«Միասնութեան հանրահաւաք»-ին հորիզոնները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
2 Սեպտեմբերին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսւած «Միասնութեան հանրահաւաք»-ը եթէ անմիջականօրէն իբրեւ կիզակէտ ունի Արցախի հարցը՝ արցախցիներու ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ վերահաստատումը, արդար է որ զայն դիտենք եւ հրապարակ ուղղւինք – նաեւ հեռւէն՝ աչքով ու ականջով – շատ աւելի լայնածիր դիտարկումով, սկսելու համար՝ Արցախի իրաւունքները հիմ ու մեկնակէտ ընդունինք իբրեւ ամբողջ հայութեան բոլո՛ր իրաւունքները: Կարճ խօսքով, սա պէտք է ըլլայ այն յեղափոխութիւնը, որուն կոչ ուղղեց… Նիկոլ Փաշինեան, քանի մը օր առաջ, երբ յայտարարեց, որ եթէ իր տնօրինումները ընդունելի չեն, ժողովուրդը պէտք է յեղափոխութիւն ընէ, իսկ երբ չ’ըներ, կը նշանակէ, թէ իր ուղեգիծը կընդունի:
Հանրահաւաքին յայտարարւած անմիջական նպատակները գաղտնիք չեն: Առաջին հերթին՝ արցախցներու տունդարձի իրաւունքը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, ապա նաեւ մերժում՝ Հայաստանի համար վնասարար բոլոր որոշումներուն ու ծրագիրներուն, որոնք իշխանութիւններուն կողմէ փաստօրէն կը հրամցւին (իբրեւ թէ) խաղաղութեան ճամբուն վրայ ձեռքբերումներ: Իսկ երբ կըսենք «բոլոր բաղադրիչներով», անպայման որ ցանկին վրայ է Բաքւի մէջ խամաճիկ դատավարութեան ենթարկւողները, մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումն ու շատ ու շատ բան:
Աւելորդ է կրկին ու կրկին ցանկագրելը, թէ թուրք-ազերիին ծրագիրներուն գործակատարը դարձած ՔՊ-ապետն ու իր վարչակազմը ինչպիսի՜ նահանջներ արձանագրած են քաղաքական, դիւանագիտական, ապահովութեան, տնտեսական եւ տակաւին՝ երկրի մը կեանքն ու ապագան ապահովող բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Պէտք չունինք մասնաւորելու Հայ Դատին ու Սփիւռքի հետ կապերուն տրւած հարւածները, որոնք նմանապէս ահաւոր վնասներ պատճառած են մեր ազգին: Հապա՞ Եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծւած բազմաճիւղ արշաւները (կաթողիկոսի փոխարինման դաւեր, կրօնական առաջնորդներու եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ կողքին կանգնողներու դէմ հալածանքներ…), որոնք նմանապէս ջուր կը խմեն թուրք-ազերիական յանձնարարութիւններէ, պահանջներէ, պարտադրանքներէ՛: Անմիջապէս նշենք, որ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները, որոնք քանի մը շաբաթէ ի վեր սառնարան դրւած էին, վերստին շարժման մէջ մտնելու ազդանշանը ստացան քանի մը օր առաջ, նոյնինքն ՔՊ-ապետին սպառնական ծանօթ յայտարարութեամբ: Ու զանգւածի ուշադրութենէն հեռու կը պահւի յետին դիտաւորութիւնը, հարցը կը հրամցւի ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ մակարդակին վրայ, մինչդեռ Եկեղեցին, իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ, սասանման սպառնալիքի տակ է, շնորհիւ… թշնամիէն եկած թելադրանքներու:
Այս ու տագնապալի եւ օրհասական նման վիճակներու հեռադիտակով պէտք է նայինք 2 Սեպտեմբերի հաւաքին, յիշելով ու շեշտելով, որ Արցախի կորուստը ծանր հարւած էր ո՛չ միայն Հայաստանի պաշտպանութեան դիտանկիւնէն, այլ նաեւ Սփիւռքի համար: Չմոռնանք, որ անցեալ շուրջ 30 տարիներուն, Սփիւռքը եւս անհաշւելի նպաստ բերաւ Արցախի հանրապետութեան ամրակայման, անձնական մարզին մէջ եւ պետական ծրագիրներու իրականացման ճամբով (հարցը չենք դիտեր լոկ նիւթական նպաստներու-հաշիւներու ակնոցով): Այս լայնածիր պատկերին մէջ, պէտք չունինք ըսելու, որ սնանկ են այն թրքամիտները, որոնք կը ժպրհին ըսել, թէ Արցախը բեռ էր, խաղաղութեան ճամբուն վրայ՝ խոչընդոտ, ուրեմն, անոր մասին խօսիլը կը վտանգէ խաղաղութեան երթը: Բայց քանի՞ անգամ պէտք է փաստւի, որ նման «տրամաբանութիւն» լիովին կը համապատասխանէ թշմանիին տեսակէտներուն…
Միասնութեան իմաստը
Հանրահաւաքին տրւած խորագիրը՝ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆը, դիպուկ բնութագրում է:
Նախօրեակին, ի՞նչ է արձագանգներուն պատկերը:
Չենք բաւականանար աչքի առջեւ բերելով միայն կոչէն ետք հնչած դրական արձագանգները, այլ ի մտի ունինք բոլոր այն կեցւածքներն ու արդար պահանջերը, որոնք հայրենի եւ սփիւռքեան հրապարակները ողողած են առնւազն Արցախի վերջնական հայաթափումէն ասդին, առանց անտեսելու նախընթաց փուլերը՝ վերջին աւելի քան եօթուկէս տարիներուն: Առանց մանրամասն թւարկում կատարելու, կը տեսնենք, որ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն կողքին են Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները, դիւանագէտներ, քաղաքական տարբեր միաւորներ ու հեղինակաւոր դէմքեր (բոլորն ալ բանգէտ մարդիկ), տնտեսագէտներ, պաշպանութեան մասնագէտներ եւ, մէկ խօսքով, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ կամք ունեցողները: Բանտարկւած Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարած՝ «Մեր ձեւով» շարժումն ալ, որ ճամբայ ելած է կուսակցութիւն դառնալու նպատակով, տարբեր հայեցակէտ չունի եւ, դրական կէտ՝ անոր համախոհ են իրա՛ւ ընդդիմադիրները:
Ահա թէ ի՛նչ իմաստ կը ստանայ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆը: Անգամ մը եւս կը կազմւի ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏի մը նախագիծը, կը մնայ որ հանրահաւաքը չմնայ պահանջատիրութեան միօրեայ դրւագ, այլ պահանջատէր եւ հայրենապաշտպան բոլոր միաւորները՝ կուսակցութիւն, քաղաքական խմբաւորումներ, մտաւորականներ, զինւորականներ եւ դիւանագէտներ շուտով ի մի խմբւին ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐի մը շուրջ եւ գործի անցնին ձեռք-ձեռքի տւած: Այդ ծրագիրը կրնայ մինչեւ իսկ դառնալ… կոճատներու միջեւ դաշնութիւն ստեղծող տարազ մը, նման բազմաթիւ այլ երկիրներու, ուր անհաշտ հակադիրներ, գաղափարական տարբեր բեւեռներ համախմբող միաւորներ՝ հասարակ յայտարարի մը վրայ կը միանան համախոհական կառավարութիւն կազմելով (քոալիսիոն): Վերահաս ծանր վտանգներու լոյսին տակ՝ ամենէն սուր մրցակիցները ժամանակաւորապէս մէկդի կը թողուն տարակարծութիւն ու հակամարտութիւն, կը լծւին ԵՐԿԻՐ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՓՐԿԵԼՈՒ ազնւագոյն առաքելութեան: Սա հեքիաթ չէ, եթէ դիտենք մեր չորս բոլորը, կրնանք տեսնել բազմաթիւ ապրող օրինակներ: Իսկ վտանգին շրջանցումնէ ետք, քաղաքական մրցակցութիւնները ժողովրդավարութեան ամենէն պերճախօս դրսեւորումներն են, ի հակադրութիւն մենատիրական-միակուսակցական դրութիւններու:
Սփիւռքը եւս հրաւիրւած է վեր կանգնելու ձեռնածալ եւ հետեւող-հանդիսատեսի աթոռէն: Արցախի իրողական կորուստէն ետք, Հայաստանը՝ ի՛նք, հիմա ինկած է նոյն ճակատագիրին մատնւելու վիճակին, իսկ Հայաստանի կորուստը (կրնայ իրականանալ մաս առ մաս, առաջին գործնական քայլը եղաւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին զիջումը) բազմաթիւ գամեր պիտի մատակարարէ Սփիւռքի դագաղին, իբրեւ յաւելում՝ Սփիւռքին սպառնացող բազում այլ վտանգներու: Եւ առաջին անգամը չէ, որ Սփիւռքը գործնապէս եւ ազդիւ կերպով կանգնած է ՀԱՅՐԵՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ կողքին, դատապարտած՝ իշխանաւորներու սխալ ընթացքը:
Անտարբերութիւնը, «այսինչը չեմ հաւնիր»-ները կամ «մենք քաղաքականութեան հետ գործ չունինք»-ները այլեւս ընդունելի չեն. պէտք է թօթափել իշխանաւորներուն տխմարացնող եւ ինքնասպանութեան տանող քարոզչութեան ներգործութիւնը:
Շրջահայեացութիւն
Ներքին միասնութիւնը գործի դաշտ փոխադրելու հրամայանակը շատ այժմէական է, եւ պէտք չունի սպասելու յառաջիկայ տարւան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն (պէ՞տք է կրկին ահազանգել, որ մինչեւ ընտրութիւններ՝ Հայաստանն ու հայկական աշխարհը կրնան նոր կորուստներու տարւիլ այս գործակալներուն ձեռքով, ինչպէս եղաւ վերջին տարիներուն, ինչպէս կըլլայ հիմա): Նոյնքան հրամայական է աչքերը դարձնել մեր երկրի եւ կովկասեան տարածքի սահմաններէն անդին, ՃԻՇՏ ԿԱՐԴԱԼՈՒ համար աշխարհասասան դէպքերէն հնչող ահազանգերն ու… դրական նախանշանները:
Չի բաւեր հականեխիչներ ապահովել Երեւանի իշխանաւորներու ստապատիր եւ այլասերող քարոզչութեան դէմ, այլ նաեւ ականջները լայն բանալ այն իրական սպառնալիքներուն եւ մարտակոչերուն դիմաց, որոնք ամէն օր կը հնչեն Ադրբեջանէն ու Թուրքիայէն, այն Ադրբեջանէն՝ որուն հետ ամերիկեան իրաւարարութեամբ համաձայնագիր մը նախաստորագրւեցաւ ճի՛շտ երեք շաբաթ առաջ: Աչքերն ու ականջները պէտք է բաց պահել նաեւ մեր դրացիներու, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, մինչեւ իսկ Ծայրագոյն Արեւելքի իրադարձութիւններուն, մրցակցութիւններու, շահակցական գործընթացներու եւ նման բաներու դիմաց: Լսելն ու դիտելը, ճիշդ գնահատումներ կատարելը կենսական կարեւորութիւն ունին, ՃԻՇՏ ԳՈՐԾԵԼԸ աւելի մեծ հրամայական է: Հայաստան ու մեր ազգը չեն տառապիր ճիշդ դիտարկողներու եւ գործողներու սովէ: Սովաբեր ՔՊ-ականներու վտարումը առաջին քայլն է հազար մղոն տաժանելի ճամբուն վրայ:
Մէկ խօսքով, կրկնենք, 2 Սեպտեմբերի հաւաքը պէտք է դիտենք լայնահորիզոն գործընթացի մը շրջագիծին մէջ, անկէ պէտք է յառաջացնել հայրենիքի փրկութեան նոր յեղափոխութեան մը ալիքը, իսկ յեղափոխութիւն չի նշանակեր (ինչպէս որ կը պատկերանայ փաշինեանական նեխած ուղեներուն մէջ) միայն «թօփ-թիւֆէնկ»-ով պայքար: Յեղափոխութիւնը իսկական պատասխան մը պիտի ըլլայ ՔՊ-ականներու պարտւողականութեան, փոխընտրանք մը՝ թշնամիին ամէն բան տալու «քաղաքականութեան»: Ամէն բանէ առաջ, անիկա զերծ պէտք է պահել ներքին խռովութիւններէ, որուն մէջ պատրաստ են երկիրը նետելու այս իշխանականները (քանիցս բիրտ յարձակումներ գործեցին ցուցարարներու եւ բողոքի ձայն բարձրացնողներու վրայ):
ՅԱՒԵԼՒԱԾ…
…որ կարելի է արձանագրել իբրեւ յետգրութիւն: Միջազգային լրատու աղբիւրներ այսօր, 29 օգոստոսին, լուսարձակի տակ բերին ուշագրաւ լուր մը. Թայլէնդի վարչապետուհին՝ Փաէթոնկթառն Շինաուաթրա պաշտօնազուրկ հռչակւած է երկրի Գերագոյն դատարանին որոշումով (ան երկու ամիս առաջ կախակայւած էր), որովհետեւ քննութիւնները ի յայտ բերած են, որ ան անհարկի եւ չափէն աւելի զիջումներ ըրած է դրացի երկրին՝ Քամպոտիոյ վարիչներու պահանջներուն առջեւ: Սա վերջին 17 տարիներուն նոյն դատարանին որոշումով պաշտօնազրկւող 5-րդ վարչապետն է, երեքը՝ նոյն ընտանիքէն: Պաշտօնազրկեալը յայտարարեր է, որ կը յարգէ դատարանին որոշումը, թէեւ ըսեր է, որ ինք անձնական շահ չունէր, այլ երկրի շահերուն ի խնդիր գործած էր…
Ուրե՜մն, աշխարհի վրայ կան երկիրներ, ուր դատարան մը կրնայ ԳՈՐԾԱԴԻՐԷՆ անկախ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵԼ: ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան կըսէ. «Կառավարութիւնը ես եմ», ու իրեն չենթարկւող նախարար կամ պաշտօնատար կամայական կերպով տուն կը ղրկէ (հեռացողն ալ քիչ ետք կը սկսի իր նախկին պետին անհաճոյ ճշմարտութիւններ բացայայտել): Նոյն արարածը կըսէ, թէ Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը, որ իր կամքին հակառակ վճիռ տայ: Ան ոստիկանապետ է, բանակի հրամանատար, տնտեսագէտ, կրթական բաներէ հասկցող, ճարտարապետ, մինչեւ իսկ աչքը դրած է… կաթողիկոսական գահին (չմոռնանք ուսապարկապետի հանգամանքը): Իրաւամբ կարելի է հարց տալ. «Ապազգային համայնավարները որո՞ւ շունն էին…» (կը յիշէ՞ք Փաշինեանի՝ նոյն բառերով յոխորտանքը՝ «Կովիդ»-ի տարածման օրերուն):
Եզակի վիճա՞կ: Ո՛չ: Իր նոր պոսերէն մէկը՝ Թրամփ եւս կը գործէ նոյն կամայականութեամբ, ինքնագլուխ, չնաշխարհիկ հրամանագիրներ կը ստորագրէ, գործէ չհասկցողներ նախարար կը նշանակէ, զինք ամենայն սրտով պաշտպանողներ մէկ օրէն միւսը «կը ծախէ»: (Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձէն առաջ, Երեւանի իշխանաւորները շաքար-մեղր էին Բայդէնի վարչախումբին հետ, հիմա Սիւնիքէն «երիզ» մը կը յանձնեն Թրամփին):