Սփիւռքին / Սփիւռք(եր)էն խօսք

Խ. Տէր Ղուկասեան
«Քրէոլներուն (criollos) կուղղեմ խօսքս. անոնց, որոնք այս հողին վրայ կուզեն ապրիլ եւ մահանալ, ոչ անոնց որոնք կը կարծեն թէ արեւն ու լուսին Եւրոպա են:» Այս նախադասութեամբ կը սկսի Խորխէ Լուիս Պորխէս գրեթէ հարիւր տարի առաջ հրատարակած իր գրութիւնը:
Կը խօսի 19-րդ դարու սկիզբին հարաւամերիկեան ցամաքամասի վրայ սպանական գաղութատիրութեան դէմ ծառացած յեղափոխութեան ծնունդ երկիրներէն՝ Արժանթինի բնակիչներուն, արժանթիցիներուն: Իր թեման հայրենիքն է, եւ հաւաքական ինքնութիւնը: (Jorge Luis Borges, “El tamaño de mi esperanza”. El tamaño de mi esperanza, Buenos Aires, Seix Barral, 1993, p. 11): Անոնց կառչելու կոչ է, ըլլալու տեղացի, բայց հաղորդակից աշխարհին հետ, կամ, ինչպէս փորձագրութեան աւարտին կը բանաձեւէ, «Քրէոլականութիւն մը, որ զրուցէ աշխարհի մասին եւ Եսին, Աստծոյ մասին եւ մահւան: Ձեզի տեսնեմ՝ մէկը ինծի պիտի օգնէ՞ այդ փնտռտուքին մէջ:» (p. 14)
Դիւրին չէ Պորխէս կարդալ, եւ շատ դժւար՝ Պորխէս թարգմանել: Անկարելի է սակայն չմտածել անոր իւրաքանչիւր գրութեան ընթերցումէն յետոյ, պատմւածք ըլլայ այն, բանաստեղծութիւն թէ փորձագրութիւն: Այնքան, որ տիեզերական է անոր միտքը, այնքան խնամւած այդ միտքը խօսքի վերածելու իր գրականութիւնը:
Առանց այդ 1926-ի գրութեան դիպուկ թեմային՝ արժանթինեան հաւաքական ինքնութեան անդրադառնալու, Պորխէսի տիեզերականութիւնը թոյլ կու տայ «Ազատ օր»-էն փորձել խօսքը ուղղել Սփիւռքահայերուն, անոնց որոնք այդ Վայրին մէջ են, եւ այդ Վայրի՛ն՝ Սփիւռքին անցեալ-ներկայ-ապագայ լինելութեան յանձնառու են: Կարելի՞ է Սփիւռքին խօսիլ, եւ Սփիւռքէն խօսիլ, ահա սփիւռքահայ մամուլի գլխաւոր մարտահրաւէրը ներկայիս՝ 21-րդ դարուն: Մամուլին՝ իր ամենէն դասական իմաստով, այսինքն այն տեղեկատւական/հրապարակագրական օրգաններուն, որոնք դարու, կամ գրեթէ, անցեալ մը ունին քաղաքական մտածողութեան, ինքնութեան լինելութեան եւ գոյութենական յանձնառութեան ստեղծագործական իրենց դերակատարութեամբ: Ոչ թէ ճապաղ արձագանգն են հայրենի «իրական»ութեան մը (ապա)տեղեկատւական հոսքին եւ անոր ծնունդ տւած (ան)բանավէճին:
Սփիւռքերէնի մարտահրաւէրին մասին է խօսքը, որ ստեղծւեցաւ/զարգացաւ Սփիւռքին հետ որ ստեղծեց/զարգացուց, ինքնացո՛ւց, հայապահպանման ի խնդիր, Հայ Դատի պայքարին եւ Սփիւռքահայ ըլլալու: Յատուկ լեզու մը չէ սփիւռքերէնը բառապաշարի եւ քերականութեան իմաստով, որովհետեւ հայերէնի մասին է խօսքը, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի, եւ մինչեւ իսկ արեւմտարեւեալահայերէնի մասին, որ Սփիւռքահայ Վահէ Պէրպէրեանը թատերաբեմին վրայ կատակով բանաձեւեց որպէս շատ լուրջի առնելիք առաջարկ: Հայերէնի՝ որպէսզի յստակօրէն սահմանազատւի մայրենիով վերապրած ու զարգացած ինքնութիւն մը այն մէկէն, որ այսօր ապահայերէնացումով կը «դեմարգացւի» նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար պետակա-քաղաքական ամենայն անպատասխանատւութեամբ: Հայերէնին մասին չէ սփիւռքերէնը, բայց դասականին մասին է անկասկած, Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադարձին, զոր մերժեցին «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ» լոզունգի ամենաանկեղծ յանձնառուներն իսկ, նախընտրելով շարունակել ատենին ազգը բաժանած, եթէ ոչ նաեւ այդ նպատակով պարտադրւած, «ուղղագրութիւն» մը: Ոչ իսկ քաղաքական կամք «հայերէնի լեզւամշակութային քաղաքականութեան» մը մշակումին, որ որպէս առաջարկ դարասկիզբին բանաձեււցաւ դարձեալ Սփիւռքահայ քաղաքական գործիչի մը, Մկրտիչ Մկրտչեանի կողմէ:
Սփիւռքերէնի մարտահրաւէրը, հետեւաբար, լեզւամտածողական ստեղծագործ յանձնառութիւն մըն է, որ նախ եւ առաջ Սփիւռքին կը խօսի յուշելու համար, որ անկախ պետականութեան անժխտելի անհրաժեշտութիւնը հայրենիքի գոյատեւման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ ազգ-պետութեան գերիշխան ամրապնդման համար, անպայմանօրէն գործնական ոչ մէկ ներդրում բերած է սփիւռքեան անդրազգային իրականութեան մէջ հաւաքական ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման: Ծնունդ չէ տւած, եթէ ոչ համարկումի առնւազն մասնակցական համագործակցութեան հայեցակարգի մը, ուր նաեւ Սփիւռքեան լինելութեան խնդիրները կը քննարկւին ներկայացուցչական ձայնի եւ քւէի իրաւունքով: Մօտեցման ու տիալոկի միջոցներ անշուշտ եղած են, եւ անարդար է ժխտել անոնց ետին կանգնած քաղաքական անձնաւորութիւններու անկեղծ համոզումը, բայց, վերջին հաշւով, հայրենի քաղաքական հատւածին մօտ չէ եղած լուրջ պատրաստակամութիւն լեզւամշակութային փոխադարձ զիջումի:
Առանց տակաւին անդրադառնալու այլեւս պետութեան բարձրագոյն մակարդակով սփիւռքեան ինքնութեան եւ լինելութեան ուրացման քաղաքականութեան, որ ներկայ իշխանութիւններունն է: Կրնայ ըլլալ, ինչպէս շատեր կը յուսան, որ այդ քաղաքականութիւնը լոկ թիւրիմացութիւն մըն է պարտութեան հոգեհարազատ իշխանութիւններու: Այնուամենայնիւ Սփիւռքը ներկայ սփիւռքուրաց քաղաքականութիւնը պէտք է ընկալէ որպէս ահազանգ, անդրադառնալու համար թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ իր լինելութեան օրակարգի մոռացումը, կամ լուսանցքայնացումը, յանուն նախկինին «անկախ պետութեան հզօրացման» թէ ներկային «պետականաշինութեան» առաջնահերթացումին:
Սփիւռքի՛ն խօսիլ է Սփիւռքերէնը, որովհետեւ ատենին հաւաքական ինքնութիւն կերտած «տարբերումը», ինչպէս բանաձեւած է Յարութիւն Քիւրքճեան, այսօր կրկնակի իմաստ կը ստանայ ի դէմս նոյն այդ ինքնութեան լինելութիւնը անկախ պետութեան ներդրումով լիցքաւորելու երբեմնի յոյսին չքացման: «Այսօր», այսինքն՝ դեռեւս 1990-ականներուն, երբ Սփիւռքահայ մտաւորականներ զգուշացուցին Սփիւռքը լքելու վտանգին մասին, բայց առնւազն Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի աւարտէն ի վեր ի դէմս այնքան սպասւած Համահայկական Խորհուրդի չկայացման, եւ վստահաբար Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութենէն յետոյ: Սփիւռքի ինքնութեան պատասխանատւութիւնը նախեւառաջ, եւ ներկայ պարագային թերեւս՝ բացարձակապէս, Սփիւռքին, սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն եւ մինչեւ իսկ անհատ սփիւռքահայերունն է:
Ներառեալ Հայաստան բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայերուն, որոնք կազմակերպւած իւրայատուկ համայնք մը ըլլալու ամբողջ կարողականութիւնը ունին, բայց ցարդ կարծես չեն մտածած/ուզած/կարողացած Արեւմտահայերէնով դասաւանդող դպրոց հիմնել, դասական ուղղագրութիւնը դնել մշակութային քաղաքականութեան օրակարգին, կամ Սփիւռքի շահերու պաշտպանութեան «լոպպի» մը առաջացնել, ինչպէս անձնական խօսակցութեան մը ընթացքին նշած է Սփիւռքահայ մը, ընդ որում «շահ»ի ե՛ւ ընդհանրական, ե՛ւ կոնկրետ գործարարական իմաստով: Հոս պիտի յիշեցնել թերեւս որ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն, Հայաստանի մէջ եղած է Արեւմտահայութեան ներկայացուցչութիւն, եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնած է հանրապետութեան մէջ իշխանութեան վրայ գտնւող կուսակցութեան ակնառու գործիչներէն մէկը, յանձինս Կարօ Սասունիի:
Բայց Սփիւռքերէնը նաեւ Սփիւռքէն խօսիլ է, եւ դիրք ճշդել: Քաղաքական եւ գաղափարախօսական դիրք, որ ինքնին անխուսափելիօրէն պիտի ըլլայ բազմակարծիք, բանավէճ հրահրող, հանրային քննարկումի մէջ տեսակէտներու բախումին միջոց բացող յանդգնութեամբ եւ քննական/քննադատական մօտեցումով: Բանավէճի դնել նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար հայաստանեան քաղաքականութիւնը, ներքին թէ արտաքին, առանց վերարտադրելու հոնտեղի բանավէճերն ու կարծիքները: Եւ դիրք ճշտել Սփիւռքէն դիտելով երեւոյթները, թէկուզ եւ դիրքորոշւելով Հայաստանեան ներքաղաքական դաշտին մէջ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան կողքին: Առանց պատրանքներ ունենալու: Սփիւռքի մէջ քաղաքական խօսքը Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններուն վրայ հազիւ թէ կրնայ ազդել: Դժւար է նաեւ երեւակայել, որ Հայաստանեան որեւէ քաղաքական ուժ Սփիւռքեան մտածողութեամբ հետաքրքրւի: Սփիւռքէն խօսքը նախ Սփիւռքին ուղղւած է, բայց գոնէ վարկածի կարգով պիտի ենթադրելով, որ այն ինչ որ չափով կրնայ արձագանգել Հայաստանի մէջ: Ինչպէս պատահեցաւ, օրինակի համար, հայ-թուրքական Փրոթոքոլներուն դէմ Սփիւռքի մէջ ծնունդ առած եւ բարձրագոչւած «Ոչ»-ի պարագային: Միակ օրինակը չէ, թէեւ հաւանաբար ամենէն ցայտունը: Բայց, ահաւասիկ, Սփիւռքի մամուլին կը մնայ Սփիւռքէն խօսքը աւելի համարձակօրէն, աւելի յստակօրէն, եւ սփիւռքեան բազմամշակութային իրականութեան համապատասխան իւրայատկութեամբ բանաձեւել, հաստատագրել եւ տարածել:
Սփիւռքերէնը Վահէ Օշականի «Սփիւռքահայ ըլլալ»ու խօսքն է որուն բանաձեւումը որպէս քաղաքական մտածողութիւն սփիւռքահայ հրապարակագրութեան մէջ պիտի զարգանայ: Հրապարակագրութիւն՝ անկախ թէ այն տպագիր թէ արդէն առցանց մամլոյ օրգաններու իւրայատուկ է, եւ ոչ թէ ընկերային ցանցերու վրայ պայմանական գրառումներ: Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւնը հիմնականօրէն հաւաքական ինքնութեան լինելութիւնն է: Եւ, հետեւելով Քլեմանսոյի վերագրւած նախադասութեան՝ «Պատերազմը շատ կարեւոր է անոր պատասխանատւութիւնը զօրավարներուն ձգելու համար», պիտի ըսել որ Սփիւռքի համար հաւաքական ինքնութիւնը շատ կենսական է անոր պատասխանատւութիւնը պետութեան ձգելու համար:
«Ազատ օր»