Ակնարկ. Խաղաղութեան ծրագիր եւ ուժանիւթային միջանցք
Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը հայ-ադրբեջանական հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կարձանագրէ, որ Բաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ Ադրբեջանի դերը տարածաշրջանին մէջ:
Պարզ է, որ Ադրբեջանի հիմնական դերը տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ուժանիւթակիր երկիր ուժանիւթի հայթայթումն է: Հիմա սակայն, իբրեւ հիմնական տարանցիկ երկիր միջնորդ արտահանողն է ռուսական ուժանիւթին: Առանց ուժանիւթի եւ մանաւանդ առանց Ռուսիոյ մասին խօսելու ըստ էութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս ուղերձը կը յղէ:
Խնդիրը սակայն ինչպէ՞ս կը կապուի հայ-ադրբեջանական հակամարտութեան հանգուցալուծման հետ: Միացեալ Նահանգներու ամբողջ ճիգը այս պարագային տնտեսական մեկուսացման առաջնորդելն է Ռուսիոյ դաշնութիւնը: Ադրբեջանը կարեւորագոյն գործընկեր է այս առումով: Ադրբեջանի տարանջատումը Ռուսիայէն յայտնապէս առաջադրանք է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը աւելի ճիշտ ընկալելու համար օժանդակի դեր կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահը, երբ գրեթէ միաժամանակ կը յայտարարէ, որ իրենք կաշխատին Ադրբեջանի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացման ուղղութեամբ եւ մօտ ժամանակներուն կաւարտեն դէպի Նախիջեւան գազատարի շինարարութիւնը: Այս առումով կողջունեն Հայաստանի եւ Ադրբեջանի յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղւած քայլերը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ, ըստ Թուրքիոյ նախագահին, կը ստորագրւի անպայման: Թուրքիոյ նախագահը հերթական անգամ այդ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը նկատած է պատմական կարելիութիւն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան մէջ ուժանիւթի մասին խօսք չկայ: Այդ փակագիծը Թուրքիոյ նախագահն է, որ կը բանայ եւ պարզ կը դարձնէ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:
Ադրբեջանը ուժանիւթի հայթայթման բազմազանացման խնդիր չի դիմագրաւեր: Իր ուժանիւթը անխոչընդոտ կը հասնի Եւրոպա. հիմա ալ իր ճամբով` նաեւ ռուսականը: Թուրքիոյ հետ ուժանիւթային յարաբերութիւններու խնդիր չունի արդէն: Այլ խօսքով, դէպի Ռուսիա, Եւրոպա կամ այլ երկիրներ Ադրբեջանը իր ուժանիւթի տարբեր տեսակները հասցնելու խնդիրներ չի դիմագրաւէր:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով առկայ է այլ հարց ուրեմն: Թուրքիոյ նախագահին «լաւատեսական» ձեւակերպումներուն մէջ կը նշւի դէպի Նախիջեւան գազատարի շինարարութիւնը: Ադրբեջան-Նախիջեւան ուժանիւթային կապի մասին է խօսքը այստեղ: Հանգոյցը ուրեմն դարձեալ նոյն առաջադրւած ճանապարհին կը վերաբերի: Այս անգամ ուժանիւթային տեսքով շղարշուած: Այսպիսով ալ Ադրբեջանի տարածաշրջանային նոր դերը, որուն կակնարկեն թէ՛ Վաշինգտոնը, եւ թէ՛ Անկարան, կը յստականայ:
Հետեւելով այս տրամաբանութեան` խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի բանայ նաեւ Սիւնիքի ճանապարհը, որ այս յայտարարութիւններով սկսելու համար ուժանիւթային առումով պիտի կապէ Ադրբեջանն ու Նախիջեւանը եւ այդ ճամբով Թուրքիան: Թուրքիան այս ուժանիւթային կամուրջով կը դառնայ ադրբեջանական ուժանիւթի արտահանման հանգուցակէտ:
Վաշինգտոնէն եւ Անկարայէն հնչած յայտարարութիւնները ուրեմն փոխլրացուցիչ են: Կուղենշեն տարածաշրջանային ծրագիր մը, ուր Սիւնիքը ռազմավարական նշանակութեամբ կարեւորագոյն դիրք կը զբաղեցնէ:
Աւելի հեռուներէն կատարւող դիտարկումի փորձ մը պիտի նկատէ անպայման, որ այս բոլորին մէջ ռուսական ուժանիւթային շուկային այլընտրանքներ հրամցնելու միտւած են ուժանիւթային կամրջումներու այս նախագիծերը: Ուր յամենայնդէպս կը համընկնին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ շահերը:
Խաղաղութեան խաչմերուկի կամ խաղաղութեան օրակարգի կարգախօսերը արտաբերելէ առաջ հայկական կողմը ա՛յս հաշւարկները կատարելու հարկադրանքին առջեւ է: Ադրբեջանի տարածաշրջանային դերի վերանայման առաջադրանք կայ: Իսկ այստեղ Սիւնիքը երկաթուղիներով, գազատարերով թէ ընդհանրապէս հաղորդուղիներով հանգուցակէտ պիտի ծառայեցուի հետզհետէ բացայայտւող նախագիծերու առարկայացման համար:
«Ա.»
Ազդակ