Դաշնակցական Բեմ

Կարօ Մատէնլեան. «Միակ կարեւոր դաշինքը Հայաստանի եւ հայութեան ազգային շահերի հետ դաշինքն է, թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ»

«ԱԼԻՔ» – Իր ընթերցողների եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ ազատ երկխօսութեան հարթակ տրամադրելու նպատակով, «Ասպարէզ»-ը սկսել է զրոյցների շարք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի հետ, որը ամսական պարբերականութեամբ պատասխանում է ընթերցողներին յուզող հարցերին:

Ստորեւ ներկայացնում ենք ուշագրաւ հերթական զրոյցը, որը վերաբերում է Վաշինգտոնում, օգոստոսի 8-ին, ԱՄՆ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ նախաստորագրւած փաստաթղթին, դրա առանցքը կազմող «Թրամփի ուղուն» (նոյն ինքը՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը), եւ կայացած պայմանաւորւածութիւնների հետ ուղղակի կամ անուղղակի առնչւող խնդիրներին:

 

– Բացայայտւեցաւ, որ Թրամփի անունով կոչւող ուղին (TRIPP) մաս չի կազմեր Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքւած համաձայնագիրին, սակայն, անիկա դարձաւ Սպիտակ տան մէջ 8 Օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպումին կիզակէտը։ Համայնքը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի Սիւնիքէն անցնող ճամբան երրորդ կողմի մը չյանձնւի։

– Պէտք է զգօն եւ աշխուժ մնանք եւ պաշտպանենք Հայաստանի գերիշխանութեան իրաւունքը։ Այս միայն ճամբու մը հարցը չէ, այլ Հայաստանի անկախութեան, համաթուրանականութեան եւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող Սիւնիքի եւ անոր ապահովութեան հետ առնչութիւն ունի։

Իբրեւ Սփիւռքի մեծագոյն կազմակերպւած համայնք՝ ամերիկահայութիւնը պէտք է վճռական քայլերու դիմէ՝ կասեցնելու համար Սիւնիքի մասնատումը կամ զիջումը, «խաղաղութեան եւ զարգացման» քօղին տակ։

Պէտք է զգօն եւ իրազեկ մնալ ու յստակ քայլերու դիմել՝ հետեւելով Հայ Դատի յանձնախումբին եւ հայկական այլ կազմակերպութեանց ցուցմունքներուն։ Պէտք է կապեր հաստատել այլ կազմակերպութիւններու եւ ուսումնասիրական հաստատութիւններու հետ, աշխատանքը համակարգելով Սփիւռքի այլ մարմիններու հետ, Վաշինգտոնի եւ Երեւանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար ու պէտք չէ բաւարարւիլ միայն բողոքի քայլերով։

Այս մէկը կարելի է իրականացնել կապեր հաստատելով տեղական, նահանգային կամ դաշնակցային մակարդակի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ՝ պահանջելով առնւազն յարգել Հայաստանի գերիշխանութեան եւ մարդկային իրաւունքները։ Պէտք է յստակացնենք, որ Հայաստանին աջակցելու՝ ամերիկեան քայլերը պէտք չէ առնւին ի վնաս հայութեան ազգային շահերուն։ Զարգացումը պէտք չէ կախւածութեան առաջնորդէ։

Ամէն առիթի, պէտք է բացատրենք, թէ TRIPP-ին նպատակը Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի պահանջներուն գոհացում տալն է՝ ի վնաս Հայաստանի։ Անիկա նիւթական առումով կրնայ նպաստաւոր թւիլ, սակայն, անիկա իր հետ կը բերէ համաթրքական նոր կայսրութիւն մը հաստատելու լուրջ վտանգը, ինչ որ վնաս պիտի հասցնէ տարածաշրջանի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի շահերուն։ Հանրային հետաքննութիւններ եւ վկայութիւններ պէտք է պահանջել, վստահ ըլլալու համար, որ այս եւ այլ ծրագիրներ հայութեան վնաս պիտի չհասցնեն։

Պէտք է նաեւ քաղաքականապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ Սիւնիքի մէջ ձեւաւորւող ընդդիմութեան, եւ աշխարհաքաղաքական խաղերու զոհ չդառնալու համար պայքարողներուն ձայնը աւելի բարձր կերպով լսելի դարձնելու համար։ Պահանջել, այսպիսի կենսական որոշումներու մէջ նաեւ ժողովուրդին՝ իր ըսելիքը ունենալը պահանջելը կարեւոր է, որպէսզի այսպիսի կենսական ուղիներ ուրիշներու չյանձնւին։

Այսօր, մեր հայրենիքը պաշտպանելու պայքարին մաս կը կազմէ Սիւնիքի վրայ ամբողջական տիրապետութիւն պահելու հրամայականը՝ քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ ռազմագիտական առումով։

– Սպիտակ տան մէջ, 8 օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան արցախահայութեան մասին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ՝ պնդելով, որ Արցախ վերադառնալու անոնց պահանջը իրապաշտ չէ։ Ամերիկահայութիւնը կրնա՞յ ձեւով մը ազդել կամ հակադարձել այս պնդումին կամ կրնա՞յ յստակ քայլերու դիմել՝ երաշխաւորելու համար Արցախի հայութեան հայրենիք վերադարձը։

– Արցախահայութեան վերադարձին մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնը բարոյապէս անընդունելի է եւ քաղաքականապէս՝ կարճատես։ Անիկա կը հակադրւի մեր հիմնական այն համոզումին, թէ Արցախը հայկական է եւ անոր ժողովուրդը իրաւունք ունի վերադառնալու եւ պատիւով ու խաղաղութեամբ ապահով ապրելու իր նախահայրերուն հայրենիքին մէջ։ Փաշինեանի պնդումը կը նպաստէ բնականացնելու ցեղային զտումը, բան մը, որուն համամիտ են Հայաստանի, Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնները։

Խորհրդային օրերուն, շատեր այսպիսի պարտւողական յայտարարութիւններ կը կատարէին անկախութեան տիրանալու, Հայկական Հարցը ջատագովելու, մեր եռագոյն դրօշակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը պաշտպանելու՝ մեր նպատակներուն գծով։

Արցախի մէջ տեղի ունեցածը կամաւոր տեղահանութիւն մը չէր, այլ կը նմանէր 1915ի տարագրութիւններուն՝ ռազմական բռնարարքներու պարտադրանքին եւ միջազգային անտարբերութեան տակ։ Անիկա ժամանակակից ցեղասպանութիւն մըն է, որ կատարւեցաւ անտարբեր աշխարհի աչքին առջեւ։ 

Իբրեւ ամերիկահայեր՝ թէ՛ միջոցները եւ թէ պատասխանատւութիւնը ունինք հակադարձելու Երեւանի պարտւողական կամ թրքաադրբեջանական կեցւածքներուն համահունչ կեցւածքին՝ զօրակցելով Ամերիկայի Հայ Դատին յանձնախումբին պէս կազմակերպութիւններու ջանքերուն, երաշխաւորելու համար Արցախի հայութեան վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքները։

Ամերիկահայերը ունին քաղաքական ուժը եւ պէտք է զայն օգտագործեն՝ ապահովելու համար միջազգային երաշխիքներով Արցախի հայութեան վերադարձը։ Պէտք է նաեւ քոնկրեսականներէն եւ միջազգային մարմիններէն պահանջել պատասխանատւութեան կանչել Բաքուն՝ Արցախի մէջ իր իրականացուցած ցեղային զտումին համար, որպէսզի անոնք մեղսակից չհամարւին Բաքւի քայլերուն։

Պէտք է նաեւ շեշտել, թէ հարցը մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, ցեղային զտումի եւ ցեղասպանութեան հետ առնչութիւն ունի, նոյն ատեն շարունակելով վաւերագրել եւ ծանուցել արցախահայութեան տեղահանութիւնը եւ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու ջանքերը՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ միջազգային օրէնքի խախտում եւ ցեղասպանութեան շարունակութիւն։

Եթէ միջազգային համայնքը իսկապէս կ՛ուզէ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատել՝ պէտք է ցեղային զտումը դարմանելու քայլեր առնէ եւ ոչ թէ վարձատրէ այդպիսի ոճիրները։ Մեր ձայնը աւելի լսելի պէտք է դարձնենք, աւելի լաւ պէտք է կազմակերպւինք եւ աւելի լաւ համոզւած աշխատինք, երաշխաւորելու համար արցախահայութեան վերադարձը իր պատմական հողերը։

Այս պայքարին կողքին, պէտք է նաեւ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնինք Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան, որպէսզի անոնց պահանջները չմոռցւին։ Արցախը մեր ազգային գիտակցութեան մէկ մասնիկը պահենք եւ ոչ թէ զայն մոռնանք դիւանագիտական պատրւակներով։

Փաշինեան կրնայ իրապաշտ չհամարել արցախահայութեան վերադարձի պահանջը, բայց մենք զայն կենսական կը համարենք։ Ան կրնայ կուրցած ըլլալ դոլարներու կամ քարիւղի ազդեցութեան տակ, բայց մենք պէտք է կեդրոնացած մնանք մեր առաքելութեան վրայ։ Ան կրնայ ծունկի գալ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի առջեւ, բայց մենք հաստատ կը մնանք մեր ազգային օրակարգին եւ Հայ Դատի հետապնդման վրայ։

Այս մէկը Փաշինեանի քաղաքական յարմարութիւններուն մասին չէ, այլ 120,000 տեղահանւած հայերու տունդարձի պահանջն է։

– Վարչապետ Փաշինեան նաեւ պնդեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ կրցած եւ պիտի չկարենայ որեւէ շահ բերել Հայաստանին։ Այս կեցւածքը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Սփիւռքի տասնամեակներով տարած ջանքերուն վրայ։

– Փաշինեանի պնդումը, թէ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը օգուտ չէ բերած Հայաստանին նոյնպէս կարճատես պնդում մըն է եւ մտահոգիչ՝ բարոյապէս եւ քաղաքականապէս։ Անիկա կ՛անտեսէ Սփիւռքի եւ անոր գործիչներուն առաւել քան մէկ դար տարած ջանքերուն, որոնք սուրբ պարտականութիւն կը նկատւէին եւ ոչ թէ բանակցութեան խաղաքարտ։  

Դժբախտաբար, այս եւս մաս կը կազմէ Հայ Դատը տկարացնելու, հայութեան ազգային օրակարգը ջնջելու եւ հայկական ոգին ճզմելու ռազմավարութեան։ Թուրքիա այս ռազմավարութեան կը հետեւէր Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներէն ի վեր եւ այժմ Փաշինեան դժբախտաբար այս պարտականութիւնը ստանձնած է, ամբողջութեամբ որդեգրելով Ցեղասպանութեան նկատմամբ թրքական կեցւածքը եւ Արցախի հարցով տեղի տալով Պաքւի պահանջներուն։

Անոր յայտարարութիւնը պատգամ մըն են Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանին, թէ Երեւան հաշւետւութիւն չի փափագիր, անարգելով 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակը եւ վերապրողներն ու գործիչները, որոնք իրենց կեանքը նւիրած էին հաշւետւութիւն եւ արդարութիւն ապահովելու ջանքերուն։

Ան այսպիսով կը շւարեցնէ միջազգային համայնքը եւ յատկապէս անոնց, որոնք ճանաչումի ջատագով էին, որովհետեւ կը հաւատային, որ հայութիւնը միշտ մարդկային իրաւանց եւ պատմական արդարութեան պաշտպան է։

Անիկա նաեւ հարւած կը հասցնէ մշակութային եւ քաղաքական գործունէութեան նւիրւելու պատրաստ հայ երիտասարդութեան կամքին։

Ցեղասպանութեան ճանաչումը առեւտուրի նիւթ չի կրնար ըլլալ, այլ ազգային ինքնութեան, բարոյական յստակատեսութեան, ապահովութեան եւ արդարութեան հարց է, առանց որուն իսկական խաղաղութիւն չի կերտւիր։

– Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարը հատուցումներ ապահովելո՞ւ, թէ արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու համար պայքար է։

-Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հատուցումներու, նիւթական շահի կամ քաղաքական առաւելութիւն ապահովելու համար չէ։ Անիկա արդարութեան, ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հասնելու պայքար մըն է, երաշխաւորելու համար, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցւի եւ երբեք չկրկնւի։ Անիկա Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննւած 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն ի պատիւ սուրբ պայքար մըն է։

Ճանաչումը բանակցութիւններու խաղաքարտ մը չէ, ոչ ալ արտաքին օժանդակութիւն կամ դիւանագիտական առաւելութիւն ապահովելու միջոց է, այլ՝ բարոյական պարտաւորութիւն։ 

Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջելով՝ մենք գործնականօրէն կը շեշտենք, թէ ճշմարտութիւնը կարեւոր է, մարդկային իրաւանց ոտնահարումները չեն ջնջւիր եւ ուրացումը ոճիրին շարունակութիւնն է։ Այս պայքարը ցեղասպանները եւ անոնց մեղսակից ժառանգները հաշւետւութեան կանչելու համար է, անիկա պարզապէս պատմութեան մէջ գրելու համար չէ, այլ վստահ ըլլալու համար, որ այդպիսի ոճիրներ պիտի չկրկնւին։

Ճանաչումը հիմնաքարը պիտի ըլլայ վնասուց հատուցում ապահովելու ապագայ աշխատանքին:

Հայաստանի կառավարութիւնը այս բոլորը չի հասկնար եւ իր արարքներով կ՛անարգէ այս վերապրողները եւ գործիչները, որոնք պայքարը յառաջ մղած են, միաժամանակ պայքարին էութիւնը փոխելով: Արդարութիւնը արժանապատւութեամբ կը չափւի եւ ոչ թէ շահաբաժիններով։

Նաեւ, երբ Փաշինեան ապարդիւն կը համարէ ճանաչում ապահովելու պայքարը, ան կը ջանայ յուսահատեցնել Հայկական Հարցը միջազգային բոլոր ջատագովները, միաժամանակ պատգամ մը յղելով Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն, որ ուրացումը եւ անպատժելիութիւնը ընդունելի են, յատկապէս երբ յարմար գինը կը վճարւի։

Եթէ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը մերժէ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը պաշտպանել, մենք՝ սփիւռքահայերս, յատկապէս ամերիկահայերս, պիտի շարունակենք պայքարը։

– Հայաստանի համար աւելի նպաստաւոր է Միացեալ Նահանգներո՞ւ, թէ Ռուսիոյ հետ դաշնակից ըլլալը։ Ինչո՞ւ։

– Միակ կարեւոր դաշինքը Հայաստանի եւ հայութեան ազգային շահերուն հետ դաշինքն է, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։

Սխալ եւ վտանգաւոր է այն գաղափարը, թէ Հայաստան պէտք է ընտրանք կատարէ համաշխարհային ուժերու միջեւ։ Այդպիսի մօտեցումի մը պատճառով էր, որ Արցախը կորսնցուցինք եւ շրջանային մեր դիրքը տկարացուցինք։ 

Քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան մէջ կան աշխարհաքաղաքական հաշիւներ եւ ազդակներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր պետութիւն իր շահը առաջ կը դասէ, այս բոլորը պէտք է նկատի առնւին եւ հաւասարակշռւին Հայաստանի ազգային շահերուն հետ։

Ո՛չ Ռուսիա եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգները միայն բարի նպատակներով պիտի չառաջնորդւին, այլ՝ նախ նկատի պիտի ունենան իրենց շահերը։ Այս պատճառով, Հայաստան պէտք է հաւասարակշռւած եւ գերիշխան արտաքին քաղաքականութիւն մը որդեգրէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Իրանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի, արաբական եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն ընթացքին, հիմնւած՝ փոխադարձ յարգանքի եւ մարտավարական կարիքներու վրայ։

Հայաստան պէտք է խաղաքար մը ըլլայ աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ, այս կամ այն գերուժին հետ դաշնակցելով, այլ պէտք է գործակցի անոնց հետ, որոնք կը նպաստեն իր յարատեւումին, ապահովութեան եւ գերիշխանութեան։

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ պէտք չէ մեր ապահովութիւնը օտարներուն վստահինք, որովհետեւ Հայաստանի ապագային համար ամէնէն կարեւոր երաշխիքը զօրաւոր, անկախ եւ ազգային գաղափարներու ջատագով պետութիւնն է, որ կը վայելէ գործօն եւ միացեալ Սփիւռքին նեցուկը։

– Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայաստանի ռազմական ծախսերը նւազեցնելու գծով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան մասին, յատկապէս երբ նախագահ Ալիեւ կը յայտարարէ, թէ ռազմական ամավարկը եւ կարելիութիւնները պիտի աւելցնէ։

– Բնականաբար խորապէս մտահոգիչ է, յատկապէս երբ Բաքուն կը շարունակէ իր զինարշաւը։ Ասիկա միայն ամավարկերու հարց մը չէ, այն ազգային ապահովութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան կը վերաբերի ու ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը սխալ կերպով կը հակադարձէ իրադարձութիւններուն։

Ադրբեջան յստակօրէն կը կրկնէ Հայաստանէն իր հողային պահանջները, սպառնալիքը աստիճանաբար սրելով եւ շարունակաբար սպառնալով ու պահանջելով Հայաստանէն, որ փոխէ իր սահմանադրութիւնը, մինչ Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացուցած իր ռազմական ուժերուն կարելիութիւնները կը բազմապատկէ։ Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի ռազմական ամավարկը կրճատելը ոչ միայն անտեղի է, այլ վտանգաւոր եւ տխմար քայլ է։

Տեսականօրէն տնտեսական զարգացման, ենթակառոյցներու եւ դիւանագիտութեան յաւելեալ գումարներ տրամադրելը կրնայ տրամաբանական թւիլ, սակայն, իրականութեան մէջ այդպէս չէ եւ Հայաստանի պաշտպանութեան, ապահովութեան ու գերիշխանութեան վտանգ սպառնացող այսպիսի քայլ մը պէտք չէ առնւի։

Զօրաւոր եւ կարող բանակ մը գրգռութիւն պէտք չէ նկատւի, այլ անիկա կենսական է, յատկապէս երբ յարձակողապաշտ դրացի մը ունիս, որ նաեւ աւելի մեծ թիւով բնակչութիւն եւ յատկանշական քանակութեամբ ուժանիւթ ունի՝ շարունակաբար աճող ռազմական ախորժակով։

Հայաստանի յարատեւումը կախեալ է զօրաւոր պաշտպանական համակարգէ մը, կազմակերպւած եւ գործօն Սփիւռքէ մը եւ յստակատես ու սկզբունքային արտաքին քաղաքականութենէն։ Ներկայ պայմաններուն մէջ, ռազմական պատրաստւածութիւնը  նւազեցնելը սպառնալիք է այս երեքին: Անոր փոխարէն պէտք է կենդրոնանանք Հայաստանի ինքնապաշտպանութիւնը հզօրացնելու միջոցներուն վրայ, ներդրումներ կատարելով արհեստագիտութեան եւ ռազմավարական նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ, նոյն ատեն հաստատելով այնպիսի դաշնակցային կապեր, որոնք հայութեան շահերը պիտի պաշտպանեն։

Related Articles

Back to top button