Ցնծացէ՛ք հայեր, ապագան իրականացած է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդի մեկնելէ առաջ աւետեց, որ 2021-ի ընտրարշաւի խոստումը` «Ապագայ կայ, կա՛յ ապագայ», արդէն իրականացած է: Ի տես հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեան Վարդավառի տօնախմբութիւններուն եւ մանաւանդ Սեւանի ափին հաւաքւած յիսուն հազար հայերուն` ակնյայտ է, որ Հայաստանի ժողովուրդը երջանիկ է, կեր, խմէ, զւարճացիր, մոռցիր Արցախ, Ցեղասպանութիւն, գրաււած տարածքներ, ադրբեջանական նախապայմաններ, Արարատ ու Հայ Դատ: Հայ ժողովուրդը մեծ կորուստներ ունեցած է հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին. այդ բոլորը պատմական իրողութիւններ են, որոնք պէտք է մոռցւին ու կորսւին անցեալի մշուշին մէջ: Օտարները, վերջին ժամանակներուն յատկապէս ռուսերը, մեզ կը մղէին պայքարելու անիրականանալի նպատակներու համար, այդ միջոցով իրենց գերիշխանութիւնը հաստատելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Այժմ, Հայաստան թօթափած է այդ վնասակար ազդեցութիւնները, մարսած է բոլոր կորուստները ու վերածւած ինքնիշխան, ազատ ու անկախ «իրական Հայաստանի»: Ո՛վ չ՛ընդունիր իրականացած այս ապագան, ո՛վ տակաւին կը խօսի իշխանութիւններու կողմէ մոռացութեան տրւած իրաւունքներու մասին, ո՛վ չ՛ընդունիր իշխանութիւններու վարած զիջողական քաղաքականութիւնը, ո՛վ վերջապէս կը պահանջէ իշխանութեան փոփոխութիւնը, ահաբեկիչ է, պետութիւնը կործանող է, «բռնի» իշխանափոխութեան ջատագով է: Ընդդիմութեան սահմանադրական անհրաժեշտութիւնը, խօսքի ազատութիւնը տեսականօրէն գոյութիւն ունին, սակայն խօսքը ենթակայ է կամայական մեկնաբանութեան եւ… անախորժ հետեւանքներու:
Օրինակի համար, Սամուէլ Կարապետեան անունով մեծահարուստ գործարարը, որ բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջին առիթով այցելած էր Էջմիածին ու կաթողիկոսին հետ տեսակցելէ ետք յայտարարութիւն մը կատարած էր: Ան իր զօրակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ Եկեղեցւոյ եւ կաթողիկոսին, ըսած էր, որ եթէ քաղաքական կուսակցութիւնները չկարենան լուծել տագնապը, ինք իր միջոցներով պիտի լուծէ: «Իր միջոցները» ենթարկւեցան կամակայական մեկնաբանութեան, թարգմանւեցան իբրեւ բռնի արարքներու, ահաբեկչութեան հրաւէր: Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալւեցաւ ու ենթարկւեցաւ երկու ամսւան նախնական կալանքի:
Բանտէն, Սամուէլ Կարապետեան բացայայտեց «իր միջոցը» յայտարարելով նոր կուսակցութեան մը կազմութեան մասին: Արդեօ՞ք պիտի ստեղծւի այն երրորդ ուժը, որ անկախաբար «քաղաքացիական պայմանագիրէն» եւ իբրեւ թէ ընդմիշտ մերժւած հիներէն, Հայաստանի քաղաքական դաշտը դուրս պիտի բերէ արւեստական երկփեղկումէն, որ ստեղծւեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր սակաւապետութեան կողմէ:
Ժողովուրդի քւէներով ընտրւած իշխանութիւն մը օրինական է այնքան ատեն, երբ իր նախընտրական ծրագիրին հաւատարիմ կը մնայ: «Քաղաքացիական պայմանագիրի» նախընտրական ծրագիրը միայն մուրճի հարւածներով «Ապագայ կայ, կա՛յ ապագան» չէր: Քարոզելով ու գործելով իր տւած խոստումներուն հակոտնեայ եղանակով, Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը նպատակադրած է նոր սահմանումներ տալ Հայաստան, հայրենիք, Հայ եկեղեցի, պետութիւն, ազգ, ժողովուրդ յղացքներուն, զանոնք պատշաճեցնելով իր ձախողումներով ստեղծւած կացութեան հետ: Եղածը դասական պահպանողականութիւն չէ. Նիկոլ Փաշինեան կը յաւակնի հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան ներարկել եւ ընդունելի դարձնել այնպիսի գաղափարներ, որոնք կը հակադրւին դարերու ընթացքին գոյացած, միս ու արիւն դարձած ըմբռնումներուն: Ասիկա նոր իսկական Հայաստանի, նոր ժողովուրդի, նոր եկեղեցւոյ, նոր պետականութեան շփոթւած «գաղափարաբանութիւնն» է, որ կը ջնջէ իրմէ առաջ եղած ամէն բան. պատմութիւն, հայրենիք, մշակոյթ ու ժողովրդագրութիւն:
Ազգային նոր գաղափարաբանութիւնը ժողովրդականացնելու համար, Փաշինեան ամոլը ստեղծեց «կրթւելը նորաձեւ է» շարժումը: Հաւաքներով, դասախօսութիւններով, զրոյցներով տիկին Աննան եւ անձամբ պարոն Փաշինեանը կը բացատրեն, որ սխալ ապրած ենք մինչեւ իրենց յայտնւիլը եւ թէ իրենք, եկեղեցւոյ աղանդաւորներու նմանողութեամբ, կը բացայայտեն Բանն Աստուծոյ եւ բանն ազգին ու հայրենիքին ճշմարտութիւնը, իրենց ճշմարտութիւնը:
Ազդակ