Քաղաքացիական իրաւունքի արժեւորումը
Անցեալ ուրբաթ Բաքւի մէջ սկսած խեղկատակ դատավարութիւնը պատանդ տարւած Արցախի քաղաքական եւ զինւորական ղեկավարութեան դէմ, ընթացքի մէջ կը գտնւի։ Ադրբեջանական լրատւական միջոցները առիթը չեն փախցներ ներքին հանրութեան եւ արտաքին աշխարհին ներկայացնելու այսպէս կոչւած «խոստովանութիւնները» անօրինական դատի տակ գտնւող անձերէն։ Ադրբեջանի բռնատիրական վարչակարգը շարք մը ծանր մեղադրանքներով կը փորձէ աշխարհի աչքին Արցախի ժողովուրդը ու անոր ղեկավարութիւնը ներկայացնել յանցաւոր «մարդկութեան դէմ կատարած յանցագործութիւններուն, ռազմական յանցագործութիւններուն, պատերազմական յարձակողականութեան, ցեղասպանութեան, բնակչութեան բռնի տեղահանման, հետապնդումներուն եւ ռազմական թալանին, որոնք Ադրբեջանի ու անոր ժողովուրդին դէմ կատարած է Հայաստանը եւ իր զինեալ ուժերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ստեղծւած այսպէս կոչւած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու անոր ապօրինի զինեալ խմբաւորումներուն» համար։
Բաքւի բռնատիրական վարչակարգի հետապնդումը ո՛չ թէ քանի մը քաղաքական անձեր դատապարտելու միտումին մէջ կամփոփւի, այլ իր ցեղասպանական դիմագիծն ու քաղաքականութիւնը քողարկելու մտադրութեամբ, հայ ժողովուրդը որպէս ցեղասպան եւ մարդկութեան դէմ ծանր ոճիրներ գործած ներկայացնելու ամբողջական ծրագիրին մաս կը կազմէ։
Յստակ է Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը, որ կը փորձէ միանգամընդմիշտ պատմութեան մոռացութեան գիրկը նետել Արցախի հարցը, անոր ժողովուրդի պատմական եւ իրաւական փաստերը, որուն առաջին փուլը առաջնորդեց մեր արծւաբոյնի ցեղային զտման, հայրենական հողէն տեղահանման եւ հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան համատարած ոչնչացման ու անհետացման։
Արդէն իսկ այս օրերուն ադրբեջանական լրատւական միջոցներուն կողմէ տարածւող շինծու տեղեկատւութեան հոսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ այդ երկրի բռնապետին նպատակները, երբ իբրեւ թէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Գեանջայի (Գանձակ) ռմբակոծման մասին դատարանը «բացայայտումներ» եւ «խոստովանութիւններ» կը կորզէ դատւող ղեկավարներէն, հիւսելու համար հայ ժողովուրդի «ցեղասպան» եւ «յարձակողապաշտ» ըլլալու մեղադրանքը։
Այս ամօթալի խեղկատակութեան դիմաց, ապշեցուցիչ կը դառնայ հայկական կողմի լռութիւնը։ Մինչ պիտի սպասւէր, որ Հայաստան իր պետական եւ դիւանագիտական մեքենան լարած պիտի պահէր դատավարութեան մեկնարկէն առաջ եւ անոր ընթացքին՝ միջազգային ատեաններուն եւ «քաղաքակրթւած» երկիրներուն մօտ քանդելու լռութեան եւ մեղսակցութեան պատը, հայրենի իշխանական հատւածը կը յամառի անբացատրելիօրէն լուռ մնալ կամ պարզապէս բաւարարւիլ իրադարձութիւնները դիտողի դերին մէջ։
Նոյն պահուն, դատավարութենէն առաջ Բաքւի բռնապետի ռազմաշունչ արտայայտութիւնները Հայաստանի հասցէին միայն խոր մտահոգութիւն կրնան ստեղծել, իսկ հայկական կողմէն ներկայացւած կարգ մը զիջումներ, որոնք կապւած են ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի լուծարման առաջարկին, կամ սահմանազատումը փութացնելու քայլերուն հետ, ցոյց կու տան, թէ խուճապ գոյութիւն ունի Երեւանի իշխանաւորներուն մօտ։ Նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան անդամագրութեան դիմումը տարածաշրջանային ներկայ վտանգաւոր իրադրութեան մէջ հեռանկարային երաշխիքներու հնարաւորութիւն չի կրնար տալ, ոչ ալ Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ կառավարութեան հետ ռազմավարական կանոնադրութեան ստորագրութիւնը կրնայ երաշխաւորել Ատլանտեանի այն կողմը նոր ստանձնած ղեկավարութեան որեւէ կապտում Կովկասեան աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներուն նկատմամբ։
Հայ քաղաքական միտքը հետեւողականօրէն կը մատնանշէ պետական քաղաքականութեան արմատական փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, դիմակայելու համար Ադրբեջանի սանձարձակ ծաւալապաշտութիւնը եւ վերջնագիրերով խօսելու սպառնալիքները։ Հրամայական կը դառնայ ազգային ռազմավարութեան որդեգրումը, որ դիւանագիտական եւ անվտանգային զօրաշարժի հնարաւոր միջոցներով, ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ պիտի համախմբէ հայութեան ուժերը եւ պիտի ձեւաւորէ միասնականութեամբ մարտահրաւէրները հասցէագրելու քաղաքական պահանջը։
Պահանջ, որուն ականջալուր ըլլալու կարողութենէն զրկւած կը շարունակէ մնալ հայրենի իշխանական հատւածը, անտեսելով նաեւ քաղաքական աշխարհին կողմէ հնչած ահազանգը եւ համախմբւածութեան կոչերը։
Պատմութեան անհեռանկար այս փուլը շրջանցելու համար՝ վերջին եւ վաւերական խօսքը հայրենի ժողովուրդի քաղաքացիական իրաւունքին մէջ կը գտնւի։
«Ազատ օր»