ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Փոթորիկներ, Լիբանանեան նաւն ու Բէյրութի չխաղաղող նաւահանգիստը

Բէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 4-րդ տարելիցը տխուր յիշատակներ արթնցուց ոչ միայն մարդկային իմաստով, այլ նաեւ քաղաքացիական ու պետական: Պայթումի պատճառահետեւանքային երեսներու առարկայական քննութեան բացակայութիւնը, պատասխանատուներու նկատմամբ առ այսօր շարունակւող ամենաթողութիւնը եւ մանաւանդ կանխարգելիչ միջոցառումներու որդեգրման նպատակով որեւէ քայլ չառնելու երեւոյթը մեղմ ըսելաձեւով հեռանկարը մթագնած կը պահեն:

Այս գործողութիւնները անհրաժեշտ էին նոր մեկնարկ ապահովելու համար: Ծով ունեցող երկրի գլխաւոր նաւահանգիստին աւերւած մնալը բարացուցական է: Չորս տարիէ ի վեր չեն բանիր գլխաւոր նաւահանգիստին հիմնական կառուցւածքն ու ենթակառուցւածքները: Կը գործեն այլընտրանքներ մասնակիօրէն, մինչ աւերւած կը շարունակէ մնալ երկրի մը խորհրդանիշ նկատւող գլխաւոր եկամտաբեր հաստատութիւնը:

Նաւահանգիստի վերակառուցման մեկնարկի անտեսանելիութիւնը անշուշտ ունի քաղաքական բացատրութիւններ, որոնք ներլիբանանեան սահմաններու մէջ չեն: Լիբանանի վերականգնումի ազդանշանը դեռ չերեւիր: Այլապէս, օտար ընկերութիւններ շատ արագ պատւէր կը ստանան ներկայացնելու վերանորոգման իրենց ծրագիրները, շրջանառութեան մէջ կը դրւին սեփականաշնորհման նախագիծեր, թէկուզ ձեւական աճուրդներ եւ նւազուրդներ կը կազմակերպւին գործը ստանձնելու, եւ շինարարութիւնը թափ կը հաւաքէ արագօրէն: Երբ պահը հասունանայ կամ կանաչ լոյսերը վառին:

Ծովային սահմանազատման համաձայնութեամբ կը թւէր, որ այդ պահը սկսած է մօտենալ: Հիմա ցամաքային սահմանազատումի մասին կարծարծուի: Նոյն պատւիրակը մագոգային այցելութիւններով կառաջադրէ 1701-ը, կը խօսի ուժերու հայելային յետքաշման, միջանկեալ գօտիի ստեղծման մասին:

Խնդիրները փոխկապակցւած են սակայն: Եթէ «երկու պետութիւն»-ը միջազգային օրակարգի վերածելու քաղաքականութիւն կը նշմարւի, ապա ծովային սահմանազատումէն ետք ցամաքային սահմանազատումի գործընթացի անցումը անհրաժեշտ կը նկատւի: Մինչեւ հոն հասնիլը սակայն ցնցումներ տեղի կունենան:

Տարածաշրջանին մէջ ռազմական հրաբուխներու փոխկապակցւածութիւնը աւելի պարզ կը դառնայ այս ձեւով: Տեղական հրդեհներ` Գազայէն հարաւային Լիբանան, Կարմիր ծովէն Իրաք բազմակէտային թիրախային սահմանափակ պատերազմական գործողութիւններու համապատկեր մըն էր, որ կը շարունակւէր մինչեւ Բէյրութի Հարաւային արւարձաններուն մէջ եղած հրթիռակոծումը եւ ընդամէնը ժամեր անց Թեհրանի գործողութիւնը:

Հակադարձելու սպառնալիքները առաստաղի նոր աստիճանաչափ գրանցեցին: Ցաւոտ եւ ուժգին պատասխաններու խոստումները հասկցուցին, որ այլ տարածքներու վրայ կիրարկւած գործողութիւնները կրնան տեղափոխւիլ կողմերու տարածքներ` ռազմախաղի կանոնները հիմնովին փոխելու հեռանկարով:

Սպառնալիքներուն յաջորդեցին Լիբանանի օդակայան հասնող եւ այնտեղէն մեկնող բազմաթիւ թռիչքներու առկախումը, չեղարկումը եւ օտարերկրեայ դեսպանութիւններու հաղորդագրութիւնները իրենց քաղաքացիներուն թելադրելու, որ անյապաղ լքեն լիբանանեան տարածքները: Անոնց հետեւեցան կարգ մը դեսպանատուներու անձնակազմերու տարհանման գործողութիւնները:

Առաջիկայ ժամերն ու օրերը կանխատեսելի չեն: Մեծ հարցականը կը մնայ նոյնը` հակահարւածները որքան ալ տարողունակ եւ ուժգին ըլլան, ռազմական բախումնային այս «բանակցութիւնները» կը վերածե՞ն ծաւալային պատերազմի, թէ՞ կողմերը կը վերադառնան թիրախայինին եւ սահմանափակին:

Յիշելը օգտակար է թերեւս, որ այս վերջին մագլցումին նախորդած էին Գազայի մէջ զինադուլի հաստատման համար ճնշումներ, որպէսզի կողմերը յայտնեն իրենց համաձայնութիւնը: Յատկապէս իսրայէլեան կողմը: Կոլանի հրթիռակոծումին առիթով Թել Աւիւը մեղադրանքներ հնչեցուց եւ փոխեց ընթացքին ուղղութիւնը:

Որեւէ զինադուլի հաստատման կը յաջորդեն երկխօսութիւն, բանակցութիւններ, որոնք դրականի պարագային կը յանգին համաձայնութիւններու: Նոյնպէս կը նախորդեն ցնցումներ, բախումներ, թէժացումներ, գուցէ նաեւ ռազմական ընդհարումներու կանոններու ժամանակաւոր փոփոխութիւններ:

Փոթորիկներէ անցնող լիբանանեան նաւը դեռ չի տեսներ Բէյրութի խաղաղ նաւահանգիստը: Տեսանելիութիւնը պայմանաւորւած է նաւահանգիստի վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկով: Անիկա իր հերթին` աշխարհաքաղաքական, տարածաշրջանային բարդ հանգամանքներով:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button