Ակնարկ. Անկարայի նշմարած «Յոյսի շողը»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յոյսի շող կայ: Ակնարկը ուղղակի Հայաստան-Ադրբեջան բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Յայտարարութեան պահը այնպիսին է, որ Սիրիոյ իշխանափոխութիւնը կատարելէ ետք Անկարան այս անգամ կը դառնայ Հարաւային Կովկաս եւ կը խօսի Հայաստան-Ադրբեջան հաւանական համաձայնութեան մասին:
Բանակցութիւններու արդիւնաւորումը, ըստ Բաքւի, արգելակիչ երկու կէտ ունի Երեւանի կողմէ: Առաջինը` Սահմանադրութիւնը, երկրորդը` Երեւանի ներկայացուցիչներուն տարբեր մօտեցումները:
Սահմանադրութեան արգելքը` իրենց կողմէ դրւած, պարզ է: Տարածքային յաւակնութիւններ Ադրբեջանէն: Անյստակ է երկրորդ արգելքը, որովհետեւ չեն բացւիր փակագիծերը: Պարզապէս կը խօսւի տարբեր մօտեցումներու եւ դիրքորոշումներու մասին:
Առաջին արգելքին պատասխանած է Երեւանը` ըսելով, որ Սահմանադրութեամբ Երեւանը որեւէ տարածքային պահանջ չունի Ադրբեջանէն. աւելի՛ն` խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ կայ կէտ 4, որ կողմերը որեւէ տարածքային պահանջ չունին եւ չեն կրնար ունենալ ապագային եւս:
Խնդիրը փակագիծերուն մասին է ուրեմն: Տրւած ըլլալով, որ պարզ չեն, թէ ի՛նչ են Երեւանէն արձակւած տարբեր մօտեցումները, այդ առարկութեան պատասխան չկայ տակաւին: Կենթադրւի, որ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի առաջադրած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին մասին է խօսքը: Տարբեր պատկերացումներու մասին նիւթեր շրջանառւեցան այս հարցով: Նոյնիսկ վերահսկողութիւնը մասնաւոր ապահովական ընկերութեան յանձնելու գաղափարը հրապարակւեցաւ: Ճանապարհի կամ անցքի վերահսկողական կարգավիճակի անորոշութեան եւ այդ մասին հնչած տեսակէտներուն մասին կրնայ ըլլալ Բաքւի առարկութիւնը:
Նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը ըստ էութեան կը խօսի հայկական եւ ռուսական ուժերու համատեղ վերահսկողութեան մասին: Այս կէտին համաձայն էր Ադրբեջան:
Միջինարեւելեան իրադարձութիւններէն ետք Բաքւի դիրքորոշումը ռուսական վերահսկողութեան առումով արդեօք կը մնա՞յ նոյնը: Անկախ այն իրողութենէն, որ ըստ էութեան նոյեմբերեան համաձայնութիւնը չեղեալ նկատւած է:
Եթէ Ռուսիոյ նկատմամբ աշխարհաքաղաքականութիւնը կուղղւի դէպի յաւելեալ պատժամիջոցներով ճնշումներ գործադրելու, ապա Իրանի պարագային հարւածել-բանակցիլ կամ տկարացնել-բանակցիլ շղթան է, որ օղակ առ օղակ կերեւայ:
Իրանի փրոքսիներէն կամ արտատարածքային յենակէտերէն ետք, Իրանի սահմանները կրնան յայտնւիլ աշխարհաքաղական կենտրոններու թիրախին: Իսրայէլի ներգրաւումը արցախեան պատերազմին ամենէն առաջ Իրանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ներկայութիւն ըլլալու նպատակը կը հետապնդէր: Իրանեան փրոքսիներու թուլացման մէջ գլխաւոր դերակատարն ու շահառուն Իսրայէլն է բացայայտօրէն:
Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ շահերու միջինարեւելեան յստակ համատեղումը չի բացառւիր, որ աշխարհագրութիւն փոխէ եւ մօտենայ Իրանի սահմաններուն:
Իրանի սահմանին առաջին զգայուն կէտը Սիւնիքն է, որուն ուղղութեամբ Անկարան Բաքւի հետ առաջնային օրակարգ ունի: Սիւնիքի մէջ այլ ուժերու յայտնւիլը Իրանի ազդեցութեան ջլատման քայլ է: Առաջադրւածը այս պարագային ռուսական գործօնի դուրս մղումն է` արգիլելով նախ այդ կարեւոր կենսաճանապարհի վրայ որեւէ վերահսկողութիւն ունենալ: Սկսած է հեռւէն երեւալ նաեւ 109-րդ ռազմակայանի անհրաժեշտութեան խնդիրի արծարծումը: Մանաւանդ խաղաղութեան պայմանագիրի եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանակէտերու բացումէն ետք: Սահմանի բացումը պայմանաւորւած է միջանցքի բացումով: Երկուքը տարածաշրջանային տրամաբանութեամբ կընկալւին մէկ կողմէ ռուսական գործօնի դուրս մղումով եւ միւս կողմէ իրանեան սահմանամերձ շրջաններու մէջ տեղակայումներով:
Երկու գործօնները Միջին Արեւելքի մէջ ծանր հարւած ստացան հեռացումի կամ ջլատումի տեսքերով: Պատահական չէ, որ միջինարեւելեան գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Անկարան կը խօսի Հարաւային Կովկասի մէջ յոյսի շողի մասին:
Իրանի հոգեւոր առաջնորդը յայտարարեց, որ ոչ մէկ կասկած կայ, որ Սիրիոյ մէջ տեղի ունեցածը Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համատեղ ծրագիրն էր:
Իրանի պաշտօնական այս դիրքորոշումին մէջ ծրագիրին մասնակից հիմնական դերակատարին բաժինը կը պակսի: «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը փայփայող եւ հետեւաբար Իրանի սահմանները վերահսկելու ծրագիրին բուն պատասխանատուն եւս Անկարան է, որուն մասին նշում չըներ Իրանը:
Նման ծրագիրի ծալքերու բացումով կարելի է մեկնաբանել Անկարայի նշմարած «յոյսի շող»-ը Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Ազդակ»