Դաշնակցական Բեմ

«ԱՇԽԱՐՀԸ ԽԵՆԹԵՐՈՒ ՁԵՌՔՆ Է ՄՆԱՑԵՐ»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Տարինե՜ր առաջ, ունէի տարեց բարեկամ մը, իմաստուն մարդ մը, որ ծնած էր Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, կտրած-անցած էր Բ Աշխարհամարտի փուլը, ականատես ու ականջալուր եղած էր աշխարհը տագնապեցնող մեծ ու փոքր պատերազմներու: Ամէն անգամ, որ նոր տագնապ մը պայթէր (օրինակի համար՝ պաղեստինեան ոլորտին, Լիբանանի կամ աֆրիկեան ու ասիական «ճակատներ»-ու վրայ), կը կրկնէր տեսած-լսածներէն ծնած իր մէկ փիլիսոփայութիւնը. «Աշխարհը խենթերու ձեռքն է մնացեր»: Նման բանաձեւումներ կատարած են նաեւ ուրիշներ, սակայն զիս առանձնապէս տպաւորած էր այդ բարեկամիս խօսքը:

Այս օրերուն, յաճախ առիթ կունենամ յիշելու իմաստուն բարեկամս: Թող Աստւած հոգին լուսաւորէ: Աշխարհէն հեռացաւ, Արցախի ազատագրումը տեսնելէ քանի մը տարի ետք. բախտաւոր էր. չտեսաւ կորուստը…:

Դուն ալ վստահաբար համաձայն պիտի ըլլաս, սիրելի՛ ընթերցող, որ «խենթանոց աշխարհ»-ը տեսնելու առիթները կը ներկայանան ամէ՛ն օր, երբեմն օրական քանի մը անգամ: Նորագոյն առիթը եղաւ ՆԱՏՕ-ի գերաստիճանը, որ տեղի ունեցաւ Վաշինգտոնի մէջ: Զայն կանխած էին Եւրոմիութեան համաժողովներն ու այս կամ այն երկիրներու վարիչներու միջեւ երկկողմանի ու բազմակողմանի հանդիպումները: (Եկո՛ւր, պահ մը մէկդի դնենք ընտրական դաշտերը):

Ինչո՞ւ այժմէական կը հնչէ «աշխարհը խենթերու ձեռքն է մնացեր»-ը: Արձանագրեմ քանի մը պատճառ:

. Ուկրաինոյ պատերազմը պայթեցաւ մօտաւորապէս երկուք ու կէս տարի առաջ, յայտարարւած ու չյայտարարւած պատճառներով: Չմտնենք այն ճախճախուտին մէջ, թէ ո՞վ է իրաւացին՝ Արեւե՞լքը, թէ՞ Արեւմուտքը (նաեւ չկատակենք՝ յիշելով, որ ՆԱՏՕ-ի ծննդեան նախօրեակին, ո՞վ որո՛ւ դաշնակիցն էր կամ թշնամին): «Խենթանոց»-ի պատկերը կը շեշտւի այս ու նախընթաց համաժողովներէն բխած որոշումներով ու հռետորաբանութեամբ, արձագանգներ կը գտնէ մինչեւ Ասիոյ խորքերն ու Ծայրագոյն Արեւելք: Արեւմուտքը քարոզչական մեքենաներն ու զինանոցները լարած է ընդդէմ Ռուսիոյ: Իւրաքանչիւր քայլափոխի՝ նոր տեսակի զէնքեր եւ զինական հսկայական օժանդակութիւններ կը մատակարարւին ու կը խոստացւին Կիեւի վարիչներուն, որոնք «տւէ՛ք, տւէ՛ք» կը կրկնեն (Նորագոյն խաղալիքները պիտի ըլլան Էֆ. 16 օդանաւերը): Ռուսիա կը հակադարձէ բանիւ եւ գործով: Ճակատումները օր մը կը սաստկանան, հազիւ թէ կը մեղմանան՝ աւելի մահասփիւռ ու աւերիչ փուլ մը սկսելու համար: Քաղաքներու քանդումը կը շարունակւի, հաւաքական սպանդները՝ նմանապէս: Պատերազմը քաջալերողներուն համար, այդ բոլորը անխուսափելի «կողմնակի վնասներ» են (collateral damage), եւ կարծէք թէ զոհւողն ու դիտող աշխարհը ա՛լ համոզւած են, թէ այդ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, այսինքն՝ պիտի ըլլան պատերազմողներ, կրակին վրայ նոր վառելանիւթ թափողներ, մարդիկ պիտի ըլլան «էշ-նահատակ»…: (Միշտ ալ այդ նահատակները եղած են):

. Այս բոլորը կարծէք թէ բաւ չըլլան, եւ ահա, օրէ օր աւելի՛ լսելի կը դառնան արհաւիրքի սպառնալիքներ. Ռուսիա բացայայտ կը դարձնէ, որ եթէ ստիպւած զգայ՝ պիտի չվարանի կորիզային զէնք գործածելու: (Ամերիկացիք ըրին, ո՞վ պատժեց զանոնք): Արեւմուքէն կը յիշեցնեն «նիւթընեան օրէնք»-ի մը տրամաբանութիւնը. «Որեւէ արարք իր դիմաց կը գտնէ համազօր հակադարձութիւն» (every action has an equal and opposite reaction): Այս հակաճառութիւնները լսող զանգւածները, այսինքն՝ հաւանական թիրախները, մատաղցուները՝ կարծէք թէ կապրին երազային աշխարհի մէջ: Կան մտածողներ, թէ իրենց երկիրներու վարիչները այդքան տխմար չեն, որ կորիզային զէնք գործածեն, ո՛չ միայն անոր համար, որ այդ զէնքին առաջին փորձարկման անմիջական եւ հեռահաս վնասները ծանօթ են բոլորին, այլ նաեւ այն պատճառով, որ ճակատումի դաշտերը հեռու եւ անհասանելի տեղեր պիտի չըլլան. Հիրոշիման եւ Նակազաքին այս տրամաբանութեամբ հեռու էին այդ օրերուն մարտնչողներու դաշտերէն, մինչդեռ այս զէնքին դիմողը գիտէ, պէտք է գիտնայ, թէ հակառակորդին չափ ալ պիտի պատուհասէ ինքզինք, իր շուրջբոլորը: Չեռնոպիլի կայանին պատմական աղէտը (եւ ատիկա ռումբ չէր, այլ արկածի հետեւանք)՝ շողաւարակ նիւթերու «փախուստ»-ը միայն այդ քաղաքը չպատուհասեց, այլ ահազանգի մատնեց մինչեւ Սկանտինաւիան ու այլ դրացի երկիրներ: Եւ հիմա հարց տանք. եթէ մէկը կորիզային զէնքի սպառնալիք կարձակէ, «իմաստութեան» ինչպիսի՛ մակարդակ նւաճած պէտք է ըլլայ, իսկ հակադարձելու սպառնալիք նետողն ալ խելագար մը չէ՞: (Չանտեսենք այլ գործօն մըն ալ. կորիզային զէնքի դիմելով՝ հակառակորդները պիտի կրճատեն շահաբեր պատերազմին տեւողութիւնը: Որո՞ւ գործին կու գայ նման բան…):

Եւ մտածել (եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած), որ կար ժամանակ, երբ աշխարհը պահ ինկաւ կորիզային լայնածիր պատերազմի մը սպառնալիքին տակ, երբ ստեղծւեցաւ Կուբայի Տագնապը: Խրուշչով կօշիկով թմբկահարեց ՄԱԿ-ի սեղանը, Արեւմուտքը, Թրումէնի ժառանգորդ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ, հակադարձեց սպառնալիքին, յետոյ… «խենթեր»-ուն զսպաշապիկ հագցնող եղաւ ու ատեն մը ետք, բացւեցաւ մեղմացումի եւ դրական մրցակցութեան երկարաշունչ փուլը, Արեւելքն ու Արեւմուտքը փոխադրեց ապազինման «դարաշրջան» (որ ունէր խաբուսիկ երես մըն ալ): Անիկա աշխարհի հասցուց… Խորհրդային Միութեան փլուզման, խաղաղութեան դարաշրջանի վերաձեւաւորման եւ նորաձեւ մրցակցութիւններու ուրւագծման (Իւգոսլաւիա, Ծոց, Աֆղանիստան, Կովկաս եւ մասամբ նորին), մինչեւ որ հասանք… նորագոյն խենթերու դարաշրջան:

Ժողովուրդը իմաստուն է եւ լաւ գիտէ պատասխանը այն հարցումին, թէ վնասարար բան մը կրկնողը, գիտա՛կցաբար կրկնողը ինչ կը կոչւի (եկէ՛ք, իշուն խնայենք անպատւութիւնը…):

. Այլ օրինակներ են, այսինքն՝ խելագարութեան ապացոյցի դաշտեր՝ Գազան, Արեւմտեան Ափը, (նախագահազուրկ) Լիբանանը, յատկապէս անոր հարաւային գօտին, Եմէնը, աֆրիկեան «տաք» եւ մերթ ընդ մերթ «ջերմացւող» երկիրներ ու այլք: Ինչպէս Ուկրաինոյ մէջ, նոյնպէս ալ յիշեալ ու այն շրջաններու՝ զանգւածներու սպանդը կը շարունակւի հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով, ինքնապաշտպանութեան պատրւակներով, «մեր երկիրը կամ աշխարհը կը փրկենք»-ի յոխորտանքներով: Որեւէ մէկը հարց տւա՞ծ է, թէ ջարդւող, բնակարանազուրկ, քաղաքազուրկ եւ հայրենազուրկ դարձող զանգւածները ի՞նչ կարծիք ունին նման յոխորտանքներու մասին: Որեւէ ատեան իսկապէս կը փորձէ՞ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ կիրարկել, անցնիլ խօսքի սահմաններէն անդին եւ ձեւը գտնել ՈՃՐԱԳՈՐԾ ԽԵԼԱԳԱՐՆԵՐԸ զսպելու, մահ ու աւերը կասեցնելու: ՄԱԿ-ն ու նման ատեաններ այլապէս խաղալիք են խենթերու ձեռքին մէջ (որքա՜ն դիպուկ է Չառլի Չէփլինի «Մեծ բռնատէրը» – The Great Dictator – ժապաւէնն ու անոր հիթլերանման տիպարին՝ աշխարհը իբրեւ օդագնդակ խաղցնելու տեսարանը: Ատիկա 1940-ին էր):

***

Մենք՝ հայերս, գոնէ վերջին 6-8 տարիներուն՝ քանի՛ցս մեր մորթին վրայ կրեցինք նման ոճրային խելագրութիւններու անհաշւելի հետեւանքները, տւինք բազմահազար զոհեր, կորսնցուցինք մեր պատմական հայրենիքէն նոր տարածքներ, իսկ Երեւանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, ամէն օր նոր ապացոյց մը կը ցուցահանեն, թէ վարակւած են խենթութեան «նորաձեւութեամբ»: Օրը նոր, խելագարութեան փաստը՝ նոր: Անոնցմէ ամենէն աղաղակողը՝ հայկական պատմական հողերու յանձնումն է Ադրբեջանին, յայտարարելով, որ անոնք երբեք հայկական չեն եղած (թութակելով ազերիական «վարկածները»), եւ այս ախտով զանգւածներ վարակած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

Արցախի յանձնումն ու Հայաստանէն պատառ-պատառ զիջումները «հիմնաւորեցին» Ալմա Աթայի հռչակագիրով, ու իշխանութեան քարոզչութեան գերի բռնւածները չեն ուզեր ձանձրոյթը յանձն առնել՝ կարդալու այդ հռչակագիրին տառը, կամ ականջ տալու իրաւագէտ մասնագէտներու ըսածին, թէ այդ հռչակագիրը (եւ նման դատարկաբանութիւններ) խճաքար մը իսկ չեն կրնար հայթայթել իբրեւ հիմնաքար՝ դրացիներու հետ բարեկամութեան ու սահմանագծման բաղձանքներուն համար: Վաղը, երբ (հեռո՛ւ-հեռո՛ւ մեզմէ ու Հայաստանէն) Ադրբեջան իրականացած տեսնէ Հայաստանի նոր սահմանադրութիւն մը պարտադրելու իր կրկնւող պահանջը ու ցարդ չբացայայտւած նոր պահանջներ դնէ Երեւանի իշխանութիւններուն սեղանին (ո՜վ գիտէ, Միրզոյեան ի՞նչ թղթապանակով ճամբու դրւած է Վաշինգտոնէն), արդեօք անոնք տեղ մը, դարակի մը մէջ պահ դրած ունի՞ն, օրինակ՝ Վլատիվոսթոքի, Քաթմանտուի կամ Ուլանպաթորի հռչակագիր մը, որ կրնայ կապ չունենալ Հայաստանի հետ, սակայն Ադրբեջանի ձեռքին դրւելով՝ լծակ դառնալ Հայաստանէն նոր հողամասերու խլման:

…Լուսահոգի բարեկամս պիտի յուշէր. «Աշխարհը խենթերու ձեռքն է մնացեր»: Իսկ ինչո՞ւ կուզէինք, որ Հայաստան ետ մնար աշխարհէն: Չէ՞ որ ինքնութեան ու ազգային արժէքներու ոտնակոխման անոնց քայլերը արագ վազքով կը հետեւին աշխարհի արշաւի կշռոյթին:

Related Articles

Back to top button