Դաշնակցական Բեմ

«Դուք զբաղեցէ՛ք, մենք յանձնենք…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, նոր տեսակի գլխապտոյտ պատճառող, բառացի՛օրէն «գլուխ դարձնող» դէպքեր ու նորութիւններ տեղի կունենան վերստին:

Եթէ փորձենք եղածները սեղմ հասարակ յայտարարի մը բերել, կունենանք հետեւեալը. իշխանաւորները ամէն օր, օրը քանի մը անգամ նոր մանրուքներ (նա՛եւ ոչ արհամարհելի) կը նետեն հրապարակ, որպէսզի «զւարճացնեն» հանրութիւնը եւ զբաղ պահեն ընդդիմադիր ճակատները, իսկ իրենք աննահանջ կերպով կը շարունակեն անձնատւութեան, հայրենիքէն նոր պատառիկներ թշնամիին յանձնելու պատրաստութիւնները:

Որպէսզի չմնանք անորոշութիւններու մէջ, արձանագրենք քանի մը «զբաղում», որոնցմով իշխանաւորները հանրութեան ու ազգին, ներառեալ իրենց հետեւորդներո՛ւն ուշադրութիւնը կը հեռացնեն իսկական աղէտներէն:

  • Փոխադրամիջոցներու սակագիներու հարց կը նետւի հրապարակ, կը յաջորդեն բանավէճեր, բողոքի արտայայտութիւններ, սպառնալիքներ: Իշխանաւորները ի վերջոյ, առանց խոստովանելու պարտութիւնը՝ նահանջ կընեն: Սա կիզակէտի վերածւած է, որովհետեւ զանգւածները անհատապէս տուժող են:
  • Տուրքերու թղթածրարը կը խայթէ զանգւածները՝ տարբեր ոլորտի մահկանացուներ: Նմանապէս՝ բողոք, ցոյցեր, դժգոհութիւն: Իշխանաւորները տակաւին ետքայլի տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Հոս ալ ժողովուրդին մորթը վիրաւորելու վիճակ կայ եւ հրապարակը կը մնայ մոլեգնած:
  • Բարձրագոյն դատական խորհուրդին համար թեկնածու մը կը բերւի խորհրդարան, ընդդիմադիրները կը խայտառակեն զայն, կը հրապարակեն անոր ասելի ու անասելի մեղանչումները: Մարդը ի վերջոյ կը ստիպւի քաշել թեկնածութիւնը ու ընդդիմադիրները յաղթանակ մը ապահոված կըլլան: Մարդուս մտքին մէջ կասկած կը ծագի, թէ ա՞յդ ալ ժողովուրդը պահ մը զբաղ պահելու նպատակով սարքւած էր…
  • Քանի մը քաղաքի մէջ, քաղաքապետի այլօրինակ «ընտրութիւններ» կը սարքւին, ՔՊ-ականներ «կը սահին» ու կը նստին աթոռներու վրայ: Նահատակ ինկող Ժողովրդավարութիւնը կը սպասէ, որ յուշարձան մը ունենայ (իսկ ՔՊ-ապետը կը փորձէ Դաւոսի մէջ ժողովրդավարութիւն ծախել արեւմուտքցիներուն…): Այս բոլորին մէջ ալ կերեւին մարդիկ զբաղ պահելու դիտաւորութիւն ու նախաքայլեր… յառաջիկայ ընտրութիւններուն ճամբուն:
  • Իշխանախումբէն մէկը ձեռք կերկարէ Մոսկւայի, նշւելով, որ ցրտացած (չըսելու համար՝ թշնամանքի սեմին հասած) յարաբերութեանց բարեշրջում (որ յամենայնդէպս ի հեճուկս ուրիշներու չէ, պէտք չէ ըլլայ), ուրիշներ ձեռք կերկարեն Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան. «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը վաղը կրնայ «Սոտբիզ»-ի մէջ ալ աճուրդի դրւիլ, բայց… գնորդ չերեւիր: Եւրոպա վազելու տենդ մը կայ, երբ դիմացէն բացէ ի բաց կըսեն, որ մեր ետեւէն կարմիր խնձոր չեն ղրկած, հոն երկար վազքի հարց կայ, շատ մրցողներ կը շարունակեն տասնամեակներու վազքը… Սակայն ստորագրահաւաքներն ու խորհրդարանական քննարկումները զբաղումի լայն դաշտեր կը բանան:
  • Ապահովութեան պատասխանատու մը Ադրբեջանի նորագոյն կեցւածքներուն եւ զինումի փաստերուն դիմաց, մեղմի՜կ ահազանգ կը հնչեցնէ, իսկ անդին, խեղկատակ մը Ադրբեջանէն որեւէ սպառնալիք չի տեսներ, (ընթերցողս պիտի ըսէ՝ տեսնելու համար աչք եւ ուղեղ պէտք է ունենալ), կը յորդորէ չմտահոգւիլ. Չէ՞ որ նոյն յորդորները հնչած էին նաեւ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին…: Փաստօրէն, Ադրբեջան նոր հնչեղութիւն կու տայ ո՛չ միայն Սիւնիքը գրաւելու իր ծրագիրներուն, այլեւ Հայաստանը կամբաստանէ իբրեւ ցեղապաշտ՝ ֆաշիստ, կը պահանջէ որ Հայաստանի իշխանութիւնը դարմանէ վիճակը, այլապէս… ինք գործի պիտի անցնի (Բաքւի «հնարամիտները» ի չգոյէ ալ պատճառաբանութիւններ կրնան սարքել): Ստեղծւած նոր գլխապտոյտը մոռացութեան կը մատնէ նախկին պահանջները՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, «գաղթական» ազերիներու Հայաստան «վերադարձ», բանակի ապազինում, Մինսկի խումբի լուծարք, եւրոպացի դէտերու (դուք ըսէք՝ զբօսաշրջիկներուն) հեռացում: Հոս արդէն, հանրութիւնը զբաղ պահելու մէջ սերտ գործակցութիւն կերեւի Հայաստանի եւ Ադրբեջանի իշխանաւորներուն միջեւ, որովհետեւ Երեւանի «ինքնիշխանները», «ազգընտիրները» առանց ուշացումի կը կրկնեն եւ բանիւ ու գործով կիրականացնեն ազերիներուն պահանջերուն մեծ մասը, մինչեւ իսկ Ազգային Քայլերգն ու այլ հաստատութիւններ կայլափոխեն, մի՛շտ նոր զբաղում հասցնելու համար հանրութեան:

***

Մեծ ու փոքր փոթորիկներ ստեղծող, մանաւանդ ինքնահակասումի ճամբով մարդոց գլխապտոյտ «նւիրող» իշխանաւորները, անդին, յամառօրէն իրենց էշը յառաջ կը հրեն ու կը պատրաստւին հողային նոր զիջումներու: Ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Տաւուշի մէջ ամիսներ առաջ իրականացած՝ հողերու յանձնումէն ետք, «սահմանազատման» յաջորդ քայլերը շուտով ճամբայ պիտի ելլեն Վրաստանի սահմանէն Տաւուշ երկարող շրջանէն (իսկ մեր ի՞նչ հոգը, որ բրիտանացիք իրենց հպատակները կը զգուշացնեն հեռու մնալ Հայաստան-Ադրբեջան ամբողջ սահմանագիծէն): Ադրբեջանի նախընթաց յայտարարութիւններն ու պահանջները յիշողներ դարձեալ կահազանգեն, որ «սահմանազատում»-ի յաջորդ քայլերն ալ կրնան բռնել նախընթացներուն ճամբան, այսինքն՝ միայն Ադրբեջանը ըլլայ հող շահողը, գրաւո՛ղը, Հայաստանի ձեռքէն պիտի ելլեն պաշտպանական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ճամբաներ, բարձունքներ: Մոռցւած են Սիւնիքէն մինչեւ Ջերմուկ եւ այլուր՝ ազերիներուն գրաւած հողերը՝ ճամբաներ ու բարձունքներ: Երեւանի իշխանաւորներն ալ սահմանագծումի ծրագիրին մասին առհասարակ կը խօսին «ադրբեջաներէն», այսինքն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իբրեւ թէ ազերիական անուններով ծանօթ գիւղեր ու աւաններ յանձնելու Ադրբեջանի: Հապա Տիգրանաշէ՞նը (վաղը Ալիեւ կրնայ յոխորտալ, որ Մեծն Տիգրանն ալ ազերի էր…):

Զարմանալի է եւ մտահոգիչ, որ այս՝ նոր յանձնումներու թղթածրարը չի ստեղծեր ընդվզումի ու բողոքի ա՛յն փոթորիկները, որ, ինչպէս մատնացոյց ըրինք վերը՝ կը ծագին ապրուստին եւ մարդոց մորթին-գրպանին դիպչող հարւածներու հետեւանքով: Տաւուշէն՝ անցեալ Մայիսին ծայր առած Շարժումը կարծէք թէ ձմեռնաքունի մատնւած է. արդեօք նոր շարժում պիտի ըլլայ միայն ա՞յն ատեն, երբ հողային նոր կորուստներ իրականանան, «Գնա՛, մեռի՛ր, եկո՛ւր, սիրեմ» տրամաբանութեամբ…: Ճի՛շտ է, այդ շարժումին ղեկը չէ թողլքւած, բայց…

Ու հարց կը ծագի. հայուն համար, արդեօք սակագիներու եւ տուրքերու՝ այլապէս դիւրին դարմանելի տագնապները աւելի՞ ծանրակշիռ են, թէ՞ հայրենիքի հողերէն մաս առ մաս կորուստները, սկսելով Արցախէն (ու երբ ՀԱՅ կըսենք, ի մտի ունինք նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնւող հայեր, բոլորն ալ զոհ՝ նոյն գլխապտոյտին): Հայ պետական մարդոց, զինւորականներու եւ պարզ քաղաքայիններու Բաքու առեւանգումը, անոնց հանդէպ ստորնացնո՛ղ վարմունքը (դատավարութիւն, բանտային «նւէրներ»…) արդեօք պէտք չ՞է ստեղծեն նոյնքան, անգա՛մ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն, բողոքի ալիքներ: Այս բոլորը հրաւէր չե՞ն թօթափելու գլխապտոյտը եւ չիյնալու իշխանաւորներուն «զբաղեցնող» թակարդներուն մէջ. այս հարցումներով, ըսել չենք ուզեր, որ անոնք ուշադրութիւն չպահանջող բաներ են, սակայն երբ կայ ծանրագոյնը՝ անդառնալի կորուստներու վտանգը…

***

…Եւ անշուշտ կրնանք դարձեալ մտածել, թէ մեզի ի՞նչ՝ Գազան-Արեւմտեան ափը, Ուկրաինան, Լիբանանն ու այլ արիւնող շրջաններ:

Կրնանք տարւիլ այն պատրանքներով, որ Վաշինգտոնի մէջ հիմա կայ մեծ-մեծ ջարդող նախագահ մը, որ հրապարակ վերադարձած է (իսկ այդ ե՞րբ էր որ հրապարակէն դուրս ինկած էր) հին-նոր այլանդակ տրամադրութիւններով: Մեզի ի՞նչ, որ ան ալ կրկէս մտած է ամերիկեան կայսերական նոր հեռանկարներով, պատրաստ է աւելի՛ ուժեղ կանաչ լոյս տալու ջարդարար եւ բռնագրաւող Իսրայէլին, արդէն նախանշաններ ցոյց կու տայ, թէ այդքան ալ կառչած չէ Ուկրաինոյ պատերազմը «անմիջապէս դադրեցնելու» իր խոստումին, յետոյ, կուզէ խլել Փանաման, Գրինլէնդը, գրաւել Կանադան, ճիշտ այնպէս, ինչպէս… Էրդողան եւ Ալիեւ կը հետապնդեն թուրանական հեռանկարը: Հապա՞ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ հետ իր անձնական շահերու թղթածրարները, հապա՞ Իրանի հանդէպ թշնամանքը…

Հոն ալ, անշուշտ, կան այսպէս կոչւած՝ աշխարհը զբաղ պահող տարօրինակութիւններ, սակայն Եւրոպայէն մինչեւ Իրան ու Չինաստան, մինչեւ ամերիկեան ցամաքամաս՝ մտահոգութիւնները աւելի՛ ծանր կը կշռեն, քան դրական ակնկալիքները: Նախաճաշակներ տեսած ենք Թրամփի իշխանութեան առաջին քառամեակին, հիմա ան աւելի ամրացուցած է իշխանութեան երեք թեւերուն մէջ իր յենարանները, իր շուրջ խմբած է առաւելաբար նիւթը պաշտողներու խմբակներ եւ կը խոստանայ Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնել… ամբոխահաճ յայտարարութիւններով: Իսկ թէ «ստւեր»-ի մէջ իսկական գործողները որքա՞ն թոյլատու պիտի ըլլան անոր դրական (օրինակ այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ միայն երկու սեռ ճանաչում պիտի ունենան) եւ անհաճոյ խոստումներուն ու սպառնալիքներուն իրականացման՝ հոն կան բազմաթիւ «թաղւած շան գլուխներ»:

Հայաստանի եւ աշխարհի զանգւածներուն համար, էականը ժամանակաւոր զբաղումները չեն, պէտք չէ ըլլան, այլ՝ մնայուն հետք ձգող, անդառնալի կորուստներ «խոստացող» արհաւիրքներուն իրազեկումը, անոնց կանխարգիլման ուղղութեամբ գործե՛լը, նմաններու միջեւ գործակցութեան կամուրջներ ստեղծելը:

Related Articles

Back to top button