Ինչպէ՞ս արժեւորենք արհեստագիտական բանականութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայկական մամուլը, քայլ պահելով աշխարհի նորութիւններուն հետ, վերջին շրջանին իր էջերը աւելի լայն բացած է նիւթի մը, որուն անունն է ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (կը գործածւի կրճատւած՝ արհեստական բանականութիւն եզրոյթը, որ այդքան ալ ճիշտ չէ. գլխաւոր գործօնը ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆն է, որ այլապէս դարձած է ՆՈՐ ԱՐՒԵՍՏ մը: Երբեմն կը գործածւի նաեւ «արւեստական բանականութիւն» եզրոյթը):
Վերջերս, այս նիւթին շուրջ միջազգային բազմամարդ խորհրդաժողով մըն ալ տեղի ունեցաւ (Փարիզ, 10-11 փետրւար 2025): Ինչ որ կարծարծւի մամուլին մէջ ու գիտաժողովներու, խորհրդաժողովներու պահուն, վեր կառնէ արդի արհեստագիտութեան պտուղներուն բերած բարիքներն ու ստեղծած անբաղձալի երեսները:
Ընկալեալ սահմանում մը եւ անդին
Որպէսզի մեր հպանցիկ քննարկումը սկսինք յստակացնող կէտէ մը, փորձեցին գտնել սա՝ արհեստագիտական բանականութիւն (այսուհետեւ ԱԲ) կոչւած պտուղին՝ միջազգայնօրէն ընդունւած սահմանումը: Գտանք հետեւեալ (ոչ լիարժէք, բայց բաւական լաւ բացատրող) սահմանումը. «Սա այն արհեստագիտութիւնն է, որ համակարգիչներուն կարողութիւնը կու տայ կատարելու այնպիսի գործեր, որոնք առհասարակ կը պահանջեն ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, այսինքն՝ զարգացած եւ իմաստուն ուղեղ: Այլ խօսքով, համակարգիչին «ուղեղին» մէջ կը մթերւի կարելի բոլոր գիտելիքները՝ տւեալները, որոնք պիտի օգտագործւին որոշ խնդիր մը լուծելու կամ գործ մը իրականացնելու համար:
Ըսինք, որ այս բացատրութիւնը լիարժէք ու համապարփակ չէ, որովհետեւ ԱԲ-ն հիմա կը դիտւի միայն համակարգչային կատարելագործւած սարքերու շրջագիծին մէջ: Մենք կը նախընտրենք կարկինը աւելի լայն բանալ եւ ներառել արհեստագիտական բոլոր այն նորութիւնները, որոնք հնարւած են – ու պիտի հնարւին –, ՄԱՐԴՈՑ ԳՈՐԾԸ ԴԻՒՐԱՑՆԵԼՈՒ, մարդոց ընելիքը արհեստագիտութեան պտուղ՝ սարքերու վստահելու իմաստով:
Այս մօտեցումով, կրնանք վերադառնալ մինչեւ անցեալ դարերը, թերեւս մինչեւ… անիւին գիւտն ու հասնիլ միջնադարեան այն փուլերը, երբ մարդը զանազան գործիքներ, մեծ ու փոքր սարքեր հնարեց, որպէսզի նախ իր կարգ մը ծանր գործերը աւելի դիւրութեամբ եւ առատութեամբ իրականացնէ, սկսելով հիւսւածեղէնի եւ հողամշակութեան գործիքներէն ու հասնելով մեր օրերու այն սարքերը, որոնք մտած են մեր առօրեային մէջ, ինչպէս՝ հաշւիչ սարքեր եւ նոյնինքն այլազան կարողութիւններով օժտւած համակարգիչները: Բազում օրինակներու թւումը մեզ տարբեր տեղ պիտի չհասցնէ:
Բարիքի կողքին չարիք
Գիտական որեւէ նորութիւն, հնարք՝ բնականաբար ողջունելի է մի՛շտ, որովհետեւ անիկա ի բնէ աշխարհ կու գայ, ինչպէս ըսինք, մարդուն գործն ու կեանքը աւելի հեզասահ դարձնելու նպատակով: Օրինակի համար, ժամանակին մարդը իր արտը կը հերկէր եզներով ու արօրով, կը հնձէր մանգաղով ու գերանդիով, մնացեալ գործերն ալ կընէր համեստ ու սահմանափակ ձեւերով: Յետոյ եկան հերկող ու ցան ընող մեքենական սարքերը, որոնք ո՛չ միայն փոխարինեցին մարդը, այլ մէկ սարք օժտւեցաւ տասնեակ մը եւ աւելի մարդոց գործը մէկ մարդու ձեռքով կատարելու կարողութեամբ: Նոյնը՝ աշխատանքի այլ կալւածներու մէջ. հիւսւածեղէն ու գորգագործութիւն, ինքնաշարժներու եւ այլ պիտանի գործիքներու արտադրութիւն եւ այլն:
Իւրաքանչիւր նոր հնարք անշո՛ւշտ որ դիւրացուց մարդոց գործը, բազմապատկեց արտադրողականութիւնը, հետեւաբար նաեւ՝ զայն օգտագործողներուն նիւթական շահերը, սակայն զուգահեռաբար ստեղծւեցան ընկերային տագնապներ, որոնցմէ փոքրագոյնը եղաւ այդ սարքերուն պատճառած արկածներուն զոհերը (մահ կամ վիրաւոր. յիշենք Համաստեղի «Կար ամու»-ն), իսկ աւելի տարողունակը՝ գործազրկումն ու անոր բազմաճիւղ հետեւանքները: Չմանրամասնենք:
Անցեալ դարերուն ու տասնամեակներուն, մարդուն հնարած բարիքներէն ծնած չարիքները՝ նոյնինքն մարդուն ու զայն մարմնաւորող կառավարութեանց համար ստեղծեցին նոր մարտահրաւէրներ: Մարդը տեսաւ, որ գիտական ու արհեստագիտական նորութիւնները սկսած են վերածւիլ շիշէն դուրս ցատկած հրէշի: Եթէ կարելի չէր – եւ պէ՛տք չէր – զայն վերստին շիշին մէջը թխմել, այլ պէտք էր գտնել զայն կառավարելի դարձնելու հնարքներ: Եւ որովհետեւ ի վերջոյ մա՛րդն է բանականութեան կիզակէտը, անոր ճիգերը արդիւնք տւին: Օրինակի համար, գործազրկումի հրէշը կառավարելի դարձնող միջոցներէն մէկը եղաւ աշխատանքի սանձարձակ եւ դաժան ժամերու վերասահմանումը, կրճատումը (օրական 8 կամ նւազ ժամ, շաբաթական 6 կամ նւազ օրերու աշխատանքի օրէնքներ…) եւ գործի առիթներու ստեղծումը, ընկերային ապահովութեան դրութիւններու մշակումը: Այսուամենայնիւ, արհեստագիտութեան նորութիւններուն եւ իրական բարիքներուն դէմ՝ բացասական իրականութիւններուն մրցումը միշտ ալ քանի մը քայլ յառաջ ինկած է, աւելի ակներեւ՝ քան «Ալիլլէսի եւ կրիայի միջեւ մրցում»-ի հին պատմութիւնը:
Այսօրւան մօտեցումները
Ընթերցողս նկատեց, որ ԱԲ-ի հարցին մեր մօտեցումը եկաւ քիչ մը հեռուներէն, շատ աւելի լայն ծիրի մէջ, քան ինչ որ անոր մասին կըսւի այսօր, այսինքն՝ մեր «դարաշրջան»-ին՝ երբ համակարգչային սարքերը խօլ մրցումի մէջ են ո՛չ միայն մարդուն, այլ նաեւ… իրարու դէմ: Եւ երբ քննարկումեր կը կատարւին, անոնք կը պահւին ա՛յս շրջագիծին մէջ, այսինքն՝ նորագոյն հնարքներուն բարիքներուն եւ ստեղծած անպատեհութիւններուն նկատառումով:
Հոս ալ, սակայն, ԱԲ-ը պէտք չէ դիտել «տեսնւող» սարքերու շրջագիծին մէջ, որովհետեւ ՄԱՐԴԸ ՓՈԽԱՐԻՆՈՂ սարքերը, համակարգչային միջոցները շատո՜նց մտած են մեր առօրեային մէջ եւ տեսանելի են, առաւելաբար, անոնց բերած բարիքները: Կարգ մը երկիրներու մէջ, կառաշարներ կը բանին ինքնագործ՝ առանց մեքենավարի: Կան աւելի «մտերմիկ» սարքեր, ինչպէս՝ մարդամեքենաները եւ զանոնք կանխած՝ առտնին գործիքներու՝ օր աւուր աւելի՛ արդիականացող եւ մարդուն-տանտիկնոջ միջամտութիւնը նւազագոյնին իջեցնող տարբերակները: Նախորդ փուլին կար, օրինակի համար, կառաշարներու շարժումները աւելի «համեստ» համակարգիչներով կառավարելու միջոցը, նոյնը՝ օդանաւերու թռիչքներու պարագային, իսկ արդէն առանց մեքենավարի ինքնաշարժներու նախատիպերը կամաց-կամաց կը մատուցւին մարդոց: Հաւանաբար պիտի գայ օրը, երբ օդանաւերն ալ պիտի դառնան… անօդաչու, եւ այս եզրոյթը պիտի թօթափէ մահացու հրթիռի՝ ներկայի իր սարսափազդու իմաստը: Ի դէպ, հոն ալ դրական գիծը զարգացած է, որովհետեւ անօդաչու սարքերով կը կատարւին նկարահանումներ:
Չտարւինք յաւելեալ օրինակներով, այլ բաւականանանք ընդգծելով, որ ինչպէս մեքենաներու զարգացման եւ արդիականացման փուլերուն, նոյնպէս ալ արդի արհեստագիտութեան ու ԱԲ-ի յառաջդիմութեան զուգահեռ, կը ստեղծւին ընկերային նոր տագնապներ ու համապատասխան մարտահրաւէրներ: Աւելի՛ յաճախակիօրէն կը լսենք, որ այս կամ այն հսկայ ընկերութիւնը կամ դրամատունը հազարաւոր պաշտօնեաներ եւ գործողներ գործազուրկ ըրած է: Սա արդէն կը ստեղծէ համապատասխան լուծումի հրամայականը:
ԱԲ-ի միջամտութեան չափազանցութիւնը
Առանց մերժելու ԱԲ-ի դրական եւ օգտակար երեսը, չենք կրնար անտեսել անոր «պարտադրած» չափազանցեալ միջամտութիւնը՝ մարդոց կեանքին:
Կրնանք բազմաթիւ օրինակներ արձանագրել, սակայն կը բաւականանանք մէկով, որուն վկան եղանք անձամբ, աւելի քան երկու ամիս առաջ: Բարեկամուհի մը՝ երկու ուսանող դուստրերու մայր, որ համակարգիչներու մասնագէտ է եւ կաշխատէր մասնագիտական ընկերութեան մը մէջ, ամանորէն քանի մը շաբաթ առաջ… գործէ արձակւեցաւ (սա ամերիկեան «ընթացիկ սովորութիւն» է): Բնականաբար մտահոգ էր, որովհետեւ երկրին տւեալ պայմաններուն մէջ նոր աշխատանք ապահովելու հորիզոնը պայծառ չէ (դեռ աշխարհը չէ ապաքինած Պսակաւոր համաճարակէն ծնած անգործութեան հետեւանքներէն, որուն յետեւէն կը հասնի ԱԲ-ին ստեղծած՝ գործազրկումներու նոր ալիքները): Քանի մը շաբաթ ետք, պատմեց, որ քանի մը տեղ դիմում ներկայացուցեր է, իրեն տւեր են հարցարաններ, որոնց տւեալներուն հիմամբ է որ կրնան զինք աշխատանքի ընդունիլ կամ չընդունիլ:
Եւ ի՞նչ պատահեր է. դիմումնագիրը ընդունող ընկերութիւնը իմացուցեր է, որ թղթածրարը նախ պիտի «քննարկւի»… յատուկ համակարգիչի մը կողմէ, եւ եթէ համակարգիչը արձանագրւած տւեալներէն գոհ մնայ, անկէ ետք միայն զայն պիտի փոխանցէ ընդունող-չընդունող պատասխանատուին: Այլ խօսքով, եթէ համակարգիչը «չհաւնի» դիմումնագիրը, դիմորդին փորձառութիւնն ու մասնագիտական տւեալները բան չեն նշանակեր: Դիմորդը աւելի ուշ իմացեր է, որ դիմումնագիրին մէջ պէտք է օգտագործէ «յատուկ բառամթերք», որպէսզի շահի ԱԲ-ով բանող համագարգիչին հաւանութիւնը… (թէ ինչո՞ւ այդպէս է՝ հետեւութիւնները եւ մեկնաբանութիւնը կը թողունք ընթերցողին):
ԱԲ-ի մասին կանուխ ահազանգ
Վերի օրինակը միակը չէ, ուր կը տեսնւի, որ ԱԲ-ը սկսած է չափէն աւելի տիրապետութիւն, կրնանք ըսել՝ նորատեսակ բռնատիրութիւն հաստատել մարդուն կեանքին վրայ, եւ այս ընթացքը ժամանակի թաւալումին հետ կրնայ աւելի շեշտւիլ: Ահա հո՛ս է որ բանիմաց մարդիկ, ընկերաբաններ եւ նման մասնագէտներ սկսած են մարդկութիւնը զգուշացնել ԱԲ-ի նոր չարիքներէն (կրկնենք՝ առանց արհամարհելու բարիքները):
Այս ահազանգն ալ նորութիւն չէ, յամենայնդէպս: Գիտական հնարքներու բերած բարիքներուն դիմաց, չարիքներուն մասին այլազան ահազանգեր հնչած են վաղուց, եւ ո՛չ միայն ԱԲ-ի կալւածին մէջ: Օրինակ, կենսաբանութեան կալւածին մէջ «յանդուգն» փորձերու դէմ ահազանգեր հնչած են մտաւորականներու եւ գրողներու կողմէ (օրինակ՝ Հըրբըրտ Ջորջ Վէլզ, աւելի ծանօթ՝ Էյչ. Ջի. Վէլզ անունով): Կորիզային ուի-ուժանիւթի բարիքներն ու փաստւած չարիքները կերտած են իրենց պատմութիւնը:
ԱԲ-ի մասին ամենէն յիշատակելի ահազանգերը հնչած են տասնամեակներ առաջ, բազմաթիւ գրող-մտաւորականներու եւ անոնց գործերուն արձագանգ եղող արւեստագէտներու կողմէ: Յիշատակենք մէկ օրինակ՝ Սթէնլի Քիւպրիքի բեմադրած եւ շարժապատկերի պատմութեան մէջ իր յատուկ պատւանդանը կերտած գործը՝ 2001: A Space Odyssey (2001. Անջրպետային ոդիսական մը) գիտաերեւակայական ժապաւէնը (1968):
Քիւպրիքի հրաշալի ստեղծագործութիւնը հիմ ունի բրիտանացի գրող Արթըր Քլարքի մէկ պատմւածքը, որ յղացւած է 1948-ին, այն օրերուն, երբ կորիզային ռումբի սարսափը բռնած էր աշխարհի կոկորդը, իսկ պատերազմի «պտուղներէն» մէկը՝ ԱԲ-ն մտած էր արագ զարգացումի փուլ: Սա «Պաղ պատերազմ»-ի նախօրեակին էր…:
Ապագայատեսիլ պատմութիւն մըն է. «հեռաւոր ապագային» (մենք արդէն այդ փուլին կարգ մը երեսներուն ականատես ենք), խումբ մը գիտնականներ սարքած են անջրպետանաւ մը, որ պիտի պեղէ տիեզերքի գաղտնիքները: Պատումը այլաբանական դրւագներով ծայր կառնէ նախամարդու օրերէն եւ կը հասնի ապագայ: Մեր այս նիւթին դիտանկիւնէն շահեկան ու հետաքրքական երեսը այն է, որ անջրպետանաւը օժտւած է գերհամակարգիչով մը, որ կը կոչւի ՀԱԼ-9000: Կարելի է խօսելով հրահանգներ տալ անոր, հարցումներ ուղղել եւ պատասխաններ ստանալ, բարդ խնդիրներ թելադրել եւ լուծումներ ստանալ: Մէկ խօսքով, անոր «ուղեղը» լեցւած է անհաշւելի գիտելիքներով (կը յիշէ՞ք «Տիփ Պլու» անունով համակարգիչը, որուն դէմ ճատրակի մրցում ունեցաւ Կէրի Գասպարովը, նախ յաղթեց 1996-ին, տարի մը ետք պարտւեցաւ աւելի՛ կատարելագործւած տարբերակէն, եւ անիկա եղաւ «մարդուն դէմ իր հնարած սարքին առաջին յաղթանակը»):
Ճամբորդութեան ընթացքին, ՀԱԼ-ը սկզբնապէս շատ լաւ կը կատարէ իր գործը, սակայն նաւորդ գիտնականները կը նկատեն, որ ան սկսած է «ինքնագլուխ» գործել, ինքն իրեն որոշումներ տալ եւ զանոնք գործադրել, այնքան մը, որ անիկա կը դառնայ անջրպետանաւուն տիրապետողը եւ… վկայեալ ոճրագործ մը: Եւ ահա աներեւակայելի պայքար մը, մրցակցութիւն մը կը սկսի մարդուն եւ համակարգիչին (այսինքն՝ ԱԲ-ին) միջեւ: Իսկական ոդիսական մըն է մնացեալը: Պատմութիւնը կաւարտի ՀԱԼ-ին պարտութեամբ, մարդը կը վերանորոգէ անոր «ուղեղը», այլ խօսքով, ժապաւէնին պատգամը ի վերջոյ դրական է, թէ՝ ԱԲ-ն պէտք չէ ստանայ այնքա՛ն լիազօրութիւն ու «անկախանայ» մարդկային բանականութենէն (չէ՞ որ Զարթօնքի դարաշրջանէն ի վեր Մարդն է տիեզերքի կեդրոնը, հիմնական արժէքը):
Յիշեալ ժապաւէնին եւ նման գործերու պատգամը անժամանցելի է, ի զօրու է նաեւ այսօր: Այն՝ որ մարդ արարածը պէտք չէ պատանդը դառնայ իր հնարածին, այլ ԱԲ-ն ծառայեցնէ իրեն, ձեւերը գտնէ խուսափելու անոր չարիքներէն, եւ դարմանէ անոր բերած ու բրելիք, անբաղձալի հետեւանքները (իսկ մենք կը տեսնենք, թէ մարդիկ որքա՜ն պատանդ են համակարգիչներու, բջիջային հեռաձայններու, պատկերասփիւռի եւ նման բարիքներու): Այս հրամայականը միայն մէկ երկրի կամ ժողովուրդի դիմաց չի դրւիր, այլ նաեւ՝ ողջ մարդկութեան, ինչպէս որ ամբողջ մարդկութեան իրաւունքն է կանխարգիլել (դարմանելը արդէն ուշ կըլլայ) Գիտութեան բարիքներէն ծնած չարիքներն ու պատուհասները, օրինակ՝ կորիզային եւ նման զէնքերու գործածութիւնը:
Ի վերջոյ, մարդը կը մնայ տիեզերքը կեդրոնը, ան ինքզինք պէտք չէ մատնէ այն կացութեան, որ ԱՊՐՈՂ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ծնած անկենդան պտուղները գերակայութիւն հաստատեն ԿԵԱՆՔ-ին վրայ: