
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միջազգային լրատու աղբիւրներու տարածքին, քանի մը օր առաջ ի վերջոյ պայթեցաւ քաղաքական այն ռումբը, որ կը սպասւէր Դոնալդ Թրամփի Սպիտակ տուն մուտքէն առաջ իսկ եւ կը կրէ Թրամփ-Պուտին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն խորագիրը:
Չենք ուզեր այս սիւնակը ծանրաբեռնել այն մանրամասնութիւններով, որոնց մասին խօսեցան Թրամփ եւ Վաշինգտոնի ու Մոսկւայի բանբերները (չենք ալ ուզեր այժմէն հարցականներ գծել, թէ խօսւածներէն ի՞նչ բան պիտի իրականացնեն, որքա՞նը աչքի փոշի է կամ հակառակորդը մոլորեցնելու խաղ): Աշխարհին համար, շահեկանը եւ ուշագրաւը այն է, որ երկու գերպետութիւններու ղեկավարները, երկա՜ր ընդմիջումէ ետք, ուղղակի հաղորդակցութիւն ունեցած են, խօսած են խաղաղութեան ընտրանքներու մասին (Ուկրաինա, Միջին Արեւելք ու այլուր), որոշեր են դէմ առ դէմ հանդիպում ունենալ Սաուդական Արաբիոյ (եւ ո՛չ թէ Թուրքիոյ…) մէջ: Հիմա, տաք նիւթի պիտի վերածւի սպասւած գերաստիճանին նախապատրաստական շարժումները:
Զուգընթաց՝ նոյնպիսի շահեկանութեամբ ներկայացւեցան Ուկրաինոյ ղեկավարին հետ Թրամփի հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները եւ ի յայտ եկան ուկրաինական կողմի… հիասթափութեան նշանները: Ստեղծւեցաւ այլապէս ցանկալի հորիզոն մը, թէ ո՛ւր որ է, Վաշինգտոն եւ Մոսկւա շուտով լեզու պիտի գտնեն պատերազմի դադարեցման եւ յարաբերութեանց վերաբնականոնացման շուրջ: Հարց կը մնայ, որ Ուկրաինան մասնակից պիտի ընե՞ն իր ճակատագիրին տնօրինման, թէ՞ Զելենսկիի պիտի վերապահւի բարի հանդիսատեսի դեր մը. այդ մասին ալ նախանշանները յուսատու չեն Կիեւի համար:
Վաշինգտոնի եւ Մոսկւայի միջեւ, առայժմ երեւութական ձիւնհալի նշաններուն զուգահեռ, արձանագրւեցան քանի մը մանրուքներ, որոնցմէ ամենէն ուշագրաւն էր բանտարկեալ-պատանդներու փոխանակումը: Կա՞յ մէկը, որ չցանկայ իսկական ձիւնհալ…
«Ծախելու» վարդապետութիւն
Կարելի է բազմաթիւ գիծեր առանձնացնել՝ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութիւններէն եւ հրապարակային յայտարարութիւններէն, սակայն այստեղ պիտի բաւականանաք քանի մը գլխաւորներով, որոնց գումարը, հասարակ յայտարարը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ «կը ծախեն» Ուկրաինան եւ կուզեն բանալ այդ երկրին… բնական հարստութիւնները կողոպտելու էջը: Զելենսկի հպանցիկ անկարկութիւն մը ըրաւ, որ ամերիկացիներուն հետ իր հաղորդակցութեան մէջ այդ հարցը արծարծւած է:
Ի դէպ, սա թրամփեան իւրայատկութիւն չէ, որովհետեւ ամերիկացիք յաճախ կիրարկած են նոյն՝ «բարեկամը ծախելու վարդապետութիւն»-ը, որովհետեւ տեղ մը ոտք դրած են որոշ շահերու ակնկալութիւններով ու ատեն մը ետք, ոտքերուն փոշին թօթւելով (քրիստոնէական ի՜նչ առաքինութիւն), քանդւած ու կազմալուծւած երկիր մը ու անոր վարչակազմը նետած են այլատեսակ փոթորիկներու գիրկը, յանձնած այնպիսիներու, որոնք ահաբեկիչ-ոճրագործ ամբաստանւած էին նախորդ փուլին: Աֆղանիստանը միակ օրինակը չէ…
Անմիջապէս նշենք, որ յիշեալ հաղորդակցութիւնները լուսարձակները որոշ չափով հեռացուցին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նոր նախարարին՝ Փիթ Հեկզըթի այն յայտարարութիւններէն, ըստ որոնց՝ ՆԱՏՕ-ին Ուկրաինոյ անդամակցութիւնն ու այդ երկրին՝ նախապատերազմեան սահմաններուն վերականգնումը իրապաշտ բաներ չեն: Սա արդէն ամենէն աղաղկող վկայութիւնն էր, որ Վաշինգտոն կը ծախէ Ուկրաինան: Թրամփ խուսափեցաւ կրկնելէ Ուկրաինան գործնապէս թողլքելու այս «վարդապետութիւնը», ու բաւանակացաւ ըսելով, որ իր նախարարը հանգամանօրէն արտայայտւած է այդ մասին:
Փակագիծ մը բանանք եւ յիշեցնենք, որ Վաշինգտոնի համար նման «նահանջներ» նորութիւն չեն, այլ վարպետութիւն կը սեպւին: Տարինե՜ր առաջ, ամերիկացիք օր մըն ալ յայտարարեցին, որ պաղեստինցիներուն օգնութեան հասնիլը… արաբական երկիրներուն գործն է, իսկ հիմա ջատագով են ՈՒՆԵՐՒԱ-ի նման միաւորներու լուծարման: Աւելի՛ն, Թրամփի փոխ նախագահը, Եւրոպա իր այցելութեան առիթով, ազդանշաններ տւաւ, որ նոյնինքն Եւրոպային՝ ամերիկեան աջակցութիւնը կրնայ սահմանափակւիլ (չէ՞ որ Թրամփ հրապարակ եկած է «Ամերիկան ամէն բանէ առաջ» նշանախօսքով, եւ սակայն, իր վարչախումբին հետ լծւած է իր երկրի՛ն իսկ կրթական, առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովագրութեան գանձանակները կրճատելու արշաւի…): Աղաղակող է, որ խաղաղասէրի պատմուճան հագած՝ թրամփեան ճակատը նա՛եւ քարոզչութիւն կընէ նախորդ՝ դեմոկրատներու վարչախումբին դէմ, ըսել ուզելով, որ անոնք պատերազմասէր էին, իսկ հիմա իշխանութեան եկած են խաղաղասէրները:
Հեկզըթի արտայայտութիւններուն մէջ կային մանրամասնութիւններ, որոնք այլապէս տեղ գտած էին Թրամփի նորագոյն ու նախընթաց յայտարարութիւններուն մէջ: Հոն արդէն կերեւէին, որ Վաշինգտոն հակամէտ է ձեռքերը լւալու Ուկրաինոյ օժանդակելու առաքելութենէն, հիմա Վաշինգտոն կը պահանջէ, որ եւրոպական երկիրները այս իմաստով աւելի ծանր բեռներ վերցնեն իրենց ուսերուն. իսկ եւրոպական երկիրներ շատո՜նց կքած են Ուկրաինոյ զինական եւ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելու (այլապէս Վաշինգտոնէն պարտադրեալ) բեռներու տակ (անցած է 150 միլիարդ դոլարի սահմանը), վերջին ամիսներուն, սաստկացած են ապրուստի տագնապներու դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնց մէկ ծաւալուն «հատորը» ողողեց Բրիւկսէլի փողոցները, ա՛յն պահուն՝ երբ Միւնիխի մէջ կը բացւէր խաղաղութեան օրակարգով խորհրդաժողովը եւ ուր, փէշերը հաւաքած՝ վազեր-գացեր էր Հայաստանի վարչապետը՝ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը անգամ մը եւս աճուրդի դնելու համար (հաւանաբար իրեն թելադրող ըլլայ, որ զայն տանի «Քրիսթիզ»-ի կամ «Սոթպիզ»-ի պէս հաստատութիւններ): Այս բոլորը՝ առանց մոռնալու… միլիոնաւոր գաղթականները (այս թղթածրարը, ինչպէս ծանօթ է, միայն ուկրաինացի գաղթականներով չէ սահմանափակւած):
Ի՞նչ կըսեն Ուկրաինոյ
Եթէ այս հանգրւանին ուրւագծւող նախատեսութիւններն ու ենթադրութիւնները իրականանան, ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Ուկրաինոյ, այսինքն՝ Թրամփները հիմա ի՞նչ կըսեն ուկրաինացիներուն, անկախ անկէ, թէ խօսւածին եւ իրական աշխարհին միջեւ յաճախ անջրպետներ կան եւ մէկը միւսին ներհակ է, նաեւ կայ այն, որ քաղաքական նոր աշխարհին մէջ, շա՜տ սովորական է այսօր ըսածիդ՝ վաղը հակառակը ընելը:
Ուկրաինացիք եւ անոնց հողին վրայ հակամարտողները քանի մը օրէն պիտի «տօնեն» ահարկու պատրեազմին սկսման երրորդ տարեդարձը: 2022-ի փետրւարէն ասդին տեղի ունեցած մարտերը՝ քանդում, սպանդ, հողերու գրաւում եւ այլն՝ շատո՜նց լուսանցքի վրայ նետած են դառն իրականութիւն մը, որ պատերազմը խորքին մէջ սկիզբ չառաւ երեք տարի առաջ, այլ անիկա ունեցաւ բաւական արիւնալի «նախերգանք» մը, 2014-էն սկսեալ: Նորագոյնը՝ վերջին երեք տարիներու փուլը՝ ունեցաւ բազմերես շարժառիթ մը, որուն գլխաւոր խորագիրն էր ՆԱՏՕ-ին Ուկրաինոյ անդամակցութեան առաջադրանքը, եւ ըստ էութեան վերածւեցաւ երրորդ աշխարհամարտի մանրանկարին…:
Շատ խօսւած է այն բոլոր բաներուն մասին, թէ ուկրաինացիները նման քայլի մղողը ո՞վ էր, ի՞նչ բացայայտ եւ քողարկեալ հաշիւներով տարւած էր ան, կամ թէ նման քայլ ինչո՞ւ ներհակ էր Արեւելք-Արեւմուտք՝ նմանապէս բացայայտ ու քողարկեալ այն համաձայնութիւններուն, որոնք շուրջ 35 տարի առաջ աւարտի մը հասցուցին «Պաղ պատերազմ»-ը եւ յանգեցան նախ՝ Բեռլինի Պատին, յետոյ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզման, կարմիր կայսրութեան տարանջատման, իսկ կարճ ատեն ետք՝ Արեւելքին վերաձեւաւորման, հին մրցակցութիւններուն նորացման:
Եկէ՛ք, փորձենք պարզ բառերով կարդալ, թէ Վաշինգտոնէն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքէն ի՞նչ պատգամ ու թելադրանք կուղղւի ուկրաինացիներուն: Թւենք քանի մը ուշագրաւները.
- Ուկրաինացինե՛ր, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ալ, մեր վախճանական նպատակներուն մաս կը կազմէ Ռուսիոյ տկարացումը, անոր ներկայացուցած՝ մրցակցային հանգամանքին չէզոքացումը, առնւազն թուլացումը: Դուք եղաք Եւրոպայի այն գլխաւոր ընտրեալը, ուրկէ պէտք էր վարէինք Ռուսիոյ դէմ մեր բազմայարկանի ճակատամարտերը՝ զինւորական, տնտեսական-առեւտրական եւ քաղաքական-ռազմավարական գետիններու վրայ:
- Մենք ձեզ քաջալերեցինք, որպէսզի պահանջէք ՆԱՏՕ-ին անդամակցիլ, հակառակ անոր, որ մեր ճակատամարտերուն ելքերը յստակ չէին: Մեր նախաձեռնութեան մէջ ռիսքի մե՜ծ բաժին մը կար, իսկ այդ ռիքին ծանրութեան մեծ մասը պիտի իյնար ձեր ուսերուն: Հիմա, ի՞նչ ընենք, որ դուք ալ մէկ զոհն էք մեր (ձախաւեր) հաշիւներուն՝ Մեր մէջ խիղճ-զգացում-բարոյականութիւն մի՛ փնտրէք:
- Եթէ մենք յաջողէինք ձեր ձեռքով ռուսերը նահանջի մատնել, այնքան ալ վստահ պէտք չէր ըլլայիք, թէ ձեր լաւագոյն երազները պիտի իրականանային, որովհետեւ եթէ քիչ մը շրջահայեաց ըլլաք, պիտի տեսնէք, որ ՆԱՏՕ-ի անդամները, ներառեալ վերջին տասնամեակներուն «ակումբը» ընդլայնողները՝ այդքան ալ համերաշխ ու հաշտ չեն իրարու հետ, երբեմն տարբեր գետիններու վրայ իրարու հետ այնքան ուժեղ մրցակցութիւն ունին, որքան պիտի ունենային… հռչակւած թշնամիներու հետ:
- Դուք ձեր ազատ կամքով միացաք մեր անստոյգ արշաւին: Դուք ձեր ազատ կամքով ունեցաք «ազգընտիր» մը, Զելենսկին, որ յանձն առաւ պատկերասփիւռի խեղկատակի դերը վերածել երկրի ղեկավարի պաշտօնի: Հիմա խաբւա՞ծ եւ կռնակէն դաշունահարւա՞ծ կը զգաք: Մեզ մի՛ մեղադրէք: Կուզէ՞ք մխիթարւիլ. այլ երկիրներու մէջ ալ խեղկատակներ իշխանութեան բերած ենք եւ կը շահագործենք, ձեզի պէս շատե՜ր անցած են մեր դաւադիր ճամբաներէն:
- Մենք զէնքով-զինամթերքով, նիւթապէս, ձեր արտածումներուն ճամբայ բանալով, զինւորական խորհրդականներով եւ արհեստագիտութեան նորագոյն բարիքներով օգնութեան հասանք ձեզի, սակայն ի սկզբանէ պէտք է գիտնայիք – եթէ չէիք գիտեր, մեր յանցանքը չէ -, որ ո՛չ ամերիկացի, ո՛չ ալ եւրոպացի զինւորներ պիտի գային կռւելու ձեր բանակներուն կողքին: Ձեր երկիրն ալ մեր ճատրակի մեծ խաղին մէկ քարն է, իսկ թէ ո՞ր քարը՝ պէտք չունիք գիտնալու: Ճատրակի որեւէ խաղի մէջ ելքը կանխորոշւած չըլլար, ո՛վ որ ալ ըլլայ մրցողը: Եթէ պէտք է՝ ձեզ զոհ կու տանք, ինչպէս որ զոհասեղանին կը դնենք մեր վրայ յոյս դնողները, ճակատամարտները կը մղենք իրենց ձեռքերով, եթէ տաք ըլլայ՝ գիտէք, թէ որո՛ւն ձեռքը կայրի: Իսկ եթէ անպայման մխիթարւիլ կուզէք, ըսենք ձեզի. միակ զւարակը չէք…
- Ձեզի տրամադրւած մեր օժանդակութիւններով, մենք սպառեցանք տնտեսապէս եւ… բարոյապէս (անշուշտ քաղաքական աշխարհի մէջ բարոյականութեան մասին խօսիլը ինքնին անիմաստ է): Դուք կռւեցաք քաջաբար, ունեցաք մեծ թիւով զոհեր ու վիրաւորներ, ձեր քաղաքները քար ու քանդ եղան, ռուսերուն զիջեցաք երկրի տարածքին մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը: Հիմա, մենք հասկցած ենք (կը սպասենք որ դուք ալ հասկնաք), որ մեր նախնական բոլոր հաշիւները ճիշտ դուրս չեկան, չենք կրնար ըսել, որ ռուսերը պարտւեցան, ինչպէս որ կը քարոզէիք, եւ մենք ալ ձեր քարոզչութիւնը կը տարածէինք, այսինքն՝ տան հաշիւը չհամապատասխանեց շուկայի հաշիւներուն (անշուշտ չենք ուզեր խօսիլ «ներքին» շահակցութիւններու եւ մրցակցութիւններու մասին): Հիմա, ցնոր տնօրինութիւն եւ նոր դասաւոիրումներ՝ չենք ուզեր ձեզի օգնել այնպէս՝ ինչպէս կընէինք վերջին 3 տարիներուն:
- Բաց կը ձգենք ձեզի օգնութիւն տրամադրելու դուռներ, պայմանաւ որ համակերպիք մեր հեռահաս ծրագիրներու նոր «փաթէթ»-ին, այսինքն, ձեր երկրի բնական հարստութիւնները դնէք մեր տրամադրութեան տակ. ունիք սուղ մետաղներ, որոնցմով պէտք է սկսիք հատուցել ձեզի տրամադրւած օժանդակութիւններուն գինը: Մի՛ նեղւի՜ք: Այս վերաբերմունքը միայն ձեզի հանդէպ չէ. ուրիշ տեղեր ալ մեր մեծ մրցակցութիւնները կընենք ձեզի պէս մտածողներուն ձեռքով: Մեր վախճանական նպատակները՝ տարբեր երկիրներու հարստութիւններէն օգտւիլն է. կը տեսնէ՞ք Իրաքի, Լիբիոյ եւ այլոց վիճակը, հիմա ալ Գազայի համար աղւոր ծրագիրներ ունինք, հոն ալ ջարդ ու քանդում եղաւ: Եթէ յաջողինք, պաղեստինցիները պիտի հեռացնենք եւ պիտի աշխատինք շրջանը հասութաբեր գօտիի վերածել: Նոյն տրամաբանութեամբ բայց տարբեր ոճով կը բանինք Կանադայի, Մեկսիքայի, մինչեւ իսկ Կրուելանտայի (Գրինլէնդ) հետ, Լիբանանն ու Սիրիան ալ ստորակէտներ են:
Զելենսկի կրնա՞յ հպարտանալ
Այս բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Զելենսկիի ճակատագիրին վրայ, եթէ անշուշտ անհատի մը կամ վարչախումբի մը ճակատագիրը աւելի ծանր կը կշռէ, քան թէ ամբողջ երկրի մը տառապալից ճակատագիրը:
Զելենսկին ալ, որ մօտիկ անցեալին «յաղթելու ենք»-ի պէս յայտարարութիւններով հրապարակ կու գար ներսն ու դուրսը, հիմա կանգնած է փափուկ հողի վրայ: Եւրոպական լրատու աղբիւրներ կը ցուցադրեն ճակատներու վրայ կռւող զինւորներու դառնութիւնները: Անոնք կանդրադառնան, որ Զելենսկիի վարմունքը երկիրը հասցուցած է վնասարար լուծումի մը սեմին, եւ շատ ալ տրամադիր չեն «ծախւելու», այսինքն՝ ընդուելու, որ ներկայի իրողական սահմանները դառնան վերջնական:
Զելենսկի աննահանջ կերպով կը շարունակէ «պէտք է օգնէք մեզի» կոչերը, ուղղւած՝ զինք պատերազմի մէջ նետողներուն, սակայն կը տեսնէ, որ անոնց տրամադրութիւնները փոփոխութեան ենթակայ են, «աշխարհի նոր համակարգ»-ին ձեւաւորումը շատ ալ ի նպաստ Ուկրաինոյ չընթանար:
(Քիչ մը թեթեւնանք: Շշուկներ կան, թէ Զելենսկի Միւնիխի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցեր է քոմրատ-տաւարիշ Փաշինեանի հետ եւ պիտի հետեւի եղեր անոր թելադրանքին: Այսինքն ի՞նչ: Այսինքն այն, որ Կիեւ վերադարձին՝ պիտի յայտարարէ, թէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատերազմին ելքն ու իրենց պարտադրւելիք նոր վիճակները, «մենք մեզ պարտւած պիտի չզգանք», պիտի համոզէ ժողովուրդը, թէ երկրին արեւելեան գօտին Նոյ Նահապետի օրերէն ի վեր Ռուսիոյ պատկանած է եւ թէ՝ իրմէ առաջ, ո՛չ միայն Փորոշենքոն, այլեւ Եանուքովի՛չն էին զայն ռուսերուն յանձնողը: Եւ այս տրամաբանութեամբ ալ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Մայիսին նախատեսւած – եւ բազմիցս յետաձգւած – նախագահական ընտրութիւններուն: Ո՜վ գիտէ, ժողովուրդը կրնայ անոր ալ ձեռքը տալ ծոպաւոր մուրճ մը եւ դարձնել մանտաթաւոր…):
Դուրսէն՝ հեռւէն դիտողին համար, միշտ ալ հարց եղած է ու պիտի մնայ, թէ այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ազգային՝ սլաւական նոյն պատկանելիութիւնը ունեցող ռուսերն ու ուկրաինացիները այսպիսի՛ խորութեամբ թշնամիներ դարձած են (կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, ինչպէս՝ բելոռուսերը եւ պալթեան այլ երկիրներ): Արդեօք նման թշնամանքի ճամբա՞յ կը յարդարեն ՔՊ-ականները՝ մէկ կողմէ՝ արցախցիներու, միւս կողմէ՝ սփիւռքցիներուս հետ:
Հայաստան բան կը հասկնա՞յ…
Ուկրաինոյ գլխուն եկածները ու գալիքները (Վրաստանն ու ուրիշներ երէկ էին) արդեօք որեւէ բան կըսե՞ն Հայաստանին ու մասնաւորաբար երկրի ղեկն ու ճակատագիրը իրենց ձեռքը պահողներուն:
Եթէ արագ աչք մը նետենք Հայաստանի բեմի նորագոյն զարգացումներուն, հոն գերիշխող են ապրուստի, այսինքն՝ իշխանութեան կողմէ ժողովուրդը պաշտօնական կողոպուտի ենթարկելու դէպքերը, որոնք տարօրինակօրէն որոշ չափով լուսանցքի վրայ քշած են Արցախի կորուստէն բխած մտահոգութիւնները, հետեւող վտանգները: Պաշտօնական կողոպուտի տարբեր կիրարկումներուն դէմ բողողները ցարդ չեն հասած համընդհանուր շարժումի:
Զուգահեռաբար, տաք կրակի վրայ դրւած է Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան թղթածրարը (բայց ո՞վ դէմ է անդամակցութեան, պայմանաւ, որ թղթածրարը… խորովածի չվերածւի): Արդեօք վաղն ալ «արեւմտամէտները» հրապարակ պիտի նետե՞ն Հայաստանը ՆԱՏՕ-ին անդամ դարձնելու թղթածրար մը: Այս բոլորին դիմաց, կը սարքւին «միջնարարներ», երբ Փաշինեան մը, Սիմոնեան մը եւ այլ ՔՊ-ականներ իրենց խելապատիկէն նոր ցնդաբանութիւններ կը նետեն հրապարակ:
Ուկրաինոյ հանդէպ Վաշինգտոնի եւ առհասարակ Արեւմուտքի՝ այսպէս կոչւած դիմադարձութիւնը, անոր ցարդ չբացայայտւած ծալքերը առայժմ բարիք չեն խոստանար: Նոր օրերու Ողիմպոսի գագաթին բազմած աստւածները թէ ինչպիսի՜ մրցակցութիւններ, շահակցութիւններ ու զոհաբերութեան ծրագիրներ կորոճան՝ բնականաբար չեն գաղտնազերծեր: Լեռան ստորոտը կանգնող մահկանացուներուն պարտքն է վերծանել այդ հաշիւները եւ շարժիլ այնպէս՝ որ հաւանական փոթորիկներէն անվնաս կամ նւազագոյն վնասով պրծին, չմատնւին Ուկրաինաներու ճակատագիրին:
Աւարտենք կրկնելով. «Հասկցողին շատ բարեւ»: