Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ ՄամուլՔաղաքական

Ակնարկ. Նոյն գիծը, նոյն նախապայմանները

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերդար Քըլըչին Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասնիլն ու իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունենալը քանի մը ուշագրաւ ուղղութիւն կը փոխանցէ:

Առաջին՝ այն, որ որեւէ բեկումնային պահ չէ ստեղծւած, հակառակ այդ ուղղութեամբ առնւած քարոզչաքաղաքական քայլերուն: Հետեւելով այս մասին կատարւող հրապարակումներուն, կարելի է ընդգծել քանի մը կէտ: Առաջին՝ այն, որ նոր ձեւակերպումը օգտագործւած է թուրքական կողմէն՝ թրամփեան ուղիին: Սիւնիքի հանգուցակէտին կը տրւի «Զանգեզուրի գիծ» անունը: Այստեղ բառախաղի քաղաքական իմաստը այն է, որ «միջանցք» բառը չօգտագործւիր, սակայն չարտաբերւիր նաեւ համաձայնւած եւ ստորագրւած անունը բացւելիք հաղորդուղիին: Գիծը թւաբանագիտութեան մէջ չունի սկիզբ եւ աւարտ. կը բնութագրւի անսահմանութեամբ: Այս պարագային սկիզբը յայտնի է. Թուրքիա-Նախիջեւանն է, սակայն գնացքի վախճանակէտը պարզ չէ: Որքան ալ այս հաղորդուղին առնչւի «Միջին միջանցք»-ին կամ «Մետաքսէ ճանապարհ»ին, այս պարագային, գոնէ թուրք դիւանագէտին համար անիկա թուրանական գիծն է: Ծխածածկոյթը այս կէտին, Անիի եւ Մետաքսէ ճանապարհներու կամուրջներու համատեղման գաղափարն է, որ ըստ էութեան կը շղարշէ թուրանական գիծը: Թրամփին անունը դուրս եկած է, վերադարձած է Զանգեզուրի նշումը, եւ միջանցքը փոխարինւած է գիծ-ով:

Հիմա տեսնենք, թէ այլ ի՛նչ կէտեր հրապարակւած են, որոնք ըստ անպաշտօն տեղեկատւութեան, քննարկւած են այս հանդիպումին:

Կողմերը վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներուն մշակւած եւ համաձայնեցւած հարցերը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հոլովոյթի յառաջմղման նպատակով: Այս ծիրին մէջ անոնք միտքեր փոխանակած են 2022 թւականի յուլիս 1-ի հանդիպման ընթացքին սահմանահատումներու վերաբերեալ ձեռք բերւած համաձայնութեան կեանքի կոչման շուրջ: Յատուկ ներկայացուցիչները համաձայնեցան արագացնել այս հոլովոյթը:

Այստեղ կայ վերահաստատում եւ միտքերու փոխանակում: Չկայ որոշում. մանաւանդ վերահաստատւած որոշումներու գործադրելիութիւնը սահմանող ժամկէտներ: Տակաւին շատ բան կայ պարզելիք սահմանահատման գործընթացին մասին: Պիտի ուսումնասիրւին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի եւ էլեկտրահաղորդիչ գիծի վերականգնման ու գործարկման կարելիութիւնները: «Պիտի»-ները կը շարունակւին:

Քաղաքականօրէն հասկնալի է այս տրամաբանութիւնը: Հերթական անգամ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը շատ յստակ կըսէր, որ Երեւան-Անկարա հարցերու կարգաւորումի մեկնարկը պայմանաւորւած է Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հետ: Այսքան յստակ եւ պարզ:

Կան բաժիններ՝ մշակութային եւ կրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան քաջալերումին եւ թռիչքներու բազմապատկման առաջադրանքին վերաբերող:

Էականօրէն մեկնաբանելի բանաձեւ մը կայ այս բոլորին մէջ: Ըստ հրապարակումներուն. «Եզրափակելով՝ յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին յանձնառութիւնը առանց նախապայմաններու շարունակելու այս հոլովոյթը»:

Յիշենք դասական նախապայմանները.

Ա.- Արցախի տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացում,

Բ.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջէն հրաժարում,

Գ.- Թուրքիոյ հետ ընդհանուր սահմաններու ճանաչում:

Աւելորդ է մեկնաբանելը այսօրւան իրավիճակը: Անհեթեթ է սակայն այս երկխօսութիւնը առանց նախապայմաններու ընթացող քննարկումներ անւանելը:

Արձանագրենք միայն այն, որ հակառակ այս բոլորին, Անկարան կը շարունակէ փոխկապակցել արդիւնաւորումը Ադրբեջանի հետ հարցերու կարգաւորումով: Փոխկապակցել այս պարագային կը նշանակէ նախապայմանաւորել:

Երեւան-Անկարա ցիւրիխեան արձանագրութիւնները ներառած էին, տեղ-տեղ ուղղակի, տեղ-տեղ անուղղակի այս նախապայմանները: Համայն հայութիւնը հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի ոտքի կանգնեցաւ եւ մերժեց այդ արձանագրութիւնները:

Հիմա շատ աւելի ծանր կը կշռեն եւ կը ճնշեն նախապայմանները:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button