Դաշնակցական Բեմ

Հայո՞ց, թէ՞ Հայաստանի պատմութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Վեց տարիներէ ի վեր կատարւող յայտարարութիւններուն եւ անոնց յաջորդած դէպքերուն հետեւելով կարելի է մտածել, որ ականատես ենք մանրամասնօրէն մշակւած ծրագիրի մը գործադրութեան: Այդ ծրագիրը նախ վերջնականօրէն լուծարումն է Հայ Դատին, կարելի նեղ սահմաններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մը գոյառումը, որ կը մերւի շրջապատի թուրք-իսլամական աշխարհին, որ կը հրաժարի իր պատմական անցեալէն ու կը խզէ կապերը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանք սփիւռքէն: Հակառակ դէպքերու յաջորդականութեան յամառ տրամաբանութեան, չեմ կրցած հաւատալ, որ հայ մարդիկ կարող են նման ծրագիրի մը հետեւողական գործադրողները ըլլալ: Ծրագիրը վստահաբար օտարամուտ է, հաւանաբար արեւմտեան արտադրութեամբ, թուրք-ադրբեջանական ներշնչումով եւ նոյնիսկ ռուսական համամտութեամբ:

Գունաւոր յեղափոխութիւններու տարբերակով մը իշխանութեան տիրացած խմբակ մը, մանրամասնօրէն նախածրագրւած միջոցներով, հաւաքներ, քայլարշաւներ, օրւան իշխանութիւնները պախարակող ամբաստանութիւններ, ականջալուր բայց կեղծ առաջադրանքներով, միաժամանակ պատերազմով եւ քննադատողները հալածելով, դուրսէն ֆինանսաւորւած տեսակաւոր կազմակերպութիւններն ու «հիմնադրամները» յաջողեցան ստեղծել ժողովրդային անտարբերութեան, կուրացած համախոհութեան մթնոլորտ մը: Իրողութիւնները ցոյց կու տան դժբախտաբար, որ այո՛, հայ մարդիկ կրնան նման հակահայ ծրագիրի մը ջատագով եւ խանդավառ գործադրող ըլլալ:

Հակահայ ծրագիրի բացայայտման ու ժողովրդային մերժումի պայմաններուն տակ իսկ կը շարունակւի անոր անշեղ գործադրութիւնը: Գլխաւոր գործադրողը, որ ցանկացած հարցի մասին ունի կարծիք ու համոզում, որ միաժամանակ իմաստասէր է, պատմաբան, բանասէր, գիտնական ու արհեստագէտ, գաղափարներ կը յայտնէ հանրային գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մասին: Վերջինը կը վերաբերի Հայոց պատմութեան: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայոց պատմութեան միջոցով մինչեւ հիմա դասաւանդւած է հայոց ստրկութեան պատմութիւնը, երբեմն կարճատեւ անկախութեան դրւագներով: Այժմ, Հայոց պատմութիւնը փոխարինելով Հայաստանի պատմութեամբ, պիտի դասաւանդւի պետականութեան պատմութիւնը: Հայրենիք-Հայաստան-պետութիւն շփոթէն ետք, ասիկա բնական զարգացում է: Պատմական Հայաստան թերեւս անցեալին գոյութիւն ունեցած է, այնպէս ինչպէս Ասորեստան գոյութիւն ունեցած է. այժմ երկուքն ալ գոյութիւն չունին, թաղւած են պատմական անցեալին մէջ: Այժմ գոյութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն սահմանները զիջելով կորոշենք այժմ, որ ոչ միայն հայկական պետութիւնն է, այլ նաեւ հայերու վերջնական հայրենիքը: Անցեալը անցած է, ու անոր մասին խօսիլը աւելորդ ժամավաճառութիւն է. այժմ գոյութիւն ունի իրական Հայաստանը, որ միակ ճշմարիտն է:

Այս տեսութիւնը դատապարտւեցաւ պատմաբաններու կողմէ, որոնք դիտել տւին, որ Հայոց բառը գրաբար Հայքին սեռական հոլովն է, ու Հայոց պատմութիւն կը նշանակէ հայքերու (Մեծ Հայք, Փոքր Հայք եւ այլն) պատմութիւն: Իսկ այժմ, հոն ուր հայ կայ, որ ինքզինք հայ ազգին մաս կը համարէ, հայ ժողովուրդի պատմութեան, այժմ իրականացող պատմութեան դերակատար է: Կարելի՞ է Հայաստանի Հանրապետութեան փոքր տարածքը շփոթել ամբողջական Հայաստանի հետ, այնտեղ ապրող հայութիւնը շփոթել ամբողջական հայութեան հետ ու դպրոցական երեխաներուն սորվեցնել պատմութիւն մը, որ ըստ երեւոյթին սկիզբ առած է վեց տարի առաջ, շնորհիւ… «Թաւշեայ յեղափոխութեան»:

Սրբազան պայքարը կը շարունակւի: Իշխանութեան փոփոխութիւնը անհրաժեշտութիւն է, եթէ չենք ուզեր, չենք ընդունիր աղճատել հայ, Հայաստան, ազգ, պետութիւն հասկացողութիւնները ու վերածւիլ թուրքական աշխարհին մէջ ժամանակաւորապէս գոյատեւող անորոշ հաւաքականութեան մը:

Related Articles

Back to top button