Դաշնակցական Բեմ

Գործնական փոթորիկ բոլո՛ր ոճիրներուն դէմ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգի մէկ համալսարանի շրջափակին մէջ, Չարլի Քըրք անունով քաղաքական գործիչի մը սպանութիւնը՝ 10 սեպտեմբերին, հսկայ փոթորիկ ստեղծեց երկրի տարածքին, ներգրաւելով միջազգային լրատու աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու լուսարձակները: Քըրք հանրապետական երիտասարդ գործիչ մըն էր, որ նախագահ Թրամփի (եւ հանրապետականներուն) ի նպաստ լայնածաւալ աշխատանք տարած է յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Կենսագիրները կըսեն, որ ան այս գործին ներգրաււած է աւելի քան 13 տարի առաջ, երբ… 18 տարեկան էր: Իբրեւ ոճրագործ ձերբակալւած Թայլըր Ռոպինսըն 22 տարեկան է, հօրը թելադրանքով անձնատուր եղած է եւ խոստովանած է թէ ինք սպանած է Քըրքը. այլ մանրամասնութիւններ պիտի «քակւին» յառաջիկայ օրերուն, բացւած քննութիւններուն ճամբով:

Արարքը դատապարտանքի ալիք մը յառաջացուց, շատ բնականաբար, ամերիկեան քաղաքական եւ ժողովրդային շրջանակներուն մէջ: Հանրապետականներն ու դեմոկրատները միաձայնութեանբ դատապարտեցին ոճիրը, ցաւեցան երիտասարդի մը մահւան համար, նշեցին, որ ետին կը մնան երկու մատղաշ մանուկ եւ երիտասարդ այրին: Քննադատութիւններուն հասարակ յայտարարը այն էր, որ քաղաքական տարակարծութիւնները բնական են, սակայն հակադրութիւնները լուծելու ճամբան բրտութիւնն ու ոճիրը չեն: Չենք ուզեր կանգ առնել Թրամփի այն ակնարկութեան վրայ, ուր ան անգամ մը եւս դեմոկրատներուն բաժին հանեց մեղադրանքներու տոպրակէն: Յայտնապէս տարիքին յառաջացումը յուշակորոյս դարձուցած է «նարնջագոյն մարդը», մինչդեռ մարդիկ շատ լաւ կը յիշեն Բայդէնի ընտրութեան յաջորդած վայրագութիւններն ու ժողովուրդի ներկայացուցիչները ընդգրկող շէնքին վրայ յարձակումը, զանոնք ներշնչո՛ղը, քաջալերողը, յանցաւորները քանի մը ամիս առաջ անպարտ հռչակողը:

Հանրային քննարկումներուն շարքին, արծարծւեցան քանի մը ուշագրաւ կէտ, որոնց շարքին՝ զէնքի ազատ առեւտուրի եւ ընդհանրապէս վարյագութեան արարքներու ալիքի տարածման հարցերը: Նպատակ չունինք մտնելու մանրամասնութիւններու մէջ, այլ կը բաւականանաք ընդգծելով, որ նման ոճիրներ ո՛չ մէկ ատեն արդարացում կրնար գտնել, ինչպէս, միաձայնօրէն յայտարարեցին երկու ճակատներու առաջնորդներն ու հասարակ մահկանացուներ: (Չենք անտեսեր այլ կէտ մը. արդարութենէ խոյս տւած ոճրագործի մը, մանաւանդ դիտումնաւոր կերպով անպատիժ ձգւած ցեղասպան պետութեան մը հանդէպ արդարահատոյց արարքները տարբեր բնոյթ ունին, կապ չունին նման ոճիրներու հետ): Վերի տողերը պարզապէս նախաբան մըն են մեր բուն ըսելիքին, որ պիտի պարզենք յաջորդ տողերուն մէջ:

***

Արդա՞ր է, որ անհատի մը սպանութիւնը նման փոթորիկ ստեղծէ (մեկդի կը ձգենք քաղաքական նկատառումները): Պատասխանը՝ կտրուկ ԱՅՈ՛ է: Կրկնենք՝ նման ոճիրներ ո՛չ մէկ ատեն կրնան արդարացուիլ:

Յետոյ… ի՞նչ:

Ի՞նչ ըսել բոլոր այն ոճիրներուն եւ ոճրագործներուն մասին, որոնք սանձարձակ կը գործեն աշխարհի այս կամ այն գօտիին մէջ, անցեալին ու ներկայիս, սակայն կը մնան գործնապէս անարձագանգ: Ի՞նչ ըսել Իսրայէլի ոճրագործ կառավարութեան մասին, որ ո՛չ միայն վերջին երեք տարիներուն, այլ տասնամեակներ շարունակ պաղեստինցիներ կը ջարդէ Գազայի, Արեւմտեան Ափին, անցեալին՝ Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ներկայիս կը շարունակէ ոճիրները բազմայարկ դարձնել՝ ամէն օր շարունակւող ռմբակոծումներով, հիւանդանոցներու եւ քաղաքային բնակարաններու քանդումով, միլիոնաւոր ժողովուրդ սովի մատնելով, սպաննելով անոնց օգնութեան հասնող փրկարարներ ու ոճիրները տեղեկագրողներ… Չմոռնանք նաեւ Լիբանանը, որուն սահմաններէն ներս իսրայէլեան սանձարձակութիւնները եւ ոճիրները ունին տասնամեակներու պատմութիւն, հիմա, նոր արտայայտութիւններ կը գտնեն Սիրիոյ մէջ (եւ այլուր), Թուրքիոյ հետ չյայտարարւած բայց բացայայտ համակարգումով:

Ինչպիսի՜ տարողութեամբ փոթորիկներ պէտք է ստեղծւին քիչ մը ամէն տեղ, ի տես եւ ի լուր այն քանդումներուն եւ սպանութիւններուն, որոնք կը կատարւին ռուս-ուկրաինական պատերազմին զուգընթաց: «Պատերազմ է, նման բաներ անխուսափելի են» ըսելը արդարացում չէ:

Ի՞նչ սաստկութեամբ փոթորիկներ պէտք է ստեղծւին այլ հաւաքական նախճիներու դէմ, որոնք կը պատուհասեն ափրիկեան մէկէ աւելի երկիրներ, ուր ծայրայեղական ահաբեկիչներ, կրօնական դիմակի ետին ծածկւած՝ յաճախ անմեղ մանուկներ կընտրեն իբրեւ նոխազ: Իսկ գաղտնի՞ք է, թէ նման ծայրայեղականներու ետին կանգնողներէն մէկը ցեղասպան Թուրքիան է…

Վերջապէս, եւ իբրեւ հայ, իրաւունք չունի՞նք հարց տալու, թէ ինչո՞ւ նման փոթորիկներ չստեղծւեցան, երբ Արցախի դէմ շղթայազերծւեցան ազերիական բազմափուլ յարձակումները, տարածուն քանդում տեղի ունեցաւ, այդ բոլորը «պսակւեցան» ամբողջ Արցախի բռնագրաւումով, ժողովուրդը բռնագաղթի մղելով ու անոնց դարաւոր ժառանգութիւնները իւրացնելով, փոշիացնելով…: Ինչպէ՞ս լուռ մնալ, մանաւանդ երբ հայութեան – եւ ո՛չ միայն Արցախի – իրաւունքներուն ի նպաստ փոթորիկ բարձրացնելու կոչւած Հայաստանի իշխանութիւնը՝ դարձած է ոճրագործին գործակիցը, ո՛չ միայն կը կատարէ անոր բոլոր ուզածները, այլ կը հրաժարի մեր տարրական իրաւունքներէն՝ ոճիրներու հետապնդումը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդելու իրաւունքէն: Իսկ իբրեւ «վրադիր»՝ ծափողջոյններուվ կը դիմաւորէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, որ մէկդի դնելով ազերիական պահանջներուն ետին պահուըտելու իր մարտավարութիւնը, Երեւան կու գայ՝ Անկարայի պահանջներու ցանկը յիշեցնելու ՔՊ-ական «արխատաշներուն»:

***

Արդար ըլլալու համար, չենք կրնար անտեսել այն արդար զայրոյթը, որ կը տարածւի աշխարհով մէկ, ի տես եւ ի լուր յիշեալ ոճիրներուն, սակայն անոնք կը մնան անատամ արարքներ:

Ընդվզումի ալիքներ կան նաեւ Հայաստանի մէջ, համակած են Սփիւռքը, սակայն անոնք իրենց դէմ կը գտնեն ոճրագործներուն պաշտպան կանգնողներուն ստեղծած պատնէշները: Թրամփ մը ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կարդարացնէ Գազայի դէմ ոճրային արարքները, իսկ Սիւնիքէն «Թրամփի ճամբայ» մը ապահովելու միջոցով, կը նպաստէ համաթուրանական հայաջինջ ծրագիրներուն: Տարբերութիւնը հոն է, որ ան ո՛չ մէկ ատեն կը մոռնայ Իսրայէլի անունը, սակայն վաշինգտոնեան ծանօթ համաձայնագիրին նախաստորագրումէն ասդին, սովորութեան վերածած է Հայաստանը կոչել… Ալպանիա: Ու փաշինեանական Հայաստանի մէջ, ո՛չ իշխանութիւնը եւ ո՛չ ալ անոր թմբկահարները կը փորձեն ճշդում կատարել, այլ ընդհակառակն, կը փորձեն իրենց ստապատիր հրճւանքին մէջ ներգրաւել ժողովուրդն ու ազգը:

15 չափ-15 հազար կշիռ վարւելակերպը չի կրնար, պէտք չէ երկար շարունակւի: Կասեցնելու համար, ուժեղ դիմադրութիւն պէտք է ձեւաւորուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ արդարատենջ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ: Եւ ինչպէս որ սուտին պոչը կարճ կըլլայ, ոճիրներու եւ անարդարութիւններու կնճիթն ալ պէտք է կրճատւի գործնապէս:

Related Articles

Back to top button