Ակնարկ. Յետընտրական հրամայականներ
Միացեալ Նահագներու փոխնախագահ եւ արդէն նախագահական նախկին դեմոկրատական թեկնածուն նորընտիր նախագահին շնորհաւորելէ ետք քննարկած է իշխանութեան խաղաղ փոխանցման կարեւորութիւնը:
Իշխանութեան սահուն փոխանցում խոստացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու շուտով պաշտօնաթող նախագահը նորընտիրին:
Շեշտադրում կայ իշխանութեան խաղաղ եւ սահուն փոխանցման անհրաժեշտութեան վրայ: Առաջին հայեացքով այս առաջադրանքը մտածել կու տայ բեւեռացած հասարակութեան, բեւեռացած ընտրութեան եւ յետընտրական իրավիճակի մասին: Ընտրութիւնները չեն վիճարկւիր, չկան վերահաշւարկի պահանջներ, հետեւաբար սկզբունքով չկան առնւազն մրցակից ուժերու պատասխանատուներուն կողմէ իշխանութիւնը յանձնել-չյանձնելու երկւութիւն:
Սակայն երբ կը շեշտւի այս հրամայականը, կը նշանակէ, որ յետընտրական ենթահողը հանգիստ պահելու նախանձախնդրութիւն կայ:
Հետեւաբար՝ մտավախութիւն: Այս մտավախութիւնը կրնար աւելի խոր ըլլալ եւ առարկայական դրսեւորումներու տեղի տալ, եթէ արդիւնքները շրջւած ըլլային: Այս տեսութիւնը կը հիմնւի նախորդ ընտրութիւններէն ետք ստեղծւած իրավիճակի մտաբերումներով:
Յետընտրական հաւանական ցնցումներու, նոյնիսկ ներքաղաքացիական բախումներու հաւանականութիւնը տարբեր վերլուծական հրապարակումներու մէջ կարծարծւէր: Այս բոլորը մտածել կու տան, որ ամերիկեան քաղաքական դաշտը, երկկուսակցական դրութիւնը ընդհանրապէս բեւեռացած կը պահէ թէ՛ պետական համակարգը, թէ՛ ընտրական իւրաքանչիւր փուլը եւ թէ՛ հասարակութիւնը ընդհանրապէս:
Իշխանութեան փոխանցումը շուրջ երկուքուկէս ամսւան ժամանակահատւածի մասին է: Յունւարի կիսուն է, որ նորընտիր նախագահը կը ստանձնէ իշխանութիւնը, որ դեմոկրատականէն անցում կը կատարէ հանրապետականի: Ի դէպ, առընթեր նաեւ հանրապետականը մեծամասնութիւն կունենայ նաեւ օրէնսդիր երկպալատ հիմնարկներուն մէջ նախագահին ապահովելով յաւելեալ առաձգականութիւն: Մինչեւ փոխանցում ուրեմն ընդհանուր առումներով չեն ակնկալւիր ներքին-արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւններ: Գոյավիճակի շարունակութիւն:
Գոյավիճակի շարունակութիւնը ակնկալելի է նաեւ մեզի հետաքրքրող աշխարհագրական երկու միջավայրերուն մէջ եւս՝ Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Աւելի հեռակայ հայեացքով, կը շարունակւին Ուկրաինոյ յատկացւած ռազմական օժանդակութիւնները: Արծարծւող միտքերը, կանխատեսումնային վերլուծումները պարզացւած ձեւով այն են, որ Թրամփի կառավարութիւնը հետզհետէ կը դադրեցնէ Ուկրաինոյ տրւող օժանդակութիւնները, ինչ որ կը յանգեցնէ Մոսկւայի կողմէ թելադրւած պայմաններով զինադուլի: Այդ փուլը ինքնին կարելիութիւն կընձեռէ Ռուսիոյ վերադիրքաւորւելու Կովկասի մէջ, եթէ թրամփեան քաղաքականութիւնը այս անգամ Կովկասի մէջ կամ ընդհանրապէս թեթեւցնէ ռուսական գործօնի դուրս մղման իր արտաքին քաղաքականութեան թափը: Պաշտօնական Մոսկւայի յայտարարութիւններուն մէջ դէպի Թրամփ դրական ազդակներ առկայ էին:
Խաղաղութեան կողմնակից եւ ժողովուրդներուն տառապանքին վերջ տալու խոստումներ յայտարարած Թրամփը Միջին Արեւելքի պարագային երկւութեան առջեւ կը կանգնի: Իսրայէլի գործող վարչապետին հետ անձնական մօտիկութիւն ունեցող, Իսրայէլի շահերը գերադասող, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխած Թրամփի պատկերացումը, ժողովուրդներու տառապանքներուն վերջ տալու առումով, յստակ չէ:
Շրջադարձային փոփոխութիւններու մասին միանշանակ եւ բացարձակ հաստատումներ կատարելը քաղաքականօրէն կրնայ ընկալելի չըլլալ:
Սահուն, խաղաղ փոխանցումի պատգամները կրնայ ըլլալ միայն ներքին առումով չեն: Քննարկումներուն ընթացքին անպայման կը խօսւին արտաքին քաղաքականութիւնը եւս անցնցումնային շարունակելու ակնկալութիւններն ու կարելիութիւնները: Ահա այստեղ է, որ անհրաժեշտ կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու անվտանգային եւ պաշտպանական համակարգերուն քսանամեայ կտրւածքով մշակւած հայեցակարգերու ճիշտ ընթերցումը, ուր գծւած են աշխարհաքաղաքական ընդհանուր միտումներն ու բանաձեււած գործընթացներու ուղղութեամբ ամերիկեան պետութեան ընդհանուր փիլիսոփայութեան առանցքները:
«Ազդակ»