Դաշնակցական Բեմ

Քաղաքական անորոշութիւն եւ Մակրոնականութեան մայրամուտ՝ Ֆրանսայի վերջին ընտրութիւններուն լոյսին տակ

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

 

Վերջին 65 տարիներուն, զօր. Շառլ Դը Գոլով հաստատւած 5-րդ Հանրապետութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այսքան անորոշ վիճակ կը պարզէ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտը. աննախընթաց երեւոյթ մը, որուն հանգուցալուծումը բաւական բարդ կը թւի:

Ի՞նչ տեղի ունեցաւ եւ ինչո՞ւ:

Յունիսի 9-ի Եւրոպական խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Ֆրանսայի ծայրայեղ աջ կուսակցութեան յաղթանակին որպէս հակազդեցութիւն, նախագահ Էմմանուէլ Մակրոն լուծարեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովը եւ նշանակեց արտահերթ ընտրութիւններ: Մակրոնին այս որոշումը հաշտ աչքով չդիտւեցաւ քաղաքական շրջանակներուն կողմէ, ներառեալ՝ իշխանական իր շրջանակին, որոնք համոզիչ հորիզոնական կապ չգտան եւրոպական ընտրութեանց եւ ֆրանսական ընտրութիւններուն միջեւ: Մակրոն նոյնիսկ չէր խորհրդակցած իր վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ, որոնք լուծարման որոշումը իմացած էին լրատւամիջոցներէն … Ֆրանսական մամուլը եւ վերլուծաբաններ Մակրոնին քայլը նկատեցին հապճեպ, անխոհեմ եւ վերագրեցին անոր գոռոզ նկարագիրին:

«Ծայրայեղ աջին նկատմամբ անձնական իր ահռելի անհանդուրժողութիւնը զայն մղեց այս չհաշւարկւած քայլին», նկատել տւին շատեր: Բայց որոշումը տրւած էր, եւ ետդարձ չկար: Ֆրանսան նախագահական համակարգ է առաւելաբար, եւ նախագահին կը պատկանի վերջին խօսքը: Ու տեղի ունեցան արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքը եղաւ շատ աւելի ժխտական Մակրոնին համար, որ կորսնցուց իր ունեցած մեծամասնութիւնը՝ նահանջելով երկրորդ դիրք՝ միայն 168 աթոռով, 577 աթոռ հաշւող Ազգային ժողովին մէջ, մինչ անսպասելիօրէն առաջին դիրքը գրաւեց ձախակողմեան միաւորումը 193 աթոռով, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց ծայրայեղ աջը՝ 143 աթոռով: Այլ խօսքով, իշխանական խմբակցութեան աթոռները երեսուն տոկոսով պակսեցան, իսկ ձախը եւ ծայրայեղ աջը գրեթէ կրկնապատկեցին իրենց թիւը Ազգային ժողովէն ներս: Չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին աջ հանրապետականները (46 աթոռ) եւ այլազան/կենտրոն աջը (20 աթոռ): Այժմ ոչ մէկը ունի բացարձակ մեծամասնութիւն (289 աթոռ պէտք է ունենալ) եւ պատկերը խայտաբղէտ է: Մակրոնին հաշւարկը փաստօրէն լրիւ սխալ դուրս եկաւ եւ անոր թիրախը՝ ծայրայեղ աջը, փոխանակ տկարանալու՝ առաւել ուժեղացաւ … Բնականաբար կառավարութեան կազմութիւնը կը բարդանայ այս խառնիճաղանճին մէջ, Մակրոն լուրջ դժուարութիւն ունի վարչապետ նշանակելու եւ կառավարութիւն կազմելու: Առաջին դիրքը գրաւած ձախակողմեան միաւորումը (ծայրայեղ ձախ, ընկերվարական, կանաչներ, համայնավար) բնականաբար եւ իրաւամբ կը պահանջէ վարչապետի պաշտօնը, Մակրոն համաձայն չէ եւ կորոնէ կարկտան այլ ելք մը, բան մը, որ սակայն շատ հաւանաբար անընդունելի պիտի ըլլայ ընդդիմադիր ճակատին՝ իրարու հակառակորդ ձախակողմեան միաւորումին եւ ծայրայեղ աջին կողմէ: Մակրոն յայտարարեց կառավարութեան կազմութեան գործընթացը սկսիլ Փարիզ տեղի ունեցող Օլիմպիական խաղերէն ետք, կիրքերը հանդարտեցնելու կոչով …

Վերամուտը փաստօրէն բարդ պիտի ըլլայ ֆրանսական քաղաքական դաշտին համար, իսկ Մակրոն դժւար կացութեան մէջ է եւ ստեղծւած այս անորոշ իրավիճակին պատասխանատուն ինքն է: Ըստ սահմանադրութեան, ան մինչեւ մէկ տարի իրաւունք չունի որեւէ այլ միջամտութեան, հետեւաբար յառաջիկայ մէկ տարին պիտի ըլլայ դժւար տարի մը ֆրանսացի ժողովուրդին համար, որ ահաւոր դժգոհ է՝ երկրէն ներս տիրող համատարած անգործութենէն, գնողունակութեան (pouvoir d՛achat) տկարացումէն, սղաճէն, անապահովութենէն, ապօրինի գաղթականներու հոսքէն, ընկերային ապահովութեան համակարգի թուլացումէն, եւ կրնայ բողոքի տարբեր միջոցներով մեծ տարողութեամբ փողոց դուրս գալ: Եւ արդէն այս բոլոր պատճառներով է, որ ընդդիմութիւնը, յատկապէս՝ ազգայնական ծայրայեղ աջը, աճ արձանագրեց եւ ժողովրդականութեան զգալի վերելք ունեցաւ՝ ամբոխավարական իր ընտրարշաւի կիզակէտը դարձնելով այս կէտերը եւ խոստանալով իշխանութեան գալու պարագային առաջին հերթին կենտրոնանալ անոնց վրայ ու հարթել զանոնք …

Մակրոնականութեան քաղաքական մայրամուտը սկսած է: Գաղափարական անդիմագիծ պատկերով տասնամեակ մը իշխած շարժումը սկսած է պարպւիլ իր հեղինակութենէն: Ֆինանսական բարձրագոյն շրջանակներու իբրեւ ներկայացուցիչ եւ անոնց առաւելագոյն նեցուկով իշխանութեան հասած Մակրոնականութիւնը տեղի պիտի տայ ամբողջ տասնամեակներ աւանդականօրէն իշխած հակադիր երկու հոսանքներուն՝ ձախին եւ աջին դիմաց, որոնք երկուքն ալ գաղափարախօսական իրենց սեփական դիմագիծը ունին եւ ամուր արմատներ ունին երկրին ու ժողովուրդին մէջ:

Կայ նաեւ համակեցութեան (cohabitation) այլընտրանքը, որ սահմանադրութեան համաձայն, երբ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կը շահին ընդդիմադիրները՝ նախագահական իշխանական խմբակցութեան դէմ, նախագահը կը դիմէ համակեցութեան, որուն նախընթացը ունի երկիրը: 5-րդ Հանրապետութեան մէջ երեք անգամ տեղի ունեցած է համակեցութիւն՝ 1986-ին (Միթերան-Շիրաք), 1993-ին (Միթերան-Պալատիւր) եւ 1997-ին (Շիրաք-Ժոսփեն): Փորձը ցոյց տւած է սակայն, որ նման պարագաներու իշխելը հեզասահ եղած չէ եւ յաճախ եղած է խնդրայարոյց՝ նախագահի եւ վարչապետի միջեւ գաղափարական եւ աշխատանքային փլաթֆորմի խոր տարակարծութիւններու պատճառով:

Հուսկ, ուղիղ ամիս մը անցած է արդէն ընտրութիւններէն, եւ երկիրը դեռ չունի նոր կառավարութիւն, կողմերուն միջեւ լարւած մթնոլորտը առկայ է, երկխօսութեան բացակայութիւնը մտահոգիչ է: Պատասխանատւութեան ամբողջ բեռը կիյնայ նախագահի ուսերուն՝ երկիրը դուրս բերելու իր իսկ ձեռքով ստեղծած բաւական բարդ իրավիճակէն:

Related Articles

Back to top button