Պատրանք, իրականութիւն, պահանջ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան…»
Յ. ՇԻՐԱԶ
Այս սիւնակին ընկերացող երգիծանկարը բարեկամէ մը ստացեր էի քանի մը ամիս առաջ (հաւանական է, որ շատեր տեսած են զայն): Զայն յիշելու բազում առիթներ կունենամ, երբ կը հետեւիմ այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութեան մը, ուր թեկնածուներ հազար ու մէկ (եւ ընդհանրապէս անիրականանալի կամ իրենց չթոյլատրւող) խոստումներով կը փորձեն սիրաշահիլ քւէարկողները:
Զայն յիշելու առիթը ներկայացաւ վերջին օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրւեցաւ բազում մեղքերու եւ յանցանքներու տոպրակ մը ուսին կրող Դոնալդ Թրամփը: Սա պատճառ դարձաւ, որ մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի որոշ շրջանակներու մէջ բարձրանայ յոյսի ալիք մը, թէ՝ Թրամփ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ սա՛ պիտի ընէ, նա՛ պիտի ընէ: Չէ՞ որ Արամ Ա Կաթողիկոսին հետ հեռաձայնով զրոյցի պահուն կամ այլապէս՝ Արցախի մասին ակնարկութիւն ըրած էր, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու պաշտպանի պատմուճան հագած էր…: Չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, որոնցմով ողողւած են լրատու աղբիւրներ, շիրազեան տրամաբանութեամբ՝ ցանկութիւններով տարւած մեկնաբանութիւններ մրցումի ելած են իրարու հետ:
Որպէսզի հակա-Թրամփ կամ Հարրիսի համակիր չհռչակւիմ, անմիջապէս ըսեմ, որ երկու թեկնածուներն ալ հաւասարապէս մարմնաւորողը կը նկատեմ քաղաքական ուղեգիծի մը, որ կը մարմնաւորէ նախ եւ առաջ ամերիկեան շահերը, ապա նաեւ իրողական պատանդը այն գերադաս ուժերուն, տնտեսական տիրակալութիւն ունեցողներուն, որոնք կը հակակշռեն ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ տնտեսապէս հզօր հռչակւած բոլոր երկիրներուն եւ խմբաւորումներուն (Եւրոպական միութիւն, ՀԱՊԿ, Չինաստան, Հնդկաստան եւ… ցանկը դո՛ւք շարունակեցէք): Անտեսելի չէ այն, որ մրցակից կուսակցութիւններն ու իրենց ներկայացուցիչները (նախագահ եւ խորհրդարան) ունին ծրագրային եւ հարցերու մօտենալու տարբերութիւններ, սակայն ընդհանուր վարքագիծը ըստ ամենայնի անփոփոխ է, տարբերութիւններուն խորքին՝ կարելի է տեսնել անոնցմէ վեր կանգնող (ընդհանրապէս չտեսնւող եւ զանոնք ուղղորդող) գեր-հզօրներուն շահերու մրցակցութիւնը:
Բնական է, որ երբ ընտրութիւն տեղի կունենայ եւ արդիւնքներ (ցանկալի կամ անբաղձալի) լոյս աշխարհ կու գան, մարդիկ տարւին ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ իրադարձութիւններով, մեկնաբաններու (խօսքը աշխարհի տարածքին ուղեղալւացքի դերը ստանձնածներուն մասին է) «քարոզներ»-ն ալ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն՝ որոշ մտածողութիւն պարտադրելու, անոնցմով համակելու եւ կշտացնելու համար հանրութիւնը: Երբ քիչ մը ժամանակ անցնի, ու անմիջական քարոզարշաւի ալիքը մեղմանայ, աւելի՛ն, չոր իրականութիւնները դառնան տիրապետողը, յաղթող-ընտրւողին ամէնէն ջերմ համակիրներն անգամ (խօսքը աչք ու դատողութիւն ունեցողներու մասին է) կանդրադառնան, թէ որքա՜ն արագ տարւած են «դրական քարոզչութեամբ», թէ իրենց յոյսերը ինչպէ՜ս կը շոգիանան տրւած խոստումներուն ցնդումով:
Ցանկութիւններ, բարի դիտաւորութիւններ ու ակնկալութիւններ ունենալը մե՞ղք է: Ո՛չ, անշո՛ւշտ ոչ, սակայն ոտքերը գետնէն կտրելը եւ ցանկութիւններուն պէտք եղածէն աւելի տուրք տալը առ նւազն օգտակար չէ: Հոս կարժէ յիշել նաեւ երբեմնի թրքախօս հայերու բիւրեղացուցած մէկ իմաստութիւնը, որուն իմաստը հետեւեալն է. «Եթէ խօսքով ճաշ եփի, ծովու չափ իւղ ես կը տրամադրեմ»…
***
Մտահոգիչը միայն տրւած խոստումներուն տէր չկանգնիլը չէ, այլ խոստումներուն ճիշտ հակառակը ընելն ու երկիրդ վնասէ-վնաս նետելը: Հոն ալ կարելի է վնասները դասաւորել աղէտալիի եւ դարմանելիի ընդհանուր ցանկերու տակ:
Ու եթէ պահ մը մէկդի ձգենք (առանց մոռնալու) ամերիկեան կամ այլ ընտրութիւններու արդիւնքներն ու անոնց դիմաց մեր յոյսերուն «վերելակային խաղերը», ու կենտրոնանանք մեր հայրենիքի իշխանաւորներու վարքագիծին վրայ, վերի երգիծանկարը կը ստանայ յատուկ իմաստ ու խորք (լա՛ւ դիտեցէք գայլին դիմաց խմբւած ոչխարներուն դէմքի արտայայտութիւնները): ՔՊ-ականներն ու «քալողներ»ը, եթէ յիշող կայ, իշխանութեան հասան հազար ու մէկ խոստումով, զանգւածին ԲԱՐԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ իրականացնելու հաւաստիքներով (Արցախի պաշտպանութենէն մինչեւ տնտեսութիւն, մինչեւ փտածութեան, կաշառակերութեան եւ այլ նման չարիքներու ի սպառ վերացման խոստումները), հիմա արդէն փաստերու լեռներ կուտակած են – եւ կը շարունակեն կոյտը բարձրացնել – թէ գործեցին եւ կը շարունակեն գործել խոստումներուն ճիշտ հակառակը: Արցախէն ետք, Հայաստանէն ալ հողաշերտեր նւիրած են թշնամիին, խաղաղութիւն կը մուրան անոնցմէ՝ որոնց ցեղասպան եւ հայատեաց ըլլալը շա՛տ լաւ գիտեն, կը շարունակեն քայքայել եւ այլասեռել երկրի ուժի բազուկը (բանակ, ոստիկանութիւն…), պաշարւած երկիրը կը տանին դէպի յաւելեալ մեկուսացում, իսկ տնտեսութեան բարելաւման համար ալ յաճախ հրապարակ կու գան չնաշխարհիկ գիւտերով: Իրաւունք չունի՞նք աղաղակելու. «Աստւած հոգիդ լուսաւորէ, Մարի Անթուանէթ թագուհի, որ սոված ժողովուրդիդ կը թելադրէիր հացի տեղ կարկանդակ ուտել: Հիմա Հայաստանի «թոռնիկներ»-դ գտեր են ցորենի փոխարէն… բրինձով կերակրւելու ձեւը, ցորեն ցանելը կը նկատեն ոչ-նպատակայարմար, առանց ըմբռնելու, թէ որոշ կողմէ մը որոշ կախւածութիւնը՝ կրնան վերածել անծանօթէն կախւածութեան»: Եթէ անմահ Օտեանի հարցնէինք, պիտի պատասխանէր, որ ասոնք Փանջունին ալ կը նսեմացնեն ամէն օր, ամէն քայլափոխի, իսկ ամենէն ողբերգականը, վճռորոշ զանգւածի մը կողմէ կը դիտւին կրաւորականութեամբ ու ստրկամտութեամբ վարակւածի վիճակով…
***
…Շիրազէն վերի մէջբերումին շարունակութիւնը անգիր գիտէ որեւէ հայ, Հայաստան-Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ. պատգամը՝ ՊԱՅՔԱՐն է, որպէսզի կործանարարները հեռացւին ղեկէն, խոստմնադրուժները հաշիւի կանչւին ԱՄԷՆ ՏԵՂ: