Դաշնակցական Բեմ

Տան Քիհոթէն Հայաստան հասեր է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Պի՛պ-պի՜ի՜պ», հնչեց բարեկամիս ինքնաշարժին ճչակը՝ պատուհանիս դիմաց: «Պատրա՞ստ ես դարձեալ լուրերու որսի երթալու»՝ հրաւիրեց: Մեր առաջին լրորսէն անցեր էր շաբաթ մը: Ինչպէ՞ս կրնայի դիմադրել հրապոյրին:

Դարձեալ բարձրացանք իր երեւակայական ձկնորսանաւը, մեր ուռկանը նետեցինք լրատւութեան ծովերուն մէջ: Ահա քանի մը օրինակ՝ թէ ինչե՜ր ինկան մեր ուռկանին մէջ:

***

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ բռնեցինք քանի մը «ձուկ»:

Ա. Սերվանթէսի հռչակաւոր հերոսը՝ Տան Քիհոթէն (աւելի ծանօթ՝ Տոն Քիշոթ անունով), իր հաւատարիմ «ուսապարկ»ին՝ Սանչօ Փանզային հետ իր անունը կրող վէպին էջերէն փախուստ տւեր՝ Երեւան հասեր է եւ մեր Փանջունիին ու խորհրդայիններու օրով ծանօթ համայնավարներուն հետ մրցումի ելլելով՝ մեծ թիւով զինակիցներ ապահովեր է ՔՊ-ականներու շարքերէն: (Պէտք կա՞յ ըսելու, որ ան նախընտրեր է մտնել Նիկոլ Փաշինեանի մաշկին մէջ): Եւ ըստ իր դարաւո՜ր սովորութեան՝ սկսեր է արշաւել… հողմաղացներու եւ երեւակայական թշնամիներու դէմ: Գլխաւոր թիրախ ընտրեր է մասնաւորաբար դաշնակցականներ եւ բոլոր անոնք՝ որոնք դէմ են իր հայրենակորուստ քայլերուն, կան նաեւ այլ թիրախներ: Հողմաղացներն են խաղալիք զէնքեր ու ռումբեր, որսորդական հրացաններ եւ ՔՊ-ականներու աչքին «անհաճոյ» արձանագրութիւններով շապիկներ…: Նկատելի (եղեր) է, որ Սերվանթէսի հերոսը հիմնական տարբերութիւն մը ունի ՔՊ-ապետ «Քիհոթէ»էն: Սպանացին բարեմիտ բայց տխմար ասպետ մըն էր, որ փրկարար երազներով ճամբայ ելած էր, իսկ Երեւանի «ասպետ»ը… բայց դուք գիտէ՛ք թէ որո՞նց նպատակներուն լծւած է:

Բ. Ալիեւի հետ Ապու Տապիի մէջ Փաշինեանի եւ «շքախումբ»ին հանդիպումին կարգ մը ծալքերը ժամ առ ժամ աւելի յստակ կը դառնան եւ որոտացող ծափեր կը հնձեն… ազերիական դաշտերու մէջ: Իշխանականներուն պահպանած համե՜ստ գաղտնապահութեան դիմաց (յիշող կա՞յ, որ այս արարածները հրապարակ եկած էին ժողովուրդի կռնակէն, անոր կամքին հակառակ ոչինչ ընելու խոստումով), ազերիական աղբիւրները ցնծութեան մէջ են եւ կը հաւաստեն, որ «սահմանագծումի օրակարգին ճամբով նոր յառաջդիմութիւն» պիտի արձանագրւի մօտերս: Անմիջապէս ըսենք, որ մեզի համար ազերիական աղբիւրները, թուրքականներուն հետ, բաղձալի պատուհաններ չեն, սակայն չենք կրնար անտեսել այն լեղի իրականութիւնը, որ պաշտօնական Երեւանի լռութեան ու կեղծ ու պատիր, խեղաթիւրող ու մոլորեցնող-բթացնող տեղեկատւութեան դիմաց, թշնամիին աղբիւրներէն անցեալին հասած անհաճոյ լուրերը մեծ մասամբ ճիշտ դուրս եկած են, իսկ Երեւանի իշխանաւորները հաւաստած են որ «յաջողութիւններուն» հեղինակը, նախաձեռնողը՝ իրենք են: Հիմա, իսկապէս շւարումի մատնւած ենք. «մօտալուտ յառաջխաղացք»ին ի լուր՝ պէտք է ուրախանա՞նք, թէ տխրինք, սրդողինք, որովհետեւ անցեալի բոլոր «յառաջխաղացքները» եղած են ի շահ Ադրբեջանի եւ ԲՈԼՈՐ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ նահանջէ նահանջ տարած են Հայաստանը (մանրամասնելը կրկնութիւն պիտի ըլլայ): Այսինքն, ուրախանալիք ի՞նչ կայ՝ եթէ ըսւածները իրականանան կամ չիրականանան…

Գ. Նմանապէս շւարումի մատնւած ենք, իմանալով Սիւնիքի վրայով «լայն անցք»ի մը վերաբերող լուրերը: Երեւան քանի մը օր առաջ սկզբունքային համաձայնութիւն տւած էր՝ առաջադրւած անցքը դնելու օտար երկրի մը կամ ընկերութեան մը վերահսկողութեան տակ, պայմանաւ, որ անիկա չվնասէ Հայաստանի գերիշանութեան: Հիմա, կըսւի, որ Ադրբեջան համաձայն չէ եղած այս ընտրանքին, սակայն անոր ետին կանգնողներ չեն հրաժարած այս ծրագիրէն: Նախընթաց նման բեմադրութիւններուն՝ չեմ-չումերուն ալ՝ Երեւան միշտ տեղի տւած է եւ ազերիական կողմը իրականացուցած է իր ուզածը (եւ հաւատացէ՜ք, որ Արցախը տալով՝ Հայաստանը շահեր ենք…): Արդէն մեկնաբանութիւններ կըլլան, որ «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի խորագիրին տակ հրապարակ նետւող ծրագիր(ներ)ը, սկսելու համար, ամերիկեան «ոտք» մը պիտի ապահովէ Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ, ուրկէ ռուսական ներկայութեան չէզոքացումը կը մնայ օրակարգի վրայ, եւ նման քայլ նախ եւ առաջ ուղղւած պիտի ըլլայ Իրանի դէմ (իսկ Երեւանի մարդակերպերը կը փորձեն հայն ու աշխարհը համոզել, որ իրենք «հաւասարակշռւած յարաբերութիւններու» կը միտին): Նոյն մեկնաբանները, առանց մարգարէական կարողութիւններով հպարտանալու, կըսեն, որ յաջորդ փուլին, ամերիկացիք «անցքին» հսկողութիւնը կրնան փոխանցել ՆԱՏՕ-ի իրենց դաշնակիցներէն… Թուրքիոյ, որ ահա այսպէսով, Ադրբեջանի հետ ձեռք-ձեռքի տւած՝ առանց հրասայլի ու զէնքի-պատերազմի, պիտի մտնէ Հայաստան, ՔՊ-ականներու առաջնորդութեամբ Սիւնիքէն դէպի հիւսիս տարածւելու հեռանկարով: Երեւանին ու Էջմիածինին «վերատիրանալու», Հայաստանէն «բռնագաղթւած» բազմահարիւր-հազարաւոր ազերիներ (արդէն կը խօսւի նաեւ միլիոնաւորներու մասին) Հայաստանի մէջ «վերաբնակեցնելու» ծրագիրները աւելի ուժեղ կը հնչեն. մինչեւ իսկ (լուրջ կամ կատակով) կըսւի, թէ ՔՊ-ականները խանդավառ են, որովհետեւ իրենց քւէ տւողներու թիւը պիտի աւելնայ: Մէկ խօսքով, ասոնք կը մտածեն եւ կը գործեն այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէր թուրքն ու ազերին, ու երբ կը խօսին յառաջդիմութեան մասին, մեր ժողովուրդը պէտք է հասկնայ ու բաց աչքերով տեսնէ, որ անոնց ձեռքերով ու գործակցութեամբ, կիրականանան «Հայաստանը առանց պատերազմի, այլ քալելով նւաճելու» թուրք-ազերիական յոխորտանքները, «Խաչմերուկ»ը կը սկսի նմանիլ տապանաքարի վրայի խաչի քանդակին…: Հայրենի ժողովուրդն ու Սփիւռքը իրաւունք չունին կրաւորական հանդիսական մնալու:

Գ. Քաղաքական խոհանոցի «կողքի սենեակ»էն որսացինք «մանր ձուկ» մը: Երիտասարդ մայր մը բանտարկւած է. մեղադրա՞նքը. ըստ իշխանութիւններուն՝ ան խումբ մը հնդիկներու Հայաստան ապօրինի կեցութիւնը դիւրացուցեր է: Ըստ կնոջ պաշտպաններուն, անոր միակ «մեղք»ը այն է, որ յայտապէս ապօրինի կերպով Հայաստան մտած հնդիկներուն՝ թարգմանական գործ մը ըրած է (սահմանապահներուն գործը կամ յանցանքի բաժինը ի՞նչ է՝ մի հարցնէք): Մօր հետ «պատւալ» տարեր են անոր ութամսեայ մանկիկը: Մարդկային իրաւո՞ւնք, ժողովրդավարութի՞ւն, արդարութի՞ւն… Այս ապրանքները շատո՜նց շոգիացած են Հայաստանի շուկաներէն: (Այլ «մանրուք» մըն է դէպի Ռուսիա արտածողներուն գանգատները, թէ՝ ռուսական շուկային դուռները տեղ-տեղ կը փակւին իրենց առջեւ… Վա՜յ, չա՛ր ռուսեր, իսկ բարի՜ Եւրոպան պատուհանիկ մը բանալու համար կը կիրարկէ «Մինչեւ առուն ջուր գայ…» սկզբունքը, Ուաշինկթընն ալ… տուրքերու բարձրացում):

***

ԹՐԱՄՓի «ծովը» նոյնքան առատաձեռն էր.

Ա. Սպիտակ Տան պետը խոստացեր է «Փէթրիըթ» տիպի հրթիռներ ԾԱԽԵԼ եւրոպացի դաշնակիցներուն, որպէսզի անոնք ալ ՏՐԱՄԱԴՐԵՆ (նւիրեն) Ուկրաինոյ: Տեսա՞ք, թէ ինչպէս կըլլայ երկու թռչուն մէկ քարով զարնելը: Ինք չի խախտեր այն խոստումը, թէ զէնք պիտի չտրամադրէ Զելենսկիի, սակայն դաշնակիցներուն գրպանէն հերոսութիւն կը ծախէ ուկրաինացիներուն: Լուսանցքային կէտ մըն ալ այն է, որ ՆԱՏՕ-ի պաշտպանական բիւջէն բարձրացնելու որոշում տւած եւրոպացիները հիմա գիտեն, թէ այդ բիւջէն ինչպէ՛ս պիտի մսխեն, ոտնակոխ ընելով իրենց երկիրներուն ու ժողովուրդներուն տնտեսական-ընկերային կարիքները: Ժողովուրդի շա՞հ… Հապա՞պատերազմի վաճառականներուն հաշիւները:

Բ. «Նարնջագոյն մարդը» (որ վերջերս քանի մը իմաստով տժգունելու սկսեր է) մե՜ծ հրճւանքով իմացեր է, որ իսրայէլացի ոճրագործ մը զինք Նոբէլեան խաղաղութեան մրցանակին թեկնածու առաջարկեր է…: Թրամփ-Նեթանիահու տեսակցութիւններուն, կըսեն որոշ աղբիւրներ, «արդէն իսկ կուլ տրւած» Գազայի տագնապէն աւելի՝ քննարկման ենթակայ եղած են Իրանի դէմ զինակցութիւնը նոր քայլերով թարգմանելու ծրագիրները: Հոն, կըսւի, հիմա աւելի յստակ ձեւ-կերպարանք կը ստանայ Վաշինգտոն-Իսրայէլ-Թուրքիա-Ադրբեջան զինակցական տարազը, որուն դիտանկիւնէն (չկրկնենք վերի նշումները), Սիւնիքն ու Հայաստանը կը վերածւին ստորակէտերու: Ի դէպ, գազացի զոհերուն թիւը հաշւելու նոր դրութիւն մը կայ հիմա, որ կը յիշեցնէ պատմութիւնը հաշւարկելու Ք. Ա. եւ Ք. Ե. (Քրիստոսէ առաջ եւ ետք) դրութիւնը: Զոհերու նոր թիւը՝ կրկներեւոյթի վերածւած զինադադարին յաջորդած փուլին՝ արդէն անցած է 800-ը: Ասոնք մեծ մասամբ սննդանիւթի սպասող՝ կէս-սովահար բնակիչներ են՝մանուկներ, կիներ ու անմեղ քաղաքայիններ, որոնց վրայ կրակ կը բացւի եւ Իսրայէլ կը փորձէ աշխարհը համոզել, թէ ինք անմասն է այդ ոճիրներուն, իր թիրախը միայն «Համաս»-ի մարդիկն են: Նախկին շուրջ 50 հազար զոհերն ու համատարած քանդումը արդէն «նախկին» են, հապա՞ նախընթաց տասնամեակներու զոհերը…:

Գ. Ուկրաինան անուղղակիօրէն զինելու Թրամփի «վարպետութեան» դիմաց, ռուս-ուկրաինական պատերազմը արդէն կերտած է երեք ու կէս տարւան ահաւոր պատմութիւն: Ռուսերուն զէնքի մթերանոցները կարծէք թէ աւելի՛ արագ մաշումի կերթան, քանզի ուկրաինական քաղաքներու եւ թիրախներու ռմբակոծումը ամէն օր նախընթացէն աւելի՛ մեծ թիւով անօդաչուներով եւ հրթիռներով կըլլայ. ուկրաինական կողմն ալ կը փորձէ ետ չմնալ՝ ռմբակոծելով ռուսական թիրախներ, այն յոյսով, որ ՆԱՏՕ-ի «բարերարները» պիտի շարունակեն զինել զինք, մի՛շտ հաշւի առնելով երկրին տնտեսական եւ բնական հարստութիւններու «գանձարան»ին կարողութիւնները, ի գին ապագային կործանման: Ո՞վ կը պահէ Զելենսկիի պարտամուրհակներուն հաշիւը…

Դ. Թրամփ մե՜ծ ախորժակով կը շարունակէ խարխլել Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնն ու պետական կառոյցները: Բարեկամներու, մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան անդամներու դէմ նոր տուրքերու սպառնալիքները վեր-վար ոստումներու կը տանին շուկաները, մի՛շտ ի շահ  այդ քայլերը «ներշնչողներուն», իսկ այս կամ այն նախարարութեան անձնակազմերուն կրճատումը պետութեան կազմալուծման (եւ մասնակի շահեր ունեցող ըներութիւններուն հացին կարագ ու մեղր քսելու) նշանները կը բազմացնեն: Վերջին աւելի քան մէկ շաբթւան մէջ, ահաւոր ողողումներուն կանխարգիլման միջոցներու թերութիւնը կը վերագրւի նա՛եւ պատկան սպասարկութեանց անձնակազմի կրճատումներուն (նորագոյնն ալ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին կրճատումն է): Յայտապէս ականատես ենք անգլիական ծանօթ խօսքի մը իրականացման. The road to hell is paved with good intentions (դժոխքի ճամբան կը յարդարւի լաւ նպատակներով):

***

Աշխարհի ծովերուն մէջ լրաձուկերը առատ են եւ կը հետեւին «աճեցէ՛ք եւ բազմացարո՛ւք» պատգամին, բարձրացնելով ողբերգութիւններու հաշւեցոյցը:

12 յուլիս 2025

Related Articles

Back to top button