Անյապաղ վերջ տալ «Օրուէլեան երթ»-ին
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ջորջ Օրուէլ կը նկատւի Անգլիոյ 20-րդ դարու մեծագոյն գրողներէն մէկը, եթէ ո՛չ՝ մեծագոյնը: Հռչակ շահած են մասնաւորաբար անոր գիրքերէն երկուքը՝ «1984» եւ «Կենդանիներու ագարակը» – Animal Farm (կան ուրիշներ ալ): Ինչպէս հայկական ու միջազգային գրականութեան մէջ անջնջելի հետք թողած գրողներու, նոյնպէս ալ Օրուէլի գրածներէն պատառիկներ յաճախ կը մէջբերւին տեղի՛ն, այնքան մը, որ անոնք առածի, ասոյթի կարգ անցած են: Առաւելաբար քաղաքական խորքով նշանաւոր խօսքերէն մէկն է «Կարգ մը հաւասարներ աւելի՛ հաւասար են, քան ուրիշներ»-ը («…Ագարակ»-էն), իսկ «1984»-էն կարելի է յիշատակել հարիւրաւորներ: Ծանօթ է, որ երկու գիրքերուն ալ հիմնական կիզակէտը՝ բռնատիրական-մենատիրական վարչակարգերու եւ անհիմն կամայականութեանց քննադատութիւնն է (այո՜, կան նաեւ… հիմնաւորեալ կամայականութիւններ)
Կանգ առնենք «1984»-ին մէջ արձանագրւած տողերէն մէկուն վրայ. «… Իւրաքանչիւր գիրք վերստին գրւած է, իւրաքանիւր գեղանկար վերստին նկարւած է, իւրաքանչիւր յուշակոթող, ճամբայ եւ շէնք վերանւանւած է, իւրաքանչիւր թւական փոփոխւած է. եւ այս գործընթացը կը շարունակւի օրէ օր, վայրկեան առ վայրկեան»:
***
Ինչո՞ւ յիշեցինք Օրուէլն ու անոր չհինցող մտածումները, յատկապէս՝ այս դիտարկումը: Որովհետեւ անիկա կարծէք թէ գրւած ըլլար այն զարգացումներուն առիթով, որոնք տեղի կունենան Հայաստանի մէջ, յատկապէս ՔՊ-ական իշխանութեան օրով, զարգացումներ՝ որոնք կը շարունակւին, կը կրկնւին ամէն օր, ամէն վայրկեան:
Սկսելու համար, մէջբերումին առաջին բառերը՝ գիրքերու վերախմբագրումը՝ կարծէք թէ ուղղակի ակնարկութիւն է Հայոց Պատմութեան դասագիրքերուն վերախմբագրման, ինչպէս նաեւ «Հայո՞ց Պատմութիւն», թէ՞ «Հայաստանի Պատմութիւն» ՀՆԱՐՈՎԻ՛ բանավէճին: Այս հարցը ամիսներէ ի վեր կալեկոծէ մեր հայրենիքն ու տագնապին ալիքները կը հասնին մինչեւ սփիւռքեան ափեր:
Արդա՞ր ու տեղի՞ն են տագնապը, մտահոգութիւնները: Բնականաբար այո՛: Հարցը պիտի դիտւէր պարզ բառախաղի մը անկիւնէն, եթէ չըլլային քիչ տեսնւող ԽՈՐՔՆ ՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: Առանց երկար դեգերելու ստեղծւած բանավէճին բաւիղներուն մէջ, բաւականանանք միայն նշելով, որ պատմութեան ԸՍՏ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ վերախմբագրումը ունի յստակ նպատակ՝ հայուն եւ իր պատութեան միջեւ ստեղծել այլանդակ խզում մը (պատճառաբանութիւնները չթւենք), եւ սա քայլ մըն է, որ կիյնայ նմանօրինակ քայլերու ամբողջ «շքերթ»-ի մը ծիրին մէջ, շքերթ՝ որ թելադրւած է ու կը պարտադրւի… Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի կողմէ, եւ որուն այլ դրսեւորումներն են պահանջներու, (իբրեւ թէ) խաղաղութեան նախապայմաններու ամբողջ ցանկ մը, սկսելով նոր սահմանադրութենէն մինչեւ Արցախէն հրաժարում, Ցեղասպանութեան եւ այլ ոճիրներու պահանջատիրութեան մոռացում, «չարագործ Սփիւռք»-էն ձերբազատում, հասնելու համար նոյնինքն Հայաստանի «վերախմբագրման», եթէ անշուշտ իրականանան ազերիներու իրենց «պատմական հայրենիքը՝ Արեւմտեան Ադրբեջան» վերադարձի նախապայմանն ու Հայաստանը «անցքերու» (չմոռնանք որ պահանջը միայն «Զանգեզուրի անցք»-ը չէ, կայ Վարդենիսէն եւ այլ կէտերէ Հայաստանը կտրատող «անցքեր»-ու ծրագիրները, որոնք նախեւառաջ ազատ ել ու մուտի իրաւունք պիտի տան բոլորին, բացի… հայերէ):
Չենք ուզեր այս բանավէճին՝ արդար մտահոգութիւններու հեղեղին մասին աւելի երկար արտայայտւիլ: Աւելցնենք միայն այն, որ պատմութեան նենգափոխման ՔՊ-ական այս արշաւը նորութիւն չէ, անոր առաջին ծիծեռնակներուն ականատես եղանք 5 տարի առաջ, երբ հրապարակ նետւեցաւ համալսարան մուտքի քննութիւններուն՝ պատմութեան եւ հայացնող այլ նիւթերու վերադասաւորումը (օրին բողոքի շարժում ստեղծեց, բայց մնաց անվաղորդայն), իսկ քանի մը ամիս առաջ ալ վերարծարծւեցաւ՝ 7-րդ դասարանի վերախմբագրւած դասագիրքերու հրատարակման եւ գործածութեան պարտադրանքին ճամբով:
Այս բոլորը մէկ յստակ հետեւութեան կառաջնորդեն մեզ. մեր բոլոր պատմահայրերն ու պատմագէտները տխմար-ապուշներ են եղած, բոլորն ալ կը դասւին «նախկիններու» ցանկին, այսօր, այս խեղաթիւրումները քննադատող եւ ճշմարտութեան փաստերը ցանկագրող պատմաբանները, դաստիարակներն ու իրա՛ւ բանգէտները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, այսինք բան չեն հասկնար «թազա Հայաստան»-էն, ուրեմն, պէտք է փա՜ռք տալ Աստուծոյ, որ Հայաստանի պարգեւեց Նիկոլ Փաշինեան անունով «իմաստո՜ւն» եւ ամենագէտ վարչապետ մը, զայն շրջապատեց իրեն պէս իմաստակներով, կառավարական պաշտօնները բաժին հանեց ընդհարապէս տւեալ ոլորտներէ բան չհասկցողներու եւ զանոնք օժտեց… թշնամիին բոլոր պահանջերը «Ըսէք, կանենք» նշանաբանով իրականացնելու մարմաջով:
***
Քիչ առաջ նշեցինք, որ այս ու նման բանավէճեր, արդար ըլլալով հանդերձ, հնարովին են. անոնք մտաւորկանէն ու բանիմացներէն կը խլեն շա՜տ աւելի ժամանակ ու ճիգ, քան այն՝ որուն արժանի են: Եւ հետեւելով Օրուէլի մատնանշումին՝ նման բանավէճեր կը հնարւին ամէն օր, ամէն վայրկեան: Յիշենք քանի մը հատը, որովհետեւ ցանկը իսկապէս որ երկար է, կրնայ մրցիլ Դանըլդ Թրամփի եւ այլ ստախօսներու դատարկաբանութիւններու ցանկերուն հետ:
Փաշինեան օր մը երազ կը տեսնէ «Համալսարանական աւան»-ի մը մասին, ուրիշ օր մը կորոշէ առաւօտները հեծիկ քշել, մերթ ընդ մերթ կայցելէ այս կամ այն գիւղը, աւանը, ստուգումի կենթարկէ նորաստեղծ սահմանագիծերն ու անոնց «ապահովութիւնը», մարզարաններու կամ լուացարաններու սարքերը, օր մըն ալ կորոշէ արձակուրդի երթալ, եւրոպական ֆուտբոլի մրցում դիտել, Գերմանիա տանիլ հեծիկը… (շարունակե՞նք), եւ ահա հրապարակը կողողւի հակազդեցութիւններու հեղեղներով, որոնք կը յիշեցնեն Նոյեան Տապանն ու իսկական ջրհեղեղի օրերը: Որո՞ւ հոգը, թէ երկու ամիս առաջ ողողումներու զոհ գացած՝ հիւսիսային աւաններու բնակիչներուն աչքն ալ ջուր լեցւեցաւ օժանդակութեանց սպասումով (եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի ըսել, որ 1988-ի երկրաշարժէն վնասւածներ կան, որոնք օժանդակութեան կը սպասեն: Հին թերացումներ չեն կրնար արդարացնել նոր անփութութիւնները): Հապա Արցախէն բռնագաղթւածնե՞րը՝ որոնք կը ստիպւին արտագաղթելու, անոնց երեսին կը նետւի «պէտք է Հայաստանի հպատակութիւն ստանաք» անհեթեթութիւնը (զարմանալի՞ է, երբ մարդը կը խոստովանի, թէ Արցախը Ադրբեջանի պատկանած է, ուրեմն անոր բնակիչներն ալ այդ երկրին… հպատակնե՞րը կը սեպւին), հապա տնտեսական սողացող նահանջնե՞րը, հապա կենսամակարդակի անկումնե՞րը (բացի մենաշնորհեալներու որոշ դասէ մը): Հապա՞… հապա՞…:
Հնարովի՝ որովհետեւ նման մեքենայութիւններով (Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն մանիպուլացիա եզրը) այս իշխանութիւնը հանրութեան, թէ՛ համակիրներու, եւ թէ՛ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներու ուշադրութիւնը կը հեռացնէ իսկական տագնապներէն, վարագոյրներու ետին սարքւող նորանոր դաւադրութիւններէ եւ հայրենիքը նոր կորուստներու տանող քայլերէ:
***
Ասոնց ալ ցանկը երկար է. բաւականանանք թւելով մէկ քանին:
«Նոր Սահմանադրութեան մը պէտք ունինք», կըսէ խմբակին գլուխը, եւ հազար (ցամքած) աղբիւրէ ջուր կը բերէ հանրութիւնը համոզելու, թէ սա ազերիական կամ թրքական պահանջ չէ, մինչդեռ թշմանին տարիներէ ի վեր յանկերգի վերածած է այդ պահանջը, այդ հաւկիթէն նոր ճուտիկներ դուրս եկած են:
«Խաղաղ եւ հարուստ կեանքի խոստումներ ունիմ», կըսէ իմաստակը, մինչդեռ թշնամին ո՛չ խաղաղութիւն կը խոստանայ, ո՛չ ալ հարստացնելու խաբկանք կը ստեղծէ: Կը կրկնէ Հայաստանէն իր պահանջներու ցանկը: Կը ստեղծւի վիճակ՝ ուր վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զիրար կը հակասեն, զիրար կը հերքեն, սակայն բոլորն ալ ժողովուրդը պատանդ կը պահեն «եթէ չզիջինք՝ պատերազմ պիտի ըլլայ» յայտարարութիւններով, ու նման վատաբանութեան պատասխանատու կարգելով… ընդդիմադիրները (իսկ փաստե՞րը):
Վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար (նաեւ ուրիշներ) կորոշեն այս կամ այն խորհրդաժողովին երթալ, նախօրօք չեն հաստատեր, որ ազերիներու հետ հանդիպում պիտի ունենան (երբեմն մինչեւ իսկ կը պնդեն որ հանդիպում պիտի չըլլայ), սակայն յանկարծ հանդիպումները տեղի կունենան, յայտնի կըլլայ, որ օրակարգը շատո՜նց պատրաստւած էր (այսինքն՝ սուտի հանապազօրեայ ապացոյցները կը կուտակւին), նմանապէս ի յայտ կու գայ, որ Ադրբեջան ո՛չ միան նախկին, այլ նոր նախապայմաններով հարստացուցած է նման հանդիպումներու «ճաշացուցակը». ճաշակողը մի՛շտ թշնամիին կողմն է, իսկ միջնորդները հետզհետէ աւելի՛ բացայայտ բառերով կը յայտարարեն, որ կողմերը պէտք է պատրաստ ըլլան ծանր ու ցաւոտ ՓՈԽ-զիջումներու: Երբ թղթածրարներուն ծայրը բացւի, յստակ կըլլայ, որ զիջողը՝ յարատեւօրէն եւ աննահանջ զիջողը Հայաստանն է: Ի յայտ կու գայ, որ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները ԿԱՄՈՎԻՆ իրենց բազուկը տւած են ամերիկացի, եւրոպացի կամ այլ միջնորդներու ձեռքը, որպէսզի որորեն՝ որքա՛ն որ կամենան (կը յիշէ՞ք տխրահռչակ Հիլըրի Քլինթոնի յոխորտանքը՝ փրոթոքոլներու խեղկատակութեան օրերուն, այն տարբերութեամբ, որ այդ «հին» օրերուն, հայկական կողմը տեղ մը յաջողեցաւ բազուկը ազատել ոլորողին ձեռքէն):
Իւրաքանչիւր զիջումի կամ կորուստի նախօրեակին, իմաստուն մարդիկ, հայրենասէրներ, հայրենիքի պաշտպաններ կրկին ու կրկին կը հնչեցնեն ահազանգերը, սակայն ընդհանուր կրաւորականութիւնը կը մնայ անայլալ: Վաղը, դարձեալ ի յայտ պիտի գայ (եթէ հրապարակ նետւած մտավախութիւնները դարձեալ ճշմարիտ դուրս գան), որ Հայաստանը ներկայացնող դրածոները ընդունած են նոր զիջումներու երթալ, ծառայել ամերիկեան կամ այլ ընտրական հաշիւներու, իրենց մտքէն միանգամընդմիշտ վանած են Հայաստանի շահերը: Ի՞նչ Արցախ, ի՞նչ քաղաքական բանտարկեալ կամ Բաքւի մէջ (մոռցւած) պատանդներ, ի՞նչ սահմանային խլւած հողամասեր: Մարդը երկա՜ր ատեն առաջ բաց ճակատով յայտարարեց. «Տալու եմ… Արցախը Ադրբեջանի պատկանած է»: Ո՞վ պիտի արգիլէ ըսել՝ թէ Սիւնիքն ալ Ադրբեջանի պատկանած է (Իսրայէլ Օրիէն, Դաւիթ Բէկէն մինչեւ Նժդեհ ու այլ հայրենաշատպաններ ցնորքներով տարւած էին), հետեւաբար, պէտք է վերախմբագրել, եւ ամէ՛ն օր, ամէ՛ն վայրկեան՝ պատմութեան ու աշխարհագրութեան գիրքերը, ազգը խզել իր իրական պատմութենէն, հայրենիքը խզել Սփիւռքէն, զանգւածին միտքը պատրաստել նոր կորուստներու եւ… «բարելաււած, նոր թուրք»-ին հետ համակեցութեան, ի՜նչ բոյթ, որ թշնամին չէ հրաժարած համաթուրանական իր ծրագիրներէն, կ’ուզէ ո՛չ միայն պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն վեր-ա-գրել, այլ սուլթաններու, Թալէաթներու եւ Սայիդ Հալիմներու ծրագիրը հասնցնել լրումին՝ մեր հայրենքի վերադարձնել «Թշւառ, անտէր»-ի օրերուն, «Ջնջել (քանդել) Հայաստան, ջնջել հայ անուն…»:
Իսկ այս բոլորը՝ աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններու մէջ «աշխարհասասան իրադարձութիւններու» խորապատկերին առջեւ:
***
Այս իշխանախումբին իւրաքանչիւր օրը, իւրաքանչիւր վայրկեանը՝ նոր աղէտ եւ նոր կորուստներ պիտի նշանակէ, գիրքերու վերախմբագրումին՝ վաղը կրնան յաջորդել կոթողներու եւ փողոցներու վերանւանում…:
Եթէ իշխանաւորը ինքն իրեն կընծայէ նման տագնապալի վիճակներու մէջ արձակուրդ վայելելու պերճանքը, ընդդիմադիրները, հայրենիքի պաշտպանները նման պերճանքի ժամանակ չունին: Ինչո՞ւ սպասել նոր կորուստներու փաստերուն, որոնք քանիցս փորձարկւած են: Անյապաղ պէտք է վերջ տալ «Օրուէլեան երթ»-ին: Ճշմարտութիւնը օր առաջ պէտք է պարտութեան մատնէ սուտն ու կորստաբեր կեղծիքը: