Դաշնակցական Բեմ

Ընդդէմ միակուսակցական կառավարման

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի համեստ տօնախմբութիւններուն առընթեր տեղի ունեցաւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համագումարը: Համագումարը ընտրեց նոր վարչութիւն, որուն նախագահ դարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Շուրջ 500-ի հասնող ժողովականները քւէարկեցին եւ ընտրեցին վարչութիւն մը, որուն անդամները կանխորոշւած էին: Նման մեծաթիւ անդամներով համագումարներու մէջ դժւար է թեկնածուներու առաջադրմամբ ընտրութիւն կատարել. այդ պատճառով է հաւանաբար, որ քւէարկութեան արդիւնքներու ամփոփումը եւ յայտարարութիւնը ուշացան գրեթէ երկու օր:

Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համագումարը տեղի կունենայ Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն տասը ամիս առաջ: Նորընտիր վարչութեան գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ընտրութեան կազմակերպումը: Ներկայ Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութիւնը, որ մէկ մարդու` վարչապետին ցուցմունքով միահեծան կիշխէ քաղաքական կեանքին ու կարհամարհէ ամէն դիտողութիւն, թշնամի կը համարէ ընդդիմութիւնը, պիտի կարենա՞յ առողջ ժողովրդավարութիւններու օրինակով համախոհական եղանակով համաձայնական խմբաւորմամբ գործել: ՔՊ-ական մտածողութեամբ նման բան անկարելի է, որովհետեւ տեսանելի է, որ գործելու ոճը կը յիշեցնէ ամբողջատիրական վարչաձեւերու կառավարման եղանակը, երբ ամէն երեւոյթ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական ու մշակութային, դատաստանական եւ այլ, ենթակայ են խիստ վերահսկողութեան:

Բացարձակ մեծամասնութիւնը վերարտադրելու համար, ՔՊ-ն պիտի դիմէ ժողովուրդին հաճելի թւացող միջոցառումներու, անգամ մը եւս տուրք տալով ամբոխավարութեան եւ աժան ինքնագովեստի: Համագումարը բնականաբար որդեգրած է գործունէութեան ծրագիր մը, խոստանալով խթանել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը, տնտեսութիւնը մրցակցային դարձնել, կրթութիւնը արդիականացնել, կառուցել ակադեմական քաղաք, գոյացնել… դատական անկախ համակարգ, կաշառակերութիւնը վերացնել, խաղաղութիւն հաստատել եւ վերջապէս սահմանադրութիւնը փոփոխել: Այս առաջադրանքները, բացի վերջինէն, լաւ գաղափարներ են, որոնք կրնան որդեգրւիլ, առաւել կամ նւազ չափով, որեւէ քաղաքական ուժի կողմէ: Ցուցակէն գլխաւոր պակսողը ճշմարիտ ժողովրդավարութեան մը խոստումն է. ճշմարիտ ժողովրդավարութիւններուն մէջ իշխող ուժը չարհամարհեր ժողովուրդի տրամադրութիւնը եւ ընդդիմութեան տեսակէտները:

Բոլոր ամբողջատիրական վարչաձեւերու ղեկավարներուն նմանողութեամբ, ՔՊ-ականները եւս կը խօսին ժողովուրդի անունով: Վերջին օրինակը գործող սահմանադրութեան մասին Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնն է. «Այսօրւան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնն այնքան ատելի է ժողովրդի համար, որքան կայսրութիւնների կողմից պարտադրւածը»: Այս «ատելի» սահմանադրութեան ո՞ր յօդւածներն են ժողովուրդէն մերժելի, կը մնայ անծանօթ. նոյնիսկ ինքզինք ժողովուրդի հետ շփոթող վարչապետը չի բացայայտեր սահմանադրութեան կարծեցեալ սխալները:

Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ղեկավարած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ջանք պիտի չխնայեն ընտրողները համոզելու համար, որ խաղաղութեան խաչմերուկը «իրական Հայաստանն» է, որ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութիւնը հաստատւած է արդէն եւ այս երկու բարեկամ դարձած երկիրներուն պահանջներուն գոհացում տալը գաղափարական սկզբունք է, Արցախի նախկին բնակիչները կրնան «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ դառնալ, Արարատի հետ պէտք է մոռնալ նախնիներու ծննդավայրերը, Ցեղասպանութիւնը չյիշել, հայրենիք ու պետութիւն շփոթել, Հայ Դատ ու պահանջատիրութիւն թաղել:

Բողոքելով զինք 44-օրեայ պատերազմը հրահրելու մէջ ամբաստանութեան դէմ, Նիկոլ Փաշինեան ինքնապաշտպանութեան համար չի խորշիր յայտարարել. «Որ ես եմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատերազմի մէջ ներշաքել… 2018-ին 18 տարեկան զինուորը ի՞նչ գործ ունէր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքից դուրս»: Այսինքն` Արցախի մէջ: Այսինքն` Հայկական բանակը բռնագրաւած էր Արցախը:

Բոլոր ազգային ուժերը պարտաւոր են միասնական ճակատով թոյլ չտալ, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Քաղաքացիական պայմանագիր վերահաստատեն այժմու միակուսակցական կառավարումը:

Related Articles

Back to top button