Սիրիական տագնապը եւ մենք
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Լիբանանեան ճակատին վրայ հազիւ հաստատւած փխրուն զինադադարը, փոթորկեցաւ սիրիականը: Տասնեակ մը տարիներէ ի վեր, Ասթանային մէջ գոյացած ժամանակաւոր զինադադար մը կրցած էր տարօրինակ խաղաղութեան մը պատրանքը ստեղծել: Սիրիական պետական ղեկավարութեան եւ իր բանակին կողքին, Սիրիոյ մէջ կը գոյատեւեն բազմաթիւ ուժեր. ահաբեկչական որակաւորումով զինեալ խմբաւորումներ, որոնք կը վայելեն դրացի Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը, քրտական զինեալ խումբեր, որոնք կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը, «Հեզբօլլահ»-ի ջոկատներ, իրանական ուժեր, ռուսական օդանաւային խարիսխ մը, թուրքական բանակ եւ ամերիկեան բանակ: Այս երկու վերջինները հիւսիսային Սիրիոյ մէջ կը գրաւեն իրարու կից երկու հողամասեր: Սիրիական պետութիւնը կիշխէ երկրին 65 առ հարիւրին վրայ, Թուրքիան եւ թուրքամէտ ուժերը` 25 առ հարիւրին վրայ, ամերիկացիները` 10 առ հարիւրին վրայ: Ռուսերը եւ «Հեզբօլլահ»-ն կօժանդակեն սիրիական օրինական բանակին եւ կարելի կը դարձնեն երկրի շուրջ երկու երրորդին վրայ օրինական պետութեան գոյատեւումը: Գոյութիւն ունեցող բոլոր ուժերը կը վստահեցնեն, որ կուզեն պահպանել Սիրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, բնականաբար ամբողջը իր իշխանութեան ենթարկելու միջոցով:
«Դամասկոսի ազատագրութեան խորհուրդ» (նախկին Նուսրա ճակատը), օժանդակութեամբ «Սիրիական ժողովրդավարական ուժերուն» յաջողեցաւ կայծակնային արագութեամբ գրաւել Հալէպի նահանգին մեծ մասը, ներառեալ Հալէպ քաղաքը: Սիրիական բանակը գրեթէ առանց մարտեր մղելու նահանջեց եւ Սիրիոյ տնտեսական կենտրոնը հանդիսացող շրջանը յանձնեց զինեալ ահաբեկիչներուն: Այս շրջանը արդէն անգամ մը գրաււած էր նոյն զինեալներուն կողմէ, ապա ազատագրւած սուրիական բանակին կողմէ: Այժմ մարտերը կը շարունակւին Սիրիոյ հիւսիսարեւմտեան գօտիին մէջ. սիրիական բանակին կօժանդակեն աշխարհազօրայիններ եւ ռուսերը` իրենց օդային ռմբակոծումներով:
Տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կը կատարւին պատահածին ու պատահողին մասին: Յարձակումը նախաձեռնողները թուրքամէտ ուժեր են, սակայն Թուրքիա կը յայտարարէ, որ ինք տեղեակ չէ եղած յարձակումէն: Ռուսիա յայտնապէս տեղեակ եղած է պատահելիքին մասին, բայց ոչ մէկ քայլ ձեռնարկած է կանխելու համար յարձակումը: Դժւար է, ճշմարիտ տեղեկատւութեան բացակայութեան, վերլուծում կատարել, Ասթանայի համաձայնութեան խախտումին պատճառը հասկնալ, Սիրիոյ մէջ գտնւող բազմաթիւ ուժերուն հեռակայ նպատակները իմանալ ու նախատեսութիւններ կատարել: Այս պահուն, անորոշութեան տիրապետումը գալիքին նկատմամբ վախեր կը սնուցանէ եւ սպաննիչ սպասում կը թելադրէ:
Բնականաբար մեր մտահոգութեան գլխաւոր, նաեւ եսակենտրոն, նիւթը Սիրիոյ հայկական գաղութն է: 1960-ական թւականներէն սկսեալ, այս գաղութը յաջորդական տագնապներ դիմագրաւեց, ցնցումներ ու կորուստներ ունեցաւ, նօսրացաւ: Իւրաքանչիւր տագնապէ ետք, համայնքը վերակազմակերպւեցաւ եւ պահպանեց իր ազգային կառոյցները: Նոյնիսկ փոքր ուժերով հանրային կեանքին կենդանութիւն տւաւ եւ մնաց` սփիւռքեան իրականութեան յարափոփոխ պայմաններուն մէջ` հայութեամբ եւ Հայաստանով բաբախող կարեւորագոյն կենտրոններէն մէկը: Այժմ, կրկին տագնապ է:
Մերձաւոր Արեւելքի հայաստանամերձ գաղութները ենթակայ եղան ու կը շարունակեն ըլլալ քաղաքական անապահով պայմաններու, որոնք ստեղծւած անորոշութիւններուն հետ կը բերեն տնտեսական տագնապ, ֆիզիքական վտանգ, ապագայ տեսլականի բացակայութիւն: Միւս կողմէ, սակայն, այս գաղութները իրենց ստեղծած ազգային կառոյցներով ամբողջ սփիւռքին հայթայթեցին մտաւորական եւ կազմակերպական մարդուժ: Հիմա թէեւ նսեմացած են, սակայն ունին բաւարար ներուժ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ վերականգնելու եւ վերաշխուժանալու:
Մերձաւորարեւելեան գաղութներու ու անոնց հնագոյնին` սիրիահայութեան պահպանումը հայութեան ու Հայաստանի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունին: Խաղաղութեան որոնումը, ի նպաստ խաղաղութեան ու անվտանգութեան դիրքորոշումը, ի հարկին օժանդակութիւնը խաղաղութիւն ցանկացող ուժերուն, մեզի` հայերուս համար կենսական կարեւորութիւն ունին:
Մինչեւ խաղաղութեան հաստատումը աշխատինք պահպանել մեր ունեցածը, սկսած մեր թւահամարէն մինչեւ ազգային կառոյցները: Այժմ սիրիահայութիւնն է տագնապահար դարձած: Զօրավիգ կանգնինք իրենց, օժանդակենք գործող մարմիններուն, մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ ձեռք մեկնենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Սրտագին ողջոյն` սուրիահայութեան: