Դաշնակցական Բեմ

Նոբէլեան մրցանակի դատակազմը… գինո՞վ է

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Նոբէլեան Խաղաղութեան մրցանակը ուրբաթ, հոկտեմբերի 11-ին շնորհւեցաւ ճապոնցիներէ բաղկացած խմբաւորումի մը, որ կը կոչւի Նիհոն Հիդանկիօ (Nihon Hidankyo): Սա կրճատումն է անւան բազմանդամ կազմակերպութեան մը, որ ունի բաւական երկար անուն՝ «Ճափոնի համադաշնակցութիւն աթոմական եւ ջրածնային ռումբերէ տուժածներու  կազմակերպութիւններու» (Japan Confederation of A- and H-Bomb Sufferers Organizations):  Այս խմբաւորումը ի մի բերած է Ճապոնի վրայ ամերիկացիներուն կողմէ 79 տարի առաջ արձակւած կորիզային ռումբերէն վերապրողներ ու անոնց հետնորդները, որոնք կը պայքարին աշխարհը կորիզային ուժէ զերծ պահելու ի խնդիր:

Սիրելի ընթերցող. հաւանաբար դուն ալ, ինծի պէս, առաջին անգամն է որ կը լսես նման խմբաւորումի մը գործունէութեան մասին: Շատ լսւած է խաղաղասէրներու, կենսոլորտի պաշտպաններու, մինչեւ իսկ կորիզային զէնքերու դէմ պայքարողներու մասին, սակայն յականէ-անւանէ՝ գոնէ ես առաջին անգամն է որ կը լսեմ այս խմբակին անունը: Իմ տգիտութիւնս պատճառ չէ, որ արհամարհանքով եւ կէս-աչքով դիտեմ այդ ազնիւ մարդոց պայքարը, չյարգեմ անոնց արդար նպատակը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ…

***

Առաջին այս դիտարկումներէն ետք, եկո՛ւր, ընթերցո՛ղ ճան, դէմ դիմաց նստինք եւ համաձայնինք, որ մրցանակը վճռող մարդիկը այս որոշումը տւած ըլլալու են… գինովութեան մէկ պահու: Այսինքն՝ իրենց ոտքը կտրած են աշխարհէն ու իրականութիւններէն: Ուրեմն, կրնանք ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարել, թէ իրական աշխարհի եւ զայն խաղալիքի վերածողներու դիտանկիւնէն՝ սխալ որոշում կայացուցեր են:

Իսկապէ՛ս: Եթէ իրական աշխարհի ընդհանուր պատկերը, պատերազմներու սաստկացման, ջարդերու, ցեղասպանական արարքներու, այդ նպատակով ալ զէնքերու հոս-հոն հոսքի մրցավազքը աչքի առջեւ ունենանք, շա՜տ աւելի յարմար թեկնածուներ կային Նոբէլեան Խաղաղութեան այս տարւան մրցանակին:

Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն անկասկած որ պիտի գրաւէր ցանկին գլուխը: Ահաւասիկ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Գազան դարձուցած է սանձարձակ ջարդի ու քանդումի ընդարձակ դաշտ, երբեմն բաժին կը հանէ Արեւմտեան Ափին, սպանդի ու քանդումի գօտին տարածած է դէպի Լիբանան. «ՀԱՄԱՍ» ու «Հեզբօլլահ» կը հետապնդեմ պատրւակներով՝ տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններ կը ջարդէ, կը քանդէ անոնց բնակարանները, բռնի գաղթի հանած է միլիոնաւորներ եւ… առատ զէնք կը ստանայ նոյն մտայնութիւնը կրողներէ: Եւ քանի որ Նոբէլեան մրցանակը միայն անձերու չի տրւիր, այլ, ինչպէս ճապոնցիներու այս խմբաւորումին պարագային՝ անոր կարժանանան մէկէ աւելի անձեր, կարելի է թեկնածու նկատել Իսրայէլի ամբողջ կառավարութիւնը, ինչո՞ւ չէ նաեւ ընդդիմադիրները, որոնք «լուբիային միւս կէսը» կը կազմեն:

Թեկնածուներու, խմբայի՛ն թեկնածուներու ցանկին վրայ իրաւունք ունին տեղ ունենալու Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի իշխանութիւնները: Մրցանակին լուրը հաղորդող լրատու աղբիւրները նոյնյետայն ըսին, որ այդ երկիրները լծւած են իրենց կորիզային զէնքերը արդիականացնելու արշաւին: Ի՜նչ ապազինում, ի՜նչ զինաթափում…: Ասոնք թերամիտ ու մակերեսային մտածողութեամբ օժտւած՝ բարեմիտներու աշխարհին կը պատկանին: Իրական աշխարհին մէջ, զէնքի, նա՛եւ կորիզային զէնքի արտադրիչները, զանոնք աւելի՛ արդիականացնողնե՛րն են որ կը տնօրինեն դէպքերու ընթացքը: Պէտք չունին «Միլթըն» կամ այլ անուններով մրրիկներու սպասելու, որպէսզի մահ ու աւեր տարածւին աշխարհի արեւելեան կամ արեւմտեան, քիչ մըն ալ միջին ծագերուն: Զէնքի վաճառորդները ի չգոյէ՛ իսկ կրնան պատրեազմներ հրահրել ու… թեկնածու ըլլալ Նոբէլեան մրցանակներու, որովհետեւ ահա ա՛յդ «տրամաբանութիւնն» է որ դարձած է համատարած, կը հրւի իսկապէս խաղաղութիւն ցանկացողներու կոկորդէն վար:

Հապա՞ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցը եւ իր կառավարութեան համախոհները՞: Ճիշտ այն պահուն, երբ կը հրապարակւէր ճափոնցիներուն մրցանակի արժանանալը, ան լա՜յն ժպիտով կը դիմաւորէր Ուկրաինոյ Զելենսքին եւ անոր կը խոստանար աւելի քան 650 միլիոն եւրոյի յաւելեալ օժանդակութիւն: Եթէ թեկնածուներու խմբակ պիտի կազմւի, բաց ճակատով անոր պիտի միանան Ֆրանսայի Մակրոնը, Բրիտանիոյ Սթայմըրը, Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ջոջերը՝ Կանադայէն մինչեւ Եւրոպայի չորս-բոլորը:

Հապա՞ նոյնինքն Զելենսկին: Ա՞ն ինչով ետ կը մնայ թեկնածութիւնը դնելէ: Չէ՞ որ արդի տրամաբանութեամբ եւ բարձր տրամադրութիւններով դարձեալ ափ առած է արեւմտեան երկիրներու դուռները եւ «զէ՛նք տւէք, զէ՛նք տւէք» մուրալով՝ կը խոստանայ խաղաղութիւն պարտադրել Ռուսիոյ…

Ինչո՞ւ մոռնալ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի վարչախումբերը, որոնց «խաղաղասիրութիւնը» առատօրէն կը բաշխւի մեզի՝ հայերուս, քիւրտերուն, յոյներուն, դրացի ու հեռակայ արաբներու, քիչ մըն ալ կեղծ տեսակէն… Իսրայէլի: Անոնց աչքերը ուղղւած են Կենտրոնական Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա, որուն կայսերական Վիեննային դուռները թակեցին քանի մը դար առաջ…

Հա՛, չմոռնանք ուրիշ խաղաղասէր մը՝ Հայաստանի ՔՊ-ապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան ալ վերստին ուսապարկին մէջ նետած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը (չէ, հիմա ՔՊ-ականները առանձին չեն ուսապարկին մէջ) եւ իր կարգին ճամբայ ելած է զայն ծախելու, հոգ չէ թէ ո՛չ իրեն հաւատացող կայ, ո՛չ ալ կարեւորութիւն տւող: Չարենցի «աշխա՛րհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ» պատգամին առաջին երկու բառերուն նոր մեկնաբանութիւն տալով (Արարատը որո՞ւն է պէտք: Շուշին ալ մեզի պէտք չէր), հեծիկը քաշեր է եւ Նիւ Եօրքէն մինչեւ Ֆրանսա ու Գերմանիա, յետոյ նաեւ Ռուսիա ոտքի տակ առած է, հեւալով-հեւալով խաղաղութիւն կը քարոզէ պատերազմի նոր թմբուկներ հնարող-արդիականացնող աշխարհի մը մէջ:

Նոյն տրամաբանութեամբ, կրնանք իսկական թեկնածուներու ցանկը երկարել, սակայն կը կարծեմ, որ միտքս բացատրելու համար այսքանն ալ բաւարար է:

***

Սխալ չհասկնաս զիս, ազնի՛ւ ընթերցող: Ես ալ, քեզի պէս, մաս կը կազմեմ այն ջախջախիչ մեծամասնութեան, ի Հայաստան թէ աշխարհի տարածքին, որոնք խաղաղութիւն եւ ապազինում կը ցանկան: Հիասթափւած չեմ, որ Նոբէլեան մրցանակը դատակազմը, հոգ չէ թէ աչքերը աշխարհիս պարտադրւած դաժան իրականութիւններէն պահիկ մը կտրեր է եւ արդար որոշում մը տւեր է, պատւելով կորիզային ապազինումի ի խնդիր պայքարողներ, անո՛նք, որոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «կրակը ինկած տեղը կայրէ» առածը: Մեր ցաւը ա՛յն է, որ հակառակ ջախջախիչ մեծամասնութիւն ըլլալնուս, մեր ձայը կը խեղդւի, անլսելի կը մնայ, ինչպէս որ անլսելի կը մնայ ՄԱԿ-ի պէս ա՛յլապէս արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու առաքելութիւնը ունեցող կազմակերպութեան մը ձայնը, որուն խաղաղարար ուժերուն Լիբանանի մէկ կենտրոնն ալ իսրայէլեան ռումբերէն բաժին կը ստանայ: Սակայն ատիկա ուրիշ պատմութիւն է:

Եզրակացնենք: Կա՞յ տխմար մը, որ խաղաղութիւն չի ցանկար: Կա՞յ բանական մարդ, որ խաղաղութիւնը մերժէ եւ պատերազմ հրահրէ (Կրնա՞նք ըսել՝ Աստւած թող հոգին լուսաւորէ Ներոն կայսեր): Երանի պիտի չտա՞նք, որ խաղաղասէրներուն փորձերը յաջողին, եւ աշխարհը վերադառնայ, օրինակի համար, յետ-աշխարհամարտեան, յետոյ՝ 70-ականներու եւ յետ-90-ականներու այն տարիները, երբ ապազինման, խաղաղութեան հնոցը հրահրելու ճիգերը համեմատաբար աւելի՛ ազդու էին:

Ուրեմն, եկո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, մեղքը չփաթթենք Նոբէլեան մրցանակի դատակազմին ճիտին, իր այս ճի՛շտ որոշումով (գիտե՛ս որ գինովութեան ակնարկութիւնս կատակ էր), խաղաղութեան հնչե՛ղ պատգամ մը կու տայ աշխարհի խելագարներուն, առանց բառերը գործածելու կը դատապարտէ թէ՛ կորիզային զէնք գործածողը, թէ՛ այդ զէնքով սպառնացողները, եւ թէ՛ զինարշաւներու հնոցին վառելանիւթ հասցնողը:

Related Articles

Back to top button