Տերեւաթափ. Յակոբ Աթիկեան (1938-2024)
ՀՅԴ Տորոնտոյի «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր սիրելի ընկերոջ՝ Յակոբ Աթիկեանի մահւան տխուր առթիւ՝ իր ընտանիքին, հարազատերուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն։
Ան ծնած է Երուսաղէմ։ Բնակութիւն հաստատած են Հայկական թաղամասը։ Զաւակն է քեսապցի եւ այնթապցի վերապրողներու։ Յաճախած է Հայոց Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ։
Առաջին օրէն բացայայտ էր, որ ուշիմ, նկատւող եւ պատասխանատու պատանի է։ Ամառները կաշխատէր զանազան տեղեր եւ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէր։ Բնաւորութեամբ հաշտարար, պարտականութեան տէր, առաջնորդ եւ ջերմ էր։ Զարմանալի չէ, որ ՀՄԸՄ-ի գայլիկներու պատասխանատու, ապա սկաուտներու խմբապետ եղած է։ Երբ որ ձեռնարկի կամ միջոցառումի մը պատասխանատուն բացակայէր կամ հրաժարէր, անմիջապէս Երուսաղէմի մեծերը կը դիմէին իրեն եւ ինք գլուխ կը հանէր այդ գործը։ Շատ լաւ մարզիկ էր եւ արժանացած էր մեդալներու։
Երուսաղէմի պարախումբին մէջ էր։ Յորդանանի Folkloric Festival-ազգային պարերու փառատօնին, Յորդանանի Հոսէյն թագաւորի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ պարախումբը հրաւիրւեցաւ Ճարաշ, ուր ներկայացուց հայկական ազգագրական պարերը։ Թւականը յուլիս 1958 էր։ Յակոբը 20 տարեկան էր։ Պատմական այս բացօթեայ վայրը լեցուն էր քաղաքական եւ մշակութային անձնաւորութիւններով։ Աւելի քան հազար հինգ հարիւր ներկաները մեծապէս տպաւորւեց։ Յաջորդիւ պարախումբը իր մասնակցութեամբ՝ Հայ Կարմիր խաչի, այսինքն՝ ինչպէս մեր օրերու ՀՕՄ-ի, զանազան ձեռնարկները ճոխացուց։
1965-ին եղբօրը՝ Գէորգին հետ գաղթեց Կանադա։ Այդ օրերուն Տորոնտոհայ գաղութը փոքր էր։ Մեր Տիւբոնի կենտրոնը միայն ծրագրի մէջ էր։ Անմիջապէս Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան (ներկայիս ՀՅԴ-ԳԵՄ-ը) անդամագրւեցաւ։ 31 դեկտեմբեր 1967-ին կենտրոնի պաշտօնական բացումը եղաւ։ Տորոնտոհայութիւնը նոր տարին դիմաւորեց 18 Տիւբոնի կենտրոնին մէջ։ 1968-էն 1969-ը Երիտասարդացի ատենապետն էր։ Իր տարեշրջանին, պարախումբ կազմւեցաւ, փորձերը կենտրոնը եղան, բայց ան փոքր ըլլալով՝ թատերասրահի հնարաւորութիւնները չունէր։ Անվախօրէն վարձեցին Ճապոնական մշակութային կենտրոնի թատերասրահը (Japanese Cultural Centre)։ 384 աթոռները գրաււած էին, Տորոնտոհայութիւնը ծարաւը ունէր մշակոյթի այս տեսակ խանդավառ ձեռնարկի մը։ Սրահը թնդացուցին։
Իր տարեշրջանին նաեւ դաստիարակչական նիւթերուն մէջ դրաւ զանազան ասպարէզներու մասին տեղեկութիւններ՝ հրաւիրելով յաջող մասնագէտներ։ Անդամներուն մեծամասնութիւնը աշակերտներ էին կամ՝ նոր գործի անցած սկսնակներ։ Այսպէսով՝ անոնք առիթը կունենային իրենց ուղղութիւնները զատելու կամ՝ հետեւելու։
Իր հաշտարար բնաւորութեամբ բոլոր հեռացածներուն կամ բախման մէջ եղողներուն հարցերը կը լուծէր եւ ետ կը բերէր, որպէսզի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Շատ կուզէր, որ բոլորը ուրախ ըլլան եւ ձեռնարկները յաջողին։
Երբ հանդիպեցաւ իր կնոջ Արշոյին, առաջին օրէն սիրահարւեցաւ եւ իր սէրը երբեք չթուլցաւ։ Արշօն ալ իր կարգին, իսկական կողակից եղաւ։ Ուս-ուսի, քով-քովի աշխատեցան տարիներ, տուն եւ ընտանիք կազմեցին։ Գիտէ՞ք՝ իրենց տունը կենտրոնին ամենէն մօտ տունն է։ Որպէս ոսկերիչ՝ յատուկ ստեղծագործ միտք մը ունէր։ Երբեք փախուստ չէր տար գործէն։ Գիշերը եւ ցերեկը իրարու կը խառնէր եւ գործը ժամանակին կը հասցնէր։
Երկար տարիներ ծառայեց Սուրբ Աստւածածին Հայց․ Առաքելական Եկեղեցիին զանազան պաշտօններով, որպէս ծխական խորհուրդի անդամ, հոգաբարձու։ Ինչ որ ալ ըլլար իր պաշտօնը, ծառայելու իր բնազդը երբեք չտկարացաւ։ Տարեկան դաշտագնացութիւններուն (picnic) ճաշերու սպասարկութիւնը կընէր։ Համեստ էր եւ հասնող։
Երկար տարիներ «Համազգային»-ի «Քնար» երգչախումբին մաս կազմեց իր կնոջ՝ Արշոյին հետ։ Հայ երգը եւ պարը պահպանելու եւ առաջ մղելու մարմաջը միշտ վառ էր իր մօտ։
Հայ կենտրոնը մեր փոքրիկ Հայաստանն է։ 18 Տիւբոնի եւ 45 Հալքրաունի կենտրոններուն մէջ տարբեր փառատօններ ունեցած ենք։ Տիւբոնի վրայ Գարաւանը, իսկ Հալքրաունի վրայ ամառնային փառատօնը (Summer Festival), երկուքին ալ զինք նշանակած ենք որպէս քաղաքապետ Mayor, որովհետեւ գիտէինք, որ այդ պարտականութիւնը ճկունութեամբ պիտի տանի։ Մեր դեսպանը եւ մեր հիւպատոսն էր։
Ընտանիքին սիւնն էր, կուզէր ցաւերը թեթեւցնել, զօրաւոր էր եւ միեւնոյն ժամանակ զգայուն։ Ընտանեկան եւ ընկերային հաւաքոյթները կը ճոխացնէր՝ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով, մէկուն երգեցնել կու տար, միւսին՝ արտասանութիւն կամ զւարճախօսութիւն։ Այդ հաւաքոյթը կըլլար յիշատակելի։
Շնորհակալ ենք իր աղջիկներուն՝ Լիսային եւ Վիքիին, որոնք վերջին ժամանակները իր խնամքին լաւ հետեւեցան։ Իր ընտանիքի բոլոր անդամները շատ կը սիրէր, նամանաւանդ իր աղջիկներուն եւ թոռնիկներուն հանդէպ իր սէրը անսահման էր։
Սիրելի՛ ընկեր Յակոբ, շնորհակալ ենք որ ազգային, կուսակցական, եկեղեցական, ՀՄԸՄ-ական եւ մշակութային պարտականութիւններդ լի ու լի կատարեցիր համոզումով եւ ուրախութեամբ։
Հիմա միացար ծնողքիդ, եղբայրներուդ, քոյրիկներուդ եւ քրոջ դուստրին։ Հայրդ մեր Տիւբոնի կենտրոնի հայրիկն էր, քոյրդ՝ Սիրարփին, ՀՕՄ-ուհի։ Երկուքէն ալ քաղցր յիշատակներ ունինք։
Այլեւս ցաւեր չունիս, այլ՝ խաղաղութիւն եւ սրտի անդորրութիւն։ Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր Յակոբ Աթիկեան։
ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ