Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերջին օրերուն, Սիրիոյ ու անոր յատկապէս հիւսիսային գօտիին մէջ – Հալէպի շուրջ – պայթած զարգացումները դարձան լուսարձակներու կենտրոն, լուսանցքի վրայ նետեցին՝ Միջին Արեւելքի տագնապի դաշտին մէջ՝ Գազան ու Լիբանանը, նաեւ յարակից դաշտեր: Քանի մը օրւան մէջ, այսպէս կոչւած՝ «ընդդիմադիր ուժեր» տարածուն յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ… Թուրքիոյ դրօշը բարձրացուցին Հալէպի բերդին ու հրապարակներու վրայ, գրաւեցին օդակայան ու պետական հաստատութիւններ (գրաւող ուժերուն հաստատած պատկերասփիւռի կայանը իր հաղորդումները կը սկսի Էրդողանի եւ գործակիցներու յայտարարութիւններով):
Նորութիւն չէ, որ յառաջացող «ընդդիմադիր ուժեր»-ը մէկ մասնիկն են ահաբեկչական այն խմբաւորումներուն, որոնք կը վայելեն Թուրքիոյ զինական եւ այլ աջակցութիւնները եւ հովանաւորութիւնը, թէեւ հիմա բեմին վրայ կը ներկայացւի տարբեր բեմադրութիւն. Հալէպը գրաւողները կը ներկայանան հանդուրժողականի պատմուճանով, կը խոստանան բարիք բաշխել՝ երկար ատենէ ի վեր Սիրիոյ տնտեսական եւ քաղաքական պաշարումին հետեւանքով ապրուստի անշնչելի կացութեան մատնւած քաղաքացիներուն (եւ հաւատացողներ ալ կը գտնեն), իսկ անդին, Թուրքիոյ պետական մարդիկը վերջնականապէս վար առած են դիմակները եւ ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Հալէպը Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած է, թուրքերը հիմա իրենց պատմական քաղաքը կը վերադառնան (ինչպէս որ Ալիեւի Ադրբեջանն ալ կը պատրաստւի ազերիապատկան «Արեւմտեան Ադրբեջան» վերադառնալու). արդէն զրոյցներ ու մեկնաբանութիւններ շրջան կընեն, թէ թուրքերը «ընդդիմադիրներուն» ձեռքով իրենց դրօշին տակ առած գօտիին մէջ շուտով պիտի ստեղծեն այն իրավիճակը, որ տարիներէ ի վեր ի զօրու է Թուրքիոյ հետ Սիրիոյ սահմանային գօտիներուն մէջ, որոնք կը գտնւին թուրքական իրողական գրաւման տակ եւ ուր «թրքացումը» յառաջ տարւած է քայլ առ քայլ, կրթական, դրամական եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Պաշտօնական Թուրքիան կը պահպանէ իր դիմակը. Անկարա կը խօսի ահաբեկիչները չհանդուրժելու ոճով, բոլորովին վար չառներ Սիրիոյ երկարած՝ գործակցութեան իր ձեռքը, քաղաքականութիւն-բանակցութիւն կը խաղայ, ընդունելով իրանցի պատւիրակներ: Անդին, Թուրքիոյ իսկական «պոս»-ը՝ Վաշինգտոն, կը փորձէ աշխարհին հաւատացնել, թէ ինք աղերս չունի այս զարգացումներուն հետ (եւ աշխարհն ալ պէտք է կլլէ թէ ՆԱՏՕ-ի անդամ Թուրքիան եւս կապ չունի զարգացումներուն հետ):
Բացորոշ երեւցող իրականութիւններուն շարքը երկար է, որեւէ շփոթի կամ կասկածի տեղ չեն ձգեր: Լրատու աղբիւները ժամ առ ժամ նորութիւններ կը հաղորդեն Հալէպի եւ ընդհանրապէս հիւսիս-արեւմտեան Սիրիոյ մասին. հոն կան տեղեկութիւններ, թէ սիրիական բանակն ու Սիրիոյ դաշնակից-բարեկամ Ռուսիոյ օդուժը հակայարձակողականի անցած են եւ վճռած՝ նահանջի մատնել «ընդդիմադիրներուն» յառաջխաղացքը: Իրան եւս բացայայտած է Սիրիոյ կողքին մնալու իր դիրքորոշումը, եւ Իրաքէն՝ իր աջակցութիւնը վայելող ուժեր կը հասցնէ օժանդակութին սուրիական բանակին:
Թուրքիա, գործածելով իր միւս դիմակը, «բնական» կը նկատէ, որ «սիրիացի ընդիմադիրներ» նման շարժումի կը դիմեն, որովհետեւ Դամասկոսի իշխանութիւնները չեն ընդառաջած անոնց պահանջներուն: Արեւմուտքի քարոզչամեքենան կարձագանգէ թրքական այս «տեսութիւններուն» եւ չի մոռնար «մենատիրական-բռնատիրական» որակումներով խօսիլ Դամասկոսի մասին: Անկախ անկէ, թէ որեւէ իշխանութիւնը բացարձակ անթերիութեամբ չի կրնար հպարտանալ, քարզոչական այս արշաւները այլապէս կը բացայայտեն ահաւոր կեղծաւորութիւն: Իսկ այդ ե՞րբ էր, որ Էրդողանի եւ Ալիեւի իշխանութիւնները բռնատիրական չէին, այդ ե՞րբ էր, որ Սաուդական Արաբիա ու դրացիներ (ըստ Արեւմուտքի կամայականներուն) «միապետական բռնատիրութիւն» չէին եւ ահա, եւրոպացի ժողովրդավար դրօշակիրներ իրարու հետ մրցումի ելած եւ քարիւղով հարուստ երկիրը այցելելու…
ՔԻՉ ՄԸ ԼԱՅՆ ՕՂԱԿՆԵՐ
Եթէ պահ մը նորագոյն դէպքերը դիտենք ժամանակի եւ աշխարհագրական տարածքի աւելի լայն օղակի մը մէջ, աւելի դիւրին կըլլայ տեսնել, թէ «սիրիացի ընդդիմադիրները» ուրկէ՞ «ներշնչում» առին, նկատի ունենալով, որ Թուրքիան միայն նեղ օղակն է կացութիւնը դիտելու մէջ:
Բնականաբար, կրկնենք, առաջին հերթին պէտք է աչքի առջեւ ունենալ այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա մէկ անդամն է ՆԱՏՕ-ին, այլ խօսքով, ըստ կարիքի, պատրաստ է դառնալու անոր ծրագիրներն ու դաւերը գործադրող մէկ ձեռքը, միաժամանակ իր շահերն ու հաշիւները ներդաշնակելով ՆԱՏՕ-ին եւ անոր գործակիցներուն հետ: Նոյն մօտեցումով, Իսրայէլը թէեւ ՆԱՏՕ-ի անդամ չէ, սակայն անոր ամենէն սերտ լծակիցն է, անդամի հանգամանքէն աւելի՛ ներգործօն դեր ունի անոր կողքին: Այլ խօսքով, Թուրքիան եւ Իսրայէլը կը հանդիսանան Արեւմուտքի գլխաւոր «ոտքը տեղերը» շրջանին մէջ: Այս իրականութիւնը երկար բացատրութեան չի կարօտիր: Այս մօտեցումով ալ, պէտք է կոյր ու տխամար ըլլալ, չտեսնելու որ Թուրքիա մէկ սերտ գործակիցն է Իսրայէլի, ի՛նչ ալ որ ըլլան անոր յայտարարութիւնները, պաղեստինցիներուն կամ ընդհանրապէս արաբներուն կողքին ըլլալու ի՛նչ դիմակով ալ ներկայանայ բեմին յառաջամասին: (Չմոռնանք նաեւ, որ Իսրայէլն ալ սերտ գործակիցն է Թուրքիոյ «ձագուկ»ին՝ Ադրբեջանի): Յստակ է, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ «նախաձեռնութիւններուն» միջեւ բացայայտ գործակցութիւն, համադրում եւ… նոյն «վերնատուներէն» եկած հրահանգներու համապատասխան գործել կայ: Գազայի եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան չաւարտող ոճիրները՝ ռմբակոծումներ, ջարդեր ու քանդում՝ երբեմն պատճառ կըլլան, որ Սիրիոյ, Իրանի եւ Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու ոճիրները նոյնքան ուշագրաւ չդառնան (անշուշտ որ արեւմտեան քարոզչական մեքենան մեծ դեր ունի «քողարկման» մէջ), սակայն գոնէ այս փուլին, անծածկելի է այն, որ «Հեզբօլլահ»-ին հետ Իսրայէլի այսպէս կոչւած «զինադուլը» կիսատ-պռատ գործադրութեան դրւեցաւ ճիշտ այն պահուն, երբ թուրքական հովանին վայելող «սիրիացի ընդդիմադիրները» արդէն պատրաստած էին դէպի Հալէպ եւ շրջակայքը իրենց արշաւանքը: Եւ այս իրականութիւնը մատնացոյց ընող բոլոր դէտերն ու մեկնաբանները երկար-բարակ փաստեր շարելու պէտք չունին: Հալէպի ճակատին ջերմացումը նաեւ առիթ է, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները՝ զինադուլի բազում խախտումները նետւին լուսանցքի վրայ, թմբուկները կը սկսին հնչել միայն այն ատեն, երբ «Հեզբօլլահ» կը հակադարձէ ռմբակոծումներուն եւ կրակոցներուն, եւ անմիջապէս… կը մեղադրւի իբրեւ զինադուլ խախտող (Ադրբեջանն ալ նոյն խաղը կը խաղայ՝ Հայաստանը մեղադրելով իբրեւ սահմանային յարձակումներ նախաձեռնող):
Մեկնաբաններու եւ դիտողներու ուշադրութենէն չէ վրիպած, որ Սիրիոյ ճակատին վերաջերմացումը (եւ, կրկնենք, միշտ ի նպաստ Թուրքիոյ եւ յենարաններու շահերուն) տեղի կունենայ Ուկրաինոյ ռազմաճակատներուն նորագոյն զարգացումներուն զուգընթաց. հոն ալ վերջին շաբաթներուն ռուսական յառաջխաղացքի նժարը սկսած է ծանրանալ, Արեւմուտքը կը շարունակէ մեծագումար զէնքեր հասցնել Զելենսկիի, սակայն նաեւ սկսած է անոր ականջին հասցնել, թէ ՆԱՏՕ-ի անդամակցութեան անոր երազները առայժմ իրականանալի չեն: Մէկ խօսքով, Արեւմուտքը առանց բառերը գործածելու կըսէ ուկրաինացիներուն: Մենք ձեզի շատ զէնք-զինամթերք կու տանք, նաեւ այլ տեսակի օգնութիւններ կը տրամադրենք, միայն թէ դուք շարունակեցէք կռւիլ ռուսերուն դէմ. կրնաք նաեւ հեռահաս հրթիռներով հարւածել ռուսական ներքին թիրախներ, իսկ եթէ այդ բոլոր պատճառ պիտի ըլլան, որ դուք նոր զոհեր տաք, քանդումներ կրէք, նահանջներ արձանագրէք, մինչեւ իսկ եթէ ռուսական նորահնար հրթիռներու գործածման առիթ տաք, այդ բոլորը մեզի համար երկրորդական են: Պուտինի՝ կորիզային զէնք գործածելու սպառնալիքն ալ անմիջականօրէն կը դիտենք իբրեւ ձեզի՝ Ուկրաինիոյ ուղղւած զգուշացում…
ԲԱԶՄԱՏԱԽՏԱԿ ՃԱՏՐԱԿ
Դէպքերու յիշեալ ընթացքին հետեւողը դժւարութիւն չունենար նաեւ տեսնելու, որ ՄԵԾ ԽԱՂ-ը կը խաղցւի ճատրակի մրցումի մը «տրամաբանութեամբ», մրցում, որ պարզապէս հանգրւաններ ունի, սակայն հակառակորդները պատրաստ չէ վերջակէտ մը դնելու խաղին, հոգ չէ թէ քանի՞ զինւոր զոհ կու տան, քանի՞ բերդ կամ իշխան կը կորսնցնեն:
Խորքին մէջ, ՄԵԾ ԽԱՂ-ը չի խաղցւիր դասական ճատրակի ոճով, ուր հակառակորդները ունին մէկ տախտակ եւ սեւ ու սպիտակ քարերը: Կան ճատրակի տարբերակներ, որոնք այդքան ալ ընդհանրացած չեն: Ծանօթ մրցաշարքերն ու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները տեղի կունենան դասական դրութեամբ, իսկ տարբերակները բազմաթիւ եւ. կան բազմաթիւ «մակարդակներով» տախտակներ, կան ելեւէջներով տախտակներ, կան նաեւ բոլորակաձեւ տախտակներ (տեսնել նկարներէն մէկը, ուր կերեւի, որ սպիտակ քարերով խաղացողը իր դիմաց ունի սեւ քարերու կրկնակի ճակատ մը): Քաղաքական եւ զինւորական պատերազմներ մղող աշխարհը կարծէք թէ որդեգրած է այս տեսակի խաղաձեւ: Հոն, խաղերը կը խաղցւին այնպիսի ձեւով, որ կարծէք թէ առաջին տախտակին վրայ եղողները այդքան ալ տեղեակ չեն, թէ միւս «մակարդակներուն» վրայ ի՛նչ տեղի կունենայ, ո՞ւր յառաջխաղացք կարձանագրւի, ո՞ւր՝ նահանջներ եւ զոհեր կը տրւին: Մէկ բան յստակ է. բուն խաղացողները իրենք ունին խաղին ամբողջական պատկերացումը եւ կը փորձեն խաղը այնպէս մը յառաջ տանիլ, որ տեղ մը նահանջի ստիպողութեան տակ՝ ուրիշ տեղ մը առաւելութիւն մը ապահովեն, ի հարկին, կրկնենք, այս դիրքը կամ այն զինւորը-ձին-իշխանը, մինչեւ իսկ թագուհի՛ն զոհ տալով: Այս «վարպետները» չեն նմանիր Պոթվինիքներու, Տիգրան Պետրոսեաններու, Պոպի Ֆիշըրներու, Սփասքիներու կամ Գասպարովներու (կան նաեւ բազմաթիւ ժամանակակիցներ): Անոնք ունին հնարքներ, որոնց դիմելով՝ կորսւած-«մեռած» քար մը վերստին կեանքի կը կոչեն (մինչդեռ դասական ճատրակի մէջ, կորսւած թագուհի մը կամ այլ իշխող քար կարելի է վերականգնել՝ եթէ յաջողիս զինւորդ մրցակիցիդ առաջին գիծը հասցնել):
Արդ, եթէ աշխարհի այս կամ այն շրջանին, այս կամ միւս երկրին մինչեւ իսկ ներքին իրադարձութիւնները կարելի է դիտել՝ բազմայարկ տախտակներով ճատրակի մրցումի տրամաբանութեամբ, քայլ մը անդին երթալով եւ առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, արձանագրենք քանի մը այլ օրինակ. այլապէս, բազում օրինակներու ցանկագրումը պարզապէս պիտի երկարէ այս սիւնակը:
ԻՐԱՆը կը գտնւի այս մրցումի դաշտին մէջ, ընդհանրապէս իբրեւ ուժեղ քար, երբեմն ալ իբրեւ մրցակից-մրցավար: Զոհասեղանին անոր մասնակցութիւնը ապահովելու համար, կրկին ու կրկին փորձեր կըլլան: Անցեալին, այդ փորձերը աւելի արդիւնաւոր կըլլային (Շահին տապալումը, Իրաք-Իրան պատերազմը…), աւելի ուշ, խաղին օրէնքներու երեւութական փոփոխութեան ենթարկւեցան, թէեւ էութիւնը մնաց գրեթէ անփոփոխ: Հիմա, խաղին մէջ իբրեւ «քար» կը գործածւին հիւլէական ուժանիւթի թղթածրարը, Միջին Արեւելքի մէջ անոր ազդեցութեան տարածումն ու կրճատելու ճիգերը, անշուշտ նաեւ տնտեսական թղթածրարներ (որոնց տարբերակները, ծանօթ է, ահաւոր աղէտներու պատճառ են Իրաքի, Լիբանանի եւ Սիրիոյ մէջ):
ՎՐԱՍՏԱՆ-ի պարագան նոյնքան ուսանելի է եւ ըստ բաւականին, կրնայ ուղեցոյց եւ ուղենիշ ծառայել ո՛չ միայն Հայաստանին: Վերջին ընտրութիւնները եւ այդ առիթով տաք կրակի վրայ դրւած՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան թղթածրարը բացած են երկփեղկումի եւ նորանոր պատուհասներու դուռներ:
Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքէն, Եւրոպայէն ու Կովկասէն աւելի անդին տարածելով խաղին տախտակը, արդէն կը տեսնենք ԿՈՐԷԱՆԵՐՈՒ հակամարտութիւնն ու ՉԻՆԱՍՏԱՆ-ԹԱՅՒԱՆ (եւ այլ) հակադրութիւնը եւ անոնց շահագործումը: Եկէք հասնինք նաեւ ՖՐԱՆՍԱ, որ երկու գլխաւոր գիծերու վրայ տագնապ կը դիմագրաւէ: Արտաքին ճակատի վրայ, աֆրիկեան երկիրներ մէկը միւսին ետեւէ ֆրանսացիները կը վտարեն իրենց հողերէն (նկատելի է ռուսական ազդեցութեան յառաջխաղացքն ու չինական ոտքերու շարժումները), իսկ ներքին ճակատի վրայ, կառավարական տագնապ մը անխուսափելի դարձած է: Տարբերակները կարելի է տեսնել ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ, ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ, ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ մէջ եւ այլուր: Անշուշտ ասոնք ընդհանրապէս կը դիտւին-կը ներկայացւին իբրեւ իրարմէ անկախ, իրարմէ չազդւող զարգացումներ, սակայն եթէ զանոնք դիտենք մեր յիշատակած ճատրակի խաղին համայնապատկերին մէջ, աւելի բացորոշ կը դառնայ, որ այս կամ այն ձեւով անմիջական աղերս ունին ՄԵԾ ԽԱՂ-ին, մեծ ախոյեաններուն հետ: Օրինակի համար, Ֆրանսայի կառավարական տագնապին անմիջական շարժառիթը տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրներն են, անոնցմէ բխող եւ աշխատաւորին-սպառողին գլխուն վերեւ կախւող ճնշումները, իսկ այդ բոլորին խորքին՝ կան ուկրաինացիներուն ու Իսրայէլի հասցւող հսկայական գումարները (Փարիզի տաճարին վերանորոգութիւնը մանրուք մըն էր այս իմաստով), առանց անտեսելու Աջի-Ձախի հինաւուրց մրցակցութիւնները: Նոյն մանրադիտակին տակ կարելի է դնել Գերմանիան, որ ռուսական գազի խողովակաշարերուն ականահարումէն ասդին, թէ՛ աւելի սուղ կը վճարէ վառելանիւթ ունենալու համար, թէ՛ ալ հարկադրւած է զէնք մատակարարելու Ուքրանիոյ, եւ մի՛շտ ի հեճուկս սեփական ժողովուրդի բարօրութեան ծրագիրներուն:
Կարելի՞ է Բայդէն-Թրամփ փոխանցման ներկայ փուլը դիտել այս խաղին ակնոցով. բնականաբար այո, որովհետեւ տեսանելի է, որ եթէ հոն կայ ներքին՝ հանրապետական-դեմոկրատ հակադրութիւններու խառնիճաղանճը, զուգահեռաբար նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ դրացիներու (Մեքսիկա, Կանադա) «մանր հակամարտութիւնները», անդին՝ Իրանի, Չինաստանի, ինչո՞ւ չէ նաեւ ՆԱՏՕ-ի, Եւրոպական միութեան եւ մինչեւ իսկ աշխարհի՛ դէմ ելլելու (կենսոլորտի հարցեր, նիւթական յատկացումներ եւ… «Ամերիկան նախամեծար» նշանախօսքէն ծնած) «մեծ հակամարտութիւնները»:
Նոյն այս խաղին շրջագիծին մէջ կարելի է դիտել մէկ կողմէ՝ Ռուսիա-Հիւսիսային Կորէա վերջերս զարգացող գործակցութիւնը, ՊՐԻՔՍ-ի ընդլայնումը, մինչեւ իսկ Հարաւային Կորէայի մէջ անակնկալ (մանրուք) զարգացումները (երբ նախագահը յանկարծ որոշեց զինւորական դրութեան օրէնք յայտարարել, իր դէմ գտաւ խորհրդարանին ուժեղ հակադարձութիւնը եւ օրէնքը չեղարկւեցաւ:
ԱՄԵՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ
Նորութիւն չեն այն մեկնաբանութիւնները, թէ աշխարհը այսօր կապրի Երրորդ աշխարհամարտը, առանց պաշտօնական յայտարարութիւններու, եւ սա կը նկատւի ամենէն վտանգաւոր պատուհասը, օրհա՛սը: Յաճախ կը հնչեն մտավախութիւններ, թէ՝ ուր որ է, մէկն ու մէկը մատը պիտի դնէ կորիզային հրթիռներու կոճակին վրայ եւ մարդկային ցեղն ու կենդանական աշխարհը, ձեռք-ձեռքի տւած, պիտի նետւին անէացումի գիրկը: Նման մտավախութիւններ կը կրկնւին՝ Գազայի, Իսրայէլ-Իրան եւ այլ դրացիներ հակամարտութեանց, Ուկրաինոյ վերիվայրումներուն եւ բազում այլ դիպաշարերու ի տես:
Դասական տրամաբանութեամբ՝ որքան ալ ծանրակշիռ ու ահարկու ըլլան զարգացումները, ՄԵԾ ԽԱՂ-ը վարողները հազիւ թէ թոյլատերն, որ մէկն ու մէկը ճնշէ կորիզային հրթիռներու կոճակը, նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ յիշեալ եւ զուգընթաց զարգացումները ՄԵԾ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ համար ոսկի հաւկիթ ածող հաւեր են, իսկ միայն հեքիաթներու մէջ է որ անբաններ արագ հարստանալու տենդով այդ հաւը կը մորթեն (թէեւ իշխանութեան վրայ եղողներուն մտային կարողութիւնները տեսնելով, նման անմտութիւն կարելի չէ արհամարհել…):
Ինչպէս այս խաղին առնչակից ու յաճախ զոհի-զոհաբերւող քարի վիճակին մատնւած երկիրներու եւ ժողովուրդներ, մենք ալ պարտականութիւնը եւ իրաւունքը ունինք լիաբաց աչքերով իրազեկւելու անցնող-դարձողներուն եւ ըստ այնմ դիրք ճշտելու՝ ինքնապաշտպանութեան ու հայրենիք պահելու իմաստով: Մեր այսօրւան նշումներուն անմիջական շարժառիթը Սիրիան էր, Հալէպ-կիզակէտով: Հոն յստակ կերեւի, թէ Թուրքիա չէ հրաժարած օսմանականութեան, այսինքն՝ համաթուրանականութեան իր ծրագիրներէն, եւ ահա, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Կովկաս, նաեւ շատ աւելի հեռուները՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծւած բարդ վիճակները անոր առիթը կու տան (բնականաբար, կրկնենք, դաշնակիցներու եւ քաջալերողներու քաջալերանքով) որդեգրելու «աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ» վարմունքը: (Պէ՞տք է յիշեցնել, որ 44-օրեայ պատերազմն ալ «զուգադիպած» էր քիչ մը տարբեր, բայց նոյն բնոյթի խառնիճաղանճի մը…):
Այս (ոչ ամբողջական) համայնապատկերին մէջ է մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, իր կորուսեալ՝ Արցախի բաժինով: Աչք ու ականջ ունեցողը կը տեսնէ-կը լսէ, որ դրացիներուն դէմ նոր ելուզակութեան ելած Թուրքիոյ դաշնակից-հովանաւորեալը՝ Ադրբեջան, վերջին շաբաթներուն դարձեալ ռազմի թմբուկներ կը հնչեցնէ, ռազմափորձերով ու թշնամական յայտարարութիւններով կաշխատի հող պատրաստել դէպի Սիւնիք արշաւանքի մը համար, չէ հրաժարած մինչեւ Երեւան հասնելու եւ Հայաստանը նոյն համաթուրանական սեղանին մէկ համադամը դարձնելու հեռանկարէն: Ասդին, Երեւանի իշխանութիւնները բանիւ եւ գործով հող կը պատրաստեն նոր պարտութիւններու, աղւէսին հետեւողութեամբ՝ իրենց պոչը վկայ կը բերեն իրենց «միակ կարելիութիւնը» եղող պարտւողականութեան, որ նաեւ թշնամիին ծրագիրներուն լծակցութեան համազօր է: Անոնք նաեւ նոր հնարքներ կը հիւսեն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու օրհասական վիճակներէն ու հաւանականութիւններէն, օր մը հեծիկ քշելով, ուրիշ օր մը սղութեան երիվարը մտրակահարելով, իսկ եթէ այդ բոլոր բաւարար չեն եւ «նախկիններ»-ը մեղադրելու «գանձատունը» սնանկութեան մատնւած է, կը դիմեն իրենց հետ քալած նախարարներու, երեսփոխաններու եւ այլ պաշտօնատարներու հրաժարման-պաշտօնազրկման «գիւտին»:
Այս ու նման իրադարձութիւններու շուրջ բարձրացող աղմուկը անիմա՞ստ է եւ անկարեւո՞ր: Բնականաբար ո՛չ: Սակայն երբ մեր դիմաց ունինք բազմայարկ ճատրակի վտանգալից խաղը, կարելի է գոնէ ճիգ ընել իրականացնելու վրացական նորագոյն փորձի տարբերակը եւ Երեւանի ղեկին բերել ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ հետամուտ վարչախումբ մը: