Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Թ համագումարը Գահիրէի մէջ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 28 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2024, Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» ակումբին մէջ տեղի կ’ունենայ միութեան խմբապետական Թ համագումարը՝ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի 24 շրջաններէ 40 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներու, Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական կորիզի պատասխանատուներու եւ հիւր դասախօսներու։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումարները ընթացք առած են 1982-ին։ Վերջին համագումարը տեղի ունեցած է 2016-ին, Երեւան։ 2020-ին, քորոնայի համաճարակին պատճառով, Թ համագումարը փոխարինւեցաւ առցանց համագումարով մը, որ տեղի ունեցաւ 25 Յուլիս եւ 1 Օգոստոս 2020-ին։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումարները.-
– Ամփոփ տեղեկագիրներ կը լսեն իւրաքանչիւր շրջանի սկաուտական գործունէութեան մասին։
– Տեղեկագիրներու լոյսին տակ կ’ուսումնասիրեն Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու սկաուտական մասնագիտական հարցեր եւ կը թելադրեն գործունէութեան ուղեգիծ։
– Կը զբաղին սկաուտական մասնագիտական հարցերով, ազգային-դաստիարակչական գիտելիքներով, գործնական աշխատանքներով, նաեւ՝ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու ծրագրումով։
– Կը մշակեն սկաուտական ընդհանուր գործունէութեան ուղեգիծ։
– Կը բանաձեւեն սկաուտական ընդհանուր կանոնագիրին վերաբերեալ բարեփոխութեան առաջարկներ։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Թ համագումարը կ’ունենայ պաշտօնական բացում, զոր առցանց կը սփռւի ընկերային ցանցերով։ Եռօրեայ նիստերու առընթեր, համագումարին մասնակիցները առիթը կ’ունենան երկու օր ծանօթանալու Եգիպտոսի տեսարժան վայրերուն եւ եգիպտահայ ազգային-միութենական կառոյցներուն։
Համագումարին կը մասնակցին հետեւեալ շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները.- Արցախ, Հայաստան, Թիֆլիս, Լիբանան, Երուսաղէմ, Կահիրէ, Բաղդատ, Քուէյթ, Յունաստան, Պուլկարիա, Լոնդոն, Փարիզ, Մարսէյ, Վալանս, Վիեննա, Միւնիխ, Սոտերթելիա, Ալմելօ, Առնհեմ, Կանադա, Աւստրալիա, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկա։
Համագումարի օրերուն Կահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշէ Մեկուսի շրջանի հիմնադրութեան 110-ամեակը։