Լիբանանի շիա համայնքի հոգեւոր պետ. «Արցախի ժողովրդի հետ ենք, որովհետեւ արդարութեան հետ ենք»
«ԱԼԻՔ» – Արցախի ժողովրդի հետ ենք, որովհետեւ արդարութեան հետ ենք: Ինչպէս յայտնում են Կիլիկիայի կաթողիկոսարանից, այս մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ հանդիպմանն ասել է Լիբանանի շիա համայնքի հոգեւոր պետը:
«Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերի 2023-ին, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին եւ Լիբանանի շիիթ համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Ալի Ալ-Խաթիբի միջեւ:
Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան: Շէյխ Ալ-Խաթիբի կողքին ներկայ էին Մուֆթի Շէյխ Աբդ Ամիր Շամսէդդին, Շէյխ Մոհամմադ Հիճազի, շիիթ կենտրոնի տեղեկատւական բաժանմունքի պատասխանատու Ուասէֆ Աուատ եւ շիիթ համայնքի գործադիր վարչութեան անդամ Աբդսալամ Շըքըր:
Ողջունելով շիիթ համայնքի հոգեւոր պետին այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանք՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ինչպէս Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն, նոյնպէս շիիթ համայնքին հետ Լիբանանի հայ համայնքը սիրալիր յարաբերութիւն ունի, գործակցելով այն բոլոր աշխատանքներու ծիրէն ներս, որոնց նպատակը Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումն է եւ երկրին բարգաւաճումը:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց կարելի փութով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ մը ունենալու հրամայականը, որպէսզի նոր կառավարութեան նշանակումով երկիրը իր բնական ընթացքը գտնէ: Հայրապետը խօսելով Իսրայէլի նախաձեռնած պատերազմին Գազայի դէմ՝ յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինեան արդար դատին կողքին, որովհետեւ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց խնդիրը, ինչպէս նաեւ անկախ հայրենիք ունենալը հայ ժողովուրդին պայքարը եղած է միշտ ու կը մնայ: Այս ծիրէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց, որ հայ ժողովուրդը աւելիով պատճառ ունի կեցւածք ճշտելու Իսրայէլի նկատմամբ, որովհետեւ նոյն Իսրայէլն է, որ Թուրքիոյ կողքին զինամթերք ու ռազմաքաղաքական աջակցութիւն տւաւ ու կը շարունակէ տալ Ադրբեջանին:
Պէտք չէ մոռնալ, որ իսրայէլեան ու թուրքական զէնքերով մեծ թիւով հայ զինւորներ ու քաղաքացիներ նահատակւեցան ու վիրաւորւեցան, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ յայտնեց, թէ իրեն եւ Լիբանանի հայութեան համար զարմանալի երեւոյթ էր, որ երբ Արցախը գրաււեցաւ, անոր իրաւունքները ոտնակոխւեցան եւ աւելի քան հարիւր հազար հայեր գաղթական դարձան, Լիբանանի կարգ մը համայնքներ, ներառեալ շիիթ համայնքը, մնացին լուռ, երբ անդին Հայաստանի դրացի ու բարեկամ երկիրը՝ Իրանը, միշտ մնաց Հայաստանի ամբողջականութեան պահպանման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն կողքին:
Շէյխ Ալ-Խաթիբ ուշադրութեամբ հետեւելով Վեհափառ Հայրապետին պարզած տեսակէտներուն ու մտահոգութիւններուն՝ ըսաւ, որ հայ համայնքը, իր բոլոր իւրայատկութիւններով, մեզի համար միշտ կը մնայ սիրելի ու յարգելի: Մենք տեղեակ ենք, թէ Ցեղասպանութենէն ետք հայերը ի՛նչ դժւարութիւններէ անցան եւ եկան Լիբանան՝ իբրեւ գաղթական եւ այսօր կազմակերպւած ու կենսունակ համայնք են: Ակնարկելով Արցախի հարցին՝ ան ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Ադրբեջան շիիթ դաւանանքին կը պատկանի, մենք արդարութեան հետ ենք, ուստի՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն հետ: Ապա, Շէյխ Ալ-Խաթիբ անդրադարձաւ Իսրայէլի կատարած անարգ արարքներուն պաղեստինցի եւ յատկապէս Գազայի ժողովուրդին դէմ: Ան ընդգծեց, որ այսօր քանդումն ու մահը Գազայի մէջ դարձած են ամենօրեայ ներկայութիւն: Իր կարգին, Շէյխ Ալ-Խաթիբ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու եւ երկիրը հասարակական-տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:
Պաշտօնական փոխադարձ խօսքերէն ետք, երկու հոգեւոր պետերը նաեւ խօսեցան ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերու մասին եւ այդ ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը Սփիւռքէն ներս եւ անդրադարձաւ Իրանի հայ համայնքին: Շէյխ Ալ-Խաթիպ, իր կարգին, յիշեց, թէ ուսանած է Իրանի Ղոմ քաղաքին մէջ եւ ծանօթ է Իրանի հայ համայնքին, միաժամանակ յիշելով, որ միջկրօնական երկխօսութեան ընթացքին ան հանդիպած է Վեհափառ Հայրապետին եւ ծանօթ է անոր ունեցած դերին:
Հանդիպման աւարտին, Շէյխ Ալ-Խաթիբ առաջարկեց, որ Ս. Ծննդեան տօնէն ետք, հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունենայ շիիթ համայնքի կենտրոնէն ներս: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը:
Երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք, Շէյխ Ալի Ալ-Խաթիբ ներկայ թղթակիցներուն ընդհանուր գիծերով պարզեց հանդիպման ընթացքին քննարկւած նիւթերը: Նոյնը կատարեց յանուն Նորին Ս. Օծութեան Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան»։