Մեր պատանի ու երիտասարդ ջահակիրները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ-դէմի.
Անզղջալի առաջ գնայ…:
Ա. Իսահակեան
Երեւանի մէջ, 23 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած երիտասարդական ջահերթն ու Ապրիլ 24-ին, նմանապէս դէպի Ծիծեռնակաբերդ ժողովրդային թափօրը եղան Ցեղասպանութեան յիշատակման բարձրակէտ աքթերը: Անոնք միայնակ զանգեր չէին, այլ արձագան գտան աշխարհով մէկ, տարբեր հայօճախներու մէջ ցոյցերով, յուշահանդէսներով ու արդարատենչութեան այլազան արտայայտութիւններով: Մեր մամուլը այդ բոլորին լայն տեղ տւաւ եւ մէկ յայտարարի վրայ հաւաքեց արտայայտւած կեցւածքները, որոնք կը խտանան հետեւեալներով. Ցեղասպանութիւնը չենք կրնար մոռնալ, Ցեղասպանութիւնը միայն հայը տագապեցնող ոճիր չէր, հայը չի կրնար ուրանալ կամ ժխտել պատմական փաստերը, իր ձայնն ու ձեռքերը միացած պիտի պահէ, ի խնդիր Արդարութեան հաստատման՝ հողային եւ նիւթական կորուստներու արդար հատուցման, ցեղասպանները հաշւետւութեան կանչելու…
Ոճրագործներուն դէմ բողոքի ու արդարատենչութեան ալիքներէն՝ այս սիւնակին մէջ կուզենք առանձնացնել քանի մը պատկեր, որոնք այլապէս ունին նոյն հասարակ յայտարարը. ատիկա կը կոչւի մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն պահանջատիրական ձայները, որոնք հնչեցին տարբեր երկինքներու տակ: Հոս ալ պիտի ունենանք ընտրովի մօտեցում, որովհետեւ կարելի չէ արձանագրել բոլորը, իսկ ընտրովի մօտեցում՝ չի նշանակեր անտեսել կամ արհամարհել այստեղ չյիշատակւածները:
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ
Լոս Անջելէսի շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտները այս տարի եւս քայլարշաւ մը կատարեցին Մոնթեպելլոյի մէջ, յիշելով ու յիշեցնելով Ցեղասպանութիւնը, անոր անպատիժ մնացած ըլլալը եւ «Կը յիշեմ»-ը, «Պէտք չէ կրկնւի»-ն եւ նման կեցւածքներ: Այլ գաղութներու աշակերտներ եւս լասելի դարձուցին իրենց ձայնը:
«Ազդակ»-ի եւ «Ասպարէզ»-ի ընթերցողները անկասկած որ յուզումով եւ հոգեկան խռովքով ողջունեցին այն աշակերտները, որոնք լայն տեղ գրաւած էին Ապրիլ 24-ի բացառիկ թիւերուն մէջ: Եթէ «Ասպարէզ»-ը հիւրընկալած էր Ազգ. «Ալեք Փիլիպոս» երկրորդական վարժարանի աշակերներէն արձակ ու չափածոյ գրութիւններու փունջ մը, այդ էջերը ընկալեցինք իբրեւ մէկ ներկայացուցիչը մեր բոլոր վարժարաններու աշակերներուն, որովհետեւ բոլորէն գրութիւններու հաւաքագրումը պիտի նշանակէր… ամբողջ բացառիկը կամ աւելին յատկացնել աշակերտներուն (թերեւս օր մը այդ քայլն ալ պէտք է առնւի): Այդ էջերը ի յայտ բերած էին, որ մեր մատղաշ սերունդը ինչպիսի՛ յանձնաձութեամբ կապւած է իրեն փոխանցւած՝ արդարատենչութեան դրօշին, նոյն ոգիով է որ մէկը արձագանգ կըլլայ միւսին, գիտէ, թէ Ահարոնեան մը ինչո՛ւ ըսած է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»
«Ազդակ»-ի էջերը աւելի խայտաբղէտ էին. հոն զիրար գտած էին «Զաւարեանական»-ը, ԼԵՄ-ականը, Պատանեկան միութիւններու անդամներ, Անթիլիասի Դպրեվանքի սաներ, առանց մոռնալու երիտասարդական այն հաւաքը, որ իբրեւ հերթական ուխտագնացներ՝ փաղանգ մը համախմբած էր Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին շուրջը: Կարդալով այդ սիւնակները, ընթերցողը անգամ մը եւս վկայ դարձաւ, որ հայ պատանին ու երիտասարդը նո՛յն գիտակցութեամբ եւ կամքով կանգնած են մեր Դատի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, թէ՝ բէյրութցին ու լոս-անջելէսցին ո՛չ միայն նոյն հնչեղութեամբ կարձագանգեն իրարու, այլ նաեւ ունին պահանջատիրութեան համահունչ ձայնակիցներ՝ աշխարհի չորս ծագերուն, իսկ բոլորը, կրկնենք, կարձագանգեն Երեւանէն բարձրացած կոչին:
ԼԱՐՔ-Ի ԳԵՂԱՐՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Պատանեկան եւ երիտասարդական կամքի այս գեղեցիկ խճանկարին մէջ, իւրայատուկ գոյներ ունէր Գլենդէլի «Լարք» երաժշտանոցի սաներուն գեղարւեստական հանդէսը, 25 եւ 26 Ապրիլին: Գիրի ու խօսքի փոխարէն, հոն տիրապետողը արւեստի լեզուն էր՝ երգ, պար, ասմունք ու նւագ-երաժշտութիւն: Սա վկայութիւն մըն էր, որ պահանջատիրութիւնը ունի արտայայտութեան տարբեր լեզուներ, եւ արւեստը այդ լեզուներուն շարքին բաւական ազդեցիկ է ու համակող, վարակող: Ուշագրաւ էր հանդէսին համար ընտրւած ընդհանուր խորագիրը՝ Վահագնի վերածնունդը, որ բեմին վրայ արտայայտութիւն գտած էր արւեստի մէկ այլ լեզւով՝ գեղանկարչութեամբ: Վահագնը այսօր ալ կենդանի է ու պատրաստ՝ քաղելու հայութեան ու մեր հայրենիքին սպառնացող վիշապները…
Փակագիծ մը բանալով արձանագրենք, որ Արւեստի լեզուն ի գործ դրւած էր նաեւ երէցներու կողմէ, Գլենդէյլի մէջ տեղի ունեցած երաժշտական յայտագիրով մը (հոն ալ երիտասարդներ բաժին ունէին, յամենայնդէպս), սակայն մեր կիզակէտը, ինչպէս ըսինք սկիզբէն՝ մեր պատանիներն ու երիտասարդներն են, այլ խօսքով՝ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ, որ ահաւասիկ գործնապէս ցոյց կու տայ, թէ Երեւանի մէջ կամ այլուր, աւելի երէց երիտասարդներու ու ծնողներու՝ «նախկիններու» կողմէ բարձրացւած ջահը վար պիտի չիյնայ, այլ դրօշարշաւը՝ ջա՛հարշաւը պիտի շարունակւի նոր հասնողներուն կողմէ, նո՛յն կամքով, նո՛յն յանձնառութեամբ եւ աճող խանդավառութեամբ, ուժականութեա՛մբ:
Մեր պատանիները՝ աշակերտ, միութենական, արւեստագէտ թէ այլ, գործնական վկայութիւն կը բերեն ու կը մարմնաւորեն այն, որ կաթիլ-կաթիլ, ալիք-ալիք հարւածող ջուրը ժայռեր կը ծակէ-կանցնի, ծովափի խարակներ կը խորտակէ, միանալով՝ կը կազմէ յորձանուտ, որ կը քանդէ իրաւունքիդ դէմ կանգնող, խափանող արգելակները, նաւդ կը հասցնէ արդարութեան նաւահանգիստ:
28 ապրիլ 2025