Դաշնակցական Բեմ

Կորուստի մը առիթով՝ կցկտուր մտքեր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Տարւան ամենէն աւելի արձակուրդային ամիսին՝ օգոստոսին, դէպքերը, որոնք իրարու կը յաջորդեն, չեն ստեղծեր խուճապային այն մթնոլորտը, որուն վարժ դարձանք անցնող տարիներու ընթացքին:

Գազայի մէջ վայրագութիւնները կը շարունակւին, Իրանն ու «Հեզբօլլահ»-ն իրենց խոստացած խիստ հակադարձութիւնը չեն կատարեր, Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փակումին հետ մոռացութեան կը տրւի բացման իւրօրինակ արարողութեան գայթակղութիւնը, աշխարհ կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան հանգուցալուծումին, Ուկրաինան կը յաջողի ռուսական հողերու մէջ յառաջանալ, իսկ Ռուսիա անմիջապէս չի հակազդեր, Լիբանան կը սպասէ անորոշ պատահարի մը, որ կուշանայ եւ այլն, եւ այլն… Ծանրակշիռ դէպքերու պակաս չկայ, սակայն կայ նաեւ հակազդեցութիւններու զգուշաւորութիւն մը, որ փոթորիկէն առաջ կեղծ խաղաղասիրութեան հանգամանք ունի: Մեզի կը մնայ սպասել եւ յուսալ, որ ցուցադրւած զգուշաւորութիւնը ի վերջոյ կը թարգմանւի իրական խաղաղասիրութեամբ:

Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ Հայոց պատմութեան, ներողութիւն՝ Հայաստանի պատմութեան 8-րդ դասարանի դասագիրքը: 7-րդ դասարանի դասագիրքերուն խեղաթիւրումներուն աղմուկը դեռ չմարած՝ ահա յաջորդ տարւան դասագիրքը նոր խեղաթիւրումներ կը հրամցնէ Հայաստանի քաղաքացի պատանիներուն: Հիմա կիմանանք, որ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ո՛չ Աղւանիստան գոյութիւն ունեցած է, ոչ ալ աղւան ժողովուրդ. դարեր առաջ, 1918-էն շա՜տ, շա՜տ առաջ, գոյութիւն ունեցած է Ադրբեջան եւ ազերի ժողովուրդ: Օգոստոս է, արձակուրդ է. տեղեկութիւնը հրապարակւեցաւ, ապա… մոռցւեցաւ: Յուսանք՝ ժամանակաւորապէս:

Սրբազան պայքարը կը շարունակւի բակային ու մարզային այցելութիւններով, այլազան զեկուցումներով ու հանդիպումներով: Բաւական տպաւորիչ էր երիտասարդական քայլարշաւն ու հաւաքը, որ երկուշաբթի, 12 օգոստոսին փոխարինեց երկուշաբթի օրերու զեկուցական հաւաքները:

Կենցաղային ընթացիկ երեւոյթներուն (մկրտութիւն, ամուսնութիւն, տարեդարձ եւ այլն) մասնակցած եմ միշտ իբրեւ պարտականութիւն, անտարբեր ներկայութեամբ: Մահերը բացառութիւն կը կազմեն, որովհետեւ անդարձ մեկնողի նկատմամբ վերջին յարգանքը նկատած եմ աւելի քան պարտաւորութիւն մը:

Երբ հարազատի մը, բարեկամի մը, ընկերոջ մը շիջումը կ՛իմանամ, լուռ եւ երկիւղած վերջին բարեւս կու տամ եւ… երբեմն ալ կը մեղադրւիմ գրաւոր կամ բանաւոր ցաւակցութիւն յայտնած չըլլալու համար: Վերջերս շատցան նման պարագաները, որովհետեւ սերնդակիցներուս տերեւաթափը, առարկայական պատճառներով, սաստկացած է:

Նման մօտեցում սերնդակիցներու նկատմամբ խախտեցաւ, երբ տեղեկացայ Յարութիւն Քիւրքճեանի՝ իմ ընկեր Յարութի մահւան մասին: Դասընկերներ էինք «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մեր աշակերտական օրերէն, մտերիմ ընկերներ էինք ու մնացինք աւելի քան վեց տասնամեակ, գաղափարակիցներ էինք ու մնացինք մեր կեանքի ողջ տեւողութեան, նոյն թաղամասը, նոյն քաղաքը կամ տարբեր երկիրներու մէջ, ոչ միայն կապն ու յարաբերութիւնը պահպանւեցան, ընկերութիւնն ու գաղափարական միասնութիւնը աներեր մնացին: Առանց նոյնիսկ խօսելու՝ Յարութը եւ ես կրնայինք փոխադարձաբար կռահել պատահող երեւոյթներու մասին մեր մտածումը, մեր մեկնաբանութիւնը: Յարութին մահով ինձմէ ալ բան մը կորսւեցաւ ու անհետացաւ:

Քաղաքական ու ազգային նիւթերով գրած յօդւածներուն շարքին այս արտասովոր մահախօսականը թող չզարմացնէ: Օրերէ ի վեր չեմ յաջողիր որեւէ նիւթի շուրջ կենտրոնանալ ու մտորել շաբաթական քրոնիկի մը նիւթին վրայ: Շատ բան գրւեցաւ Յարութիւն Քիւրքճեանի մահւան առիթով, ու ես աւելցնելիք չունիմ անոնց վրայ: Բացի լռութեամբ ու ափսոսանքով աւաղելէ ու ողբալէ կորուստ մը, որ սիրելիի մը մահւան առիթով ցաւի զգացողութենէն շատ աւելին է:

Թող ներեն ինծի ընթերցողներս այս կցկտուր ու աններդաշնակ շարադրանքին համար: Անդարձ մեկնողէն ետք, կեանքը մնացողներուն համար կը շարունակւի եւ սփոփանքի լաւագոյն միջոցը շարունակելն է այն առաքելութիւնը, որ խոր իմացութեամբ ու պատասխանատու յանձնառութեամբ որդեգրած էր Յարութիւն Քիւրքճեանը:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button