Սեղմւող թակարդներ
Թուրք-ազերիական նախագծումով ու պարտադրանքով, ու Հայաստանի իշխանաւորներուն գործակատարութեամբ, Հայաստանի սահմանները պտիկ-պտիկ կը նեղնան, իւրաքանչիւր մանր քայլափոխի՝ բանավէճը կը ստանայ թշնամիին հաշիւներուն համապատասխանող ընթացք, պատրաստուած թակարդին մէջ կ’իյնան բոլորը, ներառեալ՝ ընդդիմադիրները, սահմանագէտները, պատմագէտներն ու աշխարհագրակէտները:
Թակարդին նորագոյն օղակը, մի՛շտ սեղմուող օղակը, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԿՐՃԱՏՈՂ ՕՂԱԿԸ հիմա հրապարակի վրայ է. Տաւուշի շրջանէն չորս գիւղերու պատկանելիութեան հարցը՝ զանոնք անյապաղ Ատրպէյճանին յանձնելու փաշինեանական յանձնառութիւնը, «որպէսզի յարձակում տեղի չունենայ»: Յստակ է, չէ՞, որ ան դարձեալ գաղտնի համաձայնութիւն գոյացուցած է Ալիեւի հետ եւ հիմա կը փորձէ զայն «վաճառել» խաղաղութիւն սպասող ժողովուրդին): Մարդիկ մոռցած ու բանավէճէն դուրս ձգած են այն, որ Ատրպէյճան ու զայն դրդող Թուրքիան որեւէ ատեն նման պատճառաբանութիւններու չեն սպասած՝ յարձակումները իրականացնելու եւ հայութեան դարաւոր հայրենիքէն մեղ ու փոքր պատառներ խլելու համար:
***
Պահ մը հեռանանք պատմութենէն ու իրակա՛ն աշխարհագրութենէն, եւ տեսնենք, որ թակարդին նորագոյն «հատորը» ինչպէ՞ս կ’ընկալուի:
Փաշինեանի եւ խմբակիցներուն ձեռքը տուած են քարտէսներ եւ սահմանային գծանկարներ (որոնք կը ստեղծեն հազար ու մէկ հիմնաւորեալ մտավախութիւն), որոնք առանց այլեւայլի ազերիական շահերուն եւ անարդար պահանջներուն իրականացումը կը հետապնդեն, ու Երեւանի գործակատարները դարձած են այդ բոլորին սուտ վկաները: «Այս քանի մը գիւղերը Ատրպէյճանին պատկանած են այսինչ-այնինչ քարտէսով», կը փորձէ համոզել կառավարութեան (ան)գլուխը, ինչպէս որ աւելի քան տարի մը առաջ վճռեց, որ ամբողջ Արցախը մի՛շտ ալ Ատրպէյճանի պատկանած է (երբեմն նազ-տուզ ալ կ’ընէ, թէ «նախկիններն էին տուողը»): Եւ ահա, բանավէճը (այսինքն լարուած թակարդը) կը սկսի բանիլ: Հարց կը ծագի, թէ «սահմանագիծ»ը ո՞ր գիւղին քովէն կ’անցնի, ո՞ր տարածքները պէտք է ընդունիլ իբրեւ ազերիապատկան, ո՞րը՝ հայկական: Կը տեսնե՞նք, որ այս հարցը մենաշնորհն է հայկական քաղաքական բեմին, Ատրպէյճան իսկապէ՛ս որ չէ մտահոգուած նման «մանրուքներով», այլ կը հետապնդէ ամբողջ Հայաստանը կուլ տալու վաղեմի ծրագիրը, իսկ իր գործակատարները որդեգրած են ժողովուրդը «մասնավճառներով» համոզելու մարտավարութիւնը, որովհետեւ Ատրպէյճանի բոլոր ուզածները միանուագ յանձնելը շատ աւելի բացայայտ պիտի դարձնէ մեծ դաւն ու դաւակիցները:
Ըստ էութեան կը մոռցուի ԱՆՎԻՃԵԼԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, թէ վէճի սեղանին դրուած հողերը ԱՆԱՌԱՐԿԵԼԻՕՐԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՆ ԵՂԱԾ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՆ, սակարկութիւնները կը դառնան բացարձակապէս հայապատկան հողերու շուրջ, ինչպէս որ հայկական են Արցախն ու Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան: Կը փորձեն, կրկնենք՝ մեր իրաւատէր եւ արդարատենչ ժողովուրդին կոկորդն ի վար հրել թշնամիին համաթուրանական ծրագիրներուն պատառիկները, եւ իւրաքանչիւր պատառիկ կը հրամցնեն «նախորդ կորուստդ մոռցի՛ր»ի տրամաբանութեամբ: Երեւանի իշխանաւորները դարձած են թշնամիին ապրանքը վաճառողը, ինչպէս որ շուկան դարձած է թրքական արտադութեանց սպառման վայր: Ո՜վ կը յիշէ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, քանի մը ամիս պաշտօնապէս արգելք դրուեցաւ թրքական արտադրութեանց ներածման դէմ: Հիմա ներածուողը… նեղցո՛ղ թակարդներն են:
***
Բնականաբար հարց կը ծագի. ընդդիմադիրներն ու իսկական բանգէտները, հայրենիքին տիրութիւն ընել վճռողները ի՞նչ կրնան ընել, բացի… իյնալէ իրերայաջորդ թակարդներուն մէջ:
Պատասխանը յստակ է շատո՜նց: Օրակարգի, իսկակա՛ն ու հրատապ օրակարգի վերածել մեր իրաւունքներուն ամբողջական թղթածրարը, անոր շուրջ բոլորել ողջ ազգը, զայն պարտադրել իշխանաւորին, սկսելով անոր հեռացումէն եւ իշխանափոխութենէն, հասնելու համար այն բեմերը, ուր մեր իրաւունքներուն ճանաչումը կերտած է երկար պատմութիւն, ամրագրուած է փաստաթուղթերով եւ միջազգային որոշումներով: Սա կրկին ու կրկին հնչող մարտահրաւէր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան:
Որքա՛ն ուշանայ այս վճռական քայլը, այնքա՛ն պիտի բազմանան թակարդները, հողերու կորուստները, իսկ թակարդէն դուրս գալն ու վերականգմումը պիտի դառնան աւելի՛ դժուար: Այսօր, հարկադրաբար եւ բնականաբար Տաւուշն է ուշադրութեանց կեդրոնը, վաղը կարգը պիտի գայ Սիւնիքին ու սահմանային այլ շրջաններու: Մինչդեռ, պէտք է տեսնել – եւ ըստ այնմ գործե՛լ – որ այս մասնակի (ո՛չ արհամարհելի) շրջանները խորքին մէջ ուշադրութիւնները կը շեղեն ԲՈՒՆ ՀԱՐՑԷՆ, որն է Հայաստանի ու Արցախի ծանօթ սահմաններուն վերականգնումի պահանջը, եւ այդ՝ իբրեւ հիմնաքար՝ մեր միւս իրաւունքներուն իրականացման: Ո՛չ միայն պէտք չէ տարուիլ թակարդներով, այլ կոտրե՛լ զանոնք սարքող ու գործի դնող բոլոր ձեռքերը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
21 Մարտ 2024