Դաշնակցական Բեմ

Անկախութեան հռչակագիրը փոփոխելի չէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Հեծանիւ վարելը հինցաւ. չարժեր կրկնելու գնով Փաշինեանի նորայայտ մարզաձեւը քննադատել: Հետաքրքրութեան նիւթ ու հանրութիւնը զբաղեցնող նոր հնարք պէտք է գտնել: Մօրուքը խուզելը եւ սափրւիլը կարճատեւ ու անցաւոր խօսակցութեան նիւթ կրնան ըլլալ. այդպէս ալ եղաւ: Պիտի հարցնէք. ի՞նչ կարիք կայ անձով զբաղւելու առիթներ ստեղծելու եւ զանոնք հանրայնացնելու: Կարիքը կատարելու պատրաստւող կարեւոր եղելութենէ մը հանրային կարծիքը շեղել ու մանրուքներով զբաղեցնել է: Այս միջոցը օգտագործւած է Նիկոլ Փաշինեանի վեց տարիներէ ի վեր շարունակւող իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան. նոյնիսկ աւելի առաջ. յիշեցէք ցոյցերու ընթացքին Փաշինեանի ձեռքին վիրակապը:

Ո՞րն է այն եղելութիւնը, որ Նիկոլ Փաշինեան կուզէ հեզասահ կերպով իրականացնել: Պատմական Հայաստանի ու իրական Հայաստանի հակադրութենէն ետք, Արարատ լեռը Արագածով փոխարինելու գիւտէն ետք, պատերազմի ընթացքին հերոսացած ռազմիկը աշխատող ու տուրք վճարող քաղաքացիով փոխարինելէ ետք, Նիկոլ Փաշինեան յայտնապէս չյաջողեցաւ հայ մարդու հոգեկերտւածքէն դուրս մղել ո՛չ ամբողջական Հայաստանը, ո՛չ Արարատը, ո՛չ ալ ազգին ու հայրենիքին ազատութեան համար զոհւած հերոսը: Ժամանակը հասած է անցնելու ճակատային, ուղիղ գրոհի: Ըսելէ ետք, որ «Գինի լից» երգը սխալ հայրենասիրութիւն կը գովերգէ, Փաշինեան անցաւ մեծ պատառին` Անկախութեան հռչակագիրին: Փիլիսոփայ, պատմաբան, քաղաքագէտ ու գաղափարախօս Նիկոլ Փաշինեան, քանի մը անգամ ուշադիր ընթերցելէ ետք Անկախութեան հռչակագիրը, եզրակացուց, որ այդ փաստաթուղթը անկախութեան ժխտում կը քարոզէ: Հայերը սխալ կիրարկած են հռչակագիրը եւ անկախութիւն հռչակած: Հարկ է ուրեմն, որ անկախութեան պատշաճող նոր հռչակագիր մը մշակենք:

Նոր հռչակագիրը ինչո՞վ պիտի տարբերի նախկինէն: Առաջին հերթին, ոչ մէկ յիշատակութիւն ըլլայ Արցախին. նախկինը օտարին` Ադրբեջանին պատկանող հողը կուզէ Հայաստանի միացնել, ծաւալապաշտական ի՜նչ մտասեւեռում, խաղաղութեան քաղաքականութենէն ի՜նչ շեղում:

Երկրորդը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան: Անկախութեան հռչակագիրի մշակման օրերուն, հայերը ամենուրեք զբաղած էին պատմական այդ մանր դէպքը աշխարհին ընդունիլ տալու գործով: Հռչակագիրն ալ կորոշէ աջակցիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին:

Առաջինը Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան դէմ նկրտում է. երկրորդը` կը վիրաւորէ Թուրքիան: Հռչակագիրը յիշւած ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ, մաս կը կազմէ Սահմանադրութեան: Ադրբեջան եւ Թուրքիա կը պահանջեն երկու յօդւածներուն յապաւումը Սահմանադրութենէն, իբրեւ նախապայման խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան:

Նիկոլ Փաշինեան լծւած է այս պայմանին գոհացման նախապատրաստութեան: Հայրենիքը պետութիւնն է, պետութիւնը` իրական Հայաստանը: Հայրենասիրութիւնը սխալ ըմբռնած ենք. հայրենասէր ըլլալ կը նշանակէ իրական հռչակւած Հայաստանի, եւ միայն անոր, հարկ ու տուրք վճարող քաղաքացի ըլլալ: Դարեր ու դարե՜ր Հայաստան երգող, Հայաստան երազող, Հայաստանի համար մեռնող հայը սխալական է եղած: Նիկոլ Փաշինեան հնարած է Հայաստանի նոր տարածք մը եւ հայ ազգին պատկանելիութեան նոր տարազ մը: Պարզացումը այնքան հետեւողական է, որ կարելի է հրաժարիլ հայոց պատմութենէն ու կառչիլ մօտաւորապէս 29.800 քառ. քմ տարածութեամբ «իրական» Հայաստանին: Ոչ թէ աննպաստ պայմաններու բերումով իբրեւ ժամանակաւոր ռազմավարութիւն, այլ ընդմիշտ: Այսինքն` իրագործել այն, որ համայնավարութիւնը, իր ամենէն արմատական գաղափարախօսութեան կիրարկման ժամանակ, չյաջողեցաւ:

Ազգ, հայրենիք, պետականութիւն, անկախութիւն ու ազատութիւն յղացքները կազմաւորւած են դարերու ընթացքին ծանր երկունքով ու մաս կը կազմեն հայ մարդուն հոգեկերտւածքին: Անժամանակ ու անմահ է այդ հոգեկերտւածքը. կարելի չէ աղաւաղել զայն, փոխել, աւելի եւս` չքացնել: Ներկայ հոգերով բեռնաւորւած հայ մարդուն կարծեցեալ անտարբերութիւնը իր ինքնութեան խաթարման փորձերուն նկատմամբ պէտք չէ խաբէ մեզ: Ի վերջոյ, հայ մարդը պիտի անդրադառնայ, որ Նիկոլ Փաշինեան սուտ մարգարէ է, որուն անբարիշտ գաղափարները սահմանւած են ազգային ժխտման եւ մոռացման:

Բոլոր ամբողջատիրական հովերով տարւած ղեկավարներուն նման, Նիկոլ Փաշինեան եւս կը փորձէ ազգային նոր գաղափարախօսութիւն մը ձեւաւորել: Սուտ եւ խորթ հայ մարդու հոգիին: Ուրեմն` մերժելի:

Related Articles

Back to top button