Ֆրանսական հին-նոր ժապաւէն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Բնական է, որ հայ քաղաքական միտքն ու մամուլը այս օրերուն իրենց ուշադրութիւնը կենտրոնացուցած են հայրենի իրադարձութիւններուն վրայ, որոնց երկնակամարին՝ նորագոյն «աստղերը» փայլեցան Վաշինգտոնի ու Շանկհայի մէջ, առանց բոլորովին նսեմացնելու նախընթաց «աստղերը», որոնք լուսաւորելու փոխարէն՝ աստիճանաբար աւելի՛ կը մթագնեն մեր հորիզոնները, իսկ հայրենատիրութեան ու Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումները, նախաձեռնութիւնները կը խլացւին իշխանականներու պարտւողական ու վնասարար քայլերուն, անոնց շուրջ տարւող սնանկ ու ստապատիր քարոզչութեան ճամբով, այսինքն՝ դաւաճանութիւնն ու իրական կորուստները իբրեւ նւաճում ու յառաջդիմութիւն հրամցնելու «քաղաքականութեամբ»:
Եթէ պահ մը մեր աչքերը ուղղենք դէպի աւելի՛ հեռուները հորիզոններ, ականատես պիտի ըլլանք այնպիսի՜ դէպքերու, որոնք անուղղակի ուղեցոյց կրնան ըլլալ մեզի համար. յամենայնդէպս, այս սիւնակը չենք արձանագրեր՝ այլ երկիրներու դէպքերը մեր հայրենիքի բեմի իրադարձութիւններուն հետ բաղդատելու կամ համեմատելու մօտեցումով, որովհետեւ «ամէն մարդ իր գլուխը իր եղունգով կը քերէ», թէեւ որոշ զուգահեռներ փնտրելը ամօթ չէ…:
Արդ, եկէք պահ մը երթանք Ֆրանսա, Եւրոպայի մէջ մեզի ամենէն մօտիկ եւ բարեկամ տեսնւող երկիրը, տեսնելու՝ թէ անիկա ինչպիսի՞ խեղկատականերու ձեռքն է մնացեր եւ ինչպիսի՜ վտանգներ կախւած են անոր գլխուն:
Վստահութեան քւէ 8 սեպտեմբերին
Ֆրանսա դարձեալ ինկած է կառավարական տագնապի մը յորձանուտին մէջ, որ տեսակ մը պատկերասփիւռային ժապաւէններու խաղաշարի մը (սերիալ) զգեստաւորումը շահած է վերջին տարիներուն: Վարչապետ Պայրու քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ 8 սեպտեմբերին խորհրդարան պիտի ներկայանայ՝ վստահութեան քւէ ստանալու համար իր բուջէի նպախագիծին համար: Անցեալ Դեկտեմբերին փոքրամասնական կառավարութիւն մը կազմած Պայրուի գլխավերեւը կախւած է (իր իսկ ձեռքով) «Դամոկլեան սուր» մը. ան իր կառավարութեան ճակատագիրը խաղի կը դնէ, որովհետեւ պատրաստած է բուջէի նախագիծ մը, որուն դէմ են աջն ու ձախը: Անմիջապէս յիշեցնենք, որ անոր կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ ունի միայն 210 քւէ, իսկ ընդդիմադիրները միասնաբար ունին 320 աթոռ: Յիշեցնենք նաեւ, որ Պայրու վերջին հինգ տարիներուն հինգերորդ վարչապետն է, նախորդը՝ Պառնիէ, պաշտօնավարեց հազիւ 3 ամիս եւ անոր կառավարութիւնը փուլ եկաւ՝ նմանապէս անցանկալի բուջէի մը պատճառով, իսկ Պայրուի բուջէական տրամաբանութիւնը շատ հեռու չէ նախորդի ուղեգիծէն:
Ի՞նչ են դժգոհութիւններու աղբիւրները
Պայրուի բուջէի նախագիծը իր դէմ հանած է ո՛չ միայն խորհրդարանական ընդդիմադիրները, այլ նաեւ ազդեցիկ շրջանակներ՝ աշխատաւորներ, բժիշկներ, կրթական համակարգը, ի մասնաւորի բարձրագոյն կրթութեան եւ հետազօտութիւններու մարզի աշխատողներ եւ այլն: Հարց է, թէ անոնց արդար ընդվզումը շօշափելի մարմնաւորում պիտի ունենայ՝ ձեռքերու միացումով:
Պայրու կը ծրագրէ 44 միլիարդ եւրոյով նւազեցնել հանրօգուտ ծրագիրներու բուջէն, բարձրացնել (մինչեւ իսկ տարեկան 20 հազար եւրօ շահող՝ սահմանափակ եկամուտով մարդոց) շահատուրքերը, բայց ո՛չ մէկ խօսք… պաշտպանութեան բուջէի կրճատման մասին, ընդհակառակը, անիկա յաւելում պիտի կրէ (այս մասին նաեւ քիչ անդին): Ժողովրդային բողոքին մէջ բաժին ունի նաեւ երկու արձակուրդի օրեր ջնջելու Պայրուի առաջադրանքը, իբրեւ թէ այդ երկու օրերու աշխատանքին ճամբով, մեծ եկամուտ պիտի ապահովւի:
Ելեւմտական վիճակին մէկ սեղմ պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ թիւերով. պետութեան պարտքը անցած է 3.3 թրիլիոն եւրոյի սահմանը, որ կը կազմէ երկրի ընդհանուր եկամուտին մօտաւորապէս 114 առ հարիւրը *): Բուջէական բացը կը կազմէ 5.6 առ հարիւր, մինչդեռ նախատեսւած էր միայն 3 առ հարիւր: Երկար ատենէ ի վեր գանգատներ կը հնչեն, որ հիւանդանոցներու անձնակազմերը կը գործեն անբաւարար ձեւով, քաղաքները երկրագործական-գիւղական շրջաններու կապող փոխադրամիջոցները առնւազն տեղքայի մէջ են, անգործներու թիւը բարձրացած է, գիտական հետազօտութիւններու բաւարար բուջէ չի տրամադրւիր եւ այլն: (Այս ու նման դժգոհութիւններ նորութիւն չեն, մօտաւորապէս 5 տարի առաջ, Ֆրանսա փոթորկեցաւ «դեղին բաճկոնաւորներ»ու հսկայածաւալ ցոյցերով): Նախընթաց դժգոհութիւնները իրենց բաժինը ունեցած են իրերայաջորդ կառավարութիւններու տապալումին մէջ…
Տւեալ պատկերին լոյսին տակ, կասկած չկայ, որ Պայրուի կառավարութիւնը պիտի տապալի, եթէ… ականջ չտայ կարգ մը ընդդիմադիրներու այն առաջարկին, որ վստահութեան քւէի հարցը դուրս բերէ օրակարգէն եւ հիմնական վերատեսութեան ենթարկէ բուջէի նախագիծը, դարմանէ դժգոհութեան պատճառները:
Կառավարութեան տապալումը, կըսեն կարգ մը դէտեր, կը թուլացնէ նա՛եւ նախագահ Մակրոնի տոտիկները, որովհետեւ ընդդիմադիրները կըսեն, որ վարչապետին քաղաքականութիւնը «մաքրոնիզմ» է, անիկա շատ յառաջ գացած է ազատականութեան ճամբուն մէջ, հետեւաբար, եթէ Պայրուի կառավարութիւն կորսնցնէ վստահութեան քւէն, ընդդիմադիրները կրնան դնել Մակրոնի հրաժարականի պահանջը: Այս ալ աննախընթաց չէ, սակայն թէ ի՞նչ կրնայ գալ անոր ձախաւերութիւններու «դարաշրջանէն» ետք, կը մնայ անորոշ:
Կառավարական տագնապ մը, ներքիններէն անդին, բազում պատուհասներ կը խոստանայ Մակրոնի Ֆրանսային. անիկա հարցականներ պիտի նետէ երկիրն մէջ ներդրողներու շուկային վրայ, ինչպէս նաեւ բացասական արձագանգներ պիտի գտնէ Եւրոպական միութեան «աշխարհ»ին մէջ: Պատկերը քիչ մը աւելի կը լուսաւորւի, եթէ մտաբերենք, որ մէկ կողմէ՝ Ֆրանսա վերջին տարիներուն հող կը կորսնցնէ Աֆրիկէի մէջ եւ այլուր, իսկ միւս կողմէ՝ ՊՐԻՔՍ-ի եւ Շանկհայի (ու նման) խմբաւորումներու շրջագիծին մէջ, զգալի շարժում կարձանագրւի աւանդական դրամատիրութիւններուն դէմ (այլ դրամատիրութիւններու ձեւաւորմը լուսարձակի տակ չի բերւիր ընդհանրապէս), կը խօսւի բազմաբեւեռ աշխարհի «նոր համակարգ»ի ձեւաւորման մասին:
Մեծ «բացական»՝ պաշտպանութեան բուջէի յաւելումը
Քիչ առաջ, հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրինք, որ Պայրուի նախահաշիւին մէջ պաշտպանութեան բուջէի կրճատում չի նախատեսւիր, այլ ընդհակառակն, մեծ ոստումներով յաւելումներ կը ծրագրւին:
Հոս ալ յիշատակենք քանի մը թիւ: Նախագահ Մակրոն աւելի քան 2 ամիս առաջ «աւետեց», որ մինչեւ 2027, պաշտպանութեան բուջէն 6.5 միլիարդ եւրոյով պիտի բարձրացնէ յառաջիկայ երկու տարիներուն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկու տարի ետք, պաշտպանութեան ծախսերը պիտի ցատկեն 64 միլիարդ եւրոյի: Այս առաջադրանքին ետին պատահած է «մեծ փիղ մը», որ կանգնած է սենեակին մէջտեղը եւ ո՛չ ոք կուզէ երկար խօսիլ անոր մասին: Իսկ «մեծ փիղ»ը կը կոչւի… Ուկրաինա, որուն հսկայական գումարներով օգնութիւն կը հասցնէ նա՛եւ Ֆրանսա:
Ի՞նչ ըսել կուզենք «ո՛չ ոք կը խօսի» ըսելով:
Այս սիւնակը պատրաստելու համար, այցելեցինք ամերիկեան եւ եւրոպական քանի մը անւանի կայքէջեր, ուր հանդիպեցանք իրերանման մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու, ախտաճանաչումներու եւ փոխընտրանքներու առաջարկներու: Ո՛չ մէկ տեղ հանդիպեցանք կարեւոր ախտաճանաչումի մը, որ լուսարձակ բերէր Ֆրանսայի (եւ ճակատագրակից եւրոպական երկիրներու) բուջէական տագնապին մէկ պատճառին՝ Ուկրաինոյ պատերազմին «Դանայեան տակառը» լեցնելու փորձերուն, մրցավազքի՛ն վրայ:
Դարձեալ երթանք քանի մը ամիս ետ: Մակրոնի յոխորտալից յայտարարութենէ ամիս մը առաջ, ՆԱՏՕն ունեցաւ պատմական ժողով մը եւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահին հրահանգին ընդառաջող քայլով մը՝ որոշեց անդամներուն պաշտպանական բուջէն հասցնել 5 առ հարիւրի (մինչ այդ, միջինը 3 առ հարիւրէն պակաս էր): Չենք ուզեր երկար պտտիլ այդ որոշումին բաւիղներուն մէջ, այլ բաւականանաք յիշեցնելով գոնէ մէկ կէտ. Թրամփ պահանջած է, որ ՆԱՏՕի իր դաշնակիցները, ամերիկեան (շատ սուղ) զէնքեր գնեն եւ նւիրեն Ուկրաինոյ, եւ սա՝ այն պահուն՝ երբ իր կարգին կը յոխորտար, որ պիտի դադրեցնէ Ուկրաինոյ զէնքի մատակարարումը, ամերիկացի զինւորներ պիտի չերթան պատերազմի դաշտ եւ այլն: Եւ եւրոպացի ՆԱՏՕ-ականները ոգի ի բռին լծւած են Զելենսկին պաշտպանելու, երբեմն Թրամփի հետ վէճի բռնւելու եւ իրենց երկիրներուն բուջէները պատերազմական նման ծախսերու բեռան տակ դնելու մրցավազքի մը: (Աւելորդ է նման վազքի ետին գտնւող բուն աճպարարները փնտրելը):
Պաշտպանութեան բուջէները նման հարկադրանքով բարձրացնելու ՆԱՏՕի անդամներուն որոշումը առանձնակի պարագայ չէ: Եւրոպացիք այլ հարկադրանքներու ալ մատնւած են. ռուսական գազը Եւրոպա փոխադրող խողովակաշարը, չես գիտեր ի՜նչ «հրաշքով», ականահարւեցաւ Ուկրաինոյ պատերազմին պայթումէն կարճ ատեն ետք: Ամերիկացիք բարի՜ք ըրին եւ սկսան իրենց գազը… սուղ ծախել եւրոպացիներուն (ի դէպ, կան իրենց շահերը գերադասող եւ ռուսական գազի գնումը շարունակող երկիրներ, նաեւ Եւրոպայէն անդին): Անուղղակի հարկադրանք մըն էր տագնապահար երկիրներէ գաղթողները Եւրոպայի կոկորդն ի վար հրելու տարիներու «քաղաքականութիւնը»: Շաղթան երկար է, նորագոյն օղակները կազմւեցան վերջին ամիսներուն, երբ Թրամփ բարձր տուրքեր սահմանեց Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ (որոնց մեծ մասը դասւած են իբրեւ ամերիկացիներուն բարեկամ) ներածումներուն վրայ:
Այս եւ նման բացայայտ… քողարկեալներ կը կազմեն Ֆրանսայի եւ այլոց կառավարական ու զուգընթաց տագնապներուն խորապատկերը, եւ անոնց մասին բարձրաձայնելու կամչնան իշխանականներ:
…Ասդին, մեր Հայաստանի մէջ, կան «բանգէտներ», որոնք Սիւնիքէն հողաշերտ մը Թրամփի անունով կոչելը կը համարեն մե՜ծ շնորհ, պատի՜ւ, չեն ուզեր տեսնել թէ անիկա համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին նորագոյն շպարն է, կրնան միչեւ իսկ խղճա՜լ Թրամփի վրայ, մտածելով, որ մարդը ամէն ճիգ կընէ, որպէսզի իւրացնէ Փանամայի ջրանցքը, Կրւելանտան եւ այլ համով պատառներ, չի յաջողիր, ուրեմն՝ ի՞նչ կըլլայ, եթէ մենք ըլլան անոր ախորժակներուն պտիկ մը գոհացում տւողը:
(*) Հետեւեալ կապով կարելի է ծանօթանալ աշխարհի բոլոր երկիրներուն պետական պարտքերուն եւ բացերու պատկերին: Ֆրանսա կը գրաւէ պատւոյ դիրք մը: https://en.wikipedia.org/wiki/List_of_countries_by_government_debt
Հայաստանի վերաբերող թիւերը մխիթարական պէտք չէ նկատել, եթէ աչքի առջեւ ունենանք համբակներու իշխանութիւնը եւ երկրին կարողութիւններուն նահանջը: