Դաշնակցական Բեմ

Թումանեանի «անխելք մարդը» վերակենդանացած

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Ով որ ականջ ունի՝ թող լսէ։

Ով որ աչք ունի՝ թող տեսնէ»

 

Արարատ Միրզոյեանի Անթալիա «առաքելութիւնը», 12 ապրիլին, փառաւո՜ր նոր պարտութիւն մը եւ ո՛չ աննախընթաց նահանջ մը արձանագրեց, միաժամանակ դժխեմ «բարենիշ» մը ապահովեց հայկական դիւանագիտութեան, անսահման «պատիւ» ապահովելով ՔՊ-ապետին ու անոր իշխանական համակարգին:

Երեւանէն հաղորդւած լուրերը քաղւածքներ ներկայացուցին Միրզոյեանի ու անոր ազերի պաշտօնակիցին՝ Ջէյհուն Բայրամովի միջեւ ծագած բանավէճէն, որ առերեւոյթ սուր էր, սակայն սուրը ո՛չ կոթ ունէր, ո՛չ շեղբ, ո՛չ իսկ… շուք:

Դիւանագէտներու ծանօթ համախմբումին բեմին վրայ, Բայրամով, առանց բառերը ծամծմելու ու մատները յարձակողական կերպով շարժելով՝ հասկցուցած է Միրզոյեանի, ու անոր ճամբով՝ «շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրենք, միայն թւականն ու վայրը պէտք է որոշենք» քարոզող վարչախումբին, որ առնւազն երկու նախապայման պէտք է իրականացւին, որպէսզի նման համաձայնութիւն կնքւի: Ան մասնաւորաբար շեշտած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխւի ու անկէ հանւին Ադրբեջանէն (լռելեայն կերպով՝ նաեւ Թուրքիոյ) հողային պահանջները, նմանապէս՝ պէտք է լուծարքի ենթարկւի Մինսկի խումբը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Արցախի հարցին արդար հետապնդման քաղաքական-դիւանագիտական՝ միջազգային վերջին խաղաքարտն ալ պէտք է խլւի հայկական կողմին ձեռքէն: Եթէ կան հայեր, որոնք իրենք զիրենք հասկնալու եւ տեսնելու կարողութենէ զրկած են, ահա առիթ մը, որ բանան աչք ու ականջ, եւ տեսնեն, թէ Ադրբեջան (եւ Թուրքիա) Ցեղասպանութեան 110-րդ տարեդարձի նախօրեակին ինչպիսի՛ նախապայմաններ կը դնեն Հայաստանի առջեւ (պահ մը մոռնանք Ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախեան պատերազմներ, բռնագրաւումներ ու հայաթափում «իրագործումները»):

Միրզոյեանի «յախո՜ւռն» հակաճառութիւնը, որ ցուցադրւեցաւ անոր անողնայար ու թուլամորթ, խեղճացածի պաշտպանողականով, կարելի է սեղմել հետեւեալ կէտերուն մէջ (կան այլ կէտեր ալ): Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Արցախի մասին պահանջ չկայ, հողային պահանջ չկայ (տեսա՞ք, արդէն մոռցե՜ր է որ Հայաստանէն ալ հողեր խլւած են), Հայաստան պատրաստ է լուծարքի ենթարկելու Մինսկի խմբակը, անմիջապէս որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրւի (պարոն «վարպետ» դիւանագէտ, այդ խումբը Հայաստան ինքնագլո՞ւխ կազմած էր, որ կը յաւակնի ինքնագլուխ լուծարքի ենթարկել): Աւելի՛ն, ըստ «հանճարե՜ղ» դիւանագէտին՝ Սահմանադրութեան մէջ անկախութեան վերաբերող բաժինը անկարեւոր դարձած է, շնորհիւ «փաշինեանական» սահմանադրական դատարանի անցեալ տարւան որոշումին, հոգ չէ, թէ հայութեան մեծամասնութիւնը միտքէն չանցըներ նման բան, բայց որո՞ւ հոգն է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ կարծիքի, չէ՞ որ «ազգընտիր-մանտադաւոր» են…: Ի դէպ, յիշեցում կատարւած է, որ Փաշինեան թուրքական կողմին արդէն խոստում տւած է Սահմանադրութիւնը փոխելու մասին, հետեւաբար, Միրզոյեանի մը սնանկ քարոզները ինքնաբերաբար ջուրը կիյնան: Ուշագրաւ եւ տեսնելու-լսելու արժանի այլ կէտ մըն ալ այն էր, որ Միրզոյեան այնքա՜ն տարւած ու հմայւած է «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ով (որ, ինչպէս ցոյց կու տան ազերիական նախապայմանները՝ տեսանելի հորիզոնէ անդին կը մնայ), ըրած է նորագոյն գիւտ մըն ալ (կամ նախկին մը կը գտնէ նոր բանաձեւում). «Ի՞նչ կարեւոր է որ ո՞վ որմէ որքան հող գրաւած է, ո՞վ միւսէն աւելի զոհ տւած է (թուրքական ակնոցով՝ զոհերուն մաս կը կազմեն Ցեղասպանութեան նահատակներն ալ), կարեւորը այն է, որ պէտք է (այդ բոլորը մէկդի նետենք եւ) յառաջ նայինք»: (Վա՜յ, պապա՜մ, վա՜յ, պիտի բացագանչէր հանգուցեալ մէկ բարեկամս):

Կարժէ՞ երկարել ցանկը Միրզոյեանի «յախուռն հակադարձութիւններուն», որոնք անգամ մը եւս կը յստակացնեն, որ Երեւանի իշխանութիւնը միայն նահանջի ճամբայ գիտէ, վաղը կրնայ ընթացք տալ Ադրբեջանի այս պահանջներուն եւս, ինչպէս որ ըրաւ Արցախը ադրբեջանապատկան հռչակելով: Եթէ մոռցողներ կան՝ թուրք կամ ազերի ներկայացուցիչ մը շուտով կրնայ անոնց ու բոլորիս յիշեցնել, որ կան ցաւցնող այլ պահանջներ, ինչպէս՝ հարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան վերադարձը, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, Հայաստանի այն հողամասերը, որոնք Ադրբեջան կը համարէ «Արեւմտեան Ադրբեջան» (Տիգրանաշէնէն սկսեալ մինչեւ սահմանամերձ «կղզեակներ» եւ անոնցմէ շա՜տ աւելին…), հայ «նախկիններ», որոնք դեր ունեցած են Արցախի եւ անոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ:

Չհաղորդւեցաւ, թէ արդեօք հայ պատանդներու եւ գերիներու հարցին ակնարկութիւն եղած է: Որեւէ խօսք չեղաւ նաեւ այն իմաստով, որ Հայաստան ապաստանած եւ հայրենազուրկ-տնազուրկ արցախցիներուն ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ՝ Հայաստան-Ադրբեջան «խաղաղութեան համաձայնութեան» ընդմէջէն: Անդին, Երեւանէն՝ իշխանախումբը խարանող այլ նորութիւն մը ծնաւ վերջերս. իրենց անձնական թուղթերը կորսնցուցած արցախցիներ՝ անձագիրի ու իրենց գոյութիւնը ապացուցող փաստաթուղթերու դիմում կատարած են Երեւանի պատկան վարչութեանց եւ իբրեւ պատասխան՝ անոնց տրւած են փաստաթուղթեր, որոնց մէջ իբրեւ ծննդավայր արձանագրւած է… Ադրբեջան (լսող-տեսնող կա՞յ): Հարցը վաղը կրնա՞յ հասնիլ հոն, որ Երեւանի «ապահովութեան սպասարկութիւնները» կրնան Ադրբեջան (կամ այլուր) արտաքսել «ադրբեջանածինները», կամ՝ Բաքու արդեօք պիտի պահանջէ՞, որ ՔՊ-ականները՝ իրենց կամակատար-գործակիցները, այդ մարդիկը յանձնեն իրեն, որպէսզի ստուգւի եւ ի հարկին դատական գործ յարուցւի, թէ արդեօք անոնցմէ քանի՞ն մասնակցած է Ադրբեջանի դէմ պայքարին…

ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՆԿՈՂ ԽՆՁՈՐՆԵՐ

Երեւանի իշխանութիւնն ու անոր կարեւոր ձեռքերէն մէկը եղող՝ դիւանագիտական համակարգը առիթ չի կորսնցներ, ցոյց տալու, որ անկարող է ու չկամ՝ հայութեան ի նպաստ դիրքորոշումները տեղի՛ն օգտագործելու: Արձանագրենք նորագոյնները, որոնք տեսանել եղան Անթալիայի բանակցութիւններուն օրն իսկ, զուգադիպեցան այս օրերուն:

  • Ամերիկացի խորհրդարանականներ պաշտօնական պահանջ ներկայացուցած են արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի, որպէսզի Ադրբեջան գտնւող հայ գերիներու հարցին բարւօք լուծման համար քայլ առնւի: Նախընթաց օրերուն, ամերիկեան իշխանութիւններուն դուռը բախող եղաւ, որպէսզի Ադրբեջանի զինական օժանդակութիւններու խոստումները վերատեսութեան ենթարկւին:
  • Ուրուգուէյի խորհրդարանը ձայնը միացուցած է հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջներուն (ցանկը երկար է, սկսելով Եւրոպայէն): Միաժամանակ, ու Ապրիլ 24-ի նախօրեակին՝ բանաձեւով մը յիշատակում կատարած է Ցեղասպանութեան՝ 110-րդ տարեդարձին առիթով (Ուրուգուէյը Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրն էր):
  • Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռուսոպուլոս յականէ-անւանէ «բռնատէր» որակած է Ալիեւը եւ պահանջած՝ որ եւրոխորհրդարանը չենթարկւի անոր քմայքներուն: (Նոր բանավէճ՝ Եւրոխորհրդարանին ու Ադրբեջանի միջեւ, իբրեւ յաւելւած՝ Ֆրանսայի եւ Ադրբեջանի հանդէպ առնւազն անբաւարարութիւն յայտող երկիրներու): Նախագահը զայրոյթ արտայայտած էր, որ Ալիեւ «ասֆալթին փռած» էր եւրոխորհրդարանը: Հոն ալ մէկը պէտք է յիշեցնէ, թէ նոյն խորհրդարանի անդամներ ազերիներուն հետ ինչպիսի՛ գայթակղալի գործակցութիւն ունեցած էին:
  • Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկւա պատրաստ է, 2020էն մինչեւ 2022 Ադրբեջանի եւ Հայաստանի հետ գոյացած եռակողմանի համաձայնութեան իրականացման նպաստելու (չմտնենք այն բանավէճին մէջ, թէ այդ համաձայնութիւններուն մէջ հայանպաստն ու ազերիանպաստը, յետոյ նաեւ ռուսական հեռանկարներուն յարմարողը ի՞նչ էին):

Եթէ քանի մը օր, քանի մը շաբաթ ետ դարձնենք մեր հեռադիտակները, կրնանք հայանպաստ այս պահանջներուն եւ կեցուծքներուն ցանկը երկարել: Այս բոլորը չեն իրականանար հայկական դիւանագիտական համակարգի ճիգերուն շնորհիւ, այլ մէկ կողմէ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին ու հայութեան պահանջներուն ի խնդիր գործող՝ այլ հայրենապաշտպան միաւորներու ջանքերով: Հիմա հարց կը ծագի, թէ արդեօք ՔՊ-ապետն ու անոր «ուսապարկերը» արդեօք հակա-արշաւի մը պիտի ձեռնարկե՞ն եւ թաքուն կամ բացայայտ դիմումներ պիտի ներկայացնե՞ն այլ երկիրներու, որպէսզի… չնեղացնեն Ադրբեջանը: Չէ՞ որ Հայաստանի մէջ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներու ջանքերը կաշխատին «ասֆալթին փռել» ամէն քայլափոխի, կը յայտարարեն, որ պէտք չէ առնել այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան զայրոյթ պատճառել իրենց… թուրք ու ազերի պոսերուն:

Մինչդեռ, Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս վարչամեքենային աշխատանքի դաշտերէն դուրս ինկած նման կեցւածքներ՝ արդար պահանջ, քննադատութիւն եւ խարանում՝ ձեւով մը «երկինքէն ինկող խնձոր»-ի դեր կրնան ունենալ, եթէ զանոնք տեսնողը փորձէ զանոնք շահող խաղաքարտի վերածել, դուրս գալով «ինչ որ կուզէք՝ կու տանք»ի (չ)տրամաբութենէն:

…Այս ողբերգական ու պարտւողական պատկերին, ի՞նչ պատկեր, անվերջանալի ժապաւէնին ի տես (վստահ ենք որ տեսնող-լսողները կը շատնան), ինչպէ՞ս չյիշել անմահ Թումանեանն ու իր «Անխելք մարդը» հեքիաթը: Ծանօթ է, չէ՞, թէ ինչպէս դժբախտին մէկը Աստուծոյ դուռը կը հասնի, որպէսզի բախտ խնդրէ, Աստուծոյ կը ներկայացնէ նաեւ ճամբուն վրայ իրեն պէս քանի մը դժբախտի՝ անօթի գայլին, առանձին աղջկան եւ գետափին չորցած ծառին խնդրանքները: Աստւած կընդառաջէ մարդուն եւ լուծումներ կը թելադրէ իր բախտակիցներուն համար: Մարդը, վերադարձի ճամբուն վրայ, Աստուծոյ թելադրանքներուն հետեւելով՝ ծառին կըսէ, որ պէտք է մէկը անոր արմատին քով թաղւած ոսկիները դուրս բերէ, որպէսզի արմատները ջուր ունենան, աղջկան կըսէ, որ պէտք է կեանքի ընկեր մը գտնէ, որպէսզի ունեցած տունն ու կալւածները միասնաբար տնօրինեն, իսկ երբ ծառն ու աղջիկը կը խնդրեն օգնել իրենց, մարդը կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ ինք պիտի երթայ Աստուծոյ տւած բախտին ետեւէն (հիմա այդ բախտին անունը՝ «խաղաղութեան համաձայնագիր» դնենք): Երբ կը հասնի անօթի գայլին եւ անոր կը պատմէ ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները, եւ Աստուծոյ՝ գայլին վերաբերող պատգամը, թէ՝ պէտք է անխելք մարդ մը գտնէ եւ զայն ուտէ, որպէսզի անօթի չմնայ, գայլը ուրախութեամբ փորը կը շփէ եւ վրան կը յարձակի ըսելով. «Քեզմէ անխելք մէկը ուրկէ՞ պիտի գտնեմ», եւ կուտէ «բախտի տիրացած» մարդը:

Հիմա, մեր ՔՊ-ականները լիովին մտած են Թումանեանի այս հերոսին մաշկին մէջ, իսկ Թուրքիա եւ Ադրբեջան կըսեն. «Ձեզմէ աւելի անխելք՝ ուրկէ՞ պիտի իյնայ մեր ձեռքը», եւ պատառ-պատառ կուտեն Արցախն ու Հայաստանը (ի վերջոյ կարգը կրնայ գալ նաեւ ՔՊ-ականներուն, ինչպէս որ եղաւ ճակատագիրը Ուկրանոնյ Զելենսկիին):

Related Articles

Back to top button