Դաշնակցական Բեմ

Անկախութեան հռչակագիրը արգե՞լք է անկախութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

23 օգոստոս 2025-ին լրացաւ Անկախութեան հռչակագիրին 36-ամեակը: Արդարեւ, 23 օգոստոս 1990-ին, գորպաչովեան ժողովրդավարացման պայմաններուն մէջ ընտրւած Խորհրդային Հայաստանի վերջին Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարանը), երկարատեւ քննարկումներէ եւ վիճաբանութիւններէ ետք, միաձայնութեամբ ընդունեց 12 կէտերէ բաղկացած հռչակագիր մը, որ կոչւած էր դառնալու Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը: Գերագոյն խորհուրդը խառն կազմ ունէր. կային ՀՀՇ-ի (Հայոց համազգային շարժում) անդամներ, համայնավարներ, տակաւին չբացայայտւած կուսակցութիւններու անդամներ (որոնց մէջ` կարեւոր թիւով դաշնակցականներ), անկախ պատգամաւորներ: ՀՀՇ-ն ունէր յարաբերական մեծամասնութիւն (առաւելագոյն թիւով պատգամաւորներու խմբակցութիւն): Անկախ Հայաստանի բնոյթին, օրէնքներուն մասին կէտերուն կողքին, թէժ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք` տեղ գտան երկու կէտեր. մէկը Արցախի` Հայաստանի միացման մասին, երկրորդը` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելու պարտաւորութեան մասին:

Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը հետագային ներառւեցաւ սահմանադրութիւններու նախաբաններուն մէջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հռչակագրի 35-ամեակին առիթով յղած ուղերձին մէջ կըսէ, որ անիկա կարտայայտէր «ընդունման պահին Հայաստանում գործող քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւի հաւաքական համադրութիւնը»: Նիկոլ Փաշինեան հռչակագիրի «առանցքային գաղափարական դրոյթները կոնֆլիկտային (ընդհարում հրահրող)» կը համարէ եւ զանոնք զսպանակող «հայրենասիրութեան մոդելը» թելադրւած` Խորհրդային Միութեան կողմէ: Հայերու համար Խորհրդային Միութեան կողմէ ձեւաւորւած հայրենասիրութիւնը, անոր Հայաստանի մէջ արտայայտումը թոյլ չտալու համար արտահանւած է հանրապետութեան տարածքէն դուրս: Այսինքն արտասահմանի մէջ հայերու հայրենասիրական ձգտումները ներշնչւած էին… Խորհրդային Միութենէն:

Բացատրելէ ետք, թէ ի՛նչ միջոցներով հայրենասիրական այս նմուշը քարոզւած ու տարածւած է, Նիկոլ Փաշինեան կեզրակացնէ, որ անոր` «Ենթագիտակցական նպատակը Հայաստանի անկախ պետութեան գոյութեան ռազմավարական անհնարինութիւնն էր»: Հայ ժողովուրդը անկախութիւն կը տենչար` անկախութիւնը անկարելի դարձնող գաղափարաբանութեամբ:

Անկախութեան հռչակագիրը դատափետելէ ետք, Նիկոլ Փաշինեան կանցնի իր բուն ըսելիքին: Վարչապետի պաշտօնին ընձեռած հնարաւորութիւնները եւ վերլուծութիւնները զինք բերած են` «Այն աներեր համոզման, որ մենք պէտք չէ շարունակենք ղարաբաղեան շարժումը»: Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը արգելք է… Հայաստանի անկախութեան:

Նիկոլ Փաշինեան ապա կը բացայայտէ, որ մինչեւ 2020 թւականի սեպտեմբերը ինք զիջումներ չէ կատարած, «ինչը 44-օրեայ պատերազմէն խուսափելու միակ տեսական հնարաւորութիւնն էր»: Իր պատկերացմամբ, զիջումները պիտի առաջնորդէին Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան կորուստին: Ինչո՞ւ. հանելուկին լուծումը գտնողին` հազար երանի:

Պատերազմը հրահրւած է Հայաստանի անկախութիւնը պահպանելու եւ զայն իրական դարձնելու նպատակով: Այս այլանդակ մտածողութիւնը ռազմավարութիւն կը յորջորջւի եւ կը վերածւի «իրական Հայաստան»-ի «գաղափարախօսութեան»: Այդ ռազմավարութիւնը յանգած է, շնորհիւ վաշինգտոնեան համաձայնութեան, Հայաստանի «իրական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան»:

Կորուստները, ձախողութիւնները, պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու փաշինեանական մտագարութիւնը վերջ չունի: Իւրաքանչիւր ընկրկում նոր «գաղափարաբանութեամբ» արդարացնելու ոճը ծածկելու համար է ազգային ամէն արժէք մերժելու, իրաւունքի կորուստը կասկածելի խաղաղութեամբ փոխարինելու մոլորութեան:

Նիկոլ Փաշինեան կուզէ հրաժարիլ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն: Հռչակագիրը արգասիքն է անկախութեան համար հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին: Հայաստանի իրական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան կողմնակից ենք` առանց հրաժարելու մեր առհաւական ինքնութենէն, պատմութենէն ու ազատութեան համար մաքառումներէն:

Related Articles

Back to top button