ՀՅԴ Մամուլ

Արցախ վերադա՛րձ

«Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտւած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կուգայ: Բայց նահանջը հոգիներու, գլխի պտոյտ տւող զառիթափին վրայ, սա նահանջը կը ջնջէ, կանհետացնէ ամէն բան…»

Շահան Շահնուր (1903-1974)

 

Արցախ վերադա՛րձ։ Այսինքն՝ Արցախ պիտի վերադառնա՛նք:

Շեշտն ու հրամայականը խիստ կարեւոր են, հրատապօրէն առաջնահերթ, այնքան մը որ ամէն մէկ վայրկեան, որ կը սահի առանց շօշափելի արդիւնքի, ի վնաս Արցախին եւ արցախահայութեան է, նաեւ՝ ի վնաս Հայաստանին, ի վնաս հայութեան, ի վնաս մեր Դատին:

Ներկայ վիճակը կրնայ յուսահատական թւիլ։ Յուսալքիչ, ընդվզեցուցիչ, սադրիչ եւ, եւ․․․։ Հայորդին կռնակէն ստացած է դաշոյնի ահարկու հարւածը, այդ ալ՝ իշխանութեան աթոռներուն վրայ գտնւող «ծախւած»-ներուն ձեռքով, թշնամիին վարձկաններու՝ որոնք վտանգաւոր, անխոհեմ եւ անհաշիւ քայլեր առնելով, հայրենիքը աճուրդի հանած են մաս առ մաս։

Սպառնալիքը՝ «Դամոկլեան սուր»-էն աւելի՛ սաստիկ եւ սահմռկեցուցիչ է։ Հայաստան կը գտնւի քաղաքական, ապահովութեան, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ ամէն տեսակի անկումի դրութեան մէջ։ Անդին, իշխանականներու քարոզիչներուն միջոցով զեկոյցներ կը ներկայացւին, իբրեւ թէ դրախտային վիճակ կը տիրէ երկրէն ներս։ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ ճեմող վերլուծողներ, փաղաքշական նախադասութիւններ իրարու միացնելով, գովաբանական աժան կարծիքներ եւ անոնց հետեւող եզրակացութիւններ կը փոխանցեն: Այս «առաքելութիւնը» իսկապէս որ խորապէս մտահոգիչ է, դաժան իրականութիւններուն դիմաց կոյր ձեւանալով ու մատը վէրքին վրայ չդնելով՝ կուրութիւնը եւ ազգալքումը կը դարձնեն վարակիչ:

Այս մթնոլորտին մէջ, միակ լուծումը՝ միահամուռ ընդդիմութիւնն է։ Ծանօթ խօսք է․ «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»։ Այո, հիմա ալ պատմութիւնը ինքզինք կրկնած է եւ կը գտնւինք դաժան պայմաններու մէջ, սակայն ահաւորն ու աներեւակայելին այն է, որ արտաքինին կողքին՝ թշնամին նաեւ ներքին է։ Շատ աւելի վտանգաւոր եւ թունաւոր։

44-օրեայ պատերազմին, ծանօթ պատճառներով չարաչար պարտւած երկրին իշխանաւորը երբ կառչած կը մնայ իր աթոռին եւ ամէն ճիգ կը թափէ չհեռանալու, հաւանաբար «ինձմէ ետք ջրհեղեղ» մտայնութեամբ, նոր կորուստները կը մնան օրակարգի վրայ, մանաւանդ, որ Փաշինեանի համար Արարատն ու Նոյեան տապանը կապ չունին «Նոր Հայաստան»ին հետ: «Ապագայ կայ» խոստացողը կը խօսի «Արցախի յանձնումով, Հայաստան իսկապէս անկախացաւ» տրամաբանութեամբ, հիմա ալ Սիւնիքէն համաթուրանական ճամբուն բացումը կը վերածէ «ժողովո՜ւրդ, խաղաղութիւնը եկա՜ծ է» ստապատիր քարոզի։ Փաստօրէն, ահաւասիկ ամիսէ մը ի վեր «Զանգեզուրի միջանցք»ը գործնապէս յանձնւած է Բաքւի եւ Անկարայի․․․ ի յիշատակ Թրամփի։

Անտեղի են «ազգընտիր» վարչապետին արտայայտած կարծիքներն ու խօսքերը մէկ առ մէկ յիշելը: Մինչեւ իսկ գերկատարելագործւած համակարգիչը կրնայ խանգարւիլ, խելագարւիլ եւ չգործել։

Չպահւըտինք մեր մատներուն ետին, իշխանաւորին եւ գործակիցներուն սուտերով չտարւինք ու լաւատես չըլլանք, ո՛չ ալ 19-րդ դարու ազգասէր բանաստեղծ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի՝ «Եղբայր եմք մենք» հայրենասիրական երգով միասնականութիւն քարոզենք եւ կոչ ուղղենք գործակցութեան։ ՔՊ-ականներու ստեղծած պայմաններուն մէջ, կարելի չէ իրականութիւններէ կտրւիլ եւ Պեշիկթաշլեանի «ի բիւր ձայնից բնութեան շքեղ…» խօսքերը կրկնել ու մտածել՝ «Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք, մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ»։ Ո՛չ, փաշինեանակերտ ճեղքը խոր է եւ յատակն ալ՝ դժւար տեսանելի։

Յստակ է, թէ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը փակած կը նկատէ Արցախի հիմնահարցը, մանաւանդ երբ անխղճօրէն եւ առանց քննելու հարցին խորքը, վերահաս վտանգաւոր հետեւանքները, առանց առարկութեան, եւ աղաղակող կերպով Բաքւէն եկած հրահանգին ենթարկւելով՝ ստորագրեց ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի լուծարկումի խնդրագիրը։ Իսկ Բաքւէն հնչող հրահանգները վերջ չունին: Կարելի՞ է չլսել Ալիեւի ու անոր թուրք եղբայրներուն կրկնւող պահանջները, որոնք կիրականանան քայլ առ քայլ, որքան ալ որ փորձենք մենք մեզ համոզել, թէ թշմանիին ըսածներով պէտք չէ առաջնորդւինք:

Հայորդինե՛ր, քաղաքական դաշտը բաժնւած է երկու հակադիր բեւեռներու։ Սակայն դժբախտաբար գոյութիւն ունի անտարբերներու զանգւած մը, որ իր կրաւորականութեամբ, կամայ թէ ակամայ, բայց ուղղակիօրէն նեցուկ կանգնած կըլլայ երկրին ղեկը ստանձնած գործակալներուն։

Պէշիկթաշլեաններու եւ Չարենցներու պատգամները մարմնաւորելու համար, հասած ենք զերոյէն սկսելու վիճակի: Պահա՞նջը՝ միաբեւեռ պէտք է ըլլալ եւ գործել ի սէր հայրենիքին, մէկդի դնելով անձնական, մասնակի, կուսակցական եւ այլ հաշիւներ։ Ազգն ու հայրենիքն են միաբեւեռութիւն թելադրողը:

Արցախի վերադարձով է, որ իր ճիշտ հունը պիտի գտնէ Հայաստանի վերականգնումը, ինչպէս որ Արցախեան շարժումով վերականգնեցաւ Հայաստանի վերանկախացման երթը, Արցախը իրողապէս վերամիացաւ մայր հայրենիքին, ուղեցոյց դարձաւ մեր բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի պայքարին:

«Հայրենիք» – Բոստոն

խմբագրական

Related Articles

Back to top button