Դաշնակցական Բեմ

Խիզախ ամերիկացիներ Բաքւի մէջ

(Կամ Հայ Դատի սերմերուն արդիւնքը)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ամերիկացի խորհրդարանականներ վերջին օրերուն խիզախ քայլեր առին Բաքւի մէջ: Ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուհայթհաուս Ադրբեջանի հողին վրայ չվարանեցան հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, Արցախի հայութեան տունդարձի պահանջներուն մասին հրապարակաւ խօսելու, յայտարարելու՝ որ կը կանգնին Հայաստանի կողքին, միաժամանակ քաղաքավար բառերով խարանեցին Ալիեւն ու իր վարչամեքենան, որոնք բռնատիրութեան մարմնաւորում են: Իսկ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ֆրենք Փըլոն ապրեցաւ հազւադէպ ոդիսական մը, երբ Բաքու հասնելուն՝ դիմաւորւեցաւ ալիեւապաշտ (եւ Ալիեւի կողմէ հրահրւած) ցուցարարներու կողմէ, որոնք սպառնալիքներ եւ դատապարտանքի խօսքեր ուղղեցին «հայանպաստ» խորհրդարանականին հասցէին: Վա՜յ, ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Փըլոնի պէս մէկը կը յանդգնի Բաքու այցելել: Ու Փըլոն «մազապուրծ» հեռացաւ Բաքւէն:

Մեր իրաւունքներուն կողքին կանգնած ամերիկացի խորհրդարանականներու Բաքու ներկայութիւնը հաւանաբար պահ մը մտահոգութիւն եւ վարանք ստեղծեց որոշ շրջանակներու մէջ, բայց երբ հիմա աչքի առջեւ ունինք եղածը…

***

Բաքւի մէջ յիշեալ պատահարները՝ ծերակուտականներու մամլոյ ասուլիսն ու Փըլոնի ոդիսականը ուսանելի կէտեր ունին:

  • (Այս տողերը չենք արձանագրեր՝ հայանպաստ ամերիկացի գործիչները կամ այլք իտէալականացնելու նպատակով, ո՛չ ալ կ’անտեսենք, որ նման կեցւածքներ նաեւ մեզմէ անկախ շահերէ մղում կառնեն):
  • Սա ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբերուն տասնամեակներու աշխատանքը եւ մեր պահանջներուն կողքին ծերակուտականներ ու ներկայացուցիչներ ունենալը ե՞րբ եւ ինչի՞ կը նպաստեն:
  • Պատահարները միաժամանակ խարանող քննադատութիւն են Հայաստանի իշխանախումբին հասցէին, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, Արցախը, գերիները եւ ընդհանրապէս Հայ Դատը՝ իր Արարատով ու Կիլիկիայով, դուրս դրւած են օրակարգէ: Ընդհակառակն, անոնք իւրաքանչիւր քայլափոխի եւ օրը քանի մը անգամ ապացոյցներ կը ցուցահանեն, թէ լիովին կը ծառայեն թուրք-ազերիական հաշիւներու (մարդս մինչեւ իսկ կը տարւի մտածելով, թէ արդեօք պաշտօնազրկումի ալիքնե՞րն ալ ալիեւեան ու էրտողանական ներշնչումով կըլլան…):
  • Ամերիկացի այս ու նման անձնաւորութիւններ միակը չեն, որ կը պաշտպանեն Արցախի եւ Հայաստանի իրաւունքները, կը դատապարտեն Ալիեւի ու Էրդողանի կայսերապաշտական, «մարդիկ գնելու» վարքագիծը: Նման դիրքորուշում ունեցողներ կան աշխարհի չորս ծագերուն, Հայաւային Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Ռուսիա եւ այլուր: Այս բոլորը շօշափելի քաղաքական-դիւանագիտական դրամագլուխ են մեզի համար, որպէսզի աւելի, հրատապ կերպով հետապնդենք յիշեալ իրաւունքները (առանց իտէալական եւ երազկոտ դառնալու):
  • Փըլոնի Բաքու կարճատեւ այցելութիւնը այլապէս բարացուցական էր. ինչպէս հաղորդեցին լրատու աղբիւրները՝ ամերիկացի պետական անձնաւորութեան ժամանման պահէն սկսեալ, ու մինչեւ անոր հապճեպ մեկնումը՝ ազերի ցուցարարներ բառացիօրէն հանգիստ չեն տւած անոր, աղմկած են նա՛եւ պանդոկին մէջ, սպառնալիքներ տեղացուցած են, առանց մտահոգւելու, որ նման արարքներ, խորքին մէջ՝ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ կրնան հաշտ աչքով չդիտւիլ աշխարհին կողմէ: Հետեւաբար, թուրքեւազերիական «եղբայրութիւնը» մարմնաւորող որեւէ ներկայացուցիչ արդար է որ նման ցոյցերով դիմաւորւին եւրոպական եւ այլ երկիրներու մէջ (Բրազիլիոյ մէջ, Էրդողան հանգիստ-հանգիստ կը մասնակցի ճարտարարւեստի հզօրներուն՝ G20-ի ժողովին…): Եւ չմոռնանք, որ նոյնինքն Հայ Դատի տղաքն ու գործիչներն էին, որ քանի մը տարի առաջ ցնցիչ ցոյցեր կազմակերպեցին Էրդողանի Վաշինգտոն այցելութեան օրերուն եւ գործնապէս վար առին թուրքերու բիրտ նկարագիրը քողարկող դիմակը:
  • Անգամ մը եւս կը տեսնենք – ու պէտք չէ մոռնանք – որ Թուրքիա եւ Ադրբեջան մի՛շտ ալ իրենց վայրագութիւնը ծածկող դիմակը վար առած են եւ «գորշ գայլ»-ը հրապարակ բերած, երբ անհատ մը, երկիր մը կամ կազմակերպութիւնը հայութեան կողքին կանգնած է, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱ՛Ն կողքին դիրք բռնած է (վստահաբար յիշող կայ, որ Թուրքիա քանիցս Ֆրանսայի հետ դիւանագիտական տագնապ ստեղծած է, երբ Փարիզ խօսած է պատմական ճշմարտութիւններու լեզւով):
  • Եթէ մէկը ուղեղ եւ ճիգ գործածելու ատակ ըլլայ՝ չի բաւականանար պեխ-մօրուք ածիլելով ու անմիջական գործակիցները «գլխատելով» (երբեմն ա՛յդ ալ կարեւոր է), այլ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան շահերուն ի նպաստ աշխատանք կը տանի, շահակիցներ կը գտնէ եւ կեցւածք կը ներդաշնակէ, քաղաքական բեմը չի զբաղեցներ ուշադրութիւնները էական հարցերէ շեղող դատարկաբանութիւններով:

***

Մեր Պահանջները, մեր արդար իրաւունքները պաշտպանելու համար, բազմամակարդակ եւ մազմակողմանի ԳՈՐԾ անհրաժեշտ է՝ ԲՈԼՈՐԻ՛Ն բազուկներուն միացումով, մինչեւ իսկ ՔՊ-ամէտներու ձեռքերուն միացումը անհրաժեշտ է, պայմանաւ, որ վերջ տրւի թշնամիին հաճոյանալու, անոր ծրագիրներուն գործադրողը ըլլալու եւ պատմութիւն ու անցեալ մոռնալու, թուրք-ազերիէն աւելի՛ համաթուրանական խաղալու «քաղաքականութեան»:

Related Articles

Back to top button