Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հակառակ ազգովին կրած ծանր հարուածին, մենք իրաւունք չունինք ընկրկելու, յուսալքուելու. պայքարը շարունակուելու է»

Բերձորի միջանցքին մէջ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ երէկ ձերբակալուած է եւ Պաքու տեղափոխուած բարերար եւ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը ։ Կալանաւորուած է նաեւ Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը։ Անընդունելի մեղադրանքներով կալանաւորելու այս որոշումը ըստ ամենայնի հեռահար նպատակներ ունի եւ Ատրպէյճանի բռնապետութեան հերթական աղաղակող ապօրինութիւն է։

Մեր պահանջն է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ու միջազգային հանրութիւնը առանց յապաղելու գործադրեն իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր միջոցները ապահովելու համար Արցախի բոլոր կալանաւորեալներու ազատ արձակուիլը։ Մենք ալ մեր կարգին պիտի ընենք առաւելագոյն կարելին այս ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ աշխատինք ապահովելու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, տարբեր երկիրներու պետական, քաղաքական գործիչներու եւ հեղինակաւոր անհատներու ճնշումը Ադրբեջանի վրայ։

Արցախի ղեկավարներ եւ հայրենիքի պաշտպան ազատամարտիկներ առեւանգելը եւ կեղծ մեղադրանքներով կալանաւորելը Ատրպէյճանական յանցաւոր գործելաոճ է, որ չի կրնար անարձագանք մնալ եւ պետք է արժանանայ կտրուկ հակազդեցութեան։

Հակառակ ազգովին կրած ծանր հարուածին, մենք իրաւունք չունինք ընկրկելու, յուսալքուելու. պայքարը շարունակուելու է։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ

Երեւան
28-09-2023

Related Articles

Back to top button