Հայկական պետականութեան ինքնամերժումը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման վտանգաւոր առեւտուրը

Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ, անխուսափելիօրէն բացայայտեցին երկրի ղեկավարութեան խորագոյն ճգնաժամը ազգային ինքնութեան եւ պատմական արդարութեան հանդէպ։ Հայաստանի ներկայ իշխանական խաւը կը շարունակէ որդեգրել քայլեր, որոնք կը խաթարեն հայութեան միասնական կեցւածքները եւ ուղղակի վնաս կը հասցնեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։
Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հայ ժողովուրդի գոյութեան պատմական եւ բարոյական յենասիւներէն մէկն է, այսօր վերածւած է մանրադրամի՝ իշխանական քաղաքական ընտրանքներուն պատճառով։ Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով եւ քաղաքական վտանգաւոր հնարամտութիւններով, վարչախումբը պատրաստ է արժեզրկելու հայութեան պահանջատիրական զինանոցը, հետեւաբար նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քաղաքական, պատմական ու համազգային նշանակութիւնը։
Քաղաքական ճշմարտութիւն է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միշտ ալ եղած է բազմաթիւ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան բաժին՝ յաճախ որպէս ճնշումի միջոց Անկարայի դէմ։ Սակայն, այս բոլորին մէջ, Հայաստան երբեք իր ներկայութիւնը չէր տեսած գործընթացը խոչընդոտելու կամ նսեմացնելու դերին մէջ։ Նոյնիսկ երբ առաջին նախագահը կը յայտարարէր, թէ Ցեղասպանութեան հիմնահարցը մաս չի կազմեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, երկրի յաջորդական ղեկավարութիւնները երբեք չհակադրւեցան հայ ժողովուրդին դէմ գործւած ոճիրի միջազգային ճանաչման գործընթացին, այլ համահայկական Հռչակագիրի ճամբով, իրաւատիրոջ դերին մէջ տեսան Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը։ Իսկ այսօր, ներկայ իշխանութիւնը սառնասրտութեամբ լծւած է Ցեղասպանութեան իրաւական ծրարի նսեմացումին, անոր շուրջ կառուցելով նոր «իրականութիւններ», ուր մեր պատմական իրաւունքը կը ստորադասւի քաղաքական մանր հաշւարկներու։
Երբ ի պատասխան Իսրայէլի վարչապետին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան անձնական ճանաչման յայտարարութեան, Հայաստանի վարչապետը բթամտօրէն հրապարակաւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի առաջնային կամ նոյնիսկ օրակարգային շահը չէ, ոչ միայն կը մերժէ սեփական պատմութիւնը, այլեւ կը տապալէ Սահմանադրութեան, նաեւ Անկախութեան հռչակագիրի այն հիմնադրոյթները, որոնք յստակ կը բնորոշեն, թէ պետութիւնը սատար կը կանգնի Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս դիրքորոշումը հակասահմանադրական եւ հակապետական ընթացքի մէջ կը դնէ վարչախումբը, յանցագործութեան սահմանները հատելու ծանր պատասխանատուութեամբ։
Աւելի՛ն, ան յղի է վտանգաւոր հետեւանքներով։ Այնպէս ինչպէս Արցախի քաղաքական եւ ռազմական թատերաբեմին վրայ կատարւեցաւ ազգային իրաւունքներու պարտւողական նահանջ, երկար ժամանակէ ի վեր նոյնը կը փորձւի գործադրել ցեղասպանութեան հարցին մէջ։ Նոր իշխանական գաղափարախօսութիւնը՝ «իրական Հայաստան» արհեստածին վարկածը, բացայայտօրէն կը միտի խզել հայրենիքի ու սփիւռքի կապերը։ Սփիւռքահայութիւնը՝ որ երկար տասնամեակներէ ի վեր կարողացաւ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վերածել համաշխարհային օրակարգի, այսօր կը դադրի հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան իրաւատիրոջ դերին մէջ ձայն ունենալէ։ Այս մերժողականութիւնը մէկ կողմէն կը կտրէ ժողովուրդի կէսէն աւելիի ձայնը, միւս կողմէն կը խարխլէ այն հսկայական աշխատանքը, որով Ցեղասպանութեան ճանաչման գործը հասաւ միջազգային ատեաններուն առջեւ։ Այն սերունդները, որոնք զոհաբերութիւն կատարեցին Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային օրակարգին վրայ բերելու համար, այսօր կը տեսնեն իրենց ջանքերու արդիւնքները քայքայւելու վտանգի եզրին։
Հարկ է ընդունիլ, որ Հայաստանի ներկայ դրութիւնը բարդ է՝ երկիրը գտնւելով երկու թշնամական պետութիւններու շրջափակումին մէջ։ Սակայն, այս իրականութիւնը չի կրնար արդարացնել ազգային արժէքներէ հրաժարումի քաղաքականութիւնը։ Երբ Անկարայի եւ Բաքւի նախապայմաններուն առջեւ յանձնւողական դիրք կընդունւի, անխուսափելիօրէն կը կորսւին դիւանագիտական հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ հող կը տրամադրւի թրքական եւ ադրբեջանական ժխտողականութեան նոր արշաւներուն։ Մինչ թուրք-ադրբեջանական զինակցութիւնը կը ջանայ զոհը վերածել դահիճի, Երեւան կը յայտարարէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը «չի բխիր Հայաստանի շահերէն»։ Այսպիսով, հայկական պետութիւնը կընկրկի իր պատմական պարտաւորութենէն եւ կը դառնայ սեփական ժառանգութեան ուրացողը։
Դար մը առաջ հայ ժողովուրդը գին վճարեց իր գոյութեան համար։ Այնուհետեւ, արդարութեան պահանջը դարձաւ սերունդներու շարժիչ ուժը։ Այսօր սակայն, իշխանական խումբը կը փորձէ այդ պահանջը վաճառել՝ իբրեւ «բարեգործական զիջում» դիւանագիտական պատեհապաշտութեան դիմաց։ Մտայնութիւն մը, որ խորապէս կը խաթարէ պատմական արդարութիւնը եւ մեր ազգային ինքնութեան հիմերը։ Պէտք է յստակ դառնայ. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը միայն սփիւռքեան յուշ չէ, ո՛չ ալ արտաքին քաղաքականութեան մանր գործիք։ Ան համազգային իրաւունք է, պետական ռազմավարական առաջնահերթութիւն եւ բարոյական պարտաւորութիւն։ Որեւէ իշխանաւոր, որ կը մերժէ այս ճշմարտութիւնը, միայն ու միայն կը վնասէ հայ ժողովուրդի ապագան եւ Հայաստանի պետականութեան գոյութենական հիմերը։ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է ընկալւի որպէս ազգային արժանապատւութեան եւ պատմական արդարութեան հարց, հեռու պահելով զայն դիւանագիտական փերեզակութիւններէ։
Այսօրւան իշխանաւորներու քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս կարելի է քայլ առ քայլ քանդել այն կամուրջները, որոնք տասնամեակներու զօրաշարժով կառուցւեցան։ Եթէ այս ընթացքը չկասեցւի, վաղը պիտի արթննանք իրականութեան մը մէջ, ուր Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը վերածւած պիտի ըլլայ դատարկ թուղթի, իսկ մեր ժողովուրդի ամենամեծ ողբերգութիւնը՝ անտեսւած էջի։
«Ազատ օր»–ի խմբագրական