշանաւոր գրողի մը՝ «Ամէն բան խաղաղ է արեւմտեան ճակատին վրայ» գիրքի խորագիրին…), եւ Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը կը շտապէր հերքելու իր մեղադրանքը, ըսելով, որ Փաշինեան հակառակը կը պնդէ: Իսկ հիմա, Փաշինեանի վարկը օրէ օր կը բարձրանայ Ադրբեջանի մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ կը մօտենայ զերոյի…

Դ. Ներքին-քարոզչական գետնի վրայ, իշխանաւորներուն պարտութեան մէկ փաստն ալ եղաւ այն, որ համալասարաններու պատասխանատուներուն հասցէին տարածւած սուտին պոչը կարճ եղաւ: Երեքշաբթի օր բացայայտւեցաւ, որ պատասխանատուներ արգելք չեն դրած ուսանողներուն դիմաց՝ մասնակցելու ընդվզումի ցոյցերուն: Նախօրօք «հռչակւած» էր, որ կարգ մը պատասխանատուներ աշակերտներուն սպառնացած են պատժական քայլերու դիմել՝ եթէ անոնք միանային Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած ցոյցերուն: Ուսանողները կարեւոր ուժ պիտի դառնան իշխանաւորները պարտութեան մատնելու մէջ:

Ե. Դիւանագիտական, այսինքն՝ արտաքին ճակատի վրայ պարտութիւններու նոր ցուցանիշերն ալ կը բազմանան: «Լեմքին»-ի հիմնարկը խարանող ամբաստանագիր մը արձակեց Փաշինեանի հասցէին, յայտարարելով, որ ան դարձած է ցեղասպան թուրքին տեսակէտներուն պաշտպանը, Ցեղասպանը մեղադրելու փոխարէն՝ մեղադրանքներ կարձակէ հայերու հասցէին: Սա արդէն այլանդակութիւններու նոր գլուխ գործոց մըն է: Թուրքիա եւ Ադրբեջան այսօր ալ նոյն «թէզեր»-ը յառաջ կը մղեն Արցախի մէջ կատարւած ցեղասպանութեան մասին ու փաշինեանական իշխանութիւնները հակադարձութեան ո՛չ մէկ քայլ կառնեն, մինչեւ իսկ մոռցած են Բաքու գտնւող պատանդներն ու գերիները, որոնց դէմ բանտարկութեան երկարաձգում կը վճռւի…

Զ. Դիւանագիտական պարտութեան այլ ցուցանի՞շ կուզէք: Հունգարիա կը խափանէ Եւրոպական միութեան կողմէ Հայաստանի տրամադրւելիք օժանդակութեան քայլը, եւ սա ա՛յն Հունգարիան է, որ հայ սպայ մը կացինահարած ազերի մը ազատ արձակեց (Ադրբեջանը իւղոտ պատառներ ստանալու գնով), սա ա՛յն Հունգարիան է, որուն հետ Հայաստան աւելի քան տարի մը առաջ վերահատատեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք խզւած էին Բուտափեշտի յիշեալ քայլին հետեւանքով, ա՛յն Հունգարիան՝ որ Հայաստանէն ներողութիւն չէ խնդրած եւ, աւելի՛ն՝ մեր քթին կը խնդայ, իբրեւ միջնորդ ներկայանալով Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ:

Է. Փաշինեանական վարչախումբը պարտւած է նաեւ հայկական Սփիւռքի ճակատներուն վրայ: Տաւուշի եւ անոր ընդմէջէն՝ ամբողջ Հայաստանի պաշտպանութեան շարժումին կը ձայնակցին սփիւռքեան գաղութներ: Իսկ երեքշաբթի օր, Սփիւռքի կեցւածքը խտացնող նորագոյն ցոյց մը տեղի ունեցաւ Դանիոյ մէջ, ուր Փաշինեան հասած էր խորհրդաժողովի մը մասնակցելու համար: Հայ ցուցարարներ Փաշինեանի երեսին տուին իր դաւաճանութիւնն ու թշնամիին բանբերը դարձած ըլլալու հանգամանքը: Ի յայտ եկաւ, որ այդ բոլորը չեն յաջողած ջղագար խնդուքը հեռացնել վարչապետ կոչեցեալէն (Անամօթին երեսին թքեր են…): Այդ ալ զարնամալի չէ, որովհետեւ այս արարածը ճակատաբաց ըսած է, թէ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն*):

***

Վերոյիշեալները նմուշներ են միայն, թէ ի՛նչ տարողութիւն եւ խորք-ծաւալ ստացած է իշխանախումբին պարտութիւնը: 15 մայիսը վստահաբար նոր գամեր (եթէ ոչ՝ վերջին գամը) պիտի զետեղէ այս վարչախումբի դագաղին, բանալով հաշւետւութեան, արդարահատուցման ու վերականգնումի երկար ուղին: Կը մնայ, որ բողոքի ալիքը ներգրաւէ շատ աւելի մեծ թիւով հայրենապաշտպաններ, որոնց դէմ իշխանաւորներու քարոզչութիւնն ու կաշառւող ոստիկաններու բրտութիւնները պիտի մնան անզօր:

14 մայիսի 2024

 

(*) Շշուկներ կան, թէ մասնագէտներ քննութեան կենթարկեն Փաշինեանի, ՔՊ-ականներու եւ ոստիկաններու ծիները: Առաջին արդիւնքները ի յայտ բերած են թուրք-ազերիական ծագումի նշաններ…

Related Articles

Back to top button