ՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. Սիւնիքը՝ Ապու Տապիի տաք կէտ

Ապու Տապիի հանդիպումէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնները ակնկալելիօրէն փակագիծեր պիտի չբանային: Անշուշտ կան քովնտի մեկնաբանութիւններ, ենթադրեալ կէտեր, որոնք կը շարունակեն լեցնել մամուլի սիւնակները կամ լրատւամիջոցներու տարբեր հարթակներու էլեկտրոնային տարածքները:

Պաշտօնապէս ըսւածը այն է, որ կողմերը լուրջ եւ բովանդակային քննարկումներ ունեցած են խաղաղութեան օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններու՝ սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու բացման եւ զարգացման, խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրման եւ այլ հարցերու շուրջ. ընդհանուր համաձայնութիւն ձեռք բերւած է շարունակելու հանդիպումներն ու բանակցութիւնները, ինչպէս տարբեր աշխատանքային խումբերու, այնպէս ալ աւելի բարձր մակարդակներու վրայ:

Այստեղ գոյացած համաձայնութեան միակ կէտը հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու շարունակումն է եւ աշխատանքային տարբեր խումբերու ձեւաւորումը:

Նախ յատկանշական է, որ նախօրէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ողջունած էր կողմերու հանդիպումը, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ընդառաջ: Ապու Տապիի հանդիպումէն ետք առաջին ողջոյնի յայտարարութիւնը կը պատկանէր Մոսկւային, որ նախագահի մամլոյ բանբերին ճամբով դրական նկատած էր հանդիպումը: Քիչ անց, Մոսկւայէն հնչած էր դարձեալ Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները արդիւնաւորելու առումով:

Երրորդ արձագանգը Եւրոպական Միութեանն էր. կողմերուն կոչ կընէր ըստ կարելւոյն շուտ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի ստորագրումն ու վաւերացումը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է լրացուցիչ աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն տրամադրելու, եթէ կողմերը խնդրեն այդ մասին:

Այստեղ յատկանշականը գործընթացը արագացնելուն կը վերաբերի եւ պատրաստակամութեան գործնապէս աջակցելու. այլ խօսքով՝ ներգրաււելու:

Կայ չորրորդը. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կողջունէր խաղաղութեան առաջադրանքով թափւող ճիգերը, կաւելցնէր, թէ կը հետեւին լրատւամիջոցներու հրապարակումներուն եւ թէ առ այժմ յաւելեալ ըսելիք չունին: Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ չեն հերքեր «Քառնըկի»-ի հրապարակած առաջարկը:

Մեկնաբանութիւններու ամենէն դիտարժանը Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարինն էր. եթէ սկզբունքները պահպանւին, ապա Երեւանը համաձայն է Սիւնիքին արտապատւիրակումի (աութ սորսինկ) կարգավիճակ տալուն: Այս յայտարարութիւնը անմիջապէս մտաբերել կու տար «Քառնըկի»-ի հրապարակումը: Նախիջեւան-Ադրբեջան Սիւնիքի անցքը կը վերահսկէ ամերիկեան մասնաւոր անվտանգային ընկերութիւնը:

Արտապատւիրակումի մասին փոխնախարարին յայտարարութիւնը չհերքւեցաւ: Փոխարէնը պաշտօնապէս հաստատւեցաւ, որ յայտարարութիւնը աղճատւած է, վերյիշեցնելով ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային իրաւազօրութիւնը: Մերժած՝ որեւէ երրորդ կողմի վերահսկողութիւն եզրոյթը:

Ամերիկեան նախաողջունում եւ հանդիպումէն ետք յայտարարութիւն առ այն, որ կը հետեւին լրատւամիջոցներու հրապարակումներուն եւ այս պահուն առ այժմ յաւելեալ ըսելիք չունին. ռուսական պատրաստակամութիւն՝ ներդրում ունենալու ապաշրջափակման գործընթացին, Եւրոպայի կողմէ ներգրաււելու եւ աջակցելու առաջարկ եւ ամերիկեան ոչ պաշտօնական առաջարկի շրջանառութիւն: Պէտք է սպասել Թեհրանի արձագանքին: Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակը նոյնքան ռազմավարական նշանակութիւն ունի Իրանի համար, որ մինչ այժմ կը շարունակէ կրկնել իր վճռակամութիւնը սահմաններու անփոփոխելիութեան առումով:

Չաճապարենք եզրակացութիւններու յանգելու: Ուրւագծում մը սակայն ինքզինք հեռւէն տեսանելի կը դարձնէ: Հաղորդուղիներ, միջանցք, խաղաղութեան խաչմերուկ եզրոյթներէն աւելի ամերիկեան հանգուցակէտի մը մասին կը յուշեն արձագանքներն ու մեկնաբանութիւնները: Մանաւանդ, Վաշինգտոնի առ այժմ յաւելեալ ըսելիք չունենալը:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button