Ես կաշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ արդէն հաստատւած է Ալմաթի, Ղազախստան: Անահիտը լեզւաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն: «Եթէ նորէն աշխարհ գամ, դարձեալ կուզեմ մանկավարժ ըլլալ»,- ըսաւ Անահիտ մեղմ ժպիտով մը:
Անահիտ ներկայիս կապրի Ալմաթի եւ կիրակի օրերը հայ մանուկներուն ու պատանիներու կը սորվեցնէ հայերէն՝ այս գործը նկատելով առաքելութիւն եւ կամաւորաբար կատարելով զայն: Ամէն կիրակի հայ պատանիներ կը հաւաքւին հայկական կենտրոնին մէջ եւ հայերէն կը սորվին: «Ես կաշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ»,- ըսաւ Անահիտ:
Ալմաթի, Ղազախստան, նոյեմբեր 2024:
Ղազախստան Կենտրոնական Ասիոյ երկիրներէն մին է, որ մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան համակարգին: Ղազախստան, ինչպէս՝ մնացեալ խորհրդային համակարգի երկիրները, ստացաւ իր անկախութիւնը 1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ: Ղազախստան լեռնային երկիր մըն է, եւ Ալմաթին շրջապատւած է գեղեցիկ լեռներով, որ քաղաքին ու երկրին կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ ջերմութիւն: Ռուսերէնը խօսակցական լեզուն է, բայց ժողովուրդը ունի նաեւ իր մայրենին՝ ղազախերէնը: Երկիրը օժտւած է բնական հարստութեամբ, ինչպէս՝ քարիւղ, ինչ որ կարժեւորէ զայն իր աշխարհաքաղաքական դիրքին մէջ:
Թէեւ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնւէի Ղազախստան, բայց ինծի համար նոր երկիր մըն էր, ուստի չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայի ակնկալել: Այս չգիտնալուն մէջ կար նաեւ հայկական իրականութիւնը, որուն ուզեցի հանդիպիլ եւ ծանօթանալ:
Ղազախստանի մէջ այսօր կապրին մօտաւորապէս 10.000 հայեր: Մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ կան մօտաւորապէս 5000 հայեր: Գաղութը ունի հայկական մշակութային կենտրոն մը, որուն յարակից կայ փոքր եկեղեցի-մատուռ մը: Մշակութային կենտրոնը կը գործածւի գաղութի գործունէութիւններու համար: Հայ գաղութի անդամներուն կարեւոր տոկոսը Ղազախստան հաստատւած են Խորհրդային Միութեան օրերուն: Փոքր թիւ մըն ալ Ղազախստան եկած է Հայաստանի անկախութենէն ետք:
«Գաղութը հայախօս չէ, մանաւանդ՝ նոր սերունդը, որ հայերէն չի խօսիր», Տաթեւիկ Մըխըեանն է խօսողը: – Բայց ազգային ինքնութիւնը շատ զօրաւոր է անոնց մէջ»: Տաթեւիկը ծնած է Երեւան, արդէն 25 տարի է Ալմաթի կապրի: Ան ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչն է Ղազախստանի մէջ: Տաթեւիկը պարուսոյց է եւ հայ պատանի-երիտասարդներու կը սորվեցնէ հայկական պար: Պարի բոլոր փորձերը եւ վարժութիւնները տեղի կունենան հայ մշակութային կենտրոնին մէջ: Տաթեւիկի հայրը՝ Աւետիս Մըխըեան, եղած է Հայաստանի պարի պետական անսամպլի պարողներէն: «Ամէն տարի ելոյթներ կունենանք եւ Ղազախստանի ժողովուրդին կուզենք ներկայացնել ու ծանօթացնել հայ մշակոյթը»,- ըսաւ Տաթեւիկ:
Տաթեւիկ չի յոգնիր հայ անմեղ հոգիներուն մէջ հայուն մշակութային արժէքները վառ պահելէ:
Հայկական փոքր եկեղեցի-մատուռը նոյնպէս վկայութիւնն է այս քաղաքին մէջ հայուն ներկայութեան: Եկեղեցին չունի կղերական, բայց Լեւոն Պետրոսեանը ստանձնած է հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Լեւոնը ծնած է Աբովեան քաղաքի մէջ եւ 22 տարիներէ արդէն հաստատւած է Ալմաթի: «Չորս տարի առաջ սկսանք աղօթք-հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարել ամէն կիրակի առաւօտ»,- ըսաւ Լեւոն:
Հայկական եկեղեցին հիմնւած է 2003 թւականին, բայց չէ կրցած մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ունենալ: «2020-էն սկսեալ ամէն կիրակի աղօթք կը կատարենք եկեղեցւոյ մէջ,- յայտնեց Լեւոն: – Եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք Քրիստոսի հիմքը, մենք՝ իբրեւ ազգ, կը գոյատեւենք՝ անկախ մեր դիմագրաւած բոլոր փոթորիկներէն»: Անոր համար քրիստոնէական հաւատքը սրբութիւն է, բայց նոյնքան ալ ամուր վահան՝ տոկալու եւ հաստատ պահելու հայուն կեանքը:
Բայց հայը իր սրտին մէջ նաեւ նոյնքան սեղմած է հայրենիքի կարօտը:
Գուրգէնը եկած է Իջեւանէն եւ արդէն երեք տարիէ ի վեր Ալմաթի կապրի: «Երբ Ալմաթիի լեռներուն կը նայիմ, Արարատն է, որ կը տեսնեմ»,- ըսաւ Գուրգէն:
Գուրգէնին կարօտը իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն կարօտն է, չէ՞…
Այս կարօտը նաեւ կապրի Սեւակ Պալապէքեանը: «Շատ ուրախ եմ, որ հայ եմ եւ կը սիրեմ Հայաստանը», ըսաւ Սեւակ:
Սեւակը 36 տարեկան երիտասարդ հայն է, որ ծնած է Հայաստան: 2010-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատւած է Ղազախստան: Յաջող գործարար է, որ կը զբաղի ճաշարաններ հիմնելու ասպարէզով: Սեւակը Երեւանը ձգած է պատանի տարիքին: «Ես սփիւռքի մէջ սորվեցայ եւ գտայ հայկական արժէքները»,- վկայեց Սեւակ:
Սեւակ երեք տարի առաջ այցելած է Երուսաղէմ՝ Հայկական թաղամաս, հայոց պատրիարքարան, եկեղեցի եւ թանգարան: «Երուսաղէմի մէջ է, որ անդրադարձայ, թէ որքա՛ն արժէքներ ունինք որպէս հայ,- շարունակեց Սեւակ,- մեծ հարստութիւն ունինք որպէս հայ ժողովուրդ, եւ ես չէի գիտեր»:
Մշակութային արժէքներու հետ Սեւակ մտած է նաեւ Երուսաղէմի հոգեւոր աշխարհին մէջ: «Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին բան չէ: Եթէ այսօր կանք՝ որպէս հայ ժողովուրդ, այդ ալ շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին է»:
Սեւակ իր այդ «դիւրին բան չըլլալ»-ու իրականութեան լաւապէս կը գիտակցի եւ ամուր կերպով կառչած է անոր: Ան ամէն կիրակի Ալմաթիի մէջ ներկայ կըլլայ եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան: «Աստւած լաւ ու բարի ստեղծեց աշխարհը, մարդուն կը մնայ որոշել, թէ ի՛նչ տեսակ կեանք կուզէ ապրիլ»,- նշեց ան:
Դարձեալ Տաթեւիկը. «Մեր նոր սերունդին նաեւ կը սորվեցնենք հայուն պատմութիւնը: Շատ բան չենք կրնար ընել ապրիլ 24-ի յիշատակումներուն մասին, քանի այս երկիրը զգայուն է այս հարցով: Բայց կը հաւաքւինք որպէս հայեր եւ կոգեկոչենք յիշատակը մեր նահատակներուն»:
Ղազախստան մահմետական երկիր է, ուստի պէտք է ըլլալ զգօն եւ զգուշ: Սփիւռքահայ իրականութիւնները աշխարհի մէջ կը տարբերին մէկը միւսէն, իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական ու ընկերային տարբերակներու մէջէն:
Սեւակը նոյնքան ունի ազգային ու հայաստանեան մտահոգութիւններ: «Ճիշտ չէ, որ ապրինք այսօրւան համար միայն, բայց պէտք է զարգացնենք հայուն միտքը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՛ւր կեցած է, եւ ո՛ւր կուզէ երթալ», դիտել տւաւ ան:
Սեւակ նոյնպէս կը տեսնէ սփիւռքի կարողականութիւնը, երբ հայը կապրի ուրիշին հետ, իմա՝ ոչ հայուն հետ: «Հայաստանի մէջ այս փորձառութիւնը չունինք»,- ըսաւ Սեւակ: «Հոս՝ սփիւռքի մէջ, հայը կապրի ուրիշին հետ եւ կը տեսնէ ու կը սորվի ուրիշէն: Այս մեծ գիտելիք ու փորձառութիւն է»,- եզրափակեց ան:
Ճիշտ է Սեւակը: Սփիւռքը ուժ է եւ այս՝ ոչ միայն տնտեսական, այլ՝ մարդուժի եւ փորձառութեան իմաստով: Ան կը գիտակցի այս իրականութեան եւ ամբարած է իր մէջ նոյն այդ ուժը: Սեւակ նոյնքան կապրի Հայաստանով: «Հայաստանի հետ կապերս շատ լաւ են եւ յաճախ կայցելեմ»:
Շարունակեցի դիտել Անահիտ Սուլթանեանը, որ համբերութեամբ հայերէն կը սորվեցնէ: Ռուսերէն տառերով կը փորձէ հայերէն այբուբենը ընտելացնել անմեղ հայու հոգիներուն մէջ: Որքան սէր եւ նւիրւածութիւն կայ Անահիտին մէջ: Անահիտ ուրախ է, որ հայերէն կը սորվեցնէ: Այս ուրախութիւնը Անահիտ ունի, որովհետեւ, իր իսկ բառերով, «Հայութիւնը իմ կեանքն է: Ես իմ հողին ծառն եմ: Իմ հողիս վրայ կը զգամ ապահով»:
Անահիտին ամուսինին ընտանիքը եղած է Վանէն: Ամուսինին ընտանեկան պարագաները Ցեղասպանութեան օրերուն ողջ-ողջ հրկիզւած են: «Ամուսինս երկար ժամանակ չէր կրնար խորովածի հոտ առնել»,- ըսաւ ան:
Երբ Անահիտին պատմութիւնը կը լսես, կը հասկնաս՝ ուրկէ՛ կու գայ այդ սէրն ու նւիրւածութիւնը, զորս ան կը տածէ հայ մանուկ-պատանիին նկատմամբ՝ անոնց հայերէն սորվեցնելով: Ասիկա հայուն ինքնութիւնն է, որ Անահիտին կեանքն է, եւ որ կուզէ ապրիլ եւ ապրեցնել: Նոյնքան նաեւ Տաթեւիկը, որ հայկական պարերուն մէջէն իւրաքանչիւր հայ պատանիի անմեղ հոգիին մէջ կուզէ դարբնել հայութիւնը: Ալմաթի ապրող Տաթեւիկը կըսէ. «Հայ կը զգամ եւ շատ: Մենք հայ ենք եւ մենք տուն ունինք»: Եւ այդ տունը հայուն մշակոյթն է, որ Տաթեւիկ կը սորվեցնէ:
Հայ անմեղ հոգիները: Ալմաթի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Աստուծոյ ստեղծած այս հոգիները, որոնք բարի ու անմեղ են: Բայց մենք պիտի աշխատինք՝ Ալմաթի թէ ամէն տեղ, որ հայուն այս անմեղ հոգիները անմեղ մեծնան ու աճին:
Այս անմեղ հոգիներն են, որ կապրին, կապրեցնեն ու կը շինեն:
Կը կառուցեն հայը, հայուն երկիրն ու պատմութիւնը:
Քուվէյթ, դեկտեմբեր 2024