ՀՅԴ Մամուլ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական. Բաքւի «Էքոլալիա»-ն. ՀՀ Սահմանադրութիւնը… եւ ուրիշ պահանջներ

Երբ հիւանդ մը աննպատակ կերպով շարունակ կը կրկնէ նոյն բառերը, յանկերգ ըլլալէ աւելի՝ կը վերածւի հիւանդութեան մը, որ կը կոչւի «Էքոլալիա» (Echolalia)։

Բաքւի ներկայ ղեկավարութիւնը ամէն օր նոր փաստով մը ցոյց կու տայ, թէ վարակւած է այս ախտով։ Գրեթէ օրական հերթականութեամբ, բարձր ու բանալի դիրքի վրայ գտնւող ղեկավարներ կը կրկնեն եւ կը կրկնեն, թէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը պէտք է «պատշաճօրէն» բարեփոխւի եւ, ապագային գլխացաւ չպատճառելու համար, յստակօրէն նշւի, թէ Հայաստան ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Ադրբեջանէն։

Քանի մը օր առաջ, Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաջիզադէ բողոքած էր, թէ Ալմա Աթայի հռչակագիրին մէջ, Հայաստանի արտայայտած ու որդեգրած հաւատարմութիւնը յստակ չէ եւ առիթ կրնայ ստեղծել ապագային բարդութիւններու:

Աւելին, ան յանկարծ նկատած էր, որ այդ հռչակագիրը այդչափ ալ… կապ չունի սահամաններուն եւ ընդհանրապէս տարածքներու հետ։

Միեւնոյն հարցին մասին խօսելով՝ Ադրբեջանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբէկովն ալ, ըստ իր բացատրութեան՝ մատը վէրքին վրայ դրած էր, կարեւորելով, թէ Հայաստան պէտք է ամէն գնով եւ անյապաղ «սրբէ» Սահմանադրութեան մէջ նշւած՝ «Ադրբեջանի վերաբերող ամրագրւած տարածքային պահանջներու խնդիրը»։

Ալիեւի հլու կամակատարի դերը շարունակելով, Ամիրբէկով կը շեշտէ, թէ սահմանադրութեան միայն փոփոխութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ՝ երկկողմանի բանակցութիւնները շարունակել եւ ի վերջոյ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրել։

Հարցը միայն սահմանադրութեան շուրջ չի դառնար: Բաքու առօք-փառօք կը դատապարտէ «ադրբեջանցիներու դէմ գործւած վայրագութիւններն ու մշակութային կառոյցներու քանդումը…»

Նոյն յանկերգը շարունակելով, բռնատէր Ալիեւ յանդգնութիւնը ունեցած է Բաքւի մէջ կազմակերպել անհետ կորսւածներու մասին միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցողները բնականաբար իր մօտիկ միջավայրի «Yes-men» խմբակ մը եղած է, որոնք վստահաբար բաւական կոկիկ գումարներ ալ ստացած են։

Այս խորհրդաժողովին խօսք առնելով եւ սպառնալով, Ալիեւ յայտնած էր, թէ Հայաստան՝ Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու համար անպայմանօրէն պէտք է դատապարտէ ադրբեջանցիներու դէմ գործւած վայրագութիւնները եւ ապա պատժէ մեղաւորները: Ըստ անոր Բաքւի մէջ բանտարկւած Արցախի ղեկավարները պիտի ստանան իրենց պատիժները, մինչդեռ Հայաստան գտնւողները ո՛չ միայն պատասխանատւութեան կանչւած չեն, այլ հերոսացւած:

Հայաստանի մէջ կա՞յ իշխանաւոր մը, որ պիտի յանդգնի Ալիեւին յիշեցնել, թէ քսան տարի առաջ, 2004-ին, Բուդափեշտի մէջ, ռազմադաշտերէ շա՜տ հեռու, ՆԱՏՕ-ի մէկ հաւաքին, Գուրգէն Մարգարեան անունով հայ սպայ մը կացինահար սպանւած էր ազերի Ռամիլ Սաֆարովի ձեռքով, որ իբրեւ հերոս վերադարձաւ Բաքու։ Միամտութի՞ւն է ակնկալել, որ Երեւանի նոյն իշխանաւորները արդար պահանջատիրութիւնը օր մըն ալ մէկդի նետեցին եւ Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը վերահաստատեցին առանց հատուցումի: Իսկ ծանօթ է, որ Ադրբեջան Սաֆարովը ձեռք բերելու համար, հսկայական գումարներ տւած էր Հունգարիոյ…

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեանը կը նշէ, թէ Ադրբեջանէն տարածքային պահանջ գոյութիւն չունի։

Պատալեան կրնար խօսիլ նաեւ այն մասին, թէ «ազգընտիր վարչապետը» Ադրբեջանի ուղղութեամբ նշաձօղը այնքան մը իջեցուցած ու վարկաբեկած է, որ Ալիեւ ամէնայն յոխորտանքով շարունակ կը խօսի «Արեւմտեան Ադրբեջան»-ի մը մասին, Հայաստանէն պահանջելով, որ պէտք է ընդունի քանի մը հարիւր հազար ազերիներու Հայաստան վերադարձ։ Իսկ Երեւանի վարիչները ո՛չ մէկ բառ կարտասանեն բռնագաղթի մատնւած հայերու-հայապատկան հողերու վերադարձի եւ գերիներու ու պատանդներու մասին…

Գուրգէն Մարգարեանի հարցով, նշաձօղը կացինի հարւածով մը կոտրտած ու փճացած է։ Մնացեալ նշաձօղե՞րը…

Յստակ են թերացումները։ Դիւանագիտական լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կայ կատարւելիք։ Հայաստան ու Հայ ժողովուրդը չեն կրնար պարզ հանդիսատեսի աթոռին նստած հետեւիլ հայկական հողերու եւ իրաւունքներու ողջակիզման: Պէտք է ՄԱՍՆԱԿԻՑԻ՛ դիրքերէն միանալ իշխանափոխութեան պայքարին, քաջ գիտնալով, որ իշխանափոխութիւնը միայն սկիզբն է նշաձօղին վերականգնումին եւ Ադրբեջանի «Էքոլալիա»-ներուն դադրեցման:

Բոստոն

Related Articles

Back to top button