Դաշնակցական Բեմ

ՄԵՐ ԻՆՉԻ՞Ն Է ՊԷՏՔ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ա. Ֆրանսայի մէջ հինգշաբթի, դեկտեմբերի 5-ին պատահեցաւ այն՝ ինչ որ նախատեսւած էր երեք ամիս առաջ, ա՛յն օրերուն, երբ վարչապետ նշանակւեցաւ Միշէլ Պառնիէ եւ կազմեց փոքրամասնական կառավարութիւն մը: Խորհրդարանը օր մը առաջ, աջերու եւ ձախերու ձայներուն միացումով, անվստահութիւն յայտնած էր կառավարութեան:

Տրւած հարւածը միայն Պառնիէի կառավարութեամբ չէ սահմանափակւած, որովհետեւ ընդդիմադիրները կը տեսնեն, որ ձախողութիւններուն գլխաւոր պատասխանատուն է «աճպարար» նախագահը՝ Մակրոն (այլ հարց, թր անոր աճպարարութիւնները ուրկէ՞ ներշնչում կառնեն եւ վաղն ալ կրնան նման կօշիկներ նւիրել Գերմանիոյ վարչապետին): Ֆրանսացի մեկնաբան մը, հրաժարականին ընդունման լուրը հաղորդելէ ետք, քմծիծաղով մը հարց տւաւ. «Մակրոն հիմա որո՞ւն անունը պիտի հանէ գլխարկին մէջէն եւ առաջարկէ իբրեւ վարչապետ»…: Սա Մակրոնի ճառէն քանի մը ժամ առաջ էր:

Կարճ յիշեցում մը. խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններէն ետք, «աճպարար»-ը աջի՛ն ալ, ձախի՛ն ալ քթին խնդացեր էր, երբ մեծ թիւով աթոռներ շահողներէն հեռու պահած էր վարչապետի աթոռը, անտեսելով ժողովրդավարութեան տարրական աւանդութիւնը: Ստեղծւած վիճակին մէջ, Բառնիէի տապալման իսկական պատճառը լոկ այդ անտեսումը չէ, այլ կառավարութեան ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ծրագիրները, որոնք նոր հարւածներ կը խոստանան սպառողներու գրբանին: Ու ֆրանսացիք տեղ մը «ո՛չ» ըսին իրեն շահերն ու բարօրութիւնը աւելի՛ եւս վտանգող բիւջէի ծրագիրին (այլ հարց, թէ գալիքը ինչպէ՞ս պիտի փրկէ կացութիւնը):

…Ի՞նչ զուգադիպութիւն. Հայաստանի մէջ ՔՊ-ական կառավարութիւնը ՔՊ-ական մեծամասնութեան քւէով երկու օր առաջ վաւերացուց քաղաքացիներուն քսակները աւելի՛ ազատ կողոպուտի թիրախ դարձնող բիւջէի նախագիծը, ոտնատակ ընելով ընդդիմադիրներու արդար քննադատութիւններն ու տնտեսական-ընկերային յաւելեալ անկումէ զգուշանալու մասնագէտ բանիմացներու կոչերը: 

***

Բ. Հարաւային Կորէայի նախագահը քանի մը օր առաջ արտառոց քայլ մը առաւ եւ երկրին մէջ ռազմական վիճակի օրէնք յայտարարեց, պատճառաբանելով, որ երկիրը պիտի պաշտպանէ «համայնավարական վտանգներու» դէմ: Ակնարկութիւնը, անշուշտ, Հիւսիսային Կորէային էր, որ, ինչպէս ծանօթ է, Ռուսիոյ հետ զինակցութիւն-մտերմութիւն կը խաղայ, եւ սա բնականաբար հաճելի չէ Ուկրաինոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ ճակատ բացած Արեւմուտքին համար: Պէտք էր տեղ մը մէկը կսմթել, եւ վիճակը յայտնապէս ինկաւ նախագահ Եուն Սուն Եէոլի ճիտին: Խորհրդարանի բոլոր անդամները միաձայնութեամբ (զեռօ դէմ քւէով) դէմ ելան նախագահին կարգադրութեան, որ 6 ժամ ետք ստիպւեցաւ չեղարկել որոշումը: Ընդհանուր կարծիքը այն էր, որ նախագահին կողմէ պետական հարւածի փորձ մը ձախողութեան մատնւած է միաձայնութեամբ: Հիմա, անոր պաշտօնազրկման համար ծրագիր կը մշակւի:

Հակառակ Արեւմուտքին սերտ գործակիցն ու մինչեւ իսկ զինակիցը ըլլալու իրենց հանգամանքին՝ կորէացիք յայտնապէս աւելի՛ շրջահայեաց են եւ կը նախընտրեն (առայժմ) չիյնալ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան դաշտին մէջ, ի՛նչ ալ որ ըլլան միջ-կորէական քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւնները, գիտեն, որ հարաւցիները գիտեն, որ հիւսիսային կորէացիները իրենց ազգակիցն են, տասնամեակներ առաջ համտեսած են միջկորէական պատերազմին «պտուղները» եւ չեն ուզեր հրաժարիլ պատմական յիշողութենէ:

… Հայաստանի իշխանութիւնը սեփական Արցախը նւիրած է Ադրբեջանին, հազար աղբիւրէ ջուր կը բերէ, բանեցնելու համար իր ազգադաւ եւ պատմութիւն ուրացող վարմունքը, մինչեւ իսկ Հայաստանի հպատակութենէ կը զրկէ բռնագաղթւած արցախցիները, հնարքներ կը նիւթէ՝ անոնց տրամադրւած օժանդակութիւնները կրճատելու համար: (Հաւանաբար ըլլան հայանուն մարդիկ, որ մեր ցուցահանած զուգահեռը չտեսնեն եւ հարց տան. Կորէաները մեզի ի՞նչ):

***

Գ. Հայաստանի հիւսիսի դրացին՝ Վրաստանը դարձեալ եռքի մէջ է. հրապարակ նետւած են եւրոպամէտ-հակաեւրոպամէտ, ռուսասէր-ռուսատեաց եւ նման նշանախօսքեր: Խորհրդարանի վերջին ընտրութիւնները կոչւած էին դարձակէտ մը նշելու ներմուծւած հակամարտութիւններուն մէջ, սակայն հորիզոնը բոլորովին չէ յստակացած: Հոն ալ կայ նախագահ մը՝ Սալոմէ Զուրաբիշւիլի, որ դարձած է իշխանութեան ընդդիմադիրներու առաջնորդը, այսինքն՝ գործադիր իշխանութեան պետ նախագահը կը հակադրւի գործադիր իշխանութեան՝ կառավաութեան եւ օրէնսդիրին՝ խորհրդարանի որդեգրած քաղաքականութեան:

Վրաստանը Հարաւային Կորէա չէ, հոն գետինը աւելի՛ փափուկ է, սակայն հիմա աչքերը ուղղւած են յաջորդ դարձակէտ-թւականին՝ 14 դեկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ: Զուրաբաշւիլիին այլ տեսակի անկում մը կը սպասէ, եթէ դէպքերուն չտրւի (բնականաբար դուրսէն) այնպիսի ընթացք, որ վիճակւեցաւ Սիրիոյ հիւսիսային կիսուն՝ Հալէպէն մինչեւ Համա եւ շրջակայք: Ուկրաինոյ պատերազմին ելեւէջներուն ստեղծած անկայունութիւնը ազատ արձակած է Թուրքիոյ ձեռքերը, որ հրապարակ եկած է Իսրայէլի «կէս ձգած գործը» շարունակելու եւ ի՛ր նպատակները յառաջ տանելու ախորժակով, չէ մոռցած, որ Վրաստանի մէջ ալ այլապէս բաւական յառաջխաղացք արձանագրած է: Վրաստանի մէջ կսմիթի քաղաքականութեան համար կան այլ փորձադաշտեր ալ:

…Երեւանի համար, այս բոլորը «հեռաւո՜ր գետակներու» ձայներ են. ՔՊ-ականները ոգի ի բռին կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, որ Ադրբեջանի (ուրեմն նաեւ Թուրքիոյ) հետ խաղաղութեան հասնելու համար մնացեր է միայն քանի մը փոքր քայլ: Ի՜նչ կարեւորութիւն ունին «արեւմտեան ադրբեջանի ազերիները պէտք է իրենց երկիրը վերադառնան» բացայայտ սպառնալիքները: Ինչո՞ւ հաւատալ ազերիներուն ռազմափորձերուն: Ի՞նչ պէտք կայ տեսնելու՝ որ Սիրիան, Լիբանանն ու Գազան խժռող Իսրայէլը կը շարունակէ զինել Ադրբեջանը: Իշխանախումբը վստահ է, որ հանրութեան մէկ մասին ուղեղները կը մնան իր լւացքի մեքենային մէջ, անոր յիշողութիւնը այնքա՜ն մկրատւած է (չգործածենք աւելի պատկերաւոր բառ), որ պատրաստ է մոռնալու մինչեւ իսկ ՔՊ-ականներու այն ճի՛շտ ախտանշումները, թէ Թուրքիա եւ Ադրբեջան չեն հրաժարած Ցեղասպանութիւնը վերջնական փուլին հասցնելու դարաւոր ծրագիրէն:

***

Դ. Միացեալ Նահանգներու «կաղ» նախագահը՝ Ջօ Բայդէն, ներում շնորհեց իր օրինազանց զաւկին՝ Հանթըրի, որ մեղադրւած է չարաշահութեան եւ օրինազանցութեան մէկէ աւելի յանցանքներով: Բայդէն հաւանաբար մտածեց, որ եթէ դատական ատեանները, գերագոյնէն սկսեալ, պատրաստ են ներում շնորհելու ընտրեալ նախագահ Դոնալտ Թրամփի, որուն կռնակին բազմած յանցանքներն ու օրինազանցութիւնները լեռնաշղթայ կը կազմեն, իրեն ալ իրաւունք կիյնայ ներում շնորհելու իր չարաճճի տղուն:

Եւ ահա քաղաքական հրապարակին վրայ հսկայական աղմուկ բարձրացած է (յիշեցնելով Շէյքսփիրի ծանօթ թատերակը՝ Much Ado About Nothing-ը): Հանրապետականները անբարոյ կը հռչակեն Բայդէնը (իրաւունք ունին), որ աղաղակող օրինազանցութիւն կընէ եւ պաշտօնը կը շահագործէ (մաքուր հայերէնով… «կորումպցիա»), դեմոկրատները կրկնակի անբարոյ կը հռչակեն Թրամփն ու զայն դատական հետապնդումէ զերծ պահող դատարանները (անոնք ալ իրաւունք ունին): Այս աղմուկին մէջ կորսւած կամ լուսանցքայնացւած են Գազան, Լիբանանը, Սիրիան եւ այլ տարածքներ, մինչեւ իսկ… Ուկրաինան, այլ ի՞նչ խօսք՝ տնտեսական նոր նահանջներու եւ դրացիներու ու դաշնակիցներու հետ այդ գետնի վրայ հակամարտութեանց վերարծարծման վտանգին մասին: (Այլ հարց, թէ այս կամ այն երկրին հասնող պատուհասներուն շարունակումն ու դադարեցումը ինչո՞ւ պէտք է կախեալ ըլլան Սպիտակ Տուն բերւող-տարւողէն):

Ըստ էութեան շինծու փոթորիկներուն ընդմէջէն է որ ամերիկեան նաւը կուղղւի դէպի յունւար 2025, երբ նախատեսւած է իշխանութեան փոխանցումը: Մէկ բան յստակ դարձած է. պետական բարձրագոյն դիրքեր գրաւողներ ու անոնց շրջապատը զերծ են հաշւետւութենէ, ազատ են գործելու ամէն տեսակի օրինազանցութիւն, նետւելու բարոյական եւ անբարոյական ամէն տեսակի գայթակղութեանց մէջ, տիրական դարձած է անպատժելիութեան յանցաւոր վիճակ մը: (Սիրելի ընթերցող. գիտէի՞ր որ գայթակղութիւններն ալ կարելի է բաժնել բարոյական եւ անբարոյական տեսակներու: Նոր աշխահին մէջ ամէն այլանդակութիւն ընդունելի է եւ կը կլլւի…):

…Եթէ ամենաթողութիւնը տիրական դարձած է մեծ ու ժողովրդավարութեան պասթիոն հռչակւած երկիրներու մէջ, Հայաստան ինչո՞վ պակաս է, իրաւունք ունի մեծնալ ձգտելու: ՔՊ-ական ամէ՛ն տեսակի օրինազանց իրաւունք ունի օգտւելու ամենաթողութենէ, պայմանաւ որ… ենթարկւի բոլոր օրէնքները ոտնատակ ընող վարչապետի պահանջներուն, հրահանգներուն, որոնք շուկայ կը հանւին «խնդրեցի որ հրաժարի… մանտաթը վար դնէ» պիտակներով:

 ***

Իրենց երկիրներուն ցաւը իրենց մորթին վրայ զգացողներ իրենց մաշկը փրկելու-պահպանելու համար կտրուկ քայլերու կը դիմեն: Մարդս կը մտածէ, որ Հայաստանի մէջ կայ զանգւած մը, որ …մորթազերծ եղած է եւ կը մնայ անտարբեր՝ հողային, նիւթական եւ ամէն տեսակի իշխանակերտ կորուստներուն դիմաց:

Իսկ սպասումը ինչի՞ կապւած է:

Related Articles

Back to top button